ՕՐՄԱՆԵԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆԻ «ԽՈՀՔ ԵՒ ԽՕՍՔ»ԷՆ…

«Խոհք եւ խօսք»ը Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի իր կենսագրութիւնն է. ան իր այս հատորով կը ներկայացնէ ինքզինք՝ կը խօսի իր անձին մասին՝ իր կեանքին եւ իր գործունէութեան մասին։

Օրմանեան Սրբազանի այս «կենսագրութիւն»ը դասեր կը պարունակէ՝ որոնցմէ պէտք է օգտուիլ։ Եւ այս մտադրութեամբ հատուածներ կը ներկայացնենք մեր սիրելի՛ ընթերցող բարեկամներուն «Խոհք եւ խօսք»էն։

Ուստի, Օրմանեան Սրբազան կ՚ըսէ. «Ժամանակին ժամանակ տալ» գործնական առած մըն է. Dar tempo al tempo, եւ պէտք է որ մենք ալ ժողովրդական իմաստութիւնը յարգենք, գոնէ մինչեւ աստիճան մը…։

Իմ տեսութեամբ՝ պարզապէս ինքնախաբութիւն (utopie) մըն է միտքի տեսութիւններով եւ սրտի զգացումներով պատերազմին վերջանալուն սպասել, իբրեւ թէ եղբայրական սկզբունքը, մարդկային զգացումը, մարդասիրական տեսութիւնը, հետեւանքներու աղէտը, համասեռներու կապակցութիւնը, արդարութեան զօրութիւնը, բարոյական տեսակէտը, եւ ասոնց նման ուրիշ շատ մը մտածումներ պիտի կարենան վերջ տալ պատերազմներուն։

«Ամենէն վայրագ գազանը մարդն է» ըսուած է, իսկ ես սովոր եմ կրկնել՝ «Շահն է աշխարհի շահնշահը», բացարձակ իշխանը, գերագոյն ազդակը, եւ ամենատէր բռնակալը։ Հետեւաբար չեմ ուզեր եւ ոչ խօսքի նիւթ ընել բանաստեղծներու երեւակայական թռիչները, քերթողներու վերացական գաղափարները եւ բարեմիտներու սնավաստակ փափաքները։

Բանական տեսութիւնը չի կրնար զսպել մարդկային ձգտումը, երբոր խնդիրի նիւթ է շահը, եւ երբ կը զգայ իր զօրութիւնը, «Զօրութեան դէմ իրաւունք արժէք չունի». (Conbro la forza ragion non vale)։ Աշխարհի վրայ տեղի ունեցող առաջին հակառակութիւնը կամ վէճը, վնասին երկիւղը եւ օգուտին փափաքը բնական զօրութեամբ լուծուեցաւ. Կայէն սպանութեամբ լուծեց Աբէլի դէմ զգացած հակառակութիւնը, թէպէտ երկուքը եղբայրներ էին, ո՞ւր մնաց ուրեմն արեան ձայնը, ո՞ւր իրաւունքի սկզբունքը, ո՞ւր սրտի զգացումը։ Բիրտ ուժի զօրութի՛ւնը նուիրագործուեցաւ, եւ ո՛չ իրաւունքի արդարութիւնը։ Այն օրէն մինչեւ այսօր նոյնն է տիրող ընթացքը, եւ եղբայրասպան պատերազմներն են խնդիրներ լուծելու միջոցները։

Այլ սակայն եթէ ընթացքը իւր էութեան մէջ նոյն մնաց, իւր կերպարանին մէջ փոփոխութիւն կրեց. երկու ներհակ զօրութեանց վրայ երրորդ գերագոյն զօրութիւն մը սկսաւ իւր ազդեցութիւնը զգացնել, եւ ներհակընդդէմ պայքարները լռեցնել։ Հայր մը կրցաւ երկու զաւակներուն վէճը իւր ձայնովը վերջացնել. գերագոյն զօրութիւն մը երկու նուազ զօրութիւնները լռեցուց։ Այս փորձը իրեն յաջող հետեւանքներ ունեցաւ, հայրական իշխանութիւնը կամ զօրութիւնը ընդարձակուելով նահապետական դարձաւ, նահապետականը իշխանականի փոխուեցաւ, իշխանականը թագաւորական եղաւ, թագաւորականը պայմանադրականի անցաւ, պայմանաւորականը օրինական կազմակերպուեցաւ, օրէնքը իւր որոշ օրէնքները ունեցաւ, եւ այսօր մարդկային ընկերութիւններու մէջ օրէնքը գերագոյն զօրութիւն եղաւ, որով ոչ միայն անհատ անհատի, հանրութիւն հանրութեան, ընկերութիւն ընկերութեան, այլ մինչեւ իսկ անհատը իւր կառավարութեան դէմ օրէնքի զօրութեամբ իրաւունք պահանջելու եւ խնդիր լուծելու բաց ճամբայ մը ունի իր առջեւ։

Յառաջխաղացութիւնը մեզ կը հասցնէ տէրութիւն տէրութեան դէմ, կամ ուրիշ բացատրութեամբ, ազգ ազգի դէմ հանող խնդիրներու լուծման ուժը փնտռելու։ Բայց այդ լուծման ներքին իսկութիւնը փնտռելու չմտած, հարկ է մէկ երկու օժանդակ կէտեր բացատրել։

Առաջին յիշեցնելիքնիս այն է, որ ամէն շրջանակի մէջ ծագած խնդիրներ, թէպէտ միշտ շահու տեսակէտէն կը յուզուին, սակայն իրենց բնութեամբ երկու տեսակ են. մէկուն մէջ պարզ նիւթական շահն է խնդիրին առարկայն, հաշուական ձեւ ունեցող, չափի եւ թիւի պայմանով յուզուած, քանակի եւ որակի տարբերութենէն բղխած, եւ աւելիի ու պակասի վէճով արծարծուած։ Իսկ միւսը անձնական ըմբռնումէ մը, մեծութեան ձգտումէ մը, պատուոյ զգացումէ մը, ազդեցութեան առաւելութենէ մը, կամ ուրիշ նմանօրինակ բնական ու բանական տեսակէտէ բղխած է, արտաքին պարագաներու չափէն ու թիւէն կախում չունի, եւ ամենափոքր պատահարէ մը ամենամեծ պահանջ մը կը զարթուցանէ։ Այդ երկու տեսակէտներուն առաջին յիշածնիս տնտեսական է, իսկ երկրորդը քաղաքական կը կոչենք, առաւելապէս տէրութիւն տէրութեան դէմ պարագային վրայ հիմնուելով։

Միւս նախագիտելիքն է, որ օրինական գերագոյն զօրութեան գործնական վիճակի անցնելուն համար երեք տարրեր անհրաժեշտ են. առաջին՝ որոշ ու յատուկ եւ օրինագիրքի մէջ ընդունուած եւ զօրութիւնը ամբողջ պահած օրէնք մը, երկրորդ՝ օրէնքը մերձեցնող, խնդիրը վճռող, եւ գործադրութեանը կարող իշխանութիւն մը, եւ երրորդ՝ դատախազ եւ դատափետ կողմերուն չափուած ու ձեւուած, որոշուած ու ճանչցուած անհատականութեամբը (individualité)։

Դամասկոս, 1918 մարտ 8/21 Եշ.

Մաղաքիա Արք. Օրմանեան իր ինքնակենսագրութեամբ եւ իր իսկ տիպարով կը շարունակէ դասախօսել…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունիս 15 2023, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունիս 16, 2023