ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

Որեւէ իրականութիւն կամ գաղափար՝ որուն շրջագիծը կրնայ անհասկնալի կամ անմեկնելի ըլլալ մարդկային միտքին՝ պէ՛տք է որ մարմնանայ «խորհրդանիշ»ի մը մէջ։ Արդարեւ, կեանքը իր բոլոր երեւոյթներուն մէջ, առանց խորհրդանշաններու արտայայտութեան, աւելի բարդ եւ խրդին առեղծուած մը պիտի ըլլար, եթէ մարդոց սահմանաւոր հասկացողութիւնը խորհրդանշաններու պէտքը չունենար։

Խորհրդանշանը իր ամենապարզ ձեւին տակ իրի մը յուշարար պատկերացումն է, երբեմն առանց անոր յայտնի նմանութիւնը ըլլալու, ինչպէս կշիռը՝ արդարութեա՛ն համար։

Այս իմաստով, բո՛ւն խորհրդական նշանները կրօնական զգացումէ թելադրուած բացատրութիւնները եղած են։

Մտքին այդ թանձր վերացումներուն շնորհիւ չնչին նիւթը գաղափարական այլակերպութեամբ մը խորհուրդներու առանցք մը կրնայ ըլլալ։ Իմաստութիւնը գիշերատես բուի մը կլոր աչքերուն մէջ դրած է իր նայուածքը։

Ուրեմն, նշանները եւ խորհրդանիշները մարդկային կեանքին մէջ կարեւոր տեղ մը կը գրաւեն եւ կարեւոր դեր մը կը կատարեն։ Մարդը, միանգամայն մարմնաւոր եւ հոգեւոր էակ ըլլալով, հոգեւոր իրականութիւնները նիւթական նշաններու եւ խորհրդանիշներու ընդմէջէն կ՚արտայայտէ եւ կը քաղէ։ Մարդը իբրեւ ընկերային արարած՝ ուրիշներու հետ լեզուով, շարժուձեւերով, արարքներով հաղորդակցելու համար, կարիքը ունի նշաններու եւ խորհրդանիշներու։ Եւ նոյնն է պարագան նաեւ Աստուծոյ հետ իր յարաբերութեան։ Աստուած մարդուն կը խօսի տեսանելի արարչութեան ընդմէջէն։ Նիւթական տիեզերքը մարդուն իմացականութեան այնպիսի ձեւով կը ներկայանայ, որ մարդը անոր մէջ իր Արարչին հետքերը կը կարդայ։

Արդարեւ, լոյսը եւ գիշերը, հովը եւ հուրը, ջուրը եւ ցամաքը, ծառը եւ պտուղները կը խօսին Աստուծոյ մասին եւ միանգամայն Անոր մեծութիւնը եւ մերձակայութիւնը կը խորհրդանշեն։

Այս տեսանելի եւ շօշափելի իրականութիւնները՝ իբրեւ ստեղծուած էակներ, կրնան մարդիկը սրբացնող Աստուծոյ գործին, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ իրենց պաշտամունքը ընծայող մարդոց գործին արտայայտութեան վայրը ըլլալ։ Նոյն է պարագան նաեւ մարդոց հաւաքական-ընկերային կեանքին նշաններուն եւ խորհրդանիշներուն համար. լուալ եւ օծել, հացը բեկանել եւ գինին բաշխել՝ կարող են Աստուծոյ սրբագործ ներգոյութիւնը, ինչպէս նաեւ իր Արարչին հանդէպ մարդուն երախտագիտութիւնը եւ երախտապարտութիւնը արտայայտել։

Ընտրեալ ժողովուրդը իր ծիսական կեանքը յատկանշող բնորոշիչ նշաններ եւ խորհրդանիշներ կ՚ընդունի Աստուծմէ. ասոնք տիեզերածաւալ հանդիսութիւններ եւ ընկերային արարքներ չեն այլեւս, այլ ուխտին նշաններն են, Աստուծոյ ի նպաստ իր ժողովուրդին կատարած մեծագործութիւններու խորհրդանիշներն են։ Հին Ուխտին ծիսական այս նշաններուն շարքին՝ կարելի է թուել թլփատութիւնը, թագաւորներուն եւ քահանաներուն օծումը, եւ անոնց ընծայումը, ձեռնադրումը, զոհերու մատուցումը եւ մանաւանդ Զատիկը։

Եկեղեցին այս նշաններուն մէջ կը նշմարէ Նոր Ուխտի սուրբ խորհուրդներուն նախապատկերը։

