ՍՏԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔԸ

Ստա­խօ­սու­թեան պատ­ճա­ռով մարդ կը մեռ­նի՞։ Այս հար­ցու­մին սո­վո­րա­կան եւ ժո­ղո­վուր­դի կող­մէ ընդ­հան­րա­պէս տրուած պա­տաս­խա­նը ծա­նօթ է մեր բո­լո­րին։ Ժո­ղո­վուր­դին մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կ՚ը­սէ. «Սու­տէն ո՜վ մե­ռած է մին­չեւ հի­մա…»։ Այս է ընդ­հա­նուր կար­ծի­քը։

Բայց «Ա­ռա­քեալ­նե­րու գոր­ծե­րը» գիր­քին հե­ղի­նա­կը՝ Ղու­կաս Ա­ւե­տա­րա­նիչ կը վկա­յէ, թէ՝ ի­րենց ստա­խօ­սու­թեան պատ­ճա­ռով, Ա­նա­նիա եւ Սա­փի­րա մե­ռա՛ն։

Ար­դա­րեւ, այդ դէպ­քը ցոյց կու տայ, թէ՝ սու­տի պատ­ճա­ռով մարդ կրնայ մեռ­նիլ, եւ կամ ստա­խօ­սու­թեան հե­տե­ւան­քը մա՛հ է։ Այս դէպ­քը ե­րե­ւա­կա­յա­կան ի­րո­ղու­թիւն մը չէ՛, քա­նի որ նախ՝ «Ա­ռա­քեալ­նե­րու գոր­ծե­րը» գիր­քին մէջ ա­մե­նա­փոքր սուտ կամ սխալ մը ան­գամ չի՛ գտնուիր այն ա­տե­նուան սո­վո­րու­թիւն­նե­րուն եւ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ։

Յե­տոյ, ա­ւե­լի եւս կը ստու­գուի դէպ­քին ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, քա­նի որ «Ա­ռա­քեալ­նե­րու գոր­ծե­րը» գիր­քին հե­ղի­նա­կը Ղու­կաս, քրիս­տո­նէու­թեան նախ­նի դա­րե­րու մա­տե­նա­գիր­նե­րու վկա­յու­թեա­նը հա­մա­ձայն, Ան­տիո­քա­ցի յոյն բժիշկ էր. (ԿՈՂ. Դ 14)։­

Ան­շուշտ, որ բժիշկ մը լա՛ւ գի­տէր մարմ­նա­պէս մա­հուան ի­րո­ղու­թիւ­նը եւ ա­նոր իս­կա­կա՛ն պատ­ճա­ռը։

Ու­րեմն ժո­ղովր­դա­կան ծա­նօթ խօս­քով՝ սու­տի պատ­ճա­ռով կրնա՛յ մեռ­նիլ մարդ, եւ ե­թէ ոչ բո­լո­րո­վին սխալ, բայց գո­նէ կաս­կա­ծե­լի է այն կար­ծի­քը՝ թէ սու­տի պատ­ճա­ռով մա՛րդ մե­ռած չէ մին­չեւ հի­մա…։ Ան­շուշտ մենք չենք խօ­սիր ստա­խօ­սի մը բա­րո­յա­կան եւ հո­գե­ւոր մա­հուան, կամ ան­կու­մին մա­սին։ Յայտ­նի է, թէ սու­տը բա­րո­յա­պէս եւ հո­գե­պէս ան­կու­մի պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ, ո­րուն հա­մար կա­րե­լի է ը­սել՝ բա­րո­յա­կան մա՛հ։

Հե­տաքրք­րա­կան է եւ նո՛յն­քան տպա­ւո­րիչ, թէ՝ սու­տի պատ­ճա­ռով կը մեռ­նի՛ մարդ։ Եւ մա­նա­ւանդ, որ ա­սի­կա ստու­գուած է բժիշ­կի՛ մը կող­մէ, եւ յայտ­նուած Սուրբ Գիր­քին մէջ։

«Պետ­րոս հար­ցուց.- Ա­նա­նիա՛, ին­չո՞ւ Սա­տա­նա­յին փոր­ձու­թեան տե­ղի տուիր եւ յանդգ­նե­ցար Սուրբ Հո­գին խա­բել…։ Ի՞նչ պէտք ու­նէիր այս խա­բե­բա­յու­թիւ­նը խոր­հե­լու, ո՛չ թէ մար­դի­կը, այլ զԱս­տուած փոր­ձե­ցիր խա­բել։

«Ա­նա­նիա այս խօս­քե­րը լսե­լով՝ գե­տին ին­կաւ եւ շուն­չը փչեց» (ԳՈՐԾՔ. Ե 3-5)։

­Թէ ինչ­պէ՞ս կրնայ մեռ­նիլ մարդ սու­տի պատ­ճա­ռով. ան­շուշտ բժիշկ­ներ կրնան բա­ցատ­րել ա­նոր պատ­ճառ­նե­րը։ Թե­րեւս մեծ հո­գե­կան եւ ջղա­յին ցնցում մը պատ­ճառ ե­ղած ըլ­լայ մա­հուան…։

