ԽՕՍՔԸ ԿԸ ԹՌՉԻ ԳԻՐԸ ԿԸ ՄՆԱՅ - Դ -
Ստորեւ կը շարունակենք տեղեկութիւններ փոխանցել կէտադրութեան մասին՝ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի «Ուղղագրական ուղեցոյց»էն։
«ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒԹԵԱՆ ՆՇԱՆՆԵՐ
Բացայայտութեան նշանները կը գործածուին նախադասութեան միտքը եւ բառերուն իրարու հետ ունեցած յարաբերութիւնը պարզաբանելու, բացայայտելու համար։ Երբեմն կը կոչուին նաեւ ուղղագրական նշաններ։
1.- ՉԱԿԵՐՏ-ի (« ») մէջ կը դրուին՝
ա.- Ուրիշէ մը ուղղակի մէջբերուած խօսք մը. օրինակ՝
Հայրս նամակին մէջ գրած էր. «Տղա՛ս, պէտք է դասերուդ հոգ տանիս»։
Մասնագիտական գործերու մէջ, ընդհանրապէս չակերտին կը յաջորդէ փակագիծը, որուն մէջ ցոյց կը տրուի մէջբերուած հատուածին աղբիւրը։
Երբ մէջբերուած խօսքը ուղղակի է, չակերտի պէտք չկայ. օրինակ՝
Հայրս ըսաւ, թէ դասերուս հոգ պէտք է տանիմ։
բ.- Գեղարուեստական երկերու եւ պարբերական հրատարակութիւններու անունները. օրինակ՝
Ա. Ահարոնեանի «Իմ Գիրքը»։
Կարապետ Իւթիւճեանի «Մասիս»ը։
Կարելի է չակերտ չդնել, բայց այդ պարագային պէտք է ընդգծել վերոյիշեալ անունները՝ ձեռագիրին մէջ, իսկ հրատարակութեանց պարագային՝ տարբեր գիրով շարել։
գ.- Հեգնական կամ ժխտական իմաստով գործածուող բառերը. օրինակ՝
Այսօր շատ «բարի» էք։
Իր «բծախնդրութեամբ» համբաւաւոր է։
2.- ՓԱԿԱԳԻԾ-ը ( ) կը գործածուի երբ հատուածէ մը ներս բառեր եւ միջանկեալ նախադասութիւններ կը մտցնենք, որպէս ծանօթութիւն կամ լուսաբանութիւն. օրինակ՝
Ղուկաս (այդ է անունը գիրքին հերոսին) յաղթական դուրս կու գայ։
Փակագիծը երբ աւարտած նախադասութենէ մը ետք գայ, կրնայ իրմէ առաջ ե՛ւ վերջակէտ առնել ե՛ւ չառնել, բայց իր վերջաւորութեան անպայման կ՚առնէ. օրինակ՝ կարելի է գրել՝
Ճառախօսը վերջացուց իր խօսքը՝ ըսելով. «Կեցցէ՛ յաւերժական մարդասիրութիւնը» (բուռն ծափահարութիւններ), կամ՝ «Կեցցէ՛ յաւերժական մարդասիրութիւնը»։ (Բուռն ծափահարութիւններ)։
Երբ փակագիծը պարբերութեան սկիզբն է, վերջակէտ չ՚առներ. օրինակ՝
Յակոբ.- (Ձայնին դառնալով եւ ոտքի ելլելով) Ո՞վ ես դուն։
Մեր մէջ սովորութիւն դարձած է չակերտէն եւ փակագիծէն դուրս՝ դնել վերջակէտը, եւ ո՛չ թէ ներս։
3.- ԿԱԽՄԱՆ ԿԷՏ-ը (…) կը դրուի ծայրայեղ ուրախութեան կամ յուզումի պատճառով անաւարտ մնացած նախադասութեան մը վերջը։ Արտայայտուողը կը փափաքի որ ընթերցողը Ի՛ՆՔ աւարտէ խորհրդածութիւնը. օրինակ՝
Սառոյցէ գօտի մը սիրտս շղթայած է…։
Հեգնանք պարունակող նախադասութեան մը մէջ. օրինակ՝
Կը տեսնէր որ տիրացած էր գանձին… երազին մէջ։
4.- ԲԱԶՄԱԿԷՏ-ը (....) կը գործածուի երբ մէջբերումներուն մէջ կրճատումներ կատարուած ըլլան՝ մէջբերող անձին կողմէ. օրինակ՝
«Իսկ աննշան եթէ մնայ .... Ա՜հ, ա՛յն ատեն կը մեռնիմ»։
5.- ԱՆՋԱՏՄԱՆ ԳԻԾ-ը (-) կը դրուի՝
ա.- Ընդհանրապէս խօսակցութիւն պարունակող գրուածքներուն մէջ. օրինակ՝
-Կռուելու տրամադրութիւ ունի՞ս։
-Ոչ։
-Ե՛ս ալ։
բ.- Թուումներէ առաջ կամ ետք. օրինակ՝
Ապսպրեցի հետեւեալ բաները - գիրք, մատիտ, գրիչ, եւ այլն։
գ.- Թիւերու եւ թուականներու միջեւ ՄԻՆՉԵՒ իմաստով. օրինակ՝
ԺԱ.-ԺԳ. դար, 100-200։
6.- ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԳԾԻԿ (-) կը դրուի՝
ա.- Ընդհանրապէս կրկնուող բառերուն մէջ. օրինակ՝
Երամ-երամ, տասը-տասը։
բ.- Այն բառերուն միջեւ, որոնք բառակերտուած են, բայց չեն միաձուլուած. օրինակ՝
Ոչ-քրիստոնեայ, դեր-ծովակալ, ռուս-թրքական։
7.- ԱՊԱԹԱՐՑ-ը (՚) կը դրուի երբ ԿԸ եւ ՉԻ մասնիկներուն ձայնաւորները կը զեղչենք՝ ձայնաւորով սկսող բայերուն առջեւ. օրինակ՝
Կը երգեմ - կ՚երգեմ, չի երգեր - չ՚երգեր։
Բանաստեղծութեան մէջ վանկ շահելու մտահոգութեամբ երբ սղուած են՝ ԵԹԷ, ՄԸ, ՄԸՆ, ՊԻՏԻ բառերը. օրինակ՝
Եթ՚ յարդարեն իմ հողակոյտ։
Տժգոյն գիշեր մ՚էր քաղցրաբոյր աշնային։
8.- ԵՆԹԱՄՆԱՅ (-) կը դրուի տողադարձի ատեն»։
***
Հոս երախտագիտութեամբ եւ աղօթքով կը յիշենք տքթ. Վարդ Շիկահերը՝ որ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի «Ուղղագրական ուղեցոյց»ին մէկ լուսապատճէնը տրամադրած էր մեզի։ Արդարեւ, յարմար պիտի ըլլար անիկա փոխանցել նաեւ մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն՝ վերյիշելու համար իրենց գիտցածները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 4, 2021, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024