ԽԱՉԻՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

Խաչվերաց տաղաւարի տօնին՝ կ՚արժէ վերյիշել Խաչին մեծ զօրութիւնը։ Ուստի, շարականագիրը կ՚երգէ. «Եւ սովաւ յաղթեսցուք անօրէն թշնամոյն»։ Արդարեւ, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ հինգերորդ տաղաւար տօնն է «Խաչվերաց»ը։

Հին աշխարհը կը սարսափէր խաչէն՝ իբրեւ մահուան գործիքէն։ Քրիստոսի խաչելութեամբ խաչը դադրեցաւ չարչարանքի եւ մահուան սարսափազդու գործիք ըլլալէ, իմաստաւորուեցաւ եւ դարձաւ փրկագործութեան եւ յաղթանակի խորհրդանիշ։ Եւ այսօր մենք հպարտութեամբ կը կրենք խաչը մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին՝ վստահելով եւ ապաւինելով անոր զօրութեան։ Մեր աղօթքտի կը սկսինք խաչակնքելով, քանի որ խաչը այլեւս ո՛չ թէ պարտութեան նշան է մեզի համար, այլ՝ փրկութեան եւ յաղթութեա՛ն։

Ուստի, քրիստոնեան ամբողջ պատմութեան ընթացքին՝ խաչը ընդունեց մի՛շտ նոյն իմաստով, եւ յատկապէս Հայ ժողովուրդը վկայեց խաչի զարմանահրաշ զօրութեանը։ Եւ այդ հրաշալի զօրութիւնը անբաժան մնաց իր ամբողջ անհատական եւ հաւաքական կեանքէն։ Եւ այսօր, երբ վերստին կը կարդանք շարականի տողերը, կ՚անդրադառնանք այն անուրանալի ճշմարտութեան՝ որ խաչը մեր կեանքի անբաժան ուղեկիցն է եղած եւ պիտի շարունակէ այդպէս ըլլալ։

Մարդ իր կեանքի ընթացքին կրնայ մատնուիլ ներքին կամ ընկերային ալեկոծութիւններու եւ անձկութեան մէջ կը փնտռէ խաղաղ ու վստահելի նաւահանգիստը՝ լուծումը իր արդար պահանջներուն, եւ այս ուղղութեամբ ան կը մղէ գոյապահպանման եւ գոյատեւման մեծ պայքար մը։ Ո՞վ պիտի տայ մեզի մեր պահանջներուն գոհացումը, եթէ ոչ՝ Խաչին ցոլքը, որպէսզի կարողանանք անոր շնորհիւ փնտռել եւ գտնել «ճշմարիտ ճանապարհը» եւ խաչի յստակ լոյսով տեսնել մեր ապագան եւ իրականացնել մեր բոլոր երազները եւ հասնիլ մեր արդար նպատակներուն։

Արդարեւ, սխա՛լ է այն կարծիքը, թէ քրիստոնէութիւնը զիջումի կամ նահանջի կրօն է՝ տկարութեան, տեղատուութեան եւ հաշտուողական կրօն մը։ Ան, կեանքի արդար հոգեւոր պայքարի կրօն մըն է՝ իր խաչով եւ խաչի զօրութեա՛մբ։ Այդպէս է եղած միշտ եւ չէ՛ եղած զիջումի, չէզոք մնալու կրօն մը։ Արդար հոգեւոր պայքարը եղած է միշտ քրիստոնեային նպատակը։ Եւ ուրեմն, քրիստոնէութիւնը երբեք նահանջի, զիջումի կրօն չէ եղած, այլ՝ պայքարի եւ յաղթանակի կրօն՝ չարի եւ բռնութեան դէմ մարտնչելու կրօն իր խաչով։ Ան վստահած եւ ապաւինած է միշտ խաչին զօրութեան արդար հաւատով։

Ինչպէս միշտ, այսօր եւս խաչը խոր իմաստ ունի քրիստոնեային համար. անիկա իրարու ագուցուած սովորական երկու փայտէ բաղկացած «առարկայ» մը չէ. խաչը պարզապէս հորիզոնական եւ ուղղաձիգ նշան մը չէ քրիստոնեային համար։

