ՎՐԱՑ ԹԱՄԱՐԱ ԹԱԳՈՒՀԻՆ (1184-1212)
12-րդ դարու վերջերուն՝ Վրաց թագաւորական գահը բարձրացաւ Թամարա թագուհին՝ որ իր գործերով մեծապէս սիրելի եղաւ ժողովուրդին, եւ բազմաթիւ երգերու եւ ոգեւորութեան առարկայ հանդիսացաւ։ Թամարա թագուհիի իշխանութեան ժամանակաշրջանին, Վրաստան իր քաղաքական ու մտաւորական զարգացման բարձրագոյն աստիճանին հասաւ։ Անոր զինուորական ուժի փառքը երկու հայազգի իշխաններ՝ Զաքարէ եւ Իւանէ եղբայրներն էին, որոնք տէրունական սահմանները ընդարձակեցին դէպի արեւելք ու հարաւ։ Այսպէս՝ Հայաստանի մեծ մասը Վրաց ձեռքը անցաւ։
Թամարա թագուհիի շրջանին ամէն տեղ խաղաղութիւն տիրեց, եւ այս միջոցին վանքեր ու եկեղեցիներ հաստատուեցան եւ գրականութիւնն ալ ինչպէս Վրաստանի, այնպէս նաեւ Հայոց երկրին մէջ մեծապէս զարգացաւ։
Սակայն քաղաքական եւ զինուորական յաղթանակներով ոգեւորուած ու արբեցած վրացիները սկսան կրօնական թշնամութեամբ վարուիլ հայերու հետ։
Անոնց եկեղեցիներուն մէջ սկսաւ քարոզուիլ հայերու հակառակ եւ համոզել իրենց ժողովուրդը՝ թշնամական զգացումներ ունենալ հայերու նկատմամբ։
Տգէտ ու անգիտակից ամբոխը՝ տարուած այս քարոզչութիւններէն, սկսան հայերու կանգնած խաչերն ալ կործանել, հայ եկեղեցիները քանդել, եւ զանոնք ա՛լ աւելի անարգած ըլլալու համար, այնտեղ շուներ մորթել։
Ամբոխի հաւաքական հոգեբանութենէն ազդուած ժողովուրդը կը ծաղրէր հայոց միւռոնը, թէ ան անկատար պատրաստութեամբ ձեռք ձգուած է, եւ թէ Սուրբ Խաչը բեւեռներով միացնելով՝ հայերը, Քրիստոսը կրկին կը խաչեն, թէ՛ հրեաներու նման մատաղ կ՚ընեն, զանգակներով բուրվառ կը գործածեն, թէ՛ հայ կրօնաւորները միս կ՚ուտեն, թէ՛ հայերը չե՛ն տօներ Աւետումը եւ Քրիստոսի ծնունդը, դպիրով, սարկաւագով ու զգեստներով չե՛ն պատարագեր, այն ալ՝ ո՛չ ամէնուրեք, եւ թէ կը պատարագեն միմիա՛յն ննջեցեալներու, այլ ո՛չ նաեւ կենդանիներու՝ այսինքն ապրողներու համար։ Այսքանով, այս կարծիքներով չէին բաւականանար անոնք, այլ եւ կարհամարհէին սուրբերու նկարները՝ սրբապատկերները եւ այլ սրբութիւնները։
Բնականաբար հաւատափոխ հայեր կրկին կը մտնէին վրաց եկեղեցիները, կը մասնակցէին արարողութիւններուն։
Այս եւ ասոր նման մեղադրանքներ երբեմն յոյներն ալ կը բարդէին հայերու վրայ։
Հերձուածող հայերը վրաց եկեղեցիին հետ միացնելու համար ժամանակի վրաց կաթողիկոսը աշխատեցաւ ժողով գումարել, ինչպէս երբեմն Դաւիթ Գ. Վերանորոգիչ թագաւորն ալ (1089-1125) փորձած էր։ Բայց պարզ էր, որ կարելի չէր երբեք գլուխ հանել միութիւնը։ Եւ այս կրօնական հալածանքներուն ականատես նշանաւոր հայ վարդապետներէն մէկը՝ Մխիթար Գօշ, առանձին գրութեամբ բացատրեց վրաց կաթողիկոսին, թէ ժողով գումարել ու երկու եկեղեցիներուն միութիւնը գլուխ բերել՝ «ապարդիւն ջանք» է. թէ երկու ազգերու միջեւ խաղաղութիւն եւ համաձայնութիւն կը հաստատուի, երբ ի՛նքը՝ կաթողիկոսը եւ Թամարա ու Դաւիթ թագաւորները իրենց իշխանութեամբ՝ վրացիներու ատելութիւնը սանձեն։
