ԳՏՆԵԼ ԲԱՅՑ ՆԱԵՒ ՊԱՀԵԼ

Մարդ եթէ փնտռէ որեւէ բան, մեծ հաւանականութեամբ կը գտնէ զայն, եթէ իրապէս կ՚ուզէ գտնել։ Բայց փնտռուածը գտնելէ աւելի կարեւոր է գտնելէ վերջ զայն պահել։ Արդարեւ ոչինչ պիտի արժէ փնտռուածը գտնել, եթէ զայն պահելու մասին բծախնդիր չէ մարդ։ Եթէ պէտք եղած բծախնդրութիւնը ցոյց չտրուի, գտնուածը դարձեալ կը կորսուի, եւ երկրորդ անգամ կորսուածը գտնել շատ աւելի դժուար կ՚ըլլայ։ Այս իմաստով, մարդուս կեանքը միշտ կ՚անցնի կորսուածը փնտռելով, ինչ որ կեանքի անվերջ պայքարին մաս կը կազմէ…։

Մարդ երջանկութի՜ւն կը փնտռէ, երբեմն կը գտնէ զայն, եւ կամ կը կարծէ, թէ գտած է, բայց կեանքի մէջ աւելի կարեւոր է պահել երջանկութիւնը քան գտնել զայն։ Արդարեւ ի՞նչ արժէք ունի երջանկութիւնը մարդուս համար, երբ զայն չի կրնար պահել, չի կրնար տեւականացնել։ Երջանկութիւնը գտնելէ ետք կորսնցնել զայն աւելի դժբախտ չ՚ընե՞ր մարդը։

Ուրեմն գտնել, բայց նաեւ պահե՛լ զայն…

Մարդ կը փնտռէ նաեւ խաղաղութիւնը, եթէ ուշադրութեամբ փնտռէ կը գտնէ զայն։ Բայց եթէ խաղաղութիւնը պահելու, տեւականացնելու մէջ բծախնդիր չէ մարդ, պէտք եղած խնամքը ցոյց չի տար զայն պահելու, խաղաղութիւնը դարձեալ կը կորսուի եւ մարդ դարձեալ ապերջանիկ կ՚ըլլայ, խռովութիւն, շփոթ եւ կռիւը կը տիրէ կեանքին։ Մինչդեռ խաղաղութեան մէջ ապրող մարդը երջանիկ մարդ է, եւ խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն փնտռողներուն թիւը մեծ է, բայց զանոնք պահողներու թիւը՝ փո՛քր։

Հոգեւոր կեանքի մէջ ալ պարագան նո՛յնն է. Քրիստոս փնտռողներուն թիւը մեծ է։ Եւ կարելի է ըսել, թէ Քրիստոս «փնտռող»ներ աւելի՛ մեծ թիւ մը կը ներկայացնեն քան թերեւս Քրիստոս գտնողները։ Բայց գտնուածին պէտք է հոգ տանիլ, խնամք ցոյց տալ անոր։

Քրիստոս գտնողներու մէջ բայց ո՛վ է ան որ իրապէս արժանի է «քրիստոնեայ» անունին իր խորագոյն իմաստովը։

Ան՝ որ Քրիստոսը փնտռելէ եւ գտնելէ յետոյ երբեք ձեռքէ չի հաներ, հապա՝ կը պահէ զայն իբրեւ իր սեփական ամենաթանկագին ստացուածքը, ան ահաւասիկ արժանի է «քրիստոնեայ» անունին։

Հոգին փրկելու համար՝ երեք հիմնական պայմաններ անհրաժեշտ է գոհացնել։ Առաջին՝ փնտռել, երկրորդ՝ գտնել եւ երրորդ՝ պահել, պահպանե՛լ։ Մարդկային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ ալ այսպէս է՝ թէ՛ հոգեւոր, թէ՛ մարմնաւոր։

Արդարեւ «հարուստ» մարդը այն է, որ կրնայ նաեւ «պահել» եւ աճեցնել իր հարստութիւնը՝ զոր կը հետապնդէ եւ կը շահի իր առեւտուրովը, այսինքն՝ կը փնտռէ եւ կը գտնէ, բայց նաեւ գիտէ իր գտածը պահել եւ պահպանել եւ աճեցնել։ Ուստի «աճեցնել» կը նշանակէ՝ գոյապահպանել եւ գոյատեւումը ապահովել շահուածին։

Այս ուղղութեամբ, «դաստիարակուած մարդ»ը այն է, որ դպրոց կ՚երթայ, ուսում կ՚ընդունի եւ իր սորվածները, այսինքն ընդունածները կը պահէ եւ կ՚օգտագործէ։ Ուստի այն ուսումը որ չի շարունակուիր, կէս մնացած ուսում է եւ երբեք «կատարեալ ուսում» չի համարուիր։ Նաեւ այն ուսումը որ չի պահուիր եւ չ՚օգտագործուիր, որեւէ արժէք չի՛ ներկայացներ, որովհետեւ անշահ, անօգուտ ուսում մը ըլլալով ամո՛ւլ կը մնայ։

Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ գտնել բաղդատաբար շատ աւելի դիւրին է քան գտնելէ ետք գտնուածը կարենալ պահել։ Հոգեւոր կեանքի մէջ ալ պարագան նոյնն է. փրկուիլ բաղդատաբար շատ աւելի դիւրին է քան փրկուելէ յետոյ «փրկուած մնալ»։ Դարձեալ կեանքի բազմաթիւ դէպքեր կը վկայեն, թէ ոմանք լրջօրէն եւ անկեղծօրէն կը խոստանան, կ՚ուխտեն թողուլ մոլութիւն մը, որուն գերին եղած են երկար տարիներ, եւ արդեամբ ալ կը թողուն, զոր օրինակ, արբեցութիւնը, բայց մինչեւ վերջը չեն կրնար հաւատարիմ մնալ իրենց ուխտին։ Մինչդեռ իրենց ի նպաստ, բոլորովին իրենց օգտակար արարք մըն է թողուլ այդ մոլութիւնը։ Նոյնպէս, ամէն անոնք որ կը փրկուին, եթէ «փրկուած» ալ մնային, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով կը հաստատուէր երկրի վրայ, ինչպէս ամէն օր կ՚աղօթենք մեր երկնաւոր Հօր. «… եկեսցէ արքայութիւն քո…»։

Անշուշտ այս չի նշանակեր որ Քրիստոս չեն ճանչնար անոնք, որոնք չեն պահեր իրենց «գտած»ը։

Ո՛չ թէ որ չեն ճանչնար Յիսուս Քրիստոսը, այլ Անոր ուսուցած, սորվեցուցած սկզբունքներուն եւ վարդապետութիւններուն ընտանի չեն. ո՛չ երբեք, լա՛ւ կը ճանչնան Տէր Յիսուս Քրիստոսը եւ Իր փրկութեան Աւետարանը, բայց իրենց ունեցած ծանօթութիւնը չեն մշակեր, չեն օգտագործեր, կեանքի չեն վերածեր։ Արդարեւ, անոնք ծանօթն է որ կը մոռնան կամ կ՚անտեսեն, չեն անդրադառնար անոր կարեւորութեան, եւ յաճախ կ՚ուրանան։ Ուստի գիտակցութեան խորութիւն չունի այդպիսիներուն ծանօթութիւնը՝ մակերեսային կը մնան իրենց տեղեկութիւնները։

Ուրիշ պարագայ մըն ալ կայ։

Մարդիկ, շատ անգամ իրենց ընդունածին, իրենց տրուածին նկատմամբ ապերա՛խտ են։

Աստուած հանդուրժող եւ համբերող է։ Բայց երբ մարդկային միտքով նայինք, կը զարմանանք եւ կ՚ըսենք. «Աստուած ինչպէ՞ս կը հանդուրժէ իր ապերախտ եւ ապիրատ զաւակներուն»։ Դժուա՛ր է ըմբռնել՝ երբ մարդկայնօրէն մօտեցուի հարցին։ Բայց մարդն ալ իր մէջ թաքնուած աստուածային բնութեան կայծը կը շողացնէ, ամէն անգամ որ կրնայ բարիքի փոխարէն «ապերախտութեան աչք»ը գոցել։

Ի՛նչ որ ունի մարդ եւ կ՚ընդունի իր ծնած օրէն մինչեւ իր վերջին օրը՝ Աստուծոյ պարգեւնե՛րն են։ Ուստի ամէն օր Աստուծոյ երախտապարտ զգալու է մարդ. «Երախտապարտ» ըլլալ, այսինքն՝ «երախտագիտութիւն» կը նշանակէ «տեւական» հոգեւոր կա՛պ բարիքներու եւ կեանքի աղբիւրին հետ, որ է Աստուա՛ծ։

Երախտագիտութիւնը շնորհք մը չէ ենթակայէն առարկային, ըսենք, մարդէն՝ Աստուծոյ։

Երախտագիտութիւնով մարդ իր ունեցածը կ՚աւելցնէ, կ՚աճեցնէ. հոգին կը լայնցնէ, կը խորունկցնէ, իմաստին եւ նպատակին համաձայն կ՚օգտագործէ։

Այս էր ահաւասիկ փորձառութիւնը՝ այն տասը բորոտներէն միայն մէկին՝ զորս բժշկեց Յիսուս։ Միայն մէկը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Անոր։ Ուստի այդ մէկը ո՛չ միայն ֆիզիքապէս բուժուեցաւ, այլ նաեւ՝ հոգեպէս մեծ շահ ըրաւ Յիսուսի հետ կապուելով սիրոյ այն կապերովը՝ զորս երախտագիտութիւնը կը հիւսէ։

Ո՞ւր էին միւսները։ Անոնք առին իրենց առնելիքը՝ բժշկութիւնը, եւ մոռցան «բարերար»ը։ Կրնային տիրանալ նաեւ Բարերարին, բայց ո՛չ, անոնք գոհացան Անոր պատահական տուածովը եւ մնայուն պարգեւը, բուն Ինքն Յիսուսը ետեւնին թողուցին հեռացա՜ն…։

Թերեւս այս է համեմատութիւնը՝ 10-էն 1, անոնց՝ որոնք կ՚ընդունին «տրուած»ը, բայց «տուող»ը կ՚անտեսեն եւ կը մոռնան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 13, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 17, 2020