ՏԵԱՌ­ՆԸՆ­ԴԱ­ՌԱ­ՋԻ ՄԱ­ՍԻՆ

Ղու­կաս Ա­ւե­տա­րա­նիչ, Յի­սու­սի տա­ճար ըն­ծա­յու­մը սա­պէս կը բա­ցատ­րէ. «Իսկ երբ Մով­սէ­սի հաս­տա­տած Օ­րէն­քին հա­մա­ձայն ա­նոնց ծի­սա­կան մաք­րու­թեան ժա­մա­նա­կը լրա­ցաւ, Յով­սէփն ու Մա­րիա­մը մա­նու­կը Ե­րու­սա­ղէմ տա­րին Տի­րոջ ըն­ծա­յե­լու հա­մար, ո­րով­հե­տեւ Տի­րոջ Օ­րէն­քին մէջ գրուած է.- Տի­րոջ պէտք է նուի­րուի ա­մէն ա­րու զա­ւակ, որ մօ­րը ա­ռա­ջին զա­ւակն է։ Ինչ­պէս նաեւ Տի­րոջ Օ­րէն­քին հա­մա­ձայն զոհ մա­տու­ցա­նե­լու զոյգ մը տատ­րակ կամ ա­ղաւ­նիի եր­կու ձագ։

«Այն ժա­մա­նակ Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ Սի­մոն ա­նու­նով մարդ մը կ՚ապ­րէր։ Սի­մոն ար­դար եւ աս­տուա­ծա­վախ էր եւ Իս­րա­յէ­լի փրկու­թեան կը սպա­սէր։ Սուրբ Հո­գին ի­րեն հետ էր եւ վստա­հե­ցու­ցած էր զինք՝ թէ Տի­րոջ Օ­ծեա­լը չտե­սած պի­տի չմեռ­նէր։ Արդ, Սուրբ Հո­գիէն ա­ռաջ­նոր­դուած ա­նի­կա տա­ճար գնաց։ Երբ ծնող­քը մա­նուկ Յի­սու­սը տա­ճար բե­րին, որ­պէս­զի կա­տա­րեն այն ի՛նչ որ Օ­րէն­քը կը պա­հան­ջէր մա­նու­կին հա­մար, Սի­մոն իր գիր­կը ա­ռաւ փոք­րի­կը եւ գո­հա­բա­նեց զԱս­տուած, ը­սե­լով.

«Այժմ, ո՛վ Տէր, հա­մա­ձայն քու խոս­տու­միդ՝ ձգէ՛ որ ծա­ռադ խա­ղա­ղու­թեամբ մեռ­նի. ո­րով­հե­տեւ աչ­քե­րովս տե­սայ Փրկի­չը, որ ղրկե­ցիր բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն, որ­պէս լո՛յս՝ հե­թա­նոս­նե­րը լու­սա­ւո­րե­լու եւ քու ժո­ղո­վուր­դիդ՝ Իս­րա­յէ­լի փառք ըլ­լա­լու։

«Յի­սու­սի հայրն ու մայ­րը զար­ման­քով մտիկ կ՚ը­նէին այս խօս­քե­րը, որ Սի­մոն կ՚ը­սէր մա­նու­կին մա­սին։ Սի­մոն օրհ­նեց զի­րենք ալ, ա­պա մա­նու­կին մօր՝ Մա­րիա­մին ը­սաւ.

«Այս մա­նու­կը Իս­րա­յէ­լի ժո­ղո­վուր­դէն շա­տե­րու ան­կու­մին եւ շա­տե­րու փրկու­թեան պատ­ճառ պի­տի ըլ­լայ։ Ա­նի­կա նաեւ հա­կա­ռա­կու­թեան նշան պի­տի ըլ­լայ եւ շա­տե­րու սրտե­րուն խոր­հուրդ­նե­րը պի­տի յայտ­նէ։ Գա­լով քե­զի, քու ալ սրտէդ սո՛ւր մը պի­տի անց­նի։

