«ՅՈՎԱԶԱՁՈՐԻ ԳԵՐԻՆԵՐԸ»

Ստորեւ կը ներկայացնենք Վախտանգ Անանեանի (1905-1980թթ.) «Յովազաձորի գերիները» վէպէն հատուած մը։

Այս հատուածին մէջ կը պատմուի խումբ մը երիտասարդներու խմբական արկածախնդրութիւնը։

Հատուածը կը ներկայացնենք իր բնագրին բոլորովին հաւատարիմ մնալով։

«Երբ պատանիները հանգստացան եւ կերան իրենց ճամբու պաշարին մէկ մասը, Աշոտը ոտքի ելաւ։

-Լա՛ւ, հիմա երթանք փնտռելու վայրի այծերուն քարայրները…

Ձորակին յատակէն՝ պատանիները բարձրացան ու հասան Յովազաձորը փակող ժայռերուն տակ։ Վերելքը դժուար էր ու երկար տեւեց։

Հոն ալ շունչ մը առնելէ ետք, անոնք մագլցեցան աւելի վեր, ուր ժայռին ճակատին, նեղ դարաւանդներու վրայ, կ՚երկարէին անցքեր, իրենց եզերքին՝ քարայրներու մութ բերաններով։

Շունը, քարայրներու հոտէն գրգռուած հոս-հոն կը վազէր ուժեղ հաջոցով։ Արդեօք անոր վախազդու ներկայութեա՞ն չդիմանալով, դիմացի ժայռերուն խոռոչներէն դուրս նետուեցան խումբ մը քարայծներ եւ փախան դէպի վեր։ Առջեւէն կը վազէր ծեր նոխազը, հսկայ եղջիւրները օդին մէջ ճօճելով զոյգ սուրերու պէս։ Ան յաճախ կանգ կ՚առնէր եւ ետեւ կը նայէր. նոյնը կ՚ընէին միւս արու քարայծները։ Իսկ մայր այծերը կը վազէին դանդաղ, սպասելով իրենց ուլերուն։

-Ի՜նչ անուշիկ են, ի՜նչ անուշիկ,- կը մրմնջէր Շուշիկը, տարուած անոնց գեղեցկութենէն։

-Տեսա՞ք՝ նոխազները ինչպէ՛ս կենալով ետ կը նային։ Հասկցա՞ք…,- հարցուց Աշոտը։

Ընկերները լուռ էին։

-Կ՚երեւի վերելքը դժուար է. հանգիստ կ՚ընեն,- կարծիք յայտնեց Շուշիկը։

-Վայրի այծին համար ի՜նչ է այդ վերելքը։ Եթէ ուզեն՝ կէս րոպէէն գագաթ կը հասնին։ Կեցած կը նային՝ ի՛նչ եղան իրենց ընկերուհիները, ձագերուն մայրերը։

-Ի՜նչ կ՚ըսես…, զարմացաւ Շուշիկը։

-Հապա՞… Չըսէք՝ անասուն են, սիրտ չունին,- աւելցուց Աշոտը՝ բնութեան գաղտնիքներուն ծանօթ մարդու եղանակով։

-Ո՛չ սիրտ… բնա՛զդ,- ճշդեց Գագիկը։

-Ես սիրտ ըսեմ, դուն բնազդ հասկցիր։

Շուշիկը, ձեռքը ճակատին, դեռ տարուած՝ կը դիտէր քարայծներուն վազքը. մինչեւ որ, քարէ քար թռչկոտելով, անոնք հասան ձորին վերեւի բարձր ժայռերուն։ Ու հոն, կարծես նկատելով՝ որ զիրենք հետապնդող չկայ, հանդարտեցան, կանգ առին, եւ սկսան խոտ փրցնել գետինէն։ Երբեմն միայն իրենց կողմը կը նայէին, տեսնելու՝ թէ վտանգ մը կա՞յ անկոչ այս հիւրերէն։ Բայց հազիւ երկու րոպէ անց, կրկին խուճապի մատնուեցան եւ արագ սլացան-անցան լերան միւս կողմը։