Բայց նոյն բա­նը կը պա­տա­հի նաեւ՝ Սա­փի­րա­յի՝ Ա­նա­նիա­յի կինն ալ կը մեռ­նի նոյն պատ­ճա­ռով եւ նոյն կեր­պով։ Ու­րեմն ի­րո­ղու­թիւ­նը պար­զա­պէս «հո­գե­կան եւ ջղա­յին ցնցում»ով բա­ցատ­րել կա­րե­լի չէ, քա­նի որ եր­կուքն ալ չէին կրնար ազ­դուած ըլ­լայ նոյն դէպ­քէն՝ մին ա­ւե­լի՛ զօ­րա­ւոր եւ միւ­սը ա­ւե­լի թե­թեւ, եւ ո՛չ նոյն աս­տի­ճան, եւ ու­րեմն երբ մին մա­հուան պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ՝ միւ­սը գո­նէ կը նուա­ղի. եր­կու­քին ալ մա­հուան պատ­ճա­ռը, ու­րեմն ըլ­լա­լու էր շատ ա­ւե­լի աս­տուա­ծա­յին, գերբ­նա­կան, «պա­տի՛ժ» մը հա­ւա­սա­րա­պէս եւ ար­դա­րու­թեամբ տրուած նոյն յան­ցան­քին հա­մար եր­կու յան­ցա­գործ­նե­րուն։ Ը­սենք՝ «աս­տուա­ծա­յին ար­դար դա­տաս­տա՛ն»։ Սու­տը գոր­ծուած էր Սուրբ Հո­գիին հան­դէպ, ո­րուն պա­տի­ժը մա՛հ պի­տի ըլ­լար։

Այս դէպ­քին ժա­մա­նա­կը ստու­գել կա­րե­լի չէ, թե­րեւս Յ. Ք. 33-35 թուա­կան­նե­րուն պա­տա­հած ըլ­լայ։ Բայց այս դէպ­քը ցոյց կու տայ, թէ Ե­կե­ղե­ցին «ներ­քին վտանգ»ի մը հան­դի­պած է։ Ուս­տի յայտ­նի կը տես­նուի, որ այս եր­կու ան­ձե­րուն՝ Ա­նա­նիա­յի եւ Սա­փի­րա­յի յան­կար­ծա­կան մա­հը քրիս­տո­նէա­կան Ե­կե­ղե­ցիին հո­գե­ւոր բա­րօ­րու­թեա­նը շատ նպաս­տա­ւոր ե­ղաւ։

Այս պատ­մու­թե­նէն կը սոր­վինք, թէ «ա­նար­ժան մար­դիկ» միշտ կրնան սպրդիլ մտնել Քրիս­տո­սի Ե­կե­ղե­ցիին մէջ։ Բայց կը սոր­վինք եւս թէ Ե­կե­ղե­ցիի գե­րա­գոյն Գլու­խը մի՛շտ յար­մար մի­ջոց­ներ կը գոր­ծա­ծէ որ Ե­կե­ղե­ցին մա­քուր պա­հուի։

Ա­սոնք, այր եւ կին, միա­բան ո­րո­շե­ցին այն սու­տը խօ­սիլ։ Յայտ­նի չէ թէ ի՛նչ էր վա­ճա­ռուած բա­նին գի­նը։ Սա միայն կը հասկ­ցուի, թէ ան­շարժ ստա­ցուածք էր վա­ճա­ռուա­ծը՝ արտ կամ գե­տին մը։ Ուս­տի վա­ճա­ռուա­ծին գի­նէն «մաս» մը խո­րե­լով, այ­սինքն ի­րենց քով պա­հե­լով, մնա­ցա­ծը հա­սա­րա­կաց արկ­ղին յանձ­նե­լու հա­մար բե­րին Ա­ռա­քեալ­նե­րուն։ Սա­կայն ի­րենց բուն նպա­տա­կը՝ «ա­ռա­տա­ձեռ­նու­թեան համ­բաւ» ստա­նալ էր, ո­րուն հա­մար վա­ճա­ռած էին ի­րենց ստա­ցուած­քը, եւ ինչ­պէս կ՚ե­րե­ւի, գի­նին մէկ մա­սը ի­րենց պա­հե­լով՝ մէկ փոքր մա­սը միայն բե­րին յանձ­նե­ցին Ա­ռա­քեալ­նե­րուն՝ կեղ­ծա­ւո­րու­թեամբ։

