«ՈՂՋՈՅՆ ՏՈՒՔ ՄԻԱՄԻԱՆՑ»
Սէրը իբրեւ «պտուղ» կ՚արտադրէ ուրախութիւն, խաղաղութիւն եւ ողորմածութիւն։ Ան կը պահանջէ բարեգործութիւնը եւ եղբայրական խրատ, ան բարեացակամ է, առիթ կը ստեղծէ փոխադարձութեան, կը մնայ անշահախնդիր եւ առատաձեռն, ան բարեկամութիւն եւ հաղորդութիւն է՝ հաղորդակցութեան միջոց։ Եւ «ողջոյն»ը սիրոյ եւ ուրախութեան ամենահարազատ եւ անկեղծ արտայայտութի՛ւնն է։
«Մեր բոլոր արարքներուն լրումը սիրոյ գուրգուրանքն է։ Հոն է վախճանը։ Մենք կը վազենք զայն ընդունելու համար, մենք փութանք դէպի հոն. անգամ մը որ հասնինք, անոր մէջ պիտի հանգչինք…», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։
Արդարեւ, սէրը, խաղաղութիւնը եւ ուրախութիւնը կը փոխանցուի «ողջոյն»ով. սէրը կը տարածուի, կը ծաւալի ողջոյնի համբոյրով եւ բոլորը մասնակից եւ բաժնեկից կ՚ընէ սիրոյ, խաղաղութեան եւ ուրախութեան։ Ողջոյնը արտայայտութիւնն է Քրիստոսի խաղաղարար յայտնութեան եւ ներկայութեան։
Յիսուս կը պատուիրէ. «Եթէ սեղանին վրայ ընծադ նուիրելու ատեն, յիշես որ եղբայրդ քեզի դէմ ոխ ունի, թո՛ղ ընծադ սեղանին առջեւ եւ գնա՛ նախ հաշտուէ եղբօրդ հետ եւ յետոյ երկուր ընծադ նուիրէ». (ՄԱՏԹ. Ե 23-24)։
Եկեղեցական արարողութիւններու ընթացքին, եւ յատկապէս Ս. Պատարագի ժամանակ, քահանան Աստուծմէ որպէս պարգեւ տրուած խաղաղութեան շնորհքը յաճախ հաւատացեալներուն կը փոխանցէ. որովհետեւ աշխարհի մը մէջ կ՚ապրինք, ուր այնքան կարիքը ունինք այս աստուածատուր խաղաղութեան, որպէսզի գայ եւ մեզի հետ մնայ։
Ս. Պատարագի ընթացքին եւ նախքան Քրիստոսի Մարմինին եւ Արեան սրբագործումը, քահանան Աստուծոյ Ս. Սեղանէն բխող խաղաղութիւնը հաւատացեալներուն կը փոխանցէ, որպէսզի անոնք ալ իրենց կարգին զայն իրարու հետ փոխանակեն։
Արարողութեան այս յատուկ ժամանակահատուածին, բոլորին ուշադրութիւնը կը դառնայ դէպի զոհագործութեան պատրաստուելու հոգեւոր իմաստին։
Եկեղեցին, իրար ողջունելու այս արարողութիւնը, յատուկօրէն դրած է Սուրբ Պատարագի ծիսակատարութեան մէջ, որպէսզի հաւատացեալները աստուածային խաղաղութիւնը ընդունին եւ իրար հետ ապրին եւ վայելեն։
Ըստ ժողովրդային աւանդութեան եւ սովորութեան, համբոյրը կը նշանակէ բարեկամական ողջոյն եւ մտերմութեան նշան։
Կարգ մը արեւելեան ծէսերու մէջ, հաւատացեալներ կը համբուրէին իրենց մօտ գտնուողին ձեռքը, նոյնիսկ ծունկի գալով, որպէս նշան Քրիստոսի խաղաղութեան ներկայութեան իրենց մէջ։
ԺԷ. դարուն այս ողջոյնը կը կատարուէր միմիայն հոգեւորականներու մէջ՝ խաչը համբուրելով։
Հաշտութեան եւ խաղաղութեան այս ողջոյնը պայմա՛ն է Ս. Հաղորդութիւնը ստանալու համար։ Այս սուրբ ողջոյնը կը հաստատէ մեր սրտերուն մաքրութիւնը եւ խաղաղութիւնը՝ Քրիստոսի Մարմինը եւ Արիւնը ճաշակելու համար, յիշեցնելու մեզի, թէ այն միութիւնը զոր կը փափաքինք ունենալ Քրիստոսի հետ, պէ՛տք է ինքզինք արտայայտէ իրարու հետ խաղաղութիւնը եւ հաշտութիւնը ապրելով։
Յիշենք Յիսուսի պատուիրանը.
«Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու ամբողջ սրտովդ եւ քու ամբողջ անձովդ եւ քու ամբողջ մտքովդ։ Այս է առաջին եւ մեծ պատուիրանքը։ Եւ երկրորդը՝ ասոր նման. քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս։ Այս երկու պատուիրանքէն կախուած են բոլոր օրէնքը եւ մարգարէները». (ՄԱՏԹ. ԻԲ 37-40)։ Ս. Պատարագի ընթացքին կը դառնանք մէկ մարմին։ Ս. Հաղորդութիւնը մեզ կը միացնէ, զայն՝ այս միութիւնը կատարելագործելով սիրոյ եւ խաղաղութեան ծիրէն ներս։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Նոյնպէս մենք՝ շատուորներս՝ մէ՛կ մարմին ենք Քրիստոսով եւ ամէն մէկերնիս իրարու անդամներ ենք». (ՀՌՈՄ. ԺԲ 5)։
Խաղաղութեաեն ողջոյնը Քրիստոսի արքայութեան մէջ կարեւոր տեղ ունի։ Եկեղեցին իր ծիսական արտայայտութեամբ այս կէտը մեզի կը յստակացնէ։ Որովհետեւ անով Յիսուսի հետ թշնամութեան պատը կը վերանայ եւ Աստուծոյ հետ հաշտութիւն կը տիրէ։ Ինչպէս նաեւ մեր անհասկացողութիւնները եւ բաժանումները կ՚անհետանան եւ այսպիսով իրարու քոյր-եղբայրներ կը դառնանք։
Այս սէրը որ կը յայտնենք ողջոյնի մէջ, պայման, որպէսզի կարենանք շարունակել մեր պատարագը ճաշակելու համար Քրիստոսի Մարմինը եւ Արիւնը։
Սուրբ ողջոյնով կ՚ապրինք Քրիստոսի խաղաղութեան մէջ՝ Քրիստոսի խաղաղութեամբ։
Ուստի, Սուրբ Սեղանի վրայ դրուած ընծաները կը խորհրդանշեն Քրիստոսը։ Սարկաւագի կանչը մեզի կ՚իմացնէ, թէ ժողովուրդը պէտք է իրարու հանդէպ սիրով մէկ անձ դառնայ, եւ այդ սէրը յայտնէ իրար ողջոյն տալով։
Այս սուրբ ողջոյնով սէրը կը տարածուի մեր բոլորին վրայ եւ Յիսուս Քրիստոսի հետ միանալով՝ մէկ մարմին կը դառնանք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024