ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԻՐԱՒԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ինչպէս ընդհանուր իրաւաբանութեան մէջ կան կարգ մը օրէնսդրական աղբիւրներ, եկեղեցական իրաւաբանութեան մէջ ալ կը գտնուին աղբիւրներ՝ որոնց գլխաւորներէն են «աւանդութիւն»ը եւ «սովորութիւն»ը։

Երբ կը խօսինք եկեղեցական ընդհանուր օրէնսդրական աղբիւրներու վրայ, կը տեսնենք, թէ որքան մեծ եւ կարեւոր իմաստ մը, յատուկ նշանակութիւն մը ունի «աւանդութիւն»ը՝ իբրեւ տեղական եկեղեցիի օրէնսդրական աղբիւր։

Որպէս աղբիւր, աւանդութիւնը, Սուրբ Գիրքէն անմիջապէս յետոյ երկրորդ տեղը կը գրաւէ։ Արդարեւ, քաղաքական օրէնքներու համար ալ պարագան նոյնն է. օրէնսդրութիւնը առողջ եւ արդար, դիւրին գործադրելի օրէնքներ հաստատելու համար մեծ մասամբ կ՚օգտուի «աւանդութենէն» եւ անոր վրայ կը շինէ օրէնքը։ Ուստի, աւանդութիւնը հիմ չընդունող օրէնքի մը կիրարկումը, եթէ ոչ անկարելի, բայց իրապէս շատ դժուար է, քանի որ մարդ բնութեան բերումով սերտօրէն կապուած է իր աւանդութիւններուն։ Օրէնք մը լաւ հասկնալու եւ շիտակ գործադրելու համար ճիշդ մեկնաբանել պէտք է, իսկ առողջ մեկնաբանութեան մը համար այդ օրէնքին հիմը՝ աւանդութիւնը պէտք է լա՛ւ գիտցուի։

Իրաւաբանութեան մէջ ընդհանրապէս «աղբիւր» բառը երկու գլխաւոր նշանակութիւն ունի։ Առաջին նշանակութեամբ կը մատնանշուի այն իշխանութիւնը կամ հեղինակութիւնը, որ իրաւունք ունի ստեղծել, արտադրել՝ բխել իր մէջէն որպէս «աղբիւր»էն (=source) իրաւունք՝ «օրէնք» (=loi, lex), որ գոյացումն է եւ հաստատումը նոր իրաւունքի, կամ կերպարանափոխումը, եւ կամ պատշաճեցումը հինին՝ ներկայ ընկերային պայմաններուն։ Սա իրողութիւն մըն է, որ ինչպէս բնութիւնը եւ բնութեան մէջ ամէն կենդանի, ապրող էակ, նոյնպէս օրէնքն ալ բարեշրջումի կը կարօտին եւ փոփոխման ենթակայ են։ Ուրեմն արդէն եղած օրէնք մը բարեփոխուելով կիրարկելի կը դառնայ։

Ուրեմն, այսպիսի փոփոխութիւն մը կատարող հեղինակութիւնը կը կոչուի «օրէնսդրական իշխանութիւն» եւ կամ «օրէնսդրական աղբիւր»։

«Աղբիւր»ի երկրորդ նշանակութիւնը կը կոչուի իրաւունքի (=droit, law) - (եկեղեցական իրաւունք = canonical rights, ordre ecclésiastique) այն արտաքին արտայայտութիւնը, որ կը կրէ բանաւոր աւանդութեան եւ մանաւանդ գրաւոր օրէնքի, կանոնի, սահմանադրութեան, եւ այլն կերպարանք։ Ուրեմն, այս երկրորդ տեսակ աղբիւրը այսպէս ըսել՝ տեսակ մը «պահարան» է, որ կ՚ամփոփէ, կը պարունակէ իր մէջ առաջին տեսակ աղբիւրի արտայայտութիւնը, անկէ բխած իրաւունքը՝ որ ըմբռնելի է միայն միտքով։

Այս տեսակ աղբիւրը՝ իրաւունքը իսկապէս միջոց մըն է, որով կարելի է ծանօթանալ առաջին տեսակ աղբիւրի՝ օրէնքի հետ, անոր արտայայտութեան միանալով կը կազմէ իրաւաբանական գիտութեան աղբիւր, եւ ուրեմն՝ յատկապէս եւ եկեղեցական իրաւաբանութեան աղբիւր։

Աւանդութեան նշանակութիւնը իբրեւ տեղական օրէնսդրական աղբիւր աւելի եւս մե՛ծ է, որովհետեւ չկայ ոչ մէկ տեղական եկեղեցի, որ բացի որոշ եւ հաստատ կանոններէ չունենայ «աւանդութիւն»։ Որքան հին է Եկեղեցին, այնքան հին է անոր աւանդութիւնը։ Եւ այնքան մե՛ծ է այդ աւանդութեան հեղինակութիւնը մանաւանդ եթէ «առաքելական» է։ Այս պատճառով, տեղական եկեղեցին հարկաւոր դէպքերու պարագային, եթէ կարելի չէ գտնել ճիշդ եւ յարմար լուծումներ, ուղիղ որոշումներ Սուրբ Գիրքի մէջ կամ ընդհանուր եկեղեցւոյ եւ իր սեփական գրաւոր օրէնքներուն մէջ՝ որ արդիւնքն է գրաւոր օրէնսդրութեան, կանոններու, կը դիմէ ուրեմն անմիջապէս իր հին աւանդութեան։

