ԶԳՈՅՇ ԵՒ ՈՒՇԱԴԻՐ ԸԼԼԱԼ
Ճամբորդութեան մը ընթացքին, ճամբուն վրայ յաճախ կը տեսնուին ազդանշաններ։ Այս ազդանշանները զետեղուած են զանազան կէտերու վրայ, ուր ճամբան անկիւնադարձ մը ունի եւ կամ որեւէ վտանգի հաւանականութիւնը կը տեսնուի։
Արդարեւ, կեանքն ալ ճամբորդութիւն մըն է, եւ կեանքը ապրիլ՝ ճամբայ մը, ուր կարելի է հանդիպիլ անկիւնադարձերու, վտանգներու, որոնց հանդէպ պէտք է զգոյշ եւ ուշադիր ըլլալ։ Երբեմն ազդանշաններ կ՚ըլլան կեանք ճամբուն վրայ, երբեմն ալ կը պակսին անոնք, եւ ճամբորդը պարտաւոր է զգոյշ եւ ուշադիր ըլլալու՝ իր կեանքի ճամբան ապահով կերպով կարենալ շարունակելու համար։
Զգոյշ եւ ուշադիր ըլլալ՝ կեանքին ապահովագրութեան նախապայմաններն են, կարեւոր եւ անհրաժեշտ տարրերը, որ առանց անոնց կարելի չէ շարունակել կեանքի ճամբորդութիւնը։
Անշուշտ անոնք որ կ՚անդրադառնան ճամբու վրան գտնուող ազդանշաններուն, կրնան ապահով ճամբորդութիւն մը կատարել։ Կեանքի ճամբուն վրայ ա՛լ աւելի կարեւոր է այն ազդանշանները՝ որոնց նկատմամբ անտարբերութիւն մը կրնայ մեծ ու ահաւոր վտանգներու եւ վնասներու պատճառ ըլլալ։
Մարդ պէ՛տք է գիտնայ իր «կանգ առնելիք» տեղը ճամբուն վրայ։ Հոն՝ ուր կայ «կա՛նգ առ» ազդարարութիւն մը, ան իր մէջ երկու իրողութիւն կը խտացնէ։ Նախ կը մատնանշէ վտանգներուն գոյութիւնը՝ որոնց կրնայ երթալ ճամբորդը եւ եթէ կան՝ ուղեկիցները հաւասարապէ՛ս։ Բայց ասկէ զատ ցոյց կու տայ հաւանական վտանգներէ եւ անոնց պատճառած վնասներէն խուսափելու, պաշտպանուելու կարելիութիւնը՝ ուշադրութեան եւ դաստակին ուժին շնորհիւ, որ կարող է «զսպանակները սեղմել», գնացքը հակակշռել եւ եթէ պէտք է՝ կեցնել, կամ ուղղութիւնը փոխել։ Եւ մարդուս պատասխանատուութիւնը, արդարեւ, շատ ծանր է թէ՛ ինքն իրեն հանդէպ, թէ՛ իր ուղեկից ընկերներուն նկատմամբ։
Ուստի երկվայրկեանի մը անզգուշութիւն, անհոգութիւն, կամ տեսողութեան եւ ուշադրութեան վրիպում, եւ կամ սխալ որեւէ շարժում, ամէն մէկը կրնան երջանիկ տուներ, ընտանիքներ սուգի տուներու, օճախներու վերածել։
Կեանքի ճամբուն վրայ ալ, եւ կեանքի ճամբորդներու առջեւ ալ յաճախ կը յայտնուին ազդարարութիւն մը. «կա՛նգ առ», եւ այն որ կ՚անդրադառնայ այդ ազդարարութեան, ապահով կը շարունակէ իր «կեանքի ճամբայ»ն, եթէ նոյնիսկ մի քանի վտանգներու հետ դիմաւորուի, գոնէ յանպատրաստից վիճակի մը չի մատնուիր, այլ քաջութեամբ կը դիմակալէ զանոնք։ Ուստի շարունակ պէտք է աչքի առջեւ ունենալ «կա՛նգ առ» ազդարարութիւնը, քանի որ վտանգը կը սիրէ անակնկա՛լը։
Մարդկային մտքին մէջ պէտք է քանդակուի «կա՛նգ առ» ազդարարութիւնը ամէն մարզի մէջ, ի՛նչ որ կը նշանակէ՝ չափաւորութի՛ւն։ Քանի որ մարդիկ յաճախ խելագար եւ գահավէժ ընթացքով մը կը սուրան կեանքի զառիթափերուն վրայէն, իրենց մարմնին, մտքին եւ հոգիին բովանդակ ուժովը, առանց արգելք եւ սահման ճանչնալու, առանց անդրադառնալու եւ առանց ուշադրութիւն դարձնելու ազդարար ձայներու, որոնք կը գոչեն. «կա՛նգ առ» կամ «չափդ եւ սահմանդ գիտցի՛ր»։