Այս կը նշնա­կէ՝ որ ա­նոնք ա­գա­հու­թեան ախ­տին գե­րի էին։ Եւ կը հե­տե­ւի, թէ այս եր­կու ան­ձե­րը ճշմա­րիտ հա­ւա­տա­ցեալ չէին, ուս­տի եւ ո՛չ սրտի նո­րո­գու­թիւն, ոչ ալ Սուրբ Հո­գիին մաս­նա­ւոր ազ­դե­ցու­թիւ­նը ստա­ցած էին։ Ա­նոնց նպա­տակն էր խա­բե՛լ Ա­ռա­քեալ­նե­րը՝ որ Սուրբ Հո­գին ու­նէին, ուս­տի ա­նոնց այս գոր­ծը «Սուրբ Հո­գիին դէ՛մ» ե­ղած կը սե­պուի։ Եւ դար­ձեալ կը տես­նուի, որ «սուտ»ը ո՛չ միայն խօս­քով, այլ եւ գոր­ծով եւ վար­մուն­քով կրնայ ըլ­լալ։

Ուս­տի Պետ­րոս ա­ռա­քեալ, ան­տա­րա­կոյս, Աս­տու­ծոյ մաս­նա­ւոր ազ­դե­ցու­թեամբ գու­շա­կեց ա­նոնց գաղտ­նի խոր­հուր­դը եւ պա­տու­հա­սեց զա­նոնք։

Ե­թէ այս պա­տու­հա­սը չա­փա­զանց խիստ կ՚ե­րե­ւի, պէտք է գիտ­նալ, որ ե­թէ ա­նոնք այս­պէս չպատ­ժուէին, կեր­պով մը հա­ճու­թիւն եւ ա­ռիթ տրուած պի­տի ըլ­լար ա­նոնց, եւ այն­պի­սի խա­բէու­թիւն մը մուտ գտնե­լով ընդ­հա­նուր ե­կե­ղե­ցիին մէջ, շա­տե­րուն կո­րուս­տին եւ ան­կու­մին պատ­ճառ պի­տի ըլ­լար։

Եր­բեմն մար­դիկ յան­ցան­քի պա­տի­ժէն վախ­նա­լով ետ կը կե­նան եւ կը հրա­ժա­րին յան­ցա­գոր­ծու­թե­նէ։

Ար­դա­րեւ ա­մէն յան­ցա­ւոր այս­պի­սի պա­տու­հա­սի ար­ժա­նի է, բայց Աս­տու­ծոյ ար­դար բար­կու­թիւ­նը մեղ­քե­րու դէմ միշտ այս կեր­պով չի յայտ­նուիր։

Ուս­տի կը տես­նուի, որ Ա­նա­նիա­յի կնո­ջը մեղ­քը եւս միեւ­նոյն պա­տի­ժին ար­ժա­նի էր։

«Մեծ վախ մը պա­տեց ամ­բողջ Ե­կե­ղե­ցին եւ բո­լոր ա­նոնք՝ որ լսե­ցին այս դէպ­քը» (ԳՈՐԾՔ. Ե 11)։­

Այս հա­մա­րէն կը տես­նուի, որ յի­շեալ դէպ­քին ազ­դե­ցու­թիւ­նը մեծ, միան­գա­մայն շատ օգ­տա­կար ե­ղաւ։ Այդ դէպ­քին հե­տե­ւանք­նե­րէն մին ալ սա ե­ղաւ, որ Ա­ռա­քեալ­նե­րը, իբ­րեւ հրա­շա­գոր­ծու­թեան պար­գե­ւով օժ­տեալ ան­ձեր ճանչ­ցուե­լով, յարգ ու պա­տիւ եւ ազ­դե­ցու­թիւն ստա­ցան ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ, եւ այս­պէս, մար­դոց ու­շադ­րու­թիւ­նը գրա­ւե­ցին։

Ու­րեմն, ժո­ղովր­դա­կան ընդ­հա­նուր կար­ծի­քին հա­մա­ձայն, «սու­տէն ո՜վ մե­ռած է մին­չեւ հի­մա», այս հա­մո­զու­մը կը հեր­քէ Ղու­կաս Ա­ւե­տա­րա­նիչ իր վկա­յու­թեամբ, եւ մա­նա­ւանդ իր բժշկա­կան գի­տու­թեամբ։ Ար­դա­րեւ աս­տուա­ծաշն­չա­կան բա­ցատ­րու­թիւն­ներ կը ստու­գուին եւ ա­ւե­լի եւս կը զօ­րա­նան «Ա­ռա­քեալ­նե­րու գոր­ծե­րը» գիր­քին հե­ղի­նա­կին մաս­նա­գի­տա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն շնոր­հիւ։ Ուս­տի, հա­ւատ­քը եր­բեք հրա­մա­յա­կա­նո­նա­կան՝ «dogmatique» ի­րո­ղու­թիւն մը չէ՛, այլ գի­տու­թեամբ, բա­նա­կա­նու­թեամբ եւ քննար­կու­թեամբ զօ­րա­ցած ճշմար­տու­թիւն մը, մարդս իր Ա­րար­չին եւ Նա­խախ­նա­մին կա­պող դրու­թի՛ւն մը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 16, 2016, Գնա­լը կղզի

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 17, 2016