Նոյն իմաստով, Մխիթար Գօշ ընդարձակ թուղթ մը եւս գրեց Զաքարէ եւ Իւանէ իշխաններուն՝ 1204 թուականին, եւ յայտնելով իր սրտի վիշտը՝ որ անոնք «հայ» ըլլալով վրաց ամբաստանութիւններուն կը հաւատան, խնդրեց կարդալ իր նամակը, իրենց գայթակղած միտքը բժշկել ու ընթացքը շտկել, եւ երկու ազգերու մէջ յուզուած կրօնական ատելութիւնը թագաւորներու շնորհիւ վերցնել։
Բայց եւ դժբախտաբար այս հայ իշխանները՝ Զաքարէ եւ Իւանէ ո՛չ միայն չաշխատեցան Մխիթար Գօշի տուած խորհուրդին ու առաջարկին համեմատ երկու ազգերու թշնամութիւնը վերցնելու խաղաղ միջոցներով, այլ եւ իրե՛նք կրօնական խռովութեան պատճառ դարձան։ Իւանէ իշխանը, Թամարա թագուհին եւ վրաց ժողովուրդին աւելի՛ հաճոյանալու ու համակրելի դառնալու համար վրաց դաւանութիւնը ընդունեց։
Իսկ Զաքարէ իշխանը դաւանափոխ չեղաւ, բայց հետամտեցաւ հայոց եկեղեցիի մէջ այնպիսի փոփոխութիւններ մտցնել, որ վրացիներ այլեւս առիթ չունենան հայերը բամբասելու եւ հալածելու, եւ այս հանգամանքը ահաւասիկ գժտութիւններու պատճառ դարձաւ։
Զաքարէ իշխան իր մտադրած փոփոխութիւնները նա՛խ Մխիթար Գօշի եւ այլ վարդապետներու ձեռքով ուզեց կատարել, բայց երբ անոնք մերժեցին վաւերացնել այդ փոփոխութիւնները, այն ժամանակ ան Յովհաննէս Կաթողիկոսին (Յովհաննէս Զ. Սսեցի. 1203-1221) եւ Լեւոն թագաւորին դիմեց, որ հաճին իր խնդիրը կատարելու եւ փոփոխութիւնները իրականացնել հայ եկեղեցիին մէջ։
Այս խնդիրը, ուրեմն Կիլիկիա հասաւ այն ժամանակ՝ 1206 թուականին, երբ արդէն Լեւոն թագաւորի եւ Յովհաննէս Կաթողիկոսի միջեւ գժտութիւն սկսած էր, եւ Լեւոն թագաւոր 1207 թուականին Սիսի ժողովը գումարած էր։ Ահա այս ժողովի մէջ Զաքարէ (կամ Զաքարիա) սպասալարի (սպասալար=հրամանատար, զօրապետ, սպարապետ) խնդիրը եւս քննութեան առնուեցաւ։
Իւանէ իշխանի նման երեւելի մէկու մը դաւանափոխ ըլլալը ծանր տպաւորութիւն թողած էր եւ Սիսի ժողովը վախնալով, որ մի գուցէ Զաքարէ իշխանը եւս իր եղբօր օրինակին հետեւի, որոշեց անոր առաջարկութիւնները ընդունիլ եւ սահմանեց.
Ա.- Ս. Պատարագը դպիրներով ու սարկաւագով մատուցանել նաեւ բացօթեայ վրանի տակ՝ ինչպէս վրացիք կ՚ընէին։
Բ.- Տօնել Աւետեաց տօնը Ապրիլի 6-ին, Վերափոխումը՝ Օգոստոսի 15-ին, ո՛ր օրն ալ եւ հանդիպին. իսկ Խաչվերացը տօնել Սեպտեմբերի 14-ին՝ վրաց նման։
Գ.- Զատկի եւ Ծննդեան ճրագալոյցները միմիա՛յն ձէթով ու ձուկով լուծել՝ վրացիներու եւ յոյներու նման։
Դ.- Ընդունիլ բոլոր սուրբերու եւ Փրկչի սրբապատկերներու յարգանքը։
Ե.- Ս. Պատարագ մատուցանել ո՛չ միայն ննջեցեալներու հոգիի փրկութեան, այլ եւ կենդանիներու՝ ապրողներու համար, այս ալ յունաց, ասորիներու եւ վրաց սովորութեան համեմատ։
Զ.- Արգիլել հայ կրօնաւորներուն միս ուտել՝ վրաց մեղադրանքը կարճելու համար։
Է.- Նա՛խ դպիր կարգել, ապա սարկաւագ ձեռնադրել եւ յետոյ միայն՝ քահանա՛յ։
Ը.- Պատուիրել հայ կրօնաւորներուն վանքերու մէջ ապրիլ ու առանձին սեփականութիւն չունենա՛լ։
Այս որոշումները, Լեւոն թագաւոր եւ Դաւիթ Կաթողիկոս ուղարկեցին Զաքարէ իշխանին…։
- Պատեհ առիթներով պիտի թղթատենք Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան էջերը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 5, 2016, Իսթանպուլ