Կեանքի ճամբու վրայ, իրենց առաջին քայլերով յառաջանալ ուզող, մտքի եւ սրտի չքնաղ յատկութիւններով օժտուած կան պատանիներ, երիտասարդներ՝ որոնք ժառանգած կամ ստացած են նաեւ, դժբախտաբար, յոռի ունակութիւններ եւ տրամադրութիւններ։ Եւ իրենց այս բովանդակ ուժերով կը սուրան կեանքի զառիթափերուն վրայէն՝ խուլ, կոյր եւ անուշադի՛ր։ Եւ չե՛ն անդրադառնար, թէ իրենց յոռի սովորութիւններուն եւ վատ ունակութիւններուն ուժը, իրենց շարունակական վազքին մէջ անզսպելի, անարգել թափի մը կը վերածուի, եւ չեն կրնար կանգ առնել, ուստի վայրէջքը անդիմադրելի եւ կործանումը ստոյգ կը դառնայ։ Եւ որքա՜ն երիտասարդներու ֆիզիքական-մարմնական, իմացական եւ բարոյական կեանքը կործանած է հաճոյամոլութեան, ախտաժէտ երեւակայութեան, ծուլութեան, անտարբերութեան եւ անհոգութեան նման զառիթափերու վրայ, քանի որ խուլ մնացած են բանականութեան, իմացականութեան, իմաստութեան եւ փորձառութեան ձայնին՝ որ կրկին եւ կրկին ազդարարած է իրենց. «Ուշադրութի՛ւն. կա՛նգ առէք, չափաւոր եղէ՛ք, չափ եւ սահման ճանչցէ՛ք…», եւ անոնք չեն անդրադարձած։
Յառաջդիմութիւնը, կատարելագործումը կանոնաւոր եւ համաքայլ ընթացք մըն է, բայց նաեւ կը պահանջէ համբերատարութիւն՝ որ չափաւորութեան կը կարօտի։ Առանց չափաւորութեան՝ համբերութիւն չի գոյանար եւ առանց համբերատարութեան յառաջդիմութիւն, կատարելագործութիւն չ՚ըլլա՛ր։
Ընկերութիւն մը, ժողովուրդ մը, երբ յառաջդիմութեան ընթացքին մէջ բաւական համբերատարութիւն ցոյց չի տար, «բնութիւն»ը ժամանակ առ ժամանակ ֆիզիքական կամ բարոյական «շարժո՛ւմ» մը կը յարուցանէ, որ կ՚արագացնէ ընթացքը եւ կը փոխակերպէ զայն կատարելութեան ճամբուն վրայ։
Արդարեւ, մարդ «իրերու զօրութեամբ» կը լուսաւորուի եւ մշտնջենաւորապէս տգիտութեան խաւարին մէջ չի՛ կրնար մնալ։ Մարդ կոչուած է յառաջդիմութեան, լուսաւորութեան, կատարելագործութեան, բայց միշտ հաւատարիմ մնալու պարտաւորութեամբ իմաստութեան, ողջախոհութեան ձայնին, որ կը զգուշացնէ. «Կա՛նգ առ, չափաւոր շարժէ՛…»։
Քանի որ մարդուս պա՛րտքն է հասնիլ այն նպատակին՝ ինչ որ «Նախախնամութիւն»ը նշանակած է։
Արդարեւ, բարոյական յեղաշրջումները սակաւ առ սակաւ կը տոգորուին, կը խմոր-ւին միտքերու մէջ։ Բայց այդ խմորումը կը կատարուի չափաւորութեամբ՝ զգոյշ եւ ուշադիր, որ կ՚ենթադրէ աւելի եւս համբերութիւն։ Ուստի չափաւորութեան սահմանին մէջ, դա՜րերով կը բողբոջին «յեղաշրջում»ները եւ շարժման կ՚անցնին, «գործ»ի կը վերածուին, աւելի ետքը՝ յանկարծ, յարմար ժամանակին՝ դո՛ւրս կը բխին։
Ահաւասիկ, ա՛յս է կեանք ընթացքին ընդհանուր գնացքը՝ զգուշութիւն, ուշադրութիւն, չափաւորութիւն, համբերութիւն… եւ յաջողութի՛ւն, որ կը նշանակէ նախատես-ւած նպատակին հասնի՛լ։
Կեանք ճամբուն վրայ անվտանգ եւ ապահով յառաջանալու եւ մտադրուած նպատակին հասնելու համար պայմա՛ն է՝ զգուշութիւն, ուշադրութիւն եւ մանաւա՛նդ չափաւորութի՛ւն։ Արդէն ո՛ւր որ մարդ զգոյշ է եւ ուշադիր, հոն կը գտնուի չափաւորութիւն։ Յուզումներու մէջ վայրկենական անկարգութիւններ եւ չափազանցութիւններ միայն վնաս կը պատճառեն մարդկութեան։
Երանի՜ անոնց որ զգոյշ եւ ուշադիր են կեանքի մէջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 7, 2017, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024