ՀԻՆ ԵՒ ՆՈՐ ԳՈՂՈՒԹԵԱՆ ՁԵՒԵՐԸ

Մեր կեանքին մէջ գոյութիւն ունին երեւոյթներ, որոնք գոյութիւն ունեցած են մարդկութեան ամբողջ պատմութեան ընթացքին, այսօր եւս գոյութիւն եւ գուցէ պիտի գոյութիւն ունենան այնքան՝ ինչքան մարդկութիւնը գոյատեւէ երկիր մոլորակին վրայ. եթէ անոնցմէ մէկը պոռնկութիւնն ու սպանութիւնն է, ապա միւսը անպայմանօրէն գողութիւնն է: Այս երեք երեւոյթները երկիր մոլորակին չափ հնութիւն մը ունին, որովհետեւ ամէն ժամանակաշրջան ունեցած է թէ՛ իր պոռնիկը, թէ՛ ոճրագործը եւ թէ գողը:

Սակայն կար ժամանակ, որ գողնալը դիւրին էր. դիւրին էր չնկատուիլ ու չհետապնդուիլ, սակայն ժամանակները եկան դժուարացնելու այդ բոլորը: Արդի արհեստագիտութիւնը իր նկարահանող սարքերու ճամբով սկսաւ հետեւիլ, հետապնդել ու քիչ մը դժուար դարձնել այդ «արհեստ»ը՝ որ տրուած չէ բոլորին: Այսօր նկատենք թէ ոչ, գրեթէ մեր իւրաքանչիւր քայլափոխը կ՚արձանագրուի՝ մանաւանդ մարդաշատ քաղաքներու եւ կեդրոններու մէջ եւ օրական դրութեամբ աւելի քան բազմամիլիոն սարքեր կը հետապնդեն մարդկութիւնը՝ այն աստիճան, որ դատաւորներն անգամ անոնց վկայութիւնը ճշմարիտ ու անուրանալի կ՚ընդունին՝ քան մարդոց կողմէ տրուած վկայութիւններն ու խոստովանութիւնները:

Գողութիւններ մինչեւ այսօր կը կատարուին, սակայն այդ սարքերու գոյութիւնը կը նուազեցնէ անոնց թիւը, որովհետեւ մարդիկ կը գիտակցին հետեւանքները եւ մասամբ հեռու կը մնան իրենց սատանայական մտածումներէն:

Այս կողմէ արդի արհեստագիտութիւնը որոշ բարիք մը մատուցեց մարդկութեան. սակայն, արհեստագիտութեան հետ զարգացաւ նաեւ գողութիւնը եւ իր մէջ նոր բաժին մը ստեղծեց՝ համացանցային յանցագործութիւն անուան տակ (cyber crime):

Տարբերութիւնը այս եւ միւս տեսակ գողութիւններուն այն էր, որ անցեալին գողութիւնները ընդհանրապէս կը կատարուէին գիշեր ժամանակ՝ երբ աշխարհը քուն կը մտնէր, սակայն գողութեան այս նոր ձեւը ունէր այն առաւելութիւնը, որ գողը կրնայ օրուայ ցանկացած ժամուն, ցանկացած վայրէն, նոյնիսկ սրճարանի մը մէջ սրճելու ժամանակ կատարել եւ առանց նկատուելու, առանց վազելու եւ կամ թաքնուելու կարիքը զգալու ամբոխի մէջ խառնուիլ: Առաւելութիւնը այս գողութեան տեսակին այն էր, որ Ափրիկէի մէջ նստած կրնաս գողութիւն ընել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն եւ գրեթէ ո՛ր երկիրէն որ կ՚ուզես:

Գողութեան այս նոր տեսակի դրութիւնը ինքնաբերաբար աւելցուց թիւը գողերուն, որովհետեւ այս նոր ձեւը չունէր այնքան վտանգ՝ ինչքան հինը: Գուցէ այս յօդուածը գրուած եւ կամ կարդացուած ժամանակ նոյնիսկ աշխարհի երեսին քանի՜ քանիներ այս գողութիւնները կազմակերպելով կը զբաղուին, թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ այլուր:

Որպէսզի աւելի պարզ ու յստակ ըլլայ այս գողութեան մեծութիւնը, յայտնենք, որ շատ մը աղբիւրներու համաձայն, 2023 թուականի առաջին երեք ամիսներուն ընթացքին այդ գողութեան տարողութիւնը գերազանցած էր 450 միլիոն ամերիկեան տոլարը, ինչ որ եռապատկուած կամ քառապատկուած է մինչեւ օգոստոսի վերջերը:

