ՀԻՆ ԵՒ ՆՈՐ ՏՈՄԱՐՆԵՐ

«Հին ու նոր տո­մար­ներ» ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը յա­ճախ կը լսուի, յատ­կա­պէ՛ս Ա­մա­նո­րի օ­րե­րուն, երբ կը խօ­սուի Նոր տա­րին, նաեւ՝ հին տա­րին՝ «տո­մա­րով դի­մա­ւո­րե­լու եւ տօ­նե­լու» մա­սին։

Ար­դա­րեւ, ի՞նչ են «հին» եւ «նոր» տո­մար­նե­րը։

Նոր տա­րին Յու­նուար 1-ին սկսաւ տօ­նուիլ Ք. Ա. 46 թուա­կա­նