ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԱՒԵՐԱԿՆԵՐ
Հետաքրքիր միտքեր եւ անոնց աչքերը կը տեսնեն թէ՛ հռովմէական եւ թէ միջնադարեան ժամանակներէ մնացած «աւերակ»ները՝ դղեակներու եւ այլազան շէնքերու՝ որոնք մինչեւ այսօր կը պահեն իրենց ճարտարապետական յատկանշական գիծերը։ Դղեակին պաշտպանութեան առաջին գիծը բնութիւնը հայթայթած է իր դիրքովը. երկրորդը՝ ճարտարապետութիւնը՝ իր հաստ եւ հաստատուն պատերովը, աշտարակներովը. երրորդ՝ մարդկային ռազմական հնարամտութիւնը՝ խրամատներու ցանցով մը եւ ջրաբաշխական մեքենականութիւնով, եւ այլն։ Արդարեւ, այդ պատմութեան մէկ մանրանկարը կը ներկայացնեն այս «դղեակ»ին աւերակները։ Յաջորդական սերունդներու կեանքին անցեալ փառքը եւ ողբերգութիւնը արձանագրուած են այս աւերակներուն մէջ։ «Մշակութային աւերակներ» են այս բոլորը, որոնք պահպանել մարդկային պարտաւորութիւն մը եւ պատասխանատուութիւն մըն է։
Որո՞նք արդեօք այդ բլուրին վրայ եւ շուրջը պարեցին, զուարճացան, խնդացին եւ օրին մէկը սպաննուեցան կատաղի կռիւներու մէջ պաշտպանող եւ յարձակող բանակներու միջեւ. հարցը յամառօրէն նո՛յնն է. ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ԿՌՈՒԻՆ ՄԱՐԴԻԿ ԻՐԱՐՈՒ ԴԷՄ։
Պատասխանը շատ սովորական է. իրաւունք մը պաշտպանելու եւ կամ «բռնաբարելու» համար։
Բայց որո՞ւ իրաւունքը։
Ի՞նչ է իրաւունքի բարոյական սահմանը։
Թէ՛ պատմութիւնը եւ թէ՛ կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը կը վկայեն, թէ «իրաւունք»ի անունով, կամ «իրաւունք»ի պատրուակով, եւ կամ «կեղծ արդարացում»ով որքա՜ն ոճիրներ կը գործուին եւ թէ գործուած են միշտ։
Իրաւունքը, արդարութիւնը եւ կամ որեւէ նուիրագործեալ դատ կամ գաղափարական, յաճախ «արտաքին ծեփ»ն է մարդկային հոտած հոգիին գերեզմանին։ Արդարեւ, մարդիկ կը մեռնին, որովհետեւ ամբարիշտ նպատակներու համար մահուան, թշուառութեան եւ աւերի քշող ուժեր կան այս կամ այն իտէալին ետին ծպտուած։ Ուստի, մշակութային աւանդական արժէքներու մոռացումը, յիշողութենէ վրիպումը, եւ անոնց նկատմամբ անտարբերութիւնը «բարոյական աւերում» մըն է՝ փլուզո՛ւմ մը։
Ժամանակակից բարոյական աւերակներ շատ կան։ Եւ այդ բարոյական աւերակները ապացոյց են մարդկային բնական վայրագութեան որեւէ շարժառիթով կամ պատրուակով։ Անիմաստ կռիւներու, աննպատակ վէճերու, անխոհեմ եւ անբանաւոր պատերազմներու յառաջ բերած աւերները անհամեմատօրէն աւելի մեծ եղած են, քան բնական աղէտներու պատճառած աւերները ամբողջ պատմութեան ընթացքին։ Արդեօք սխա՞լ կ՚ըլլայ ըսել, թէ մարդ իր աւերումը ի՛նք կը պատրաստէ։ Բնական աղէտներու դէմ մարդ կրնայ ինքզինք պաշտպանել իր բանականութեամբ, բայց արգելք չէ եղած եւ չի կրնար ըլլալ իր կիրքին եւ անսանձ հակումներուն։ Ուստի, մարդ իր «ճակատագիր»ը ինք իսկ կը պատրաստէ։
Մարդկային գազանութիւն, մերկացեալ կեղծաւոր եւ բարեպաշտիկ բացատրութիւններու եւ յայտարարութիւններու քօղեր կը պատրաստեն մարդկային աւերները։ Մարդու կերպարանքի տակ գազաններն են, որ կ՚որոշեն մարդուն ճակատագիրը եւ անոր վախճանը։
Եւ ինչո՞ւ քանդեր եւ աւերեր են մարդիկ սա խաղաղ եւ անմեղ մարդոց բնակարանները. ի՞նչ ռազմական նպատակի ծառայելու համար, եւ ո՛չ մէկ արդարացում, եթէ գազանութիւնը կրնայ որեւէ ատեն արդարանալ, հապա՝ մարդը անհատապէս եւ հաւաքաբար թշուառացնելու եւ բարոյապէս հոգիով եւ մարմնով ջախջախելու համար։
Հասկնա՛նք, հոգ չէ, եթէ մարդ մարդու՝ իր նմանին դէմ կը կռուի, կը թշնամանայ, բայց ինչո՞ւ համար անպաշտպան բնակչութիւնը՝ որ մասնակից չէ՝ որեւէ իմաստով՝ կռիւի, պատերազմի մը, թշնամիի մը դէմ, թիրախ ըլլայ աւերիչ, քանդիչ, կործանարար յարձակումներու…
Պատմական եւ պատուական արժէքներու աւերումով գոյացած բազմաթիւ աւերակներ՝ խոստովանութիւններ են, ինչպէս նաեւ դատապարտութի՛ւն մարդկային անսանձ կիրքերուն՝ խաւար հոգիին, ուրացման այն բոլոր բարոյական սկզբունքներուն եւ հեռապատկերներուն, որոնցմով կը պարծենայ ներկայ դարու «քաղաքակրթութիւն»ը եւ «լուսաւորեալ» մարդը։
Աւերակները կը խորհրդանշեն մարդկային նկարագրին աւերը։
Քրիստոնեան իր Քրիստոսը խաչելու եւ թաղելու է նախ՝ որ կարող ըլլայ այսպիսի աւերներ գործելու…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 16, 2023, Իսթանպուլ