ՔՕՂԱՐԿՈՒԱԾ ԷՈՒԹԻՒՆԸ

Սաւառնակի մը մէջ ճամբորդող մէկու մը համար, սովորական պայմաններու տակ, աւելի խոր է գիտակցութիւնը «սաւառնակ»ի մեծութեան քան թէ երկնակամարին՝ որուն անսահման տարածութեան հետ բաղդատմամբ՝ ան հազիւ թէ ոսպի հատիկէ մը աւելի է։

Ինչո՞ւ համար արդեօք։

Պատճառը դարձեալ մարդկային ինքնաբաւութեան մէջ պէտք է փնտռել։ Մարդիկ իրենք իրենցմով աւելի զբաղուած եւ տարուած են քան Աստուծմով։ Իրենց ամբողջ հաճոյքը, իրենց շահերը, իրենց ստամոքսը, իրենց առօրեայ կեանքը աւելի՛ կարեւոր կը համարեն քան տիեզերքը, յաւիտենականութիւնը, հոգեւոր արժէքները…։

Արդարեւ, ո՛չ մէկ տեղ եւ ոչ մէկ առիթով այսքան մեծ խումբ մը մարդիկ այսքան մօտ կ՚ապրին իրարու, եւ կը ցուցադրեն իրենց անհատական ինքնութիւնը նոյնքան յստակօրէն, թէեւ անգիտակցօրէն, որքան ճամբորդութեան մը ընթացքին՝ փոխադրութեան միջոցի մը մէջ, զոր օրինակ, նաւու մը կամ սաւառնակի մը մէջ՝ հոն ուր միջոցի մը համար պարտադրուած են միատեղ ըլլալու՝ նոյն նպատակին համար՝ հասնելու համար իրենց ճամբորդութեան վերջաւորութեան։ Հասարակաց նպատակ մը կը միացնէ բոլոր ճամբորդները մտապէս իրարու, թէեւ երբ ճամբորդութիւնը վերջանայ եւ ամէն մէկը հասնի իր նպատակին, այլեւս ո՛չ մէկ մտային միութիւն, ոչ մէկ հասարակաց նպատակ կը մնայ եւ մեծ հաւանականութեամբ իրար չեն յիշեր իսկ այլեւս։ Մոռացութեան կը մատնուի ամէն ինչ, որ ստեղծուած էր ճամբորդութեան ընթացքին, փոխադրական միջոցին մէջ…։ Երբ ճամբորդութիւնը վերջանայ, ամէն ինչ կը մոռցուի։

Սաւառնակի ճամբորդութիւնը կենդանի պատկեր մըն է՝ որ կախուած կը մնայ մարդուս աչքերուն առջեւ որպէս հրաւէր մը՝ դիտելու եւ խորհրդածելու համար։ Ուստի երկու աչք՝ տեսնելու, եւ ուսումնասիրելու, եւ վերլուծողական ատակութեամբ օժտուած համեստ միտք մը՝ բաւական են պատկերը վերիվերոյ մեկնելու իր բոլոր համեմատութիւններովը։

Ամենէն աչքառու իրողութիւնը պարզուած այս պատկերին մէջ՝ մարդկային բնութեան «հասարակաց յայտարար»ն է. այսինքն, էապէս՝ բոլորն ալ անխտիր մարդկային տկարութիւններու եւ առաքինութիւններու խառնուրդ մըն են. Ադամի հարազատ որդիները։ Բոլորն ալ իրենց նկարագրին «վերնագոյն» խաւին մէջ կ՚երեւին։ Եւ այս վերնագոյն խաւին մէջ բոլորն ալ «բարի» են եւ իրարու նման։ Հոս առիթ չկայ նկարագրի «ստորնագոյն» ծալքերը ցուցաբերելու։ Առեւտուր չկայ, շահու մըր-ցակցութիւն չկայ, քաղաքական եւ գաղափարային վէճեր չկայ։ Ուստի մարդուս մէջ եթէ առիւծ մը կայ, կամ օձ մը, հոս քունի մէջ է… անվնաս եւ անվտա՛նգ…։

Երբ ծանօթի մը կամ անծանօթի մը՝ «բարի լոյս, ինչպէ՞ս էք այս առաւօտ» կ՚ըսէք, կ՚անցնինք անո՜ւշ ժպիտով մը, կամ, օդին եւ ծովուն վիճակին մասին պայմանադրական դիտողութիւն մը կ՚ընէք.- ձեր դիմացինը՝ սատանայ իսկ ըլլայ՝ իր հոգիին յատակը, վայրկեանի մը համար «հրեշտակի արժանի» ժպիտով մը արձագանգ կու տայ ձեր դիտողութեան։

Արդարեւ, ինչպէս կ՚ըսէ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան, ժպիտը մաքուր սըր-տի եւ հանդարտ խղճի մը արտայայտութիւնն է։ Ժպիտը խաղաղութեան խորհրդանի՛շն է։ Ընդհանրապէս խօսելով մարդկային հոգիին խորութեան մակերեսին վրայ, ժպիտը հոգիին խորութեան արձագանգն է։

Եւ այդ «մակերես»ին վրայ «չար»ը եւ «բարի»ն իրարմէ չեն զանազանուիր, բոլորն ալ կա՛մ ստուգապէս բարի են, կամ «բարի» կ՚երեւին։ Արդարեւ, «բարի ըլլալ» տարբեր բան է, եւ «բարի երեւիլ»՝ տարբե՛ր։

Մարդիկ, ընդհանրապէս «են» ինչպէս որ «կ՚երեւին», եւ ո՛չ թէ՝ ինչպէս որ արդեամբ «են» իրենց քօղարկուած էութեան խորը»։

Միջավայրի կատարեալ խաղաղութիւնը կարծես կը քնացնէ բոլոր մարդոց կախման գիտակցութիւնը. ոմանք զԱստուած «խանութպան»ի տեղ են դրած։ Ուստի մարդ հացագործը եւ մսավաճառը կամ նպարավաճառը կը փնտռէ երբ անօթի է եւ կամ ճաշարան կը դիմէ, նո՛յնպէս ալ՝ Աստուած, երբ անոր օգնութեան ստիպողական կարօտ մը ծագի։

Ճամբորդութեան ընթացքին եթէ կատղէր ու փոթորկէր օդը եւ կամ ծովը՝ անտարակոյս ճամբորդներուն ուշադրութիւնը պիտի դառնար անձէն՝ Աստուծոյ։ Ինքնաբաւութեան գիտակցութիւնը տեղի պիտի տար կախման գիտակցութեան։

Սաւառնակէն անդին, սաւառնակին շուրջ կը տարածուի երկնակամարը, որուն նայողը միայն պիտի զգայ իր յետին անօգնականութիւնը եւ աննշանութիւնը եւ պիտի տեսնէ թէ՝ երբեք ինքնաբաւ չէ եւ պահանջքը ունի «ուրիշ»ի մը օգնութեան։ Արդարեւ, մարդուն ինքնաբաւութիւնը սահման մը ունի եւ սահմանը կը վերջանայ հոն՝ ուր ան այլեւս անկարող եւ անկատար կը զգայ ինքզինք։ Անհունին, յաւիտենականութեան գիտակցութիւնը պայմա՛ն է Աստուծոյ մօտ եւ հաղորդ ապրելու համար։ Եւ, ի վերջոյ, բոլորս ալ անհատապէս, այս սաւառնակին ճամբորդներուն պէս ճամբորդներ ենք, ո՛չ թէ չափելի, սահմանաւոր հորիզոնի մը, ցամաքի կամ ծովու մը վրայ՝ այլ՝ անհո՜ւնութեան մէջ։

Ճամբայ ելած ենք եզերքէ մը, բայց ո՞ւր է որ կ՚երթանք…։

Ճամբան անվե՛րջ է, հապա մարդիկ ինչո՞ւ իրար անցած են Լուսինին հասնելու, եւ կամ թերեւս անկէ շատ հեռո՜ւները՝ Հրատին կամ ուրիշ մոլորակի մը։

Մենք Աստուծոյ թեւերուն վրայ նստած ճամբորդներ ենք Լուսինէն եւ Արեւէն անդին՝ յաւիտենականութեան անհաշուելի՜ սահմաններուն մէջ։

Մենք կ՚ապրինք ո՛չ թէ ի վերջոյ մեռնելու համար, այլ ապրելո՛ւ համար։

Մենք կոչուած ենք անմահութեա՛ն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 5, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Փետրուար 15, 2020