ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՐԳԵ՛Ւ ՄԸՆ Է

Բնութիւնը իր բոլոր բարիքներով իսկապէս «պարգեւ» մըն է մարդուն տրուած։

Արդարեւ Սուրբ Գիրքն ալ կը հաստատէ այս իրողութիւնը.

«Աստուած օրհնեց զանոնք եւ անոնց ըսաւ.- Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք ու ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէք։

«Աստուած ըսաւ.- Ահա ձեզի տուի բոլոր երկրի վրայ եղած ամէն սերմ ունեցող խոտ ու ամէն ծառ, որուն մէջ սերմ տուող ծառի պտուղ կայ։ Ասոնք ձեզի կերակուր պիտի ըլլան… Եւ Տէր Աստուած առաւ մարդը ու Եդեմին պարտէզին մէջ դրաւ, որպէսզի զանիկա մշակէ եւ պահէ։ Եւ Տէր Աստուած պատուիրեց մարդուն՝ ըսելով.- Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. Բայց բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս»։ (ԾՆՆԴ. Ա 28-29, Բ 15-17)։

Ուրեմն Բնութիւնը եւ անոր բոլոր բարիքները մարդուն տրուած ձրի պարգե՛ւ մըն է։

Արդարեւ, ընդհանուր եւ ամէնուրեք գործադրելի կանոն մըն է՝ թէ տրուած որեւէ պարգեւ բծախնդրութեամբ պահպանուի, հոգ եւ խնամք տարուի անոր, եւ արժէքը գնահատուի, օգտագործուի անոր բարիքները։ Եւ ասիկա շատ աւելի կարեւորութիւն եւ անհրաժեշտութիւն կը ստանայ, երբ այդ «պարգեւ»ը տրուած է Աստուծոյ կողմէ։ Աստուած, Բնութիւնը եւ անոր բարիքները տուաւ մարդուն՝ որպէս ձրի պարգեւ, հոգալու, խնամելու համար զանիկա, եւ նաեւ օգտագործէ անոր բազմատեսակ բարիքները։ Տրուած պարգեւի մը կարեւորութիւն տալ, անիկա խնամել, մշակել յարգանքի եւ երախտապարտութեան պարտք մըն է նաեւ պարգեւատուին։

Ուրեմն Բնութիւնը խնամել, մշակել՝ Աստուծոյ հանդէպ երախտագիտութեան արտայայտութիւն մը, արժէք գնահատելու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու կերպ մըն է…։

Մարդ երախտապարտ ըլլալու է իր ստացած պարգեւներուն նկատմամբ եւ հաւատարիմ՝ զանոնք խնամելու, հոգալու մէջ։

Պարգեւի մը հանդէպ անտարբերութիւն, պարգեւի մը ստորագնահատումը՝ նախ՝ անարգանք է պարգեւատուին հանդէպ, յետոյ՝ ապերախտութի՛ւն։ Իսկ եթէ «պարգեւատու»ն Աստուած Ի՛նքն է, ինչպէս Բնութեան ձրի պարգեւի պարագային, անհաւատարմութիւն է Անոր հանդէպ, ապերախութենէ աւելի՝ մե՛ղք…։

Մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ պարգեւի մը գնահատումը եւ անոր արտայայտութիւնը կենցաղագիտութեան պայման մըն է. իսկ մարդուն Աստուծոյ հետ յարաբերութեան պարագային՝ հաւատարմութեան եւ երախտագիտութեան պա՛րտք։

Ուրեմն ամէն պարագայի, պէտք է հաւատարիմ ըլլալ պարգեւին նպատակին, առաւելագոյն կերպով հոգ տանիլ անոր, պարգեւին տեսակին համեմատ օգտագործել անիկա՝ պարտաւորութիւն մըն է, անհրաժեշտութի՛ւն մը…։

Պարգեւը կրնայ կարգ մը սահմանափակումներով եւ բանաւոր արգելքներով տրուած ըլլալ։

Ինչպէս ամէն ազատութեան վայելում, պարգեւի մըն ալ օգտագործումը կրնայ սահման մը ունենալ. առնուազն նպատակէ դուրս չգործածելով զայն։

Զոր օրինակ. «Բայց բարիի եւ չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր…» պատուէրին նման (ԾՆՆԴ. Բ 15-17)։ Եւ այս կը նշանակէ որ պարգեւին գործածութիւնը պէտք է նպատակայարմար եւ բանականութեան սահմաններուն մէջ ըլլայ։ Եւ եթէ պարգեւին գործածութիւնը շեղի իր նպատակէն՝ օգուտէ աւելի վնա՛ս կը պատճառէ։