-Աս ի՞նչ էր,- զարմացած փսփսաց Աշոտը ինքն իրեն։

-Տեսա՞ք, տեսա՞ք… քարերուն մէջ մեծ շէկ բան մը երեւցաւ,- ճչաց յանկարծ Սարգիսը՝ մատը առաջ երկարած։

Պատանիները, որքան ալ նայեցան, բան չկրցան տեսնել՝ բացի մռայլ եւ գորշ ժայռերէն։

Գագիկը սկսաւ ծաղրել.

-Տղուն աչքին բաներ կ՚երեւան… քաջութենէ՜ն է… քաջ մարդոց կը պատահի։

Բայց Աշոտը այս անգամ Գագիկին չէ որ իրաւունք պիտի տար։ Ան մտահոգ էր։ «Ի՞նչ բան կրնայ այդպէս խուճապահար ընել վայրի այծերը,- մտածեց,- երբ այս ձորին մէջ ո՛չ հրացանով որսորդ մնացած է, ոչ ալ գայլ։ Անոնք սարսափած են, եւ ո՛չ մեզմէ։ Ուրեմն որմէ՞…»։

Արահետն ի վար՝ անոնք քանի մը քայլ ըրին։ Բայց շուտով Աշոտը կանգ առաւ կրկին։

-Վա՛յ, աս ինչ ոսկորներ են. կեցի՛ր՝ որոշեմ։

Վերցուց ճամբէն վար ինկած ոսկորը, կոտրեց, եւ անկէ դուրս ցցուող վէգէն որոշեց, որ քարայծի սրունք էր։

Ոսկորը նետելով՝ Աշոտը առաջ անցաւ։ Բայց Շուշիկին մտքին մէջ հարց մը ծագած էր։

-Աշոտ, կեցի՛ր,- կանչեց ան,- ուրեմն դուն ճիշդ չես, ուրեմն գայլ կը մտնէ՛ այս ձորը։

-Ինչպէ՞ս ճիշդ չեմ,- կարմրեցաւ Աշոտը,- ինչո՞ւ, դուն կը կարծես որ արծիւը քարայծի ձագ չ՚ո՞ւտեր։

Սարգիսը չէր ախորժեր Աշոտին ինքնավստահ եղանակէն։ «Կը կարծէ, որ անսխալական է», մտածեց, եւ ետ դառնալով՝ զննեց թափթփուած ոսկորները։ Ու վէգին հետ քարայծին զոյգ եղջիւրները վերցուցած՝ ետ եկաւ։

-Ասոր արծի՞ւ կը մօտենայ,- ըսաւ բարկացած, ցոյց տալով ոսկորները, որոնք յայտնօրէն չափահաս արու քարայծի ոսկորներ էին։

Աշոտը կմկմաց։ Թէեւ շատ կը փափաքէր ժխտել Սարգիսին ըսածը, բայց ոչ մէկ հիմ ունէր…։

-Կ՚երեւի սատկած է,- կրցաւ միայն ըսել քթին տակէն։

Լուռ՝ Սարգիսը ոսկորներուն վրայ ցոյց տուաւ ակռաներու հետքեր։ Այդ նշաններէն՝ Շուշիկը եւ Գագիկը անորոշ վախ մը զգացին։ Բոլորն ալ լուռ էին, եւ հաւանաբար բոլորին միտքին մէջ նոյն հարցն էր. «Ուրեմն մինակ չե՞նք Յովազաձորի մէջ. ուրեմն գազա՞ն մը կայ հոս՝ մեր կողքին…»։

Այդ երիտասարդները իրենք զիրենք ապահով կը զգային, որովհետեւ կը կարծէին, թէ իրենց շուրջ գազաններ չկային… Բայց կասկածներ եւ վախեր ալ կ՚ային…

Կեանքի մէջ միշտ անակնկալներ կա՛ն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 15, 2023, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2023