ԸՆՏԱՆԻՔ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ (ԺԹ.)

ՄԱՀԸ

Զոյգերու պարագային կեանքի ամենէն դժուար փորձութիւններէն մէկն է կողակիցի կորուստը, որ կրնայ խոր հոգեբանական ազդեցութիւն ունենալ անհատներու վրայ: Զիրար սիրող զոյգերու մօտ յաճախ կը յառաջանայ այն դաժան մտածումը, թէ անոնցմէ ո՞վ աւելի շուտ պիտի մեկնի ժամանակաւոր այս կեանքէն եւ կողակիցի կորուստն ու անոր պատճառելիք անորոշութիւնը յաճախ վախ ու մտահոգութիւն կը պատճառեն, որովհետեւ վաղը եւ կամ միւս օրը, անսպասելի մէկ պահուն անոնցմէ մին առյաւէտ կրնայ հեռանալ այս աշխարհէն. մարդ չի՛ գիտեր: Այդ մտահոգութիւնները կը բազմապատկուին, եթէ ունին զաւակներ՝ մանաւանդ անչափահաս եւ ամուսնական կեանքին մէջ կարեւոր կը նկատենք նման հարցի մը գիտակցութիւնը:

Յաճախ զոյգեր կ՚ապրին այնպէս, կարծես կեանքը յաւիտենական տրուած ըլլար իրենց. ուրախութեան ու երջանկութեան մէջ ապրիլը բոլորի՛ն իրաւունքն է, սակայն որպէս գիտակից զոյգեր պէտք է միշտ ի մտի ունենալ, որ կեանքը տրուած է ժամանակաւոր եւ շատ մը նպատակներ, իղձեր ու երազներ իրականացնելու համար անսահմանափակ ժամանակ չունին իրենց դիմաց:

Բնական ու մարդկային է, որ կողակիցի մը կորուստը պատճառէ տխրութիւն, լքուածութեան ու մինակութեան զգացում, սակայն մահը մեզմէ իւրաքանչիւրին համար անակնկալ մը չէ եւ հետեւաբար թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ հոգեպէս պատրաստուածութիւնը մեծապէս պիտի օգնէ շարունակուող կեանքին ընթացք տալու:

Զոյգերու իրարու հանդէպ ունեցած վստահութիւնը գնահատելի է, սակայն յաճախ կը նկատենք, որ մարդկային տարբեր մտայնութիւն ու կարողութիւն ունենալով զոյգեր շատ մը պարտաւորութիւններ ու պատասխանատուութիւն կը բարդեն իրարու վրայ եւ դժբախտ մահուան մը պարագային կը կրեն մեծ վնասներ ու անբացատրելի հիասթափութիւն մը: Կեանքի նաւարկութեան մէջ կը կարեւորենք կողմերու հաւասար կեանքի ընթացքը. օրինակի համար, եթէ զաւակներու խնամքը միայն մայրը ստանձնած է, մօր անակնկալ մահը կրնայ տարտղնել այդ ընտանիքը. հօր համար զաւակներու խնամքը ամբողջութեամբ անծանօթ ըլլալով լուրջ դժուարութիւններ կը յառաջացնէ մարդկային կեանքի մէջ. նոյնն է պարագան կնոջ՝ երբ իր ամուսինը կորսնցնէ: Այս բոլորը նկատի ունենալով է, որ կը քաջալերենք գիտակից ապրելակերպը, որովհետեւ վերջապէս բոլորս ալ ի՛նչ տարիքի մէջ ալ գտնուինք պիտի հասկնանք, որ կեանքը վարդագոյն երազներու կողքին (շատ անգամ եւ աւելիով) ունի սեւ երազներ, որոնցմէ խուսափիլը անհնար է:

Ոչ-պատրաստուած վիճակը կրնայ անհատի մը վրայ երկար ժամանակ տխրութեան եւ վիշտի ազդեցութիւնը չվերացնել. կողակիցի եւ կեանքի օգնականի բացակայութիւնը անոր մօտ վախի ու «պարապութեան» զգացում մը կը յառաջացնէ. այս բոլորը բնական է, սակայն մտահոգութիւնը զանոնք չյաղթահարելն է, որովհետեւ նման զգացումներու անձնատուր ըլլալը անձը ետ կը ձգէ կեանքէն ու կեանքի պարտաւորութիւններէն՝ մանաւանդ երբ ունին զաւակներ եւ այժմ նախկին պարտաւորութիւնները կրկնապատկուած կը սպասեն զինք:

Ամուսնական կեանքի մէջ կողակիցի մահը կը նմանի պատերազմի դաշտին մէջ նահատակուած ընկերոջ կորուստին. անոնք կը մեկնին, սակայն պատերազմն ու պայքարը կը շարունակուի եւ հետեւաբար պէտք է յաջողիլ գիտակից ձեւով հաւասարակշռել հոգեկան ապրումներն ու ֆիզիքական պարտաւորութիւնները: Յաճախ մեծերը կ՚ըսեն «կեանքը մոռցնել կու տայ»։ Բոլոր ցաւերը ժամանակի ընթացքին մոռցնողը կեանքի պարտաւորութիւններն են:

Նման նիւթերու դիմաց հարց կը տրուի, թէ ինչքանո՞վ ճիշդ է կողակիցի կորուստէն ետք դարձեալ ամուսնանալ՝ կեանքի «պարապութիւն»ը լեցնելու համար: Իրականութեան մէջ այս հարցով վերջնական ու հաստատ պատասխան մը չենք կրնար տալ, որովհետեւ այս մէկը անհատական որոշում ու մտածում է. ցաւ ի սիրտ, շատեր պատրաստուած չըլլալով, կը դժուարանան կեանքի բեռն ու պարտաւորութիւնները առանձին կրել եւ հետեւաբար այլ կողակիցի մը պէտքը կը զգան՝ թեթեւցնելու համար այդ բեռին ծանրութիւնը՝ թէ՛ նիւթական եւ թէ ֆիզիքական առումներով: Դարձեալ պսակուելու հարցը կապ ունի մարդու անհատականութեան, խառնուածքին, մտածելակերպին ու համոզումներուն հետ։ Մարդկայնօրէն մենք նոյնը չենք, հետեւաբար անձնական որոշում մըն է այդ մէկը, սակայն երանելի է այն կինն ու ամուսինը, որ նման կարեւոր հարցերու դիմաց նախապէս պատրաստուած ըլլալով, գիտակից ձեւով կը յաջողի ստանձնել բոլոր պարտաւորութիւնները: Միատեղ, համերաշխ ու հաւասար ապրելով է, որ կարելի կ՚ըլլայ ունենալ այդ գիտակցութիւնը: Թող ամէ՛ն զոյգ պահ մը մտածէ, թէ վաղն իսկ ինք եւ կամ իր կողակիցը կրնայ առյաւէտ հեռանալ ժամանակաւոր այս աշխարհէն. ի՞նչ ընթացք պիտի ունենայ կեանքը. այս հարցումին պատասխանը պէտք է զիրենք առաջնորդէ դարձեալ վերաքննութեան ենթարկելու իրենց ապրելակերպը, համոզումները, առաջնահերթութիւններն ու երազները:

Պէտք է ապրիլ մտածելով, որ վաղը անորոշ վիճակի մէջ է եւ հետեւաբար մեզի տրուած այսօրը պէտք է լաւագոյն ու գիտակից ձեւով արժեւորել ու մահուան պատկերը մեր դիմաց ունենալով հեռու մնալ ամէն տեսակի անիմաստ վիճաբանութիւններէ եւ աւելորդաբանութիւններէ:

•շարունակելի

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչն է մարդկութիւնը վնասող ամենամեծ երեւոյթը:

Պատասխան. Մարդկութիւնը վնասող ամենամեծ երեւոյթի բացայայտումը բարդ խնդիր է, որովհետեւ կան տարբեր խնդիրներ, որոնք համաշխարհային խնդիրներ են եւ կ՚ազդեն մարդոց վրայ: Տարբեր հեռանկարներ եւ առաջնահերթութիւններ կրնան տարբեր եզրակացութիւններ պարզել. սակայն կան որոշ մարտահրաւէրներ եւ երեւոյթներ, որոնք էականօրէն կ՚ազդեն մարդու վրայ:

Այդ հարցերէն են կլիմայի փոփոխութիւնը, համաշխարհային առողջապահական հարցերը, աղքատութիւնն ու անհաւասարութիւնը, պատերազմներն ու բռնութիւնները, քաղաքական անկայունութիւնն ու կառավարման խնդիրները, միջավայրի այլասերումն ու վատթարացումը, արհեստագիտութեան յառաջացուցած մտահոգիչ երեւոյթները, եւ այլն:

Պէտք է նկատի ունենալ, որ վերոյիշեալ երեւոյթներէն մէկուն լուծումը կրնայ ազդեցութիւն ունենալ նաեւ միւսի լուծումին։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2023