ԽՕՍՔԸ ԿԸ ԹՌՉԻ ԳԻՐԸ ԿԸ ՄՆԱՅ - Գ -
Սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ մարդ ամենէն շատ եւ աւելի կը սորվի սորվածները, գիտցածները յաճախ կրկնելով, յիշելով եւ վերաքաղ ընելով։ Այս ուղղութեամբ սորվելու մէկ կերպն ալ սորվեցնել, գիտցուածները փոխանցել է։ Անշուշտ մենք «սորվեցնելու» յաւակնութիւնը երբեք չունինք, երբ ուղղագրական կարգ մը կանոններ կը վերյիշենք։
Այս կանոնները անշուշտ որ ամէն ընթերցող սորված է դպրոցներու մէջ, եւ գիտէ, բայց մեր նպատակն է անոնք վերյիշել, վերաքաղ մը ընել միասին եւ մեր գիտելիքները այս կերպով հաստետե՛լ։
Ուրեմն կը շարունակենք Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի «Ուղղագրական ուղեցոյց»էն կէտադրութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցել մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն՝ միասին վերանորոգելով եւ ամրացնելով մեր գիտելիքները այս մասին։
«ՄԻՋԱՄԷՏ-ը կը գործածուի նաեւ.
գ.- Իրարու հետ կապուած, բայց ներքին որոշ ինքնուրոյնութիւն ունեցող նախադասութիւններու միջեւ. օրինակ՝
Ինք կը խօսէր. ես մտիկ ընելու վիճակին մէջ չէի։
դ.- Այն նախադասութեան վերջաւորութեան, որուն բացատրութիւն կը յաջորդէ. օրինակ՝
Մենք կը սիրենք դպրոցը. ան մեզի համար թէ՛ ուսման կեդրոն է, թէ՛ զբօսավայր։
ե.- Նախադասութեան մը վերջը, երբ օրինակներու թուում կայ, ինչպէս գիրքի օրինակներու թուումէն առաջ։
զ.-Հայերէն այբուբենի տառերը, երբ որպէս դասական թուական ածական գործածուին եւ կրճատուած գրուին, միջակէտով կը տրուին. օրինակ՝
Թ., Զ., Ա.։
է.- Միջակէտ դրէ՛ք ուր որ անհրաժեշտ է։
4.- ՎԵՐՋԱԿԷՏ-ը (։) կը դրուի աւարտած նախադասութենէ մը ետք. օրինակ՝
Այսօր ուրախ եմ։
Բութն ու ստորակէտը ձայնը վեր կը պահեն, իսկ միջակէտն ու վերջակէտը՝ կ՚իջեցնեն եւ դադար կու տան։
ԱՌՈԳԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՇԱՆՆԵՐ
Առոգանութեան նշանները երեք են. ՇԵՇՏ, ՊԱՐՈՅԿ, ԵՐԿԱՐ։ Այս նշանները կը դրուին ընդհանրապէս բառերու վերջին վանկերուն ձայնաւորին վրայ, քիչ մը աջ հակած։ Երբ վերջին վանկը գրուած կամ անգիր ը պարունակէ, առոգանութեան նշանը կը դրուի վերջընթեր վանկին ձայնաւորին վրայ։ Նախադասութեան մը բոլոր բառերն ալ ատակ են վերոյիշեալ նշանները ընդունելու՝ համաձայն նախադասութեան իմաստին։
