ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴ ՊՈՒՊՐԻԿԸ

Փոքրիկ Անահիտը ունէր պուպրիկ մը: Անունը Իզապելլ: Անահիտ կը սիրէր իր պուպրիկը կարճ ձեւով անուանել՝ Պեթի: Պեթին հայ չէր: Տարիներ առաջ Անահիտի հօրեղբայրը գործուղղուեցաւ Գերմանիա: Եւ որպէս նուէր, նորածին Անահիտին բերաւ այս գերմանացի, խոշոր կապոյտ աչքերով, բաց սրճագոյն գանգուրներով Իզապելլը:

Անահիտ անմիջապէս սիրեց իր պուպրիկը: Օրօրոցի մէջ միասին կը քնանային ու կ՚արթննային: Մինչ Անահիտ մեծցաւ, սկսաւ խաղալ պուպրիկին հետ: Անոնք դարձան անբաժան ընկերներ:

Ի տարբերութիւն միւս երեխաներու, Անահիտ մեծ հոգատարութեամբ եւ ուշադրութեամբ կը վերաբերէր իր խաղալիկներուն: Ոչ մէկ խաղալիկ կոտրած է կամ վնասած: Իսկ Իզապելլի նկատմամբ սէրն ու հոգատարութիւնը կրկնակի էր: Ան ամենէն շատ կը խաղար պուպրիկով: Առաւօտեան զարթնելուն պէս առաջին բարի լոյսը կը մաղթէր Պեթիին: Խնամքով կը փոխէր գիշերանոցը, պուպրիկին կը հագցնէր գեղեցիկ հագուստներ, վարսերը կը սանտրէր: Այնուհետեւ միասին կ՚եթային նախաճաշելու: Ճաշասեղանի շուրջ Պեթին ունէր իր ուրոյն տեղը. պզտիկ, խաղալիկ վարդագոյն աթոռ մը, զոր Անահիտ կը տեղաւորէր վրայ վրայի դիզած բարձերու վրայ՝ սեղանին հաւասարեցնելու համար:

Միասին կը յաճախէին մանկապարտէզ, իսկ երեկոները ընթրիքէն վերջ, Անահիտի տատիկը երկուքին համար կը պատմէր հեքիաթ մը: Հնգամեայ աղջնակը շատ կը սիրէր զբօսնել: Ընդհանրապէս իր մայրիկի հետ կը ճեմէր իրենց տան մօտակայ պարտէզին մէջ: Այնտեղ կար խաղավայր մըն ալ, ուր Անահիտն ու Պեթին կը խաղային, կը զուարճանային միւս երեխաներու հետ:

Օր մը, հերթական զբօսանքի ընթացքին, Անահիտ խաղավայրի մէջ կորսնցուց իր սիրելի պուպրիկը: Մայրիկի հետ երկար փնտռեցին, սակայն չկրցան գտնել: Անահիտ կու լար անվերջ: Այդ օրը ոչինչ կերաւ: Արցունքն աչքերուն մտաւ անկողին եւ մեծ դժուարութեամբ քնացաւ: Առաջին անգամն էր առանց Պեթիի: Աղջնակի մայրիկը յոյս ունէր, որ յաջորդ օր պիտի կրնան գտնել պուպրիկը. թերեւս խաղալու ընթացքին երեխայ մը առաւ, իր տուն տարաւ:

Յաջորդ առաւօտ Անահիտ մանկապարտէզի փոխարէն շտապեց պարտէզ: Խաղավայրի մէջ ոչ մէկ երեխայ կար: Պեթին ալ չկար: Անահիտի բարձր լացի ձայնը յուզեց անցորդներէն մէկը: Երիտասարդ կինը մօտեցաւ աղջնակին, գրկեց ու փորձեց հասկնալ լացի պատճառը: Երեխայի մայրիկը պատմեց կատարուածի մասին.

-Անահիտ, եկուր պայմանաւորուինք, դուն հիմա պիտի հանգստանս: Գնա՛ տուն, նախաճաշէ, ուժ հաւաքէ, գեղեցիկ օր մը անցուր, իսկ վաղը առաւօտ, այս նոյն ժամուն մենք քեզի հետ այստեղ կը հանդիպինք ու միասին կը փնտռենք Պեթին: Անահիտ դժուարութեամբ, սակայն համաձայնեցաւ անծանօթուհիի հետ եւ պահեց իր խոստումը: Օրը բարիով մթնեց եւ բացուեցաւ լոյսը:

Երիտասարդ կինն ու Անահիտը ամէն թուփի, ամէն նստարանի տակ կը փնտռէին Պեթին: Անծանօթուհին գրպանէն ծածուկ նամակ մը հանելով՝ յանկարծ ձայնեց.

-Անահիտ, Անահիտ, նայէ՛ ինչ գտայ: Նամակ մը քու Պեթիին կողմէ:

Եւ կինը սկսաւ ընթերցել. «Ողջոյն իմ շատ սիրելի Անահիտ: Ես քիչ մը յոգնեցայ եւ որոշեցի մեկնիլ ճամբորդութեան: Կը ներես, որ քեզ նախօրօք չզգուշացուցի: Որոշումս կայացուցած եմ պահի տակ: Շուտով պիտի վերադառնամ: Քեզ շատ կը սիրեմ ու կը կարօտնամ: Եթէ կ՚ուզես նամակագրութեան միջացաւ ես քեզի պատմեմ իմ ճանապարհորդութիւններու մասին»: Այս նամակը մեծ ուրախութիւն պարգեւեց փոքրիկ Անահիտին: Ան անշուշտ փափաքեցաւ, որ իր պուպրիկը իրեն պատմէ այն երկրներու մասին, ուր կ՚այցելէ:

Շաբաթը քանի մը անգամ այգիի մէջ կը հանդիպէին Անահիտն ու անծանօթուհին: Վերջինս փոքրիկ աղջնակի համար կը կարդար Պեթիի նամակները: Այդ նամակները յաճախ կ՚ըլլային պատկերաւոր: Հանդիպումներու ընթացքին Անահիտ սորվեցաւ բոլոր երկրամասերը, ծանօթացաւ աշխարհի նշանաւոր երկիրներու հետ: Սորվեցաւ գրեթէ բոլոր դրօշակները: Ամէն երկրի մասին որոշակի տեղեկութիւններ իմացաւ ու սերտեց: Զոր օրինակ, Աւստրալիայի մէջ կ՚ապրին ագեվազներ, Ռուսաստանը տարածքով աշխարհի ամենամեծ երկիրն է...

Անահիտը շատ կը սիրէր իրենց հանդիպումները: Ամէն անգամ կը սպասէր անհամբերութեամբ: Ահաւասիկ կը մօտենար Անահիտի տարեդարձը: Վերջին նամակի մէջ Պեթին յայտնած էր, որ շուտով պիտի վերադառնայ եւ անակնկալ պիտի ընէ Անահիտին: Իսկ անակնկալը աղջնակի տարեդարձին Պեթիի ժամանումն էր: Երեխայի ուրախութիւնը չափ ու սահման չունէր: Վերջապէս Անահիտ կը գրկէ եւ բազում համբոյրներ կը շնորհէ իր սիրելի պուպրիկին, որմէ ամիսներ շարունակ բաժնուած էր: Պեթին անճանաչելիօրէն փոխուած էր: Հասակ առած, նոյնիսկ վարսերու գոյնը բացուած էր: Անահիտի զարմացած հայեացքին Պեթին պատասխանեց.

-Աշխարհը պտտելու ընթացքին ես մեծցայ, իմ արտաքինն ալ փոխուեցաւ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021