Իր քարոզներուն մէջ, Տէր Յիսուս յաճախ արարչութեան նշանները կ՚օգտագործէ Աստուծոյ Արքայութեան խորհուրդը եւ խորհուրդները ճանչցնելու համար։ Նիւթական նշաններով կամ խորհրդանշական արարքներով Իր բուժումները կը կատարէ կամ Իր քարոզները կ՚ընդգծէ։

Հին Ուխտի դէպքերուն եւ նշաններուն, մանաւանդ Ելքին եւ Զատիկին, նոր իմա՛ստ կու տայ, որովհետեւ այս բոլոր նշաններուն իմաստը Ի՛նքն իսկ է։ Հոգեգալուստէն սկսեալ, Սուրբ Հոգին Իր Եկեղեցւոյ խորհրդենական նշաններով է որ կ՚իրագործէ սրբացումը։

Եկեղեցւոյ սուրբ խորհուրդները չեն ջնջեր տիեզերքին եւ ընկերային-հասարակական կեանքին նշաններուն եւ խորհրդանիշներուն ամբողջ ճոխութիւնը, այլ զայն կը մաքրազտեն եւ կ՚իւրացնեն, նաեւ Հին Ուխտին տիպարները եւ պատկերները իրենց լրումին կը տանին, Քրիստոսով գործուած փրկութիւնը կը կանխանշանակեն եւ կ՚իրականացնեն եւ երկինքի փառքը կը նախապատկերացնեն եւ կը կանխեն։

Խօսքը եւ ծիսարարքը, որոնք իբրեւ նշան եւ ուսուցում իրարմէ անբաժան են, անբաժանելի են նաեւ իբրեւ իրենց նշանակածին գործադրումը։ Սուրբ Հոգին ո՛չ միայն հաւատքի արծարծումով Աստուծոյ Խօսքին հասկացողութիւնը կու տայ, այլ նաեւ սուրբ խորհուրդներուն միջոցով՝ Խօսքին աւետած Աստուծոյ «սքանչելիքները» կ՚իրականացնէ, սիրեցեալ Որդիին կողմէ կատարուած Հօր գործը ներկա՛յ կը դարձնէ եւ զայն կը հաղորդէ։

Տիեզերական Եկեղեցւոյ երաժշտական աւանդութիւնը ստեղծած է անգնահատելի գանձ մը։ Եկեղեցական երգեցողութիւնը եւ նուագը նշանի իրենց պաշտօնը այնքան աւելի նշանակալից կերպով կը կատարեն, որքան «ծիսարարքին հետ սերտ առընչութեան մէջ են», ըստ գլխաւոր երեք չափանիշներուն. աղօթքին արտայայտչական գեղեցկութիւնը, նախատեսուած պահերուն ժողովուրդին խմբային մասնակցութիւնը եւ հանդիսակատարումին վեհաշուք բնոյթը։ Եւ այս ընելով՝ անոնք կը մասնակցին ծիսական խօսքերուն եւ արարքներուն վերջնական նպատակին, որն է՝ Աստուծոյ Փառքը եւ սրբացումը հաւատացեալներուն։ Այս մասին Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս, իր Խոստովանութիւններուն մէջ կ՚ըսէ. «Որքա՛ն արտասուեցի լսելով ձեր շարականները, ձեր երգերը, քաղցրանուշ հնչիւնները, որոնցմով ձեր եկեղեցին կ՚արձանագրէր եւ կ՚արձագանգէր։ Ի՜նչ յուզումով կը համակուէի։ Անոնք ականջէս վար կը հոսէին, ճշմարտութիւնը թորելով սրտիս խորը։ Բարեպաշտութեան հզօր թափ մը թեւ կու տար ինծի եւ արցունքը կը հոսէր այտերէս, բարիք ընելով ինծի»

Նշաններուն ներդաշնակութիւնը՝ երգ, խօսք, նուագ եւ արարք, հոս ա՛յնքանով աւելի նշանակալից եւ բեղուն կը դառնայ, ո՛րքանով ան արտայայտութիւնն է մշակութային հարստութեան մը, որ յատուկ է զայն հանդիսակատարող Աստուծոյ ժողովուրդին։

Սրբազան պատկերը՝ սրբանկարը կամ ծիսական նկարը, գլխաւորաբար Քրիստոսը կը ներկայացնէ։ Ան չի կրնար պատկերացնել անտեսանելի եւ անիմանալի Աստուածը. Աստուծոյ Որդիին Մարդեղութիւնն է, որ սկիզբ տուաւ պատկերներու նոր «տնտեսութեան»։ Քրիստոնեայ սրբանկարչութեան պատկերի միջոցով արտայայտած «աւետարանական պատգամը»՝ Աստուածաշունչը կը փոխանցէ խօսքո՛վ։

Ուստի, «պատկեր» եւ «խօսք» փոխադարձաբար զիրար կը լուսաբանեն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 10, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2020