Աստուծոյ պարգեւած Բնութիւնն ալ, անոր բարիքներն ալ, մարդ պէտք է նպատակայարմար օգտագործէ, հաւատարիմ մնայ անոնց նպատակին եւ իմաստին. յարգէ պարգեւին գործածութեան սահմանները եւ տրուած արգելքները։ Արդարեւ, մանաւանդ աստուածային պարգեւներու մէջ ո՛չ մէկ սահմանափակում, ո՛չ մէկ արգելք առանց բանաւոր պատճառի է՛, ուստի պէտք է հնազանդիլ եւ համակերպիլ անոնց։

Եւ արդեօք մարդոց հանդիպած կարգ մը փորձանքներ, նեղութիւններ եւ մինչեւ իսկ հիւանդութիւններ Բնութեան բարիքներէն եւ օգուտներէն օգտագործելու եւ զանոնք վայելելու ընթացքին գործածութեան նպատակէն շեղումներ, սահմանափակումներու եւ արգելքներու անտարբերութենէ եւ անհնազանդութենէ, չափազանցութիւններէ եւ ծայրայեղութիւններէ յառաջացած կրնա՞յ ըլլալ…։ Կ՚արժէ այս մասին առանձին խորհրդածել եւ հարցնել՝ թէ Բնութիւնը որ ա՜յնքան բարիքներով լեցուն է եւ պատրաստ՝ զանոնք տալու մարդուն, հապա ինչո՞ւ այդ չարիքները…։

Արդարեւ, այս աշխարհը՝ ուր կ՚ապրինք, համայնապարփակ ապրանքներու «խանութ» մըն է, որուն բոլոր «ապրանք»ները բարի, օգտակար ե՛ւ ձրի են։ Մարդ, ուրեմն կոչուած է առնելու, վայելելու, օգտագործելու զանոնք ձրի կերպով։

«Եկէ՛ք, ով ծարաւածներ, ջուրերուն եկէք, եկէ՛ք եւ կերէ՛ք առանց փոխարժէքի. եկէ՛ք ձրիաբար խմեցէ՛ք կաթն ու գինին»։ Եսայի մարգարէն իր մտքէն եւ երեւակայութենէն չէր որ այսպէս խօսեցաւ, հապա՝ մեկնեց «Բնութեան խորհուրդ»ները, կամ, իր բառերով կրկնեց Բնութեան հրաւէրը։

Ամէն անօթի եւ ամէն ծարաւի կը դիմէ Բնութեան, հաւատարիմ մնալով եւ հնազանդելով Բնութեան Օրէնքի տրամադրութիւններուն։ Արդարեւ, ստեղծագործութեան հիմնական նպատակն է մարդուս կեանքին առատութիւնը՝ գոյապահպանումը եւ գոյատեւումը։ Ամէն ինչ մարդուն համար է. Բնութիւնը «մայր» կոչուած է, որովհետեւ «մօր» մը պէս կը հայթայթէ մարդուս կեանքին բոլոր պահանջները, պէտքերը ձրիաբա՛ր։ Իսկ մարդ, ինչպէս մայրը, նո՛յնպէս յարգելու է Բնութիւնը, բծախնդիր եւ ուշադիր ըլլալու է, որպէսզի չվշտացնէ զայն, հնազանդ եւ հաւատարիմ ըլլայ անոր պատուէրներուն, կանոններուն եւ օրէնքներուն՝ որ բոլորն ալ ի նպաստ են մարդուն՝ մարդուն օգտին եւ բարիքին համար սահմանուած են։

Բնութիւնը առատաձեռն է, բայց մարդ պէտք չէ շահագործէ, չարաչար գործածէ զայն։

Մարդիկ ձրի կ՚առնեն Բնութենէն, եւ սակայն ձրի չեն տար իրենց Բնութենէն առածնին։ Բայց հարցը այս չէ, այլ մարդուն անյագ՝ բաւարարութիւն չունեցող, յագենալ չգիտցող կիրքը. եւ ահաւասիկ մարդուն այդ «կիրք»ն է, որ չափազանցութիւններու պատճառ կ՚ըլլայ, նպատակէ շեղումներու առիթ կու տայ եւ վերջապէս անհաւատարիմ եւ անհնազանդ կ՚ընէ Բնութեան օրէնքներուն, տուեալ կանոններուն, սահման եւ արգելք չճանչնալուն…։

Արդարեւ, չափաւորութիւնը կանխարգե՛լն է ամէն չարիքի, ամէն փորձանքի…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 15, 2020, Իսթանպուլ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2020