ԿՌՈ՛ՒՆԿ, ԻՆՉՈ՞Ւ ԿՈՒ ԳԱՍ
Աչքերուս դիմաց բեմականացող անտարբերութեան ներկայացումը կը խանձէ հոգիս ու այսպէս մեռելային անփութութեամբ օր մըն ալ կ՚անցնի, իր հետ տանելով մաս մը ամէ՛ն ինչէն՝ որ կար ժամանակ սրբազան էր մեզմէ իւրաքանչիւրին համար: Կ՚անհետանայ ամէն բան՝ իր հետ տանելով ձայնը ա՛յն հոգիներուն, որոնք ատենօք անվեհեր կը պայքարէին, իսկ այսօր գլխիկոր կը հետեւին այլասերման լուռ թափօրին:
Անցեալի եւ ներկայի յաշուեյարդար խախուտ աւարտ մը պիտի ունենայ կարծես, որմէ ետք պիտի սկսինք մտածել այն «ինչու»ներուն մասին՝ որոնց մասին համր ենք այսօր:
Այսօր հայու սիրտէն հետզհետէ խոյս կու տան ազգը, հայրենիքը, հողը, պայքարն ու մաքառումը. կը մառի ցոլքը ազատատենչութեան, որուն տեղ կու գայ իր իշխանութիւնը յայտարարել ստրկութեան հոգեբանութիւնը:
Ո՞ւր մնացին անոնք, որոնց համար հայրենիքը աւելի՛ կարեւոր էր՝ քան սեփական կեանքի վայելքները. ո՞ւր մնացին անոնք, որոնք ատենօք մայր ու հայր թողած, կին ու զաւակ մոռցած գացին անվերադարձ՝ մեզի տալու համար այն՝ ինչ որ այսօր անտարբերութեամբ կը վատնենք:
Այսօր ի տես կռունկներուն «կռո՜ւնկ, ուստի՞ կու գաս» չ՚ըսուիր. անոր վիրաւոր թռիչքէն յստակ է, թէ մե՛րն է, հայկակա՛նն է. թռչելու անկարող՝ սակայն կը փութայ, որովհետեւ «մեր աշխարհէն» տալիք ոգեւորող լաւ «խապրիկ մը չունի» եւ գուցէ երբեք ալ չունենայ: Կը փութայ, որովհետեւ հին օրերու յիշատակը զի՛նք եւս կը խանձէ:
Ինչպէ՞ս եղաւ որ ա՛յս աստիճան ցամքեցաւ հայրենասիրութեան ա՛յն աւազանը, որուն մէջ մկրտուած էին Անդրանիկներ, Աղբիւրներ, Հրայր Դժոխքներ, նժդեհներ եւ բազմաթիւ ուրիշներ, որոնք կեանքի օրինակ դառնալէ աւելի փողոցի մը ճակատին դրուած անուններու կը վերածուին:
Հոգիս ամէնուր կը փնտռէ այսօր ժառանգորդները դանիացի այն կնոջ, որ իր հանգիստը ձգած դժուարին օրերուն կու գար օգնելու եւ ծառայելու հայ ժողովուրդին. կը փնտռեմ, որովհետեւ կը սկսիմ գիտակցիլ, որ այդ օտարազգի կնոջ հայուն համար ըրածները այսօր հայը հայուն համար ի գործ չի դներ: Աչքս կը փնտռէ Քարէն Եփփէներ, որոնք հայ չըլլալով հանդերձ իրենց կեանքը նուիրած են հայ գաղթականներու օգնութեան գործին:
Այսօր չեմ տեսներ զանոնք, որովհետեւ մարդկային այլասերումը դէպի անդունդ առաջնորդած է գութն ու կարեկցանքը, որոնց տեղը եկած ու բոյն դրած է եսակենդրոն կեանքի ընթացքը:
Այսօր բազմատասնեակ ընտանիքներ անտուն ու անհայրենիք գահավէժին եզերքը կը գտնուին, իսկ հայորդիներ փոխանակ օգնութեան ձեռք մեկնելու, տարբեր պայմաններով հարուած մըն ալ իրենք տալ կը փորձեն իրենց արիւնակից եղբայրներուն՝ որոնց եղբայրութիւնը բառացի է պարզապէս... կեղծ ու ժամանակաւոր:
Արդէն իսկ մի քանի օրէ անտուն եւ անօթեւան մնացող մի քանի ծանօթներու համար տուն գտնել կը փորձեմ. կարեկցանքի եւ գութի ո՛չ մէկ նշոյլ իրենց հոգիներուն եւ սիրտերուն մէջ. անոնցմէ մին կ՚ըսէր. «այս մարդիկը պատերազմէն պիտի գան, տակաւին գործ բան չունին... իմ դրամս ինչպէ՞ս պիտի վճարեն». հաւատացէ՛ք այսօր պատերազմի արհաւիրքը ապրող մահուան հետ դէմ յանդիման եկող ազգակիցներէն գանձուելիք դրամը շա՜տ աւելի կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՝ քան մարդասիրական եւ ազգասիրական զգացումները:
Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ գտնուեցան թուրք ընտանիքներ, որոնք փրկելու համար մեր հայորդիներէն շատեր իրենց տուներէն ներս հիւրընկալեցին եւ օթեւան տուին անոնց՝ մարդասիրական զգացումներէ մղուած. այսօր մենք թուրքին չափ ալ չկանք մեր հայորդիներուն ձեռք երկարելու պարտաւորեցուցիչ ծառայութեան մէջ:
Ողջերու գերեզմանոց է այսօր մեր Հայրենիքը, որ հովին դէմ պայքարող տերեւի մը նման կը փորձէ կառչած մնալ ճիւղին, որ իր կարգին դժուարութեամբ կախուած կը մնայ ծառի բունէն:
Այսօր կը զգամ, որ այդ հայրենասիրութիւնը, որ փորձած են ներարկել մեր երակներուն ու արեան մէջ տեսական բնոյթ ունին պարզապէս՝ զարդարուած ու պճնուած ճառերով, հոգեցունց խօսքերով:
Դար մը առաջ Սահակ Խապայեան Կաթողիկոս իր հոգիին մէջ ունէր այն վախը, որ կրնայ ըլլալ ինք դառնայ Կիլիկիոյ դարաւոր կաթողիկոսութեան վերջին կաթողիկոսը. իր գրութիւններէն մէկուն մէջ ծերունի Կաթողիկոսը կը գրէ. «բարոյական մահացնող կսկիծ մը զիս կը կրծէր, Կիլիկիոյ 800 տարուայ կաթողիկոսութեան ՎԵՐՋԻՆ կաթողիկոսն պիտի ըլլամ...». այն նոյն ցաւն ու կսկիծը այսօր մե՛նք եւս կ՚ապրինք, ի դիմաց այն դժբախտութեան, որ կրնանք ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի մը դրօշին տակ ապրած վերջին սերունդները դառնանք եւ այդ բոլոր յաղթանակներուն ու պայքարներուն յաջորդէ դարեր երկարող այլ գերութեան շրջան մը՝ ուր ո՛չ հայը հայ պիտի մնայ եւ ո՛չ ալ Հայաստանը՝ Հայաստան:
Ձեր հայրենասիրութեան յարութիւն տալու համար նայեցէ՛ք հարիւրներով Եռաբլուր դիզուած դեռատի տղոց շիրիմներուն, նայեցէ՛ք մահուան մէջ վերապրած, մահուան հետ դէմ յանդիման եկած երիտասարդներուն, ականջ տուէք սգաւոր մայրերու ողբին. նայեցէ՛ք այն մանուկներուն, որոնք իմ եւ քու ազատութեան սիրոյն որբ մեծնալու դատապարտուեցան: Վերջապէս նայեցէ՛ք այն ամենուն, որ հայրենասիրութիւն ու գութ կրնայ արթնցնել մեռած մեր հոգիներուն մէջ:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -19-
Քահանաներուն գործը տեսնուածին չափ ալ դիւրին բան մը չէ. իւրաքանչիւր թաղման արարողութեան քահանան պարտի իր մխիթարական խօսքը ուղղել պարագաներուն, ինչպէս նաեւ խօսիլ հանգուցեալին մասին՝ որուն գուցէ երբեւէ ալ տեսած չէ: Ընրհանրապէս արարողութենէն վայրկեաններ առաջ հանգուցեալին հարազատները կցկտուր տեղեկութիւններ կը փոխանցեն քահանային, որ իր կարգին «լաւապէս ճանչցող»ի մը պէս կը ներկայացնէ ներկայ ժողովուրդին:
Առիթով մը Լիբանանի քահանաներէն մին փոխանցուած տեղեկութիւնը սխալ հասկնալով ինքնավստահ կ՚ելլէ իր մխիթարական խօսքը ըսելու, ինչպէս նաեւ ներկայացնելու հանգուցեալը: Քահանան կը սկսի.
-Այսօր երկինքի մէջ ուրախութիւն է, որովհետեւ հանգուցեալը կ՚երթայ դրախտի մէջ միանալու իր կողակիցին՝ որ արդէն իսկ երկիրնքի մէջ է:
Կը սկսի ամէն կողմէ շշուկներ լսուիլ. ոմանք զարմացած իրար կը նային. հանգուցեալը ամուսնացած չէր... սակայն քահանային վկայութեամբ ունէր ամուսին՝ որ «արդէն իսկ երկիրնքի մէջ» էր:
Հաւատքի կոյր հետեւողներ հաւանաբար մինչեւ օրս կը հաւատան... որ հանգուցեալը ո՛չ թէ սիրած, այլ գաղտնի պահած ամուսին մը ունէր փաստօրէն:
***
Աստուածային պատուիրանին հակառակ, Լիբանանի մէջ տարածուած կարծիք է, որ պէտք է ապաշխարողներէն վախնալ՝ քան մեղաւոր ու դժոխք երթալու դատապարտուած հասարակ ժողովուրդէն:
Առիթով մը մօրեղբօրս հետ գացի ապաշխարած անձի մը տունը, որ հակառակ պատուիրաններու խստութեան սկսաւ աջն ու ձախը բամբասել. հակառակ մօրեղբօրս Լիբանանի Ֆանարի հայաբնակ շրջանէն ըլլալը գիտնալով, սկսաւ Ֆանարի հայերու մասին բացասական բաներ ըսել.
-Ֆանարի ժողովուրդէն անկիրթ, անտաշ ու կոշտ մարդ գոյութիւն չունի աշխարհի երեսին... հասարակ, անքաղաքավար մարդիկ են...
Մօրեղբայրս կռուարար անձ մըն է, սակայն նկատի ունենալով առաջին անգամ հանդիպիլը՝ կը փորձէ ինքզինք զսպել: Պահ մը ետք, բան մը հասկցնել ուզելով ապաշխարածին կ՚ըսէ.
-Այս ձեր ըսածները նոյնութեամբ օր մը մէկը ըսաւ ինծի... իրենց ըսի, որ ես քու...
Ծայր տուաւ հայհոյանքներու շարան մը, սակայն ուղղուած չէր ապաշխարածին, պարզապէս նոյն խօսքերը ուրիշը ըսած էր մօրեղբօրս, որուն դիմաց ստացած էր պատասխանը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024