Յիսուս ցոյց կու տայ, թէ Ինք մտնելու համար «Իր փառքին մէջ» պարտի անցնիլ Խաչի ճամբէն՝ Երուսաղէմի մէջ։ Եւ Քրիստոսի աշակերտը պէտք չէ միայն իրեն պահէ հաւատքը եւ ապրի զայն, այլ նաեւ դաւանի՛ զայն, վկայէ անոր վստահութեամբ եւ տարածէ զայն. պէ՛տք է պատրաստ ըլլայ դաւանելու Քրիստոսը մարդոց առջեւ եւ հետեւելու Անոր՝ Խաչի ճանապարհին վրայ։

Ուստի, կատարելութեան ճամբան կ՚անցնի Խաչէն։

Չկա՛յ սրբութիւն առանց անձնուրացութեան եւ առանց հոգեւոր պայքարի։ Հոգեւոր յառաջդիմութիւնը կ՚ենթադրէ խաչի զօրութեան ապաւինելով հոգեւոր պայքար՝ մինչեւ իսկ մահացուցում՝ որոնք աստիճանաբար մարդուն կ՚առաջնորդեն ապրելու՝ խաղաղութեան եւ երանութիւններու ուրախութեան մէջ։ Արդարեւ, խաչով արդարացումը հետը կը բերէ ներումը մեղքերուն, ներքին մարդուն սրբացումը եւ վերանորոգումը։ Մարդ արդարացումի կ՚արժանանայ Քրիստոսի չարչարանքով եւ խաչելութեամբ։ Աստուծոյ Արքայութիւնը Քրիստոսի Խաչով վերջնականապէս պիտի հաստատուի, քանի որ «Աստուած թագաւորեց խաչափայտին բարձունքէն»։

Խաչի զօրութեան գիտակցութիւնը գեղեցիկ եւ յուսադրող գիտակցութիւն է։ Ուստի, իւրաքանչիւր հաւատացեալի կեանքին մէջ իր պարտականութեան հանդէպ ունեցած պատասխանատուութեան գիտակցութեան չափով իր «խաչ»ը կը կրէ։ Ժողովրդական իմաստութիւնը ի զուր չէ ըսած. «Ամէն մէկ քրիստոնեայ եւ ամէն մարդ իր խաչը ունի այս աշխարհի վրայ»։

Ամէն քրիստոնեայ իր խաչը կը տանի դէպի Գողգոթա, ուր իր կեանքով եւ մահուամբ, իր զոհողութեամբ պիտի կարողանայ արդարանալ, սրբուիլ եւ արժանանալ Աստուածորդիին յաւիտենական փառքին եւ անոր լուսեղէն տեսութեանը։ Ամէն անհատ այս կեանքին մէջ իր պարտականութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը ունի։ Այսինքն ամէն մարդ իր «խաչ»ը ունի իր ընտանիքի, իր սիրելիներու, իր Եկեղեցիի, իր պատկանելիութեան՝ հողի եւ ժողովուրդի եւ վերջապէս ամբողջ մարդկութեան հանդէպ։

Եւ ո՛վ որ այս գիտակցութիւնը ունի իր ամենատարածուն եւ ամենաբովանդակալից իմաստով, անոր ուսին դըրւած «խաչ»ը միշտ ծանր կ՚ըլլայ։ Այս առումով նախ ծանր է առաջնորդներու, ղեկավարներու ուսին դրուած «խաչ»ը՝ որը պէտք է թեթեւցնենք մեր աղօթքներով։

Խաչի վերացման յիշատակի այս տօնին, քրիստոսակիր խաչի ազատագրման օրը կը տօնենք, քանի որ ան եղաւ մարդկութեան փրկութեան լաստը։ Այս տօնը առիթ մըն է ազատագրուելու մեր առօրեայ մտահոգութիւններէն եւ մտատանջութիւններէն, փառասիրութեան նկրտումներէն։ Թո՛ղ երկինք եւ երկիր միաբերան երգեն.

«Փա՜ռք Սուրբ Խաչիդ…»։

Սուրբ Խաչին հովանին անպակաս ըլլայ բոլորիս եւ Իր զօրութիւնը աննուա՛ճ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 15, 2023, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2023