ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (ԻԶ.)

ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ԵՐԵԽԱՆԵՐԸ ԵՒ ԾՆՈՂՔԸ

Ծնողներու համար ինչքան ալ դժուար ըլլայ, մեր մարդկային կեանքին մաս կը կազմէ հիւանդ եւ կամ յատուկ խնամքի կարօտ երեխաները. շատեր այդ մէկը կ՚որակեն «փորձութիւն», իսկ ուրիշներ «տանջանք» եւ կամ կեանքի «քննութիւն». կան նաեւ այդ մէկը որպէս «օրհնութիւն» անտրտունջ ընդունողները: Ամէն պարագայի ալ նման երեխաները տարբեր ու յատուկ խնամք կը պահանջեն՝ քան միւսները:

Գրեթէ ամէն ծնողք ինքզինք «կատարեալ» ծնող կարծելու հիւանդութենէն կը տառապի, սակայն հիւանդ եւ կամ յատուկ խնամքի կարօտ երեխայ ունենալը որոշ գիտութիւն կը պահանջէ, որովհետեւ ամէն երեխաներու հիւանդութիւնները կրնան տարբեր ըլլալ եւ հետեւաբար տարբեր կ՚ըլլայ նաեւ անոնց հակազդեցութիւնները: Ամէն հիւանդութիւն կ՚ունենայ իրեն յատուկ երեւոյթներն ու լուծումները. իւրաքանչիւրը ծնողք տարբեր մարտահրաւէրներ կ՚ունենայ եւ այդ բոլորին դիմաց առողջ ընթացք ունենալը գիտութիւն կ՚ենթադրէ:

Այդ իսկ պատճառով այս մասը կը գրենք նման խնդիրներ դիմագրաւող ծնողներու համար:

Կան հիւանդութիւններ, որոնք որպէս ծնողք ձեր զաւակը լոյս աշխարհ եկած վայրկեանէն կը գիտնաք, իսկ կան ուրիշներ՝ որոնք ժամանակի ընթացքին կրնան ի յայտ գալ. նման «դժբախտ» պարագայի մը դէմ յանդիման գտնուիլը սկզբնական շրջանին կրնայ քաոս մը ստեղծել ձեր յուզական աշխարհին մէջ, սակայն ինչպէս ամէն երեւոյթներու դիմաց յուզումը, լացն ու արցունքը գործնական ոչ մէկ արդիւնք կու տայ:

Առաջին հերթին որպէս ծնողք պէտք է դիմել բժիշկի եւ հասկնալ բոլոր մանրամասնութիւնները, որոնք ձեր զաւակին դիմագրաւած հիւանդութիւնն ու պարագան կրնայ ունենալ: Մասնագէտներու եւ բժիշկներու հետ խորհրդակցիլը աւելի յստակ կը դարձնէ պէտքերն ու կարիքները, թէեւ ձեր դիմաց կայ երկար մարտահրաւէր մը, որովհետեւ ինչքան ալ լսէք ու տեղեկանաք, շատ մը երեւոյթներ փորձով պիտի սորվիք:

Ծնողներ յաճախ նման հանգրուանի մը դէմ դիմաց գտնուելէ ետք կը տեղեկանան, որ համաշխարհային գրականութեան մէջ գոյութիւն ունին տարբեր տարբեր հիւանդութիւններու կապուած աշխատութիւններ, որոնք կը նպաստեն աւելի առողջ եւ գիտակից ձեւով մօտենալ խնդիրներուն: Սակայն հիւանդութիւններու մասին ամենէն լաւ ու առողջ տեղեկութիւնները իմանալը նման հանգրուաններ դիմագրաւած ծնողներու հետ կապ հաստատելն է. ուրիշներու փորձառութիւնը մեծապէս կրնայ օգնել. անոնք այս բոլոր հարցերը նախապէս դիմագրաւած ըլլալով կրնան առաջարկել բժիշկներ, կրնան առողջ խորհուրդներ տալ, որ մեծապէս օգտակար կը հանդիսանայ ձեր դժուարին ճանապարհորդութեան մէջ:

Կարգ մը հիւանդութիւններ կրնան բուժելի ըլլալ եւ որպէս ծնողք պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնէք ձեր զաւակները բուժելու համար, միաժամանակ հոգեպէս պատրաստ ըլլալով, որ կրնայ բուժում չստանալ:

Բժշկական ու հիւանդութեան հետ կապուած հարցերէն ետք պէտք է զբաղուիլ անոր առօրեայ «ընկերային» կեանքով: Պէտք է գնահատել ամենէն փոքր յառաջդիմութիւններն անգամ, լաւապէս գիտնալով որ անոնք պիտի չմեծանան այնպէս՝ ինչպէս իր միւս հասակակիցները. ձեր զաւակներուն եւ իր հասակակիցներուն միջեւ եղած տարբերութիւնները ձեզ տխրեցնելու առիթ պէտք չէ հանդիսանայ, որովհետեւ ձեր կեցուածքը ինքնաբերաբար կը կրթէ նաեւ շրջապատը: Երբեք մի՛ մտածէք, թէ մարդիկ՝ մանաւանդ կիներ՝ այն ալ հա՛յ կիներ, իրենց սուրճը խմած ժամանակ պիտի «բամբասեն» եւ խօսին ձեր զաւակներուն հիւանդութեան մասին: Որպէս ծնողք ձեր պարտաւորութիւնն ու պարտականութիւնն է ամէն տեսակ փոթորիկներ դիմագրաւելու ձեր զաւակին կեանքը առաջնորդել մինչեւ վերջին հանգրուան:

Նման դժուարութիւններ դիմագրաւող ծնողք մը պէտք է ինքն իր անձին ալ հոգ տանի, որովհետեւ ան այսուհետեւ միայն իրեն համար պիտի չապրի. իրմէ կախեալ է էակ մը՝ որ իր շունչն ու արիւնը կը կրէ եւ հետեւաբար սեփական անձին լաւ չնայիլը ինքնաբերաբար այդ զաւակին լաւ չնայիլ կը նշանակէ: Այդ իսկ պատճառով նման պարագաներու ծնողներ պէտք է ըլլան քաջ ու հանդուրժող եւ եթէ պակասը ունին ուժին եւ հանդուրժողականութեան, պէտք է դիմեն մասնագէտներու:

Նման զաւակ մը մեծցնելը հոգեկանի կողքին կը պահանջէ նաեւ նիւթական զոհողութիւններ. դժբախտաբար նիւթականացած աշխարհի մէջ ամէ՛ն բան դրամ կ՚արժէ այսօր եւ յատուկ խնամքի կարօտ մանուկներու համար շատ մը պէտքեր ու անհրաժեշտութիւններ կրնան սուղ արժել եւ հետեւաբար ամէն տեսակ զոհողութիւն պէտք է յանձն առնել բաւարարելու բոլոր պէտքերը, ինչ որ կրնայ դիւրացնել ձեր զաւակին կեանքը:

Պէտք է քաջ գիտնալ, որ այդ պայքարի ընթացքը մի քանի օրուան ժամանակաւոր պայքար մը չէ, այլ երկար եւ գուցէ անվերջ պայքար մը ըլլայ:

Միւս կարեւոր մէկ կէտն է ձեր միւս զաւակներուն դաստիարակութիւնը. եթէ յատուկ խնամքի կարօտ երեխան ունի մեծ եղբայր կամ քոյր, պէտք է լաւապէս բացատրել, թէ իրենց փոքր եղբայրը կամ քոյրը նման խնդիրներ ունի եւ բոլորով պէտք է յատուկ վերաբերմունք ունենալ անոր հանդէպ: Եթէ ձեր զաւակը ունի խօսելու կամ քալելու դժուարութիւն, պէտք չէ մի քանի տարի մեծ եղբօր կամ քրոջ կողմէ ծաղրի առարկայ դառնայ, որովհետեւ անոնք ձեր մեծագոյն օգնականները պիտի ըլլան եւ այդ մէկը լոկ դաստիարակութեամբ կարելի է ապահովել:

Որպէս ծնողք երբեք ամօթ չնկատէք նման զաւակներու տէր ըլլալը. ամօթը նման զաւակներ անտեսող հասարակութեանն է, որ մարդ կոչուելով հանդերձ կամաց կամաց իր մէջ կը սպաննէ մարդկայնութիւնը:

շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում.- Քաղցկեղին բուժումը պիտի գտնուի՞։

Պատասխան.- Վերջին տեղեկութեանս համաձայն, տակաւին քաղցկեղի բուժումը չյայտնաբերուեցաւ: Քաղցկեղը հիւանդութիւններու բարդ խումբ մըն է եւ ունի բազմաթիւ տեսակներ եւ իւրաքանչիւրը ունի իր առանձնայատկութիւններն ու մարտահրաւէրները: Տարբեր են նաեւ անոնց բուժման մօտեցումները՝ կախուած քաղցկեղի տեսակէն:

Բժշկական ոլորտէն ներս այս մասին ուսումնասիրութիւնները կը շարունակուին եւ զգալի յառաջընթաց կ՚արձանագրեն: Սակայն նշեմ, որ դժուար է կանխատեսել բժշկական հետազօտութիւններու ապագայ արդիւնքը եւ հետեւաբար քաղցկեղի բուժման վերջնական ընթացքը կը շարունակէ մնալ անորոշ:

Լաւագոյն բուժում ստանալու համար ցանկալի է հետեւիլ քաղցկեղի բուժման վերջին հետազօտութիւններուն եւ զարգացումներուն, օգտուելով վստահելի աղբիւրներէ։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17, 2023