ՆԱԽ ՊԷՏՔ Է ԳԱՂԱՓԱՐԸ ՀԱՍԿՆԱԼ

Մեր թուականէն 112 տարիներ առաջ հրատարակուած յօդուած մը «Կուսակցական ըլլանք» խորագրով ընթերցողները կը հրաւիրէր կուսակցական դառնալու. թէեւ կուսակցութիւնները դարաւոր անցեալ մը չունէին, գրեթէ նոր էին մեր ազգի կեանքին մէջ, սակայն կար վերապահութիւն մը. այդ թուականներուն կուսակցական ըլլալը հանրութեան կողմէ դրական ընդունելութիւն գտած չէր. յօդուածագիրը այս երեւոյթը հետեւեալ բառերով կը ներկայացնէ. «Պոլսոյ յետադիմական մամուլը, կուսակցական բառին այնպիսի իմաստ մը կու տայ, որ բաւական է մէկու մը ճակատին փակցնել զայն եւ ետեւէն «ի խաչ հա՛ն զդա» պոռալ տալ ամբոխին». յօդուածագիրին օրինակը ծանր է, սակայն ցոյց կու տայ այդ ժամանակաշրջանի մտածողութիւնը ու հակառակ այդ ըմբռնումին՝ յօդուածագիրը ետ չի մնար ժողովուրդը կուսակցական ըլլալու հրաւիրելէ, հակառակ անոր, որ լաւապէս կը գիտակցի, որ կուսակցական բառը այդ օրերուն համազօր էր «անաստուած» ըլլալու եւ կամ «ընտանեկան այլասերման» պիտակը ստանալուն:

Սակայն հակառակ գոյութիւն ունեցող սխալ կարծիքներուն, ան կը հաւատար, որ կուսակցական ըլլալը «առաքինութիւն» մըն է, որովհետեւ «շատ քիչեր գիտակ են իրենց պարտականութիւններուն եւ մանաւանդ իրենց իրաւունքներուն, հասարակական կեանքին մէջ»։ Կուսակցական ըլլալու կոչը արդարացնելու համար յօդուածագիրը հետեւեալ համոզումը ունի. անոր կարծիքով՝ անոնք որոնք կուսակցական չեն, ենթակայ են ձուլումի. անոր խօսքերով՝ «շատ քիչեր են որ չեն ձուլուիր կեանքի յորձանքին մէջ». ան նոյնիսկ համոզուած է, որ ան որ կուսակցական չըլլայ, նոյնիսկ կրնայ ոչնչանալ եւ հետեւաբար ընտրեալ փոքրամասնութիւն մը ըլլալու եւ այդ հայութիւնը պահելու համար անհրաժեշտ է կուսակցական ըլլալ:

Անցեալին, ընդհանրապէս սփիւռքի մէջ եւ մասնաւորաբար Պոլսոյ մէջ «իշխանութիւն»ը եկեղեցւոյ ձեռքն էր. եկեղեցին էր ներկայացուցիչը ժողովուրդին, սակայն կուսակցութիւնները եկան այն միտքով ու համոզումով, որ ժամանակ մը ետք եկեղեցին պիտի վերադառնայ իր հիմնական հոգեւոր ծառայութեան եւ ղեկավարութիւնը այս պարագային պիտի մնայ կուսակցութիւններուն եւ հետեւաբար այդ ժամանակ կուսակցութիւնները հիմնական ու գործօն դեր մը պիտի ունենան մեր ազգային կեանքէն ներս, յառաջդիմելու համար եւ հետեւաբար ազգութիւնը պահելը հնարաւոր պիտի ըլլար կուսակցական ըլլալով. այս էր յօդուածագիրին համոզումը:

Աւելին, յօդուածագիրը կը մեղադրէր բոլոր անոնք՝ որոնք կ՚ընտրէին չէզոք դիրքի մէջ մնալ. անոր բառերով. «բառ մըն է սա «չէզոք» ըսուածը, որ անիմաստ է իբրեւ հասարակագիտական թերմին, որովհետեւ իւրաքանչիւր անհատ որ կ՚ապրի հասարակութեան մէջ, չի կրնար չէզոք ըլլալ եւ ստիպուած է այս կամ այն կողմը ծռիլ»։ Յօդուածագիրին այս համոզումը արտացոլացումն է այն հասկացողութեան, որ «եթէ մեր կողմը չէ՝ մեզի դէմ է». անոր համար բոլոր անոնք, որոնք իրենց ազգութեան մէջ չէզոք դիրք կը բռնեն՝ դիմակաւորներ են, որովհետեւ անոր համոզումով շատ անգամ չէզոք անձեր աւելի՛ կուսակցական հակում ունին՝ քան նոյնինքն կուսակցականները: Ան յստակ զանազանութիւն կը դնէ անտարբեր հայուն եւ չէզոքին միջեւ, համոզուած ըլլալով, որ անտարբերութիւնը տգիտութեան, իսկ երկրորդը «ստորնաքարշ» գիտակցութեան եւ վախկոտ կամքի արդիւնք է:

Ան նոյնիսկ դէմ է անոնց, որոնք կուսակցական չըլլալով կը նախընտրեն «համակիր» մնալ. համակիր ըլլալ յօդուածագիրին համար հետեւեալը կը նշանակէ. «Համակիր կոչուածները չէզոք ըսուածներու մէկ տարբեր սեռն են. ամբողջապէս կուսակցական չեն, բայց կ՚ուզեն որ գոյութիւն ունենան կուսակցութիւններ». անոնց տարբերութիւնը այն է, որ չէզոքները նոյնիսկ չեն հաւատար կուսակցութեանց առաքելութեան:

Սակայն ինչո՞ւ պէտք է կուսակցական ըլլալ. յօդուածագիրը կը փորձէ այս բառերով համոզել. «Պատկանիլ քաղաքական ընկերվարական կուսակցութեան մը, ունենալ իրերու վրայ լոյս սփռող հիմնական աշխարհայեացք մը, առաջադրել հեռաւոր իտէալներ եւ մօտաւոր նպատակներ եւ հաւաքական, սիստեմաթիք աշխատանքով, պայքարով ու անձնազոհութեամբ ջանալ իրագործել զանոնք կեանքին մէջ. ահա շիտակ ուղին, դէպի ուր մենք կ՚ուզենք որ ներկայ ուսանող սերունդը դիմէ հաստատ եւ յամառ քայլերով»:

Որպէս խօսք ու գաղափար ընտիր է... սակայն հիմնական հարց մը կը յառաջանայ. այսօր մեր շուրջ կը տեսնենք բազմաթիւ կուսակցական երիտասարդ-երիտասարդուհիներ. լրջօրէն կ՚ուզենք գիտնալ, թէ անոնք ինչքանո՞վ ծանօթ են իրենց անդամակցած կուսակցութեան հեռաւոր ու մօտաւոր նպատակներուն։ Կրնա՞ն յստակ ձեւով բացատրել այդ նպատակներն ու անոնց հիմնական գաղափարն ու համոզումը. անոնք երբեւէ տեղեա՞կ են ի՞նչ սիստեմաթիք աշխատանք առաջ կը տարուի այդ նպատակները իրագործելու համար. վերջապէս գիտե՞ն, թէ ի՛նչ է նպատակը իրենց կուսակցական ըլլալուն։ Անցեալին գուցէ պատկերը տարբեր էր, սակայն վերջերս գրեթէ բոլոր կուսակցութիւններու մօտ կը նկատենք իրենց շարքերը երկարելու փափաքը. այսօր ընդունինք թէ ոչ, յաճախ կուսակցական կը դառնան անձեր, որոնք ընդհանրապէս տեղեակ չեն, թէ ի՛նչ բանի երդում կու տան, ի՛նչ գաղափարի կը ծառայեն ու կ՚անդամագրուին. կը կարծեմ՝ տեղ մը այս մէկը միայն հայութեան յատուկ հարց մը չէ. համաշխարհային ախտ մըն է, սակայն մեր մէջ երեւելի է: Համոզուած ենք, որ կուսակցական ըլլալու համար տուեալ կուսակցութեան պատմութիւնը, նպատակն ու առաքելութիւնը պէտք է լաւապէս հասկնալ, գիտնալու համար, թէ ի՛նչ բանի անդամ կը դառնան, ի՛նչ հիմնական գաղափար պարտին հետապնդել, որովհետեւ կուսակցական ըլլալը անունին դիմաց լոկ կոչում մը աւելցնել չի նշանակեր. այդ մէկը տեղ մը մտածելակերպի փոփոխութիւն եւ վարքագիծ կ՚ենթադրէ, որպէսզի չըլլայ թէ գաղափարներն ու ճշմարտութիւնը զիրար հակասեն:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար կ՚ըսեն եօթ երկինք կայ:

Պատասխան. Եօթը երկինք հասկացողութիւնը տարբեր կրօններու մէջ՝ մա՛նաւանդ միաստուածեան կրօններու մէջ տարածուած է. անոնց համար եօթը թիւը կը խորհրդանշէ ամբողջականութիւն ու կատարելութիւն: Մահմետական կրօնին մէջ կայ օրինակ եօթը երկինք հասկացողութիւնը եւ իւրաքանչիւրը ունի իւրայատուկ յատկանիշներ եւ ցոյց կու տայ հոգեւոր գոյութեան մակարդակը. այս նոյն գաղափարը կարելի է գտնել հրէական որոշ աւանդութիւններու մէջ, ուր եօթը երկինքները ներկայացուած են Աստուածային ներկայութեան ոլորտները ցոյց տալու: Աստուածաշունչի մէջ եւս կարելի է հանդիպիլ եօթը թիւին, որպէս արարչագործութեան խորհրդանիշ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2024