Բայց որպէս ընդհանուր, նոյնպէս եւ տեղական, Եկեղեցւոյ համար աւանդութիւնը միայն այն ժամանակ այդպիսի օրէնսդրական աղբիւրի հեղինակութիւն ունի, երբ նախ՝ անոր ոգին եւ բովանդակութիւնը համաձայն են Սուրբ Գիրքի եւ քրիստոնէական վարդապետութեան ճշմարտութիւններուն հետ, եւ երկրորդ՝ որքան կարելի է հին է, թէեւ ժամանակ չէ որոշած հնութեան համար։

Արեւելեան Եկեղեցին, ինչպէս հինէն, նոյնպէս եւ ներկայիս, մեծ նշանակութիւն կու տայ աւանդութեան եւ կը համարէ զայն իր գլխաւոր օրէնսդրական աղբիւրներէն մին, քաղելով անկէ ըստ հարկաւորութեան զանազան հիմունքներ, սկզբունքներ՝ նոր բարեկարգական կանոններու համար։

Նոյնպէս օրէնսդրական աղբիւրներէն մին է «Սովորութիւն»ը։ Երբ չկայ դրական կանոն կամ աւանդութիւն որեւէ հարց մը լուծելու համար, Եկեղեցին կը դիմէ սովորութեան։ «Եկեղեցական սովորութիւն» կը կոչուի եկեղեցւոյ որեւէ մէկ գործողութեան կրկնութիւնը մի քանի անգամ եւ միեւնոյն հանգամանքներով եւ միեւնոյն դէպքերու մէջ։ Ուրեմն, սովորութեան եւ աւանդութեան մէջ այն մեծ տարբերութիւնը կայ, որ նախ՝ աւանդութիւնը որքան աւելի հին է, այնքան աւելի հեղինակութիւն ունի, իսկ սովորութիւնը հնութեան հետ կապ չունի, սովորութեան համար ժամանակի հնութիւնը առանձին նշանակութիւն մը չունի, թէեւ աւելի քիչ եւ պակաս չէ անոր նշանակութիւնը հզօրութեան տեսակէտէ։ Ուստի «սովորութիւն»ը կրնայ շատ նո՛ր ըլլալ, բայց յաճախ կրկնուելով կրնայ հեղինակութիւն ստանալ, մինչեւ իսկ ընդհանուր կանոնի նշանակութիւն ունենալ նոյն վիճակի կամ նոյն տեղական եկեղեցւոյ մէջ։

Երկրորդ, աւանդութիւնը կարելի է պահպանել եկեղեցւոյ մէջ եւ առանց իրագործելու՝ մինչեւ որ կարեւոր դէպք մը ներկայանայ, իսկ սովորութիւնը, ընդհակառակը՝ գործողութիւն մը մի քանի անգամ կրկնուած։ Ուրիշ խօսքով՝ աւանդութիւնը կայուն եւ մնայուն է, իսկ սովորութիւնը տեւականութիւն կը պահանջէ եւ կը յայտնուի անոր մէջ։

Ուրեմն, սովորութիւնը կը ներկայանայ եկեղեցւոյ մէջ, երբ չկայ, ինչպէս ըսուեցաւ, հաստատ կանոն, յետոյ՝ համոզում կայ անոր օգտարարութեան եւ հարկաւորութեան մասին, եւ վերջապէս՝ երբ նոյն եկեղեցւոյ պատկանող բոլոր անդամներուն ընդհանուր համաձայնութիւնը կը ստացուի՝ բացայայտ կամ լռելեայն։ Ուստի, պարզ է, թէ կարելի է որ սովորութիւնը պարտաւորակա՛ն դառնայ. այսինքն՝ օրէնսդրական աղբիւրի նմանութիւն ստանայ միայն այն ժամանակ, երբ ան համաձայն է կամ ընդդէմ չէ՛ Սուրբ Գիրքին, դաւանական եւ բարոյական ճշմարտութիւններուն եւ քրիստոնէական Եկեղեցւոյ ոգիին, եւ յետոյ՝ հակառակ չէ Եկեղեցւոյ դրական ներգործող կանոններուն, եւ վերջապէս՝ երբ ան պահպանուած է երկար ժամանակ։

Ինչպէս աւանդութիւնը, նոյնպէս եւ սովորութիւնը կարելի է որ ըլլան կա՛մ միայն յատուկ վիճակի մը մէջ, կա՛մ ամբողջ տեղական եկեղեցւոյ մէջ։ Յատուկ վիճակի պարագային անոնք օրէնսդրական աղբիւրի նշանակութիւն ունին, պահանջեալ պարագային, միա՛յն նոյն յատուկ վիճակին եւ եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկ երկրորդ պարագային՝ ամբողջ տեղական եկեղեցւոյ մէջ։

Բայց յատուկ (մասնաւոր) վիճակի աւանդութիւնը եւ սովորութիւնը կարելի է որ ստանան հետզհետէ ընդարձակ նշանակութիւն եւ ընդհանրանալ կա՛մ քանի մը մասնաւոր վիճակներու մէջ, կամ ամբողջ տեղական եկեղեցւոյ մէջ, եւ կամ վերջապէս համօրէն քրիստոնէական Եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկ եթէ, ինչպէս կարելի է որ պատահի, կարելի է դիմել ընդհանուր եկեղեցական իրաւաբանութեան սկզբունքներուն։

Արեւելեան Եկեղեցին իր օրէնսդրական աղբիւրներէն մին կ՚ընդունի սովորութիւնը, մանաւանդ իր ընդարձակութեան պատճառով, որ Արեւելեան Եկեղեցւոյ կը պատկանին զանազան ազգեր եւ հեռաւո՛ր երկիրներ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 6 2022, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 17, 2022