«Հոն էր նաեւ Փա­նուէ­լի աղ­ջի­կը՝ Ան­նա մար­գա­րէու­հին, որ Ա­սե­րի ցե­ղէն էր։ Ան­նա բա­ւա­կան յա­ռա­ջա­ցած տա­րիք ու­նէր, ա­նի­կա միա՛յն եօ­թը տա­րի ա­մուս­նա­ցած կեանք վա­րած էր եւ այժմ ութ­սուն չորս տա­րե­կան այ­րի մըն էր։ Տա­ճա­րէն չէր հե­ռա­ցած, չէր հե­ռա­նար, այլ գի­շեր ու ցե­րեկ ծո­մա­պա­հու­թեամբ եւ ա­ղօթ­քով անց­նե­լով՝ զԱս­տուած կը պաշ­տէր։ Արդ, ի՛նք ալ նոյն ժա­մուն գա­լով՝ գո­հու­թիւն տուաւ Տի­րոջ եւ մա­նու­կին մա­սին կը խօ­սէր բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ Փրկչին կը սպա­սէին» (ՂՈՒԿ. Բ 22-38)։­

Եւ Օ­րէն­քին պա­հանջք­նե­րը կա­տա­րող Յով­սէփ եւ Մա­րիամ վե­րա­դար­ձան Նա­զա­րէթ, ինչ­պէս կը վկա­յէ Ա­ւե­տա­րա­նը. «Երբ Յով­սէփ ու Մա­րիամ Տի­րոջ Օ­րէն­քին պա­հանջք­նե­րը կա­տա­րե­ցին, վե­րա­դար­ձան Գա­լի­լեա, ի­րենց քա­ղա­քը՝ Նա­զա­րէթ։ Հոն մա­նու­կը մեծ­ցաւ, զօ­րա­ցաւ եւ ի­մաս­տու­թեամբ լե­ցուե­ցաւ։ Աս­տու­ծոյ շնորհ­քը կար ա­նոր վրայ» (ՂՈՒԿ. Բ 39-40)։­

Ա­հա­ւա­սիկ, Յի­սուս Քրիս­տո­սի տա­ճար ըն­ծայ­ման վկա­յու­թիւ­նը ա՛յս է Ղու­կաս Ա­ւե­տա­րա­նի­չին։

Ուս­տի Յի­սուս Քրի­սոտ­սի ծնուն­դէն (Յու­նուար 6) 40 օր յե­տոյ Ա­նոր տա­ճա­րի մէջ Աս­տու­ծոյ նուի­րուե­լու եւ կամ ըն­ծա­յե­լու յի­շա­տա­կի տօնն է Տեառ­նըն­դա­ռա­ջը՝ որ կը կա­տա­րուի Փետ­րուար 14-ին։

Եւ քա­նի որ Ծնուն­դը ան­շարժ տօն է, ա­պա ու­րեմն Տեառ­նըն­դա­ռաջն ալ ան­շարժ տօն է եւ միշտ՝ Փետ­րուար 14-ին կը տօ­նուի։

Ար­դա­րեւ ծնե­լէն 40 օր յե­տոյ մա­նուկ­նե­րուն տա­ճար տա­րուե­լու եւ Աս­տու­ծոյ նուի­րուե­լու սո­վո­րու­թիւ­նը, թէեւ Մով­սի­սա­կան Օ­րէնք, Քրիս­տո­նէա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ալ ըն­դու­նուե­ցաւ եւ մնաց։ Ա՛յս է պատ­ճա­ռը՝ որ հայ մայ­րեր որ­դեծ­նու­թե­նէն յե­տոյ 40 օր կը հանգս­տա­նան տան մէջ, իսկ քա­ռա­սուն­քի վեր­ջին օ­րը, ի­րենց նո­րա­ծին մա­նու­կին հետ՝ զայն գրկած, կ՚եր­թան ե­կե­ղե­ցի եւ յա­տուկ ա­րա­րո­ղու­թեամբ զայն կը նուի­րեն, կ՚ըն­ծա­յեն Աս­տու­ծոյ։

Այս ի­մաս­տա­լից եւ գե­ղե­ցիկ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կը կո­չուի «քա­ռա­սունք»։­

Ուս­տի ջեր­մե­ռանդ մայ­րե­րը Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի այս տօ­նին՝ Փետ­րուար 14-ին ի­րենց փոք­րիկ զա­ւակ­նե­րը, ե­թէ Սուրբ Ծննդեան տօ­նէն քիչ մը ա­ռաջ եւ կամ յե­տոյ ծնած են ա­նոնք, կը տա­նին ե­կե­ղե­ցի՝ Յի­սուս Մա­նու­կի ըն­ծայ­ման յի­շա­տա­կին հա­ղոր­դա­կից դարձ­նե­լու հա­մար։ Հայ քրիս­տո­նեայ ըն­տա­նիք­նե­րու մէջ՝ ո­րոնք գի­տա­կից են ի­րենց քրիս­տո­նէա­կան հա­ւա­տի պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան, հա­ւա­տա­րիմ՝ քրիս­տո­նէա­կան զգա­ցու­մով լե­ցուած եւ մա­նա­ւանդ ան­կեղծ հա­ւա­տա­րու­թեամբ կը դի­մեն ե­կե­ղե­ցի։ Եւ ո՜ր­քան գե­ղե­ցիկ ե­րե­ւոյթ մըն է ա­սի­կա՝ մա­քուր հա­ւա­տի մը ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը։ Մա­նուկ­նե­րը նուի­րել Աս­տու­ծոյ եւ ապ­րիլ ու ա­ճիլ, զար­գա­նալ կրօ­նի սրբու­թեամբ. ի­րա­պէ՛ս գե­ղե­ցիկ եւ լու­սա­ւոր ե­րե­ւոյթ մըն է այս ի­րո­ղու­թիւ­նը՝ որ տի­պար մըն է՝ «հա­ւա­տի լոյ­սով լու­սա­ւո­րուած հայ քրիս­տո­նեայ ըն­տա­նիք»ի…։

«Տեառ­նըն­դա­ռաջ» բա­ռը ժո­ղովր­դա­կան լե­զուի մէջ, տեղ տեղ դար­ձած է «Տեա­ռըն­տաս», «Տրըն­դեզ» ձե­ւե­րուն, նաեւ կ՚ը­սուի. «Մե­լետ»։

­Պատ­մա­կան եւ ըն­կե­րա­յին տե­սա­կէ­տէ կը կար­ծուի, թէ հին տօ­նի մը՝ Միհ­րա­կա­նու­թեան տե­ղը հաս­տա­տուած է Տեառ­նըն­դա­ռա­ջը, քա­նի որ խա­րոյկ վա­ռե­լու սո­վո­րու­թիւ­նը մնա­ցած է, թէեւ Ե­կե­ղե­ցին այս սո­վո­րու­թիւ­նը փո­խա­րի­նած է «մո­մա­վա­ռու­թեամբ» կամ «ջա­հա­վա­ռու­թեամբ»։ Այն­պէս որ այդ օ­րը Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ վա­ռուած մո­մե­րը տուն կը տա­րուին եւ այդ գի­շեր տան ճրա­գը կամ լամ­բը այդ մո­մին բո­ցով կը վա­ռեն ու կը լու­սա­ւո­րեն հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը։

Ար­դա­րեւ մո­մի լոյ­սը կը խորհր­դան­շէ մեր «հա­ւատ­քի լոյս»ը, որ Քրիս­տո­սի գալս­տեամբ մեղ­քե­րու խա­ւա­րը եւ անհ­նա­զան­դու­թիւ­նը վե­րա­ցան եւ երկ­րի աս­տուա­ծ­­պաշ­տու­թեան լոյ­սը հաս­տա­տուե­ցաւ եւ բո­լորս լու­սա­ւո­րուե­ցանք Քրիս­տո­սո՛վ։

Վեր­ջա­պէս նշենք, որ «Սի­մոն» կամ «Շմա­ւոն» կը նշա­նա­կէ՝ լսող եւ հնա­զան­դող։ Այն՝ որ հա­ւա­տար­մօ­րէն սպա­սեց Տի­րոջ տա­ճար գալս­տեան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 11, 2016, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Փետրուար 15, 2016