ԿԵԱՆՔԻՆ ԱՇՈՒՆԸ
Սա նշանակալից իրողութիւն է, թէ՝ աշունը մարդուս տեսակ մը մելամաղձոտ, տրտում հոգեվիճակ կը պատճառէ. թերեւս այն պատճառով որ շուտով ձմրան պաղ շունչը պիտի ներշնչուի եւ խաւարը պիտի տիրապետէ հոգիներու մէջ։ Աշնան գոյնն ալ արդէն տրտմութիւն կը ներշնչէ՝ դեղնած տերեւներով կարծես գունաթափուած է ամբողջ բնութիւնը։ Դալկահար, գունատ դեղինը՝ մահաբեր չարչարանքի եւ բնաջնջման խորհրդանիշ եղած է ընդհանրապէս. (ՅԱՅՏ. Զ 8)։ Բայց բնութիւնը անակնկալներով լեցուն է. տերեւներ, երբեմն ալ, աշնան կը կարմրին, եւ կարմիր գոյնն ալ, նոյնպէս, յաղթութեան, անջնջելի ըլլալու խորհրդանիշն է. (ԶԱՔ. Զ 2), (ՅԱՅՏ. ԺԲ 3), (ԵՍ. Ա 18)։ Ուստի, աշնան նկատմամբ շատ ալ յոռետես պէտք չէ ըլլալ, քանի որ բնութեան մէջ ամէն ինչ երկու երեսակ ունի. մութին միշտ կը յաջորդէ լո՛յսը։
Մարդուս կեանքը բնութեան մէկ արտացոլացումն է։ Կեանքը մանրանկարն է բնութեան, եւ այս հետեւողութեամբ, մարդկային կեանքին հանգրուանները կը նմանին եղանակներու. կեանքն ալ ունի իր եռամսեայ բաժանումները՝ օդի վիճակները, իւրաքանչիւրը իր իւրայատկութիւններով. գարուն, ամառ, աշուն եւ ձմեռ։ Արդարեւ, ձմեռը ծերութեան ալ խորհրդանիշն է։ Իսկ ծերութիւնը, ընդհանրապէս կը նշանակէ՝ տկարութիւն, անկարողութիւն, անզօրութիւն՝ անկար վիճակի մատնուելու շրջան։ Առողջաբանական տեսակէտէ ծերութիւնը՝ անդամներու անդարձ կերպով անգործելի ըլլալն է, որքան ալ դարմանուին, կարելի չ՚ըլլար անոնք նորոգել, վերակենդանացնել։ Կարելի՞ է ձմեռ եղանակին գարունը ապրիլ… մաշած, հինցած գործիքը կարելի՞ է որ նոր եւ թարմ ըլլայ։ Արդէն բժիշկն ալ իրաւացի է երբ կ՚ըսէ. «Մեքենան հինցած է, որքան նորոգենք նորի պէս չ՚ըլլար…»։
Արդարեւ, պէտք չէ՛ յուսալքուիլ, քանի որ այսօրն է կեանքը եւ վաղուան մահը այսօրուան մաս չի կազմեր։ Ուրեմն, պէտք է ապրիլ ուրախութեամբ եւ հաւատքով առանց վախի եւ անձկութեան վաղուան համար։ Չէ՞ որ «այսօրուան հոգը իրեն կը բաւէ, վաղուանը ինք կը խորհի», եւ թէ պէտք է «օրական հացը հոգանք…»։ Այսօրն է մեր կեանքը. վաղը մերը չէ՝ վաղը Աստուծոյ կը պատկանի, մարդ կը ծրագրէ եւ Աստուած կը ժպտի, քանի որ էականը ո՛չ թէ մարդուն, այլ Աստուծոյ կամքն է։ Ասիկա երբեք «fatalisme» պէտք չէ՛ նկատել՝ ճակատագրապաշտութիւն, որ կ՚ենթադրէ նախքան ծնունդ կեանքի ճշդորոշում։ Ճակատագրի խորապէս հաւատալ, արդարեւ, հակառակ է «ազատ կամք»ի իրողութեան։ Աստուած կը նախասահմանէ, բայց չի՛ միջամտեր մարդուն արարքներուն, քանի որ ան պատասխանատու է իր ազատ կամքով կատարած արարքներուն։
Մարդ իր կեանքի աշնան մէջ կրնա՛յ երջանիկ ըլլալ։
Վաղուան մութ եւ խաւար ամպը պէտք չէ թողուլ, որ կանխահասօրէն մռայլէ այսօրուան կեանքը։
Մարդ կրնայ աշնան մէջ ապրիլ, բայց աւելի խորունկ պէտք է ըլլայ իր գիտակցութիւնը կեանքի շնորհքին անգին արժէքին եւ ճոխութեան իր կեանքին աշնանային եղանակին՝ քան որ եղած է գարնան։
Հիմա աւելի գեղեցիկ եւ արդիւնալի է կեանքը, քան երբեք եղած է։ Այս աշունը կեանքին եւ ոչ մէկ ժամանակաշրջանին հետ կարելի է փոխել։
Յիրաւի, գարնան հմայքը խաբուսիկ է, իրականը աշնա՛նն է։ Մարդ պէտք է անցնի կեանքին գարունէն եւ մտնելու ամառը, ապրելու է, որպէսզի աշնան փառքերու պսակը ընդունի…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 13, 2023, Իսթանպուլ