Առոգանութեան նշանները կը դրուին արտայայտելու համար ձայնին ելեւէջը եւ նախադասութեան միտք բանին։
1.- ՇԵՇՏ-ը (՛) կը դրուի՝
ա.- Նախադասութեան մը որեւէ բառին վրայ՝ նայած արտայայտուողին միտք բանիին. օրինակ՝
Գի՛րքս Յակոբին տուի։
Գիրքս Յակոբի՛ն տուի։
Գիրքս Յակոբին տուի՛։
բ.- Բայերուն հրամայականին վրայ. օրինակ՝
Կարդալ - կարդա՛, կարդացէ՛ք, ընել - ըրէ՛, ըրէ՛ք։
գ.- Արգելականի պարագային շեշտը կը դրուի ՄԻ՛-ին վրայ. օրինակ՝
Մի՛ խմէք, մի՛ կարդար, մի՛ լսեր։
դ.- Կոչականներուն վրայ. օրինակ՝
Յակո՛բ, հո՛ս եկուր։
Տղա՛ք, պէտք է աճապարենք։
Եթէ կոչականը նախադաս լրացուցիչ մը ունի, ան է որ շեշտը կ՚առնէ. օրինակ՝
Տէ՛ր Աստուած, մե՛զ փրկէ։
ե.- Ալ շաղկապը երբ գործածուի ԱՅԼԵՒՍ իմաստով, շեշտ կ՚առնէ. օրինակ՝
Ա՛լ կը բաւէ, Տէ՛ր Աստուած։
Ա՛լ ձանձրացայ։
զ.- ԱՅՈ եւ ՈՉ բառերը՝ երբ կը գտնը-ւին պատասխան նախադասութեան մը մէջ. օրինակ՝
Այո՛, պիտի չգայ։
Ո՛չ, ներկայ պիտի ըլլայ։
է.- ԹԷ, ԵՒ, ԿԱՄ շաղկապները՝ երբ թուարկում ցոյց տան. օրինակ՝
Ան ինծի համար թէ՛ հայր եղած է, թէ՛ եղբայր, թէ՛ ուսուցիչ։
ը.- ԹՈՂ բառին վրայ՝ երբ ԹՈՅԼԱՏՐԵԼ նշանակէ. օրինակ՝
Թո՛ղ որ ներս մտնէ։
թ.- Ոտանաւորի մը հատուածին վերջին վանկը թեթեւ շեշտ մը ունի. օրինակ՝
Ես իմ անո՛յշ Հայաստանի՛ արեւահա՛մ բառն եմ սիրո՛ւմ։
2.- ՊԱՐՈՅԿ-ը (՞) կը գործածուի արտայայտելու համար կասկած, զարմանք, հեգնանք, ճշդում, եւլն.։ Պարոյկը կը դրուի հարցական բառերուն վրայ։ Նախադասութեան մը գրեթէ բոլոր բառերն ալ կրնան պարոյկ առնել, նայած արտայայտուողին միտք բանիին։
Ինչպէս մակբայը պարոյկը կ՚առնէ Ի-ին վրայ, եւ ոչ թէ Է-ին. օրինակ՝
Ի՞նչպէս երգել, ի՞նչպէս դաս սորվիլ։
ՄԻԹԷ եւ ԱՐԴԵՕՔ մակբայները պարոյկ չեն առներ. սովորաբար իրենց ընկերակցող բայն է որ կ՚առնէ հարցականի նշանը. օրինակ՝
Միթէ չե՞ս յիշեր դէպքը։
Արդեօք պիտի գա՞յ։
3.- ԵՐԿԱՐ-ը (՜) կը գործածուի արտայայտելու համար մեր լաւ եւ վատ տրամադրութիւնը։ Ան՝ շեշտէն աւելի զօրաւոր է։
Մեր առոգանութիւնը կը դանդաղի երկար ունեցող ձայնաւորին վրայ։
ա.- Երկարը ընդհանրապէս կը գործածուի ձայնարկութիւններու պարագային. օրինակ՝
Ա՜խ, վաթա՜ն, վաթա՜ն։
Ո՜հ, կա՜յծ տուէք ինձ, կա՜յծ տուէք, ապրիմ։
բ.- Առոգանութեան նշաններ դրէք ուր որ պէտք է»։
- Յաջորդով պիտի շարունակուի…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 4, 2021, Իսթանպուլ