Այս գողութիւնները կը կատարուին ուղղակի կամ անուղղակի ձեւերով. յանկարծ կրնաք նկատել, որ ձեր դրամատան հաշիւէն գումար մը պակսած է եւ կամ առանց տեղեկատուութեան անծանօթ մարդիկ մուտք գործած են ձեր հաշիւներուն եւ անձնական տուեալներուն մէջ. թէ ո՞վ են անոնք՝ անլուծելի հանելուկ մըն է, որովհետեւ եթէ հին գողութեան մէջ դիմակներու ետեւ կը թաքնուէին, նորին մէջ ալ թիւերու ետեւն են՝ անյստակութիւն պարզապէս:

Հին գողութեան ժամանակ կրնային գումար եւ առարկաներ գողնալ, սակայն նորի պարագային առարկաներ չեն կրնար գողնալ, սակայն կրնան գողնալ աւելին՝ անձին անձնագրային տուեալները, անձնագիրի օրինակը եւ շատ աւելի մեծ վնասներ պատճառել. յանկարծ օր մը մարդը կրնայ տեղեկանալ, թէ իր անունով այս կամ այն կազմակերպութեան մէջ պարտքեր գոյութիւն ունին՝ առանց իր իմացութեան:

Նկատած ըլլանք թէ ոչ, մեզմէ իւրաքանչիւրին դիմաց անպայմանօրէն նուազագոյնը մէկ անգամ պարզուած է այդ խաբէութիւնը:

Հայկական շրջանակներու մէջ եւս գոյութիւն ունին նման խաբէութիւններ. օգոստոսի 26-ին ստացայ նամակ մը. մի քանի անձեր, Արցախի ներկայ իրավիճակը փորձած են վերածել նիւթապէս միջոցի եւ համացանցի ճամբով սկսած են խաբէութեամբ դրամ մուրալ, պատճառաբանելով որ հիւանդ են, սննդամթերքի գումար չունին, անգործ վիճակով վարկեր կը մուծեն եւ այլն: Այդ խաբէութիւնը հիմնաւորելու համար ղրկած են 2017 թուականի պատկանող բժշկական կեղծ թուղթեր եւ այլն: Գրուած նամակէն յստակ է, որ գրողները օտարներ են եւ համացանցի ճամբով փորձած են իրենց խաբէութիւնը թրքերէնի թարգմանել:

Նման գողեր ամէ՛ն առիթ կը փորձեն վերածել հասոյթի: Նման գողերու թիրախը տարեցներն են, որովհետեւ դիւրին է զանոնք խաբելը. օրական դրութեամբ մի քանի հազար տարեցներ խաբուելով իրենց ունեցուածքը կը յանձնեն նման գողերու:

Ինչքան կանխելու ձեւերը կը բազմանան՝ գողերը նորերը կը գտնեն:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -344-

Խաբէութեամբ դրամ գողնալու մէկ միջոցն ալ մարդկային կիրքն է. տարիներ առաջ հայ մը համացանցի ճամբով ծանօթացած էր օտարերկրացի աղջկայ մը հետ եւ չես գիտեր ինչպէս համացանցի ճամբով «սիրահարած»: Առիթով մը աղջիկը տղուն կիրքերը արթնցնելով, խնդրած էր, որպէսզի տղան իր մերկութիւնը ցոյց տայ, խոստանալով, թէ նոյնը պիտի ընէ նաեւ ինք:

Հայը խաբուելով ցոյց տուած էր իր ամբողջ մերկութիւնը, ինչ որ դարձած էր քաոսային վիճակի մը պատճառը: Դիմացի կողմը (որ իրականութեան մէջ աղջիկ անգամ չէր) նկարահանած էր այդ բոլորը եւ սպառնացած, գումար չղրկելու պարագային այդ պատկերները տեղադրել համացանց եւ ղրկել հայ երիտասարդի բարեկամներուն:

Տղան ամչնալէն սկզբնական շրջանին վճարած էր պահանջուած գումարը՝ հանրութեան դիմաց չխայտառակուելու համար, սակայն տեսնելով որ պահանջուած գումարները վերջ չունին, յանձնուած էր, իր կիրքերուն սիրոյն կորսնցնելով թէ՛ իր արժանապատուութիւնը եւ թէ մեծ գումարներ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2023