ԳՈՀՈՒՆԱԿ ՍԻՐՏՈՎ…

Պօղոս առաքեալ Փիլիպպեցիներուն գրած իր նամակին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Միշտ ուրախ եղէք Տիրոջմով… Բոլորին հանդէպ ազնիւ եղէք… Որեւէ բան թող չմտահոգէ ձեզ… Աստուծմէ խնդրեցէք ի՛նչ բանի որ կարիքը կը զգաք, եւ այն ատեն Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ միտքով կարելի չէ հասկնալ, խաղաղ պիտի պահէ ձեր սիրտերը եւ միտքերը, որոնք Քրիստոս Յիսուսի միացած են… Ի վերջոյ, եղբայրներ, խորհեցէք այն բաները՝ որոնք ճշմարիտ են…». (ՓԻԼԻՊ. Դ 4-8)։

Առաքեալը մեզի միշտ ուրախ ըլլալ կը թելադրէ։ Անշուշտ որ այս թելադրանքը «ուրախութեամբ» կ՚ընդունինք։ Բայց սիրելի՜ներ, նեղութիւններով լեցուն այս աշխարհի վրայ կարելի՞ է ուրախութիւնը կատարեալ վայելել։ Եւ կը շարուակէ առաքեալը իր խօսքը՝ որ պատասխան մըն է մեր հարցումին. «Բոլորին հանդէպ ազնիւ եղէ՛ք»։

Մարդ երբ իր շուրջիններուն հանդէպ ազնիւ զգացումներ ունի, հոն կը տիրապետէ հաշտութիւն, խաղաղութիւն եւ եղբայրսիրութիւն։ Եւ ուրեմն, ուրախ ըլլալու պայմաններէն մին է՝ խաղաղութիւնը։ Խաղաղութիւնը ստեղծել մարդուս ձեռքն է, փոխադարձ հասկացողութեամբ։ Խաղաղութիւնը երկու տեսակ է. արտաքին խաղաղութիւն եւ ներքին խաղաղութիւն։ Արտաքին խաղաղութիւնը մարդոց իրարու հետ ունեցած փոխյարաբերութիւններու մէջ կը կայանայ։ Իսկ ներքին խաղաղութիւնը՝ մարդուն իր իսկ «ԵՍ»ին հետ հաշտ ապրիլն է։ Եւ եթէ մարդ իր իսկ «ԵՍ»ին հետ հաշտ ապրի՝ գոնէ այդ տեսակէտէն ուրախ կ՚ըլլայ, քանի որ մարդուն ամենամեծ եւ վտանգաւոր թշնամին իր «ԵՍ»ն է։ Գոհունակ սիրտով ապրելու համար, ուրեմն պէտք է «ԵՍ»ին հետ հաշտ ապրիլ, այսինքն՝ ներքին խաղաղութիւն ունենալ։

Առաքեալը կը թելադրէ նաեւ «չմտահոգուիլ»։ Մտահոգութիւնը՝ հոգատարութեան չափազանցուած, ծայրայեղ հոգեվիճակն է։ Արդարեւ, հոգատարութիւնը մարդուս բնական մէկ զգացումն է՝ իրերօգնութեան մէկ հետեւանքն է. բայց երբ այդ հոգատարութիւնը՝ հոգը մտքին մէջ հաստատուի, հոն տեւականութիւն մը ըլլայ, լարուած ուշադրութեան՝ մտքի կաշկանդումի վերածուի՝ ախտաւոր վիճակ մը կը ստեղծուի, եւ ասիկա «մտահոգութիւն»՝ մտատանջութի՛ւն է։

Մտահոգութենէ ազատելու ճամբան եւ դարմանը՝ վստահելի մէկը ունենալ եւ անոր ապաւինիլն է։ Ամենէն վստահելին ո՞վ կրնայ ըլլալ։ Ամենավստահելի Անձը Աստուա՛ծ է։

Առածը կ՚ըսէ. «Ծառին մի կռթնիր, կը տապալի՝ մարդու մի՛ վստահիր, կը դաւաճանէ»։

Անշո՛ւշտ որ մարդիկ իրարու պիտի վստահին, բայց ասիկա բաւական չէ, քանի որ մարդ էակը թերութիւններ եւ տկարութիւններ ունի, Աստուած է որ անթերի, ամենազօրաւոր եւ բացարձակապէս կատարեալ է եւ Ան է որ մարդուս պահանջներուն ամբողջովին գոհացում կրնայ տալ։

Ուրեմն, հաւատանք, վստահինք եւ ապաւինինք Աստուծոյ՝ Արարիչին եւ Նախախնամին ամբողջ տիեզերքին, եւ պիտի ազատուինք մտահոգութիւններէ եւ առաքեալին թելադրութեան համաձայն «ուրախ» պիտի ըլլանք…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

14 նոյեմբեր 2023, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 15, 2023