ՄՏԱԾՈՒՄԻ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ
«Ի հեճուկս ուրիշի մը վնասուած ըլլալուն՝ մէկու մը տիրացած արժէքները եւ այդ մէկուն ուրիշի մը առանց վնաս պատճառելու տիրացած արժէքները զանազանել՝ ազատութեան եզրին ամենէն կարեւոր հարցն է»։
BERTRAND RUSSELL
«Ազատութիւն»ը բանական եւ հարցաքննող, դատող, որոշող եւ իր որոշումներուն համաձայն գործող մարդ արարածին կարեւորագոյն հարցերէն մի՛ն եղած է միշտ, եւ ան սկսած է անհատականութենէ անցնիլ հաւաքական կեանքի։
Արդարեւ, մարդ երբ «անհատ» մըն է, եւ անհատ ըլլալով խորհի իր մասին, ինքզինք ազատ կը գզայ ընելու՝ այն ի՛նչ որ մտածած է եւ փափաքած։ Բայց ամէն անհատ ունի իր դէմ «ուրիշ» մը, եւ այդ անհատը եւ ուրիշը կը կազմեն հասարակութիւնը՝ հետզհետէ հաւաքականութիւն, ընկերութիւն, ժողովուրդ եւ վերջապէս ա՛զգ։ Այս յառաջընթացին իւրաքանչիւր հանգրուանին, անհատը մինակ չէ, միշտ ունի «ուրիշ»ը եւ «ուրիշներ», որոնց հետ ապրելու պարտաւոր է։
Շատ պարզ օրինակ մը. անհատը երբ մինակ է, հացը կրնայ ուտել իր ուզածին պէս, ամբողջութեամբ եւ կամ մասերու բաժնելով՝ կամաց կամաց։ Բայց հացին ամբողջութիւնը ի՛րն է. այս պարագային հացը բաժնել ուրիշի մը հետ խնդրոյ առարկայ չէ՛։ Բայց եթէ հասարակութիւն մը կայ, ուր կան «ուրիշ»ներ, ուրիշ «անհատ»ներ, անհատը պարտաւո՛ր է հացը բաժնել ուրիշներու հետ, ապա ուրեմն ամբողջ հացը ուտելու ազատութիւնը բնական կերպով կաշկանդուած կ՚ըլլայ։ Եւ ասիկա, անհատներու միասին ապրելուն, «հասարակութիւն» կազմելուն բնական մէկ հետեւանքն է։
Անհատը, ինքնին որչափ որ իրաւունք ունի, նոյնը ունի միւս անհատը՝ «ուրիշ»ը։
Ահաւասիկ, իրաւունքի այս հաւասարակշռութիւնը կ՚որոշէ ազատութեան սահմանները։ Եւ դարձեալ, այս իմաստով, անհատին ազատութեան սահմանը միւս անհատին իրաւունքի սահմանն է։ Մարդ ազատ է այնքան, որքան հաւատարմօրէն կը հպատակի եւ կ՚ընդունի ուրիշին՝ միւս անհատին իրաւունքը։ Ասկէ կը հետեւի՝ մարդ ա՛յնքան ազատ է, որքա՛ն հնազանդ է տուեալ կանոններու, օրէնքներու եւ ընդհանուր բարոյագիտութեան։ Անբարոյ նպատակ մը երբեք չ՚արդարացներ ազատութիւնը։ Ազատութիւնը պատրուակելով, մարդ չի կրնար անիրաւը՝ իրաւացի, անարդարը՝ արդար ներկայացնել։ Այս պատճառով ալ, երբեմն արդարութիւնը եւ ազատութիւնը կը հակասեն զիրար. հակադիր արժէքներու հանգամանք կը ստանան։ Եւ մարդ երբ չանդրադառնայ եւ կանգ չառնէ այդ հակասութեան առջեւ, թէ՛ անհատական, թէ՛ հաւաքական անդարմանելի վնասներու պատճառ կը հանդիսանայ։
Որքա՜ն գեղեցիկ է ազատութիւնը… Բայց հասարակութեան մէջ եթէ մէկ անհատ իսկ ազատ չէ, այդ հասարակութիւնը ազատ չի նկատուիր, քանի որ ազատութիւնը ո՛չ թէ անհատական, այլ հասարակական արժէք մըն է։ Ուրեմն կը հետեւի, թէ ինքնակեդրոն մարդը երբեք ազատ չի կրնար ըլլալ՝ ազատութեան իսկական իմաստին նկատմամբ։ «ԵՍ»ը մարդուս ազատութեան առջեւ ամենամեծ արգե՛լքն է. մարդ ինքզինք ազատ կը կարծէ, բայց գործնականապէս ուրիշ «ԵՍ»երու կաշկանդումին ներքեւ, բարոյապէս գերիացած կ՚ապրի…։
Ուրեմն, ազատ ըլլալ կ՚ուզէ՞ք, ուրեմն յարգեցէ՛ք ուրիշին իրաւունքը եւ ազատութիւնը։
Անասունները ազատ են, թէեւ մեր հասկցած իմաստով չէ, բայց «ազատ վարուելու» նեղ նշանակութեամբ, որովհետեւ անոնք բնազդով կը վարուին, այսինքն կը հպատակին բնութեան օրէնքներուն եւ ըստ այնմ կ՚ապրին. չեն խորհիր, չեն խօսիր (թէեւ այս հարցը շատ վիճելի է եւ կը վերաբերի իր մարզին մասնագէտներուն, մանաւանդ «խօսելու» հարցին եւ քանի որ «խօսք» կայ, հոն կա՛յ նաեւ «խորհուրդ», քիչ կամ շատ…), միայն կը գործեն, եւ անոնց ուղեցոյցը կ՚ըլլայ միշտ բնութիւնը, եւ քանի որ անոր կը հնազանդին, ազա՛տ կ՚ապրին։ Անշուշտ կարելի չէ ըսել, թէ անոնք ազատութեան գիտակցութիւնը ունին… Ազատ ըլլալ երեւութապէս, բայց ազատութեան գիտակցութիւնը չունենալ. ազատութի՞ւն է ասիկա։ Բայց միշտ խորհած եմ. երկինքը թռչող սա թռչունը արդեօք աւելի երջանի՞կ է մեզ՝ մարդոցմէ, հակառակ որ իր ազատութեան գիտակցութիւնը չունի, եւ կամ աւազանին մէջ գտնուող սա ձուկը, թէեւ բանտարկուած աւազանին շրջապատող պատովը, եւ անգիտակից իր ազատութենէն կամ կաշկանդուած ազատութենէն, ան ալ, արդեօք մեզմէ աւելի երջանի՞կ է։ Անոնք գոնէ մտահոգութիւն, մտատանջութիւն չունին, զրկուած են մտածելու կարողութենէն՝ իւրայատուկ երջանկութիւն մը միայն ունին, որ ատիկա մարդուս համար թերեւս տառապանք, տանջանք պիտի ըլլար, ո՜վ գիտէ…։
«Ազատ անձը արտաքին ճնշում եւ պարտադրութիւններու ենթակայ չ՚ըլլար», կ՚ըսէ Պերթրանտ Ռասըլ։
Իսկ Ժան Ժագ Ռուսօ, մարդուս ազատութեան մասին սապէս կ՚ըսէ. «Մարդ ազատ կը ծնի, բայց զայն անմիջապէս կը փաթթեն խանձարուրի մէջ, այսպէսով շարժում ընելու ազատութիւնը կը սահմանափակեն, յետոյ մանուկը կը մեծնայ, այս անգամ աւանդութիւններ, կանոններ, օրէնքներ, ընկերային պարտադրութիւններ կը չափաւորեն անոր ազատութիւնը, եւ վերջապէս ան կը մանահայ, կը կարծուի, թէ ազատ է այլեւս, ո՛չ այս անգամ ալ զայն պատանքով կը փաթթեն, կերպով մը կը կաշկանդեն…»։
Ահաւասիկ, սիրելի՜ բարեկամներ, «ազատութիւն» ըսուածը մարդուս շնորհ մըն է, բայց մարդ այդ շնորհը դարձեալ ի՛նք, իր արարքով հակակշռի տակ կ՚առնէ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 14 2022, Իսթանպուլ