ՎԵՐԱՄՈՒՏ. ՈՒՇ՝ ԲԱՅՑ ՈՉ ՈՒՇԱՑԱԾ

-Ի՞նչ պիտի ընենք այս տղան. վերամուտի օրերը մօտեցան...

-Բան մը կ՚ընենք...

-Ի՞նչ տեսակ կուսակցական ես. տակաւին ո՛չ կուսակցական ըլլալէդ շահ մը տեսանք ո՛չ ալ մերիններէն բան մը ելաւ... ուրիշներ հազար ու մէկ ձեւով նպաստ կը ստանան, իրենց «չօճուխները» ձրի կը կարդացնեն. մերինները ի՞նչ ըրած ունին...

***

Վերամուտի շեմին սփիւռքի մէջ ապրող նիւթապէս ոչ կայուն ընտանիքներուն մէջ գրեթէ մի՛շտ նոյն յանկերգն է, նոյն մտատանջութիւնն ու մտմտուքը: «Ո՞ր դպրոցը ղրկենք» «պարզ» թուացող որոշումէն առկախ կը մնայ հայ մանուկներու ճակատագիրը: Ծնողները կուսակցութիւններն ու «մերինները» այպանելով, կուսակցութիւններն ու այդ «մերինները» իրենց զաւակները օտար դպրոց ղրկողները պախարակելով ուսումնական տարեշրջան մը կը բոլորեն՝ միւս տարի դարձեալ նոյն յանկերգով դարձեալ վերամուտ մը փնտռելու ստոյգ ճշմարտութեամբ:

«Մերիններն» ու «ձերինները» իրար միախառնելով վերջաւորութեան որոշում կը կայանայ հայ աշակերտը ղրկելու թրքական, արաբական, ամերիկեան եւ հազար ու մէկ տարբեր գոյներու եւ ցեղերու պատկանող վարժարաններ, «հայ աշակերտ»ին դիմացէն վերցնելով «հայ»ը՝ ձգելով լոկ աշակերտ մը՝ չտարբերուող բազմահազար օտարներէն:

Բայց ո՞վ է մեղաւորը. «մերն» ու «ձերը» կը մեղադրէ հայ ծնողքը, որ իրենց զաւակը կը նախընտրեն օտար վարժարաններ ղրկել՝ քան հայկական, իսկ նոյն այդ ծնողքը՝ կը մեղադրէ փոխադարձաբար «մերն» ու «ձերը», շատ անգամ գիներու անհամեմատ տարբերութեան, ուսման մակարդակի չգոյութեան եւ վերջապէս «հայերէն ի՞նչ կ՚ելլէ» պատճառաբանութիւններով:

Մեղաւորը բոլո՛րն են: «Մերն» ալ, «ձերն» ալ, բոլորի՛սն ալ:

Սփիւռքի տարածքին գոյութիւն ունին այնպիսի հայկական վարժարաններ, որոնց կրթաթոշակը տեղական դպրոցի մը նուազագոյնը չորս-հինգ անգամը աւելին են, դպրոցներ՝ որոնք կ՚ուզեն այն հեղինակութիւնը ստանալ, որ «հոս ամէ՛ն աշակերտ չի՛ կրնար սորվիլ...» եւ այդտեղ սորվողը պէտք է յատուկ զգայ ինքզինք՝ միւս վարժարաններու մէջ սորվող հազարաւոր այլ աշակերտներէ: Մեր դպրոցները չե՛ն կրցած գիտակցութիւնը ունենալ իրենց ճշմարիտ առաքելութեան գաղափարականին. սփիւռքի մէջ դպրոցը որպէս նիւթական ապահովելու միջո՞ց կը դիտուի, թէ որպէս հայապահպանման օրրան: Եւ մեր ղեկավարները այս հարցին պիտի պատասխանեն երկրորդը՝ այդ պարագային մեր դպրոցները ո՛չ թէ մատչելի:

Սփիւռքի տարածքին, մանաւանդ այն երկիրներուն մէջ, որ գոյութիւն ունին թիւով մի քանի մատը անցնող վարժարաններ, անհիմն մրցակցութիւն մը սկիզբ կ՚առնէ. մրցակցութիւն աշակերտի թիւի, արուեստագիտական գործիքներու առատութեան, մոռնալով որ իրենք իրարու համար ո՛չ թէ մրցակից, այլ գաղափարակից են՝ ի գին հայրենասիրութեան:

Ինչքա՛ն հպարտութիւն է սփիւռքի մէջ նոր տարեշրջան սկսող դպրոցի մը ուսումնական տարեսկիզբը, նոյնքան եւ աւելի՛ ցաւ է նաեւ հայ աշակերտներու օտար վարժարաններ յաճախելը: Անցեալները հայ մայր մը կ՚արտայայտուէր, թէ ինք սխալ չի տեսներ հայ աշակերտին օտար դպրոց յաճախելը, որովհետեւ վերջապէս «այդ հայերէնը իր ինչի՞ն պիտի ծառայէ, օտար դպրոցներու մէջ տեղական լեզուն, անգլերէնը, ֆրանսերէնը աւելի զօրաւոր են». իսկ այդ բոլորին հետեւա՞նքը:

Ըսեմ հետեւանքը. Լիբանանի ներկայ կացութեան հետեւանքով բազմաթիւ լիբանանահայ ընտանիքներ փոխադրուեցան Հայաստան, իրենց կեանքը հայրենիքի մէջ շարունակել փորձելու համար: Անոնց զաւակներուն մեծամասնութիւնը արաբական դպրոց երթալու պատճառով այսօր մայրենի լեզուն միա՛յն կը հասկնան եւ արաբերէն բառերու խառնելով մի քանի տող կրնան կազմել: Գրել եւ կարդալ... մի՛ հարցնէք: Եւ հիմա եկած հայրենիք իրենց զաւակները դժուարութիւն ունին քայլ պահելու ուսումնական ծրագիրներուն հետ, որովհետեւ անոնք այլեւս անունով հայ՝ սակայն կրթութեամբ, հոգեկան իրավիճակով ու խառնուածքով դադրած են հայեր ըլլալէ:

Բազմաթի՛ւ հայ աշակերտներ այսօր իրենց հայութիւնը կը դնեն օտար վարժարաններու օտարացման զոհասեղանին...:

Հայերէն չգիտցող սերունդէ մը ինչպէ՞ս հայ ապագայ սերունդներ սպասել... չե՛մ գիտեր:

Այդ իսկ պատճառով ուսուցչութիւնը, գաղութի մը, մանաւանդ կրթութեան հաստատութեան մը ղեկավար ըլլալը հանգստաւէտ գործ մը «գտած» ըլլալու չի նմանիր: Դանիէլ Վարուժան այդ պաշտօնի ստանձնումը հետեւեալ տողերով կը նկարագրէ. «Պահ մը դժուարացանք այդ ծանր պատասխանատուութիւնը ստանձնելու, որովհետեւ գիտէինք, թէ Ազգային ուրիշ ոեւէ հաստատութիւն մը մատակարարելու չէր նմաներ այդ։ Նիւթական եւ բարոյական բազմադիմի դժուարութիւններով շրջապատեալ, ապագայ սերունդը, ապագայ Հասարակութիւնը դարբնելու, կաղապարելու դժուարագոյն ու ծանր հրաւէրն էր, որ կ՚ուղղուէր մեզի։ Քաջ ըմբռնելով հանդերձ մեր վրայ ծանրացող մեծ պատասխանատուութիւնը եւ առանց դեգերելու մեր ոյժերու բացարձակ անբաւականութեանը առջեւ, եռանդով նետուեցանք ասպարէզ»:

Տարեմուտի շեմին նոյն այդ եռանդն ու կորովը կը մաղթենք բոլո՛ր նուիրեալներուն, որոնք իրենց կարելին կ՚ընեն՝ ի խնդիր հայու շունչով ապագայ սերունդ մը ստեղծելու:

Տարիներ առաջ սփիւռքի ղեկավարներէն մին դպրոցի մը բացման խօսքի ժամանակ կը յայտարարէր. «Իւրաքանչիւր հայ դպրոցի վերամուտ արեւածագ մըն է հայ ազգին համար»։ Մաղթե՛նք, որ այդ արեւը ծագի մեր բոլոր հայ զաւակներուն վրայ, որպէսզի օտարին գրասեղաններուն դիմաց իրե՛նց արեւը չմարի:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԾԵՐԵՆՑ

(1822-1888)

Մեր թուականէն 199 տարիներ առաջ՝ 16 սեպտեմբեր 1822-ին Պոլսոյ մէջ ծնած է գրող, հրապարակախօս, վիպագիր եւ բժիշկ Ծերենց (բուն անունով՝ Յովսէփ Շիշմանեան):

Ծերենց միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Վենետիկի Մխիթարեան վարժարանին մէջ, սակայն հրաժարելով հոգեւորական դառնալու որոշումէն, 1837 թուականին վերադարձած է Պոլիս, ուր որոշ ժամանակ զբաղած է ուսուցչութեամբ: Իր համալսարանական ուսումը շարունակելու համար 1848 թուականին մեկնած է Փարիզ, ընդունուելով տեղի բժշկական համալսարանը: Փարիզի մէջ ուսանողութեան կողքին եղած է ուսուցիչ տեղի Սամուէլ Մուրատեան վարժարանէն ներս: Փարիզ գտնուած ժամանակ Ծերենց, Ն. Ռուսեանի հետ միասին հիմնած է «Արարատեան ընկերութիւն»ը:

Ծերենց աւարտելով իր ուսումը, 1853 թուականին վերադարձած է Պոլիս եւ սկսած է հանդէս գալ կրթական եւ դաստիարակչական հրապարակախօսական յօդուածներով: Ուսուցչութեան ու բժշկութեան կողքին գործած է նաեւ որպէս ազգային գործիչ. եղած է «Բարեգործական ընկերութեան» հիմնադիրներէն մին:՝ 1862 թուականին մեկնած է Կիլիկիա՝ մշակութային եւ կրթական աշխատանք ծաւալելու եւ գիւղատնտեսական դպրոց հիմնելու նպատակով, սակայն հանդիպելով հալածանքներու վերադարձած է Պոլիս եւ այնուհետեւ Գրիգոր Օտեանի միջնորդութեամբ Պոլսոյ հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ պաշտօնավարած է որպէս բժիշկ:

Ծերենցի առաջին վէպը՝ «Թորոս Լեւոնի»ն լոյս տեսած է 1877 թուականին, որմէ երկու տարի ետք՝ 1879 թուականին հրատարակած է «Երկունք Թ. դարու» պատմավէպը: Անոր միւս կարեւոր գործերէն մէկն է 1881 թուականին հրատարակուած «Թէոդորոս Ռշտունի»ն: Մ. Մամուրեանի «Արեւելեան Մամուլ»ին մէջ առաւելաբար լոյս տեսած են Ծերենցի յօդուածները, որոնք շարունակական չեն եղած: Բժիշկի պաշտօնով 1876 թուականին մեկնած է կառավարութեան աքսորավայրերէն մին հանդիսացող Կիպրոսի կղզի ՝ աքսորեալներու բժիշկը դառնալու նպատակով:

Գրողը մահացած է Թիֆլիզի մէջ, 17 փետրուար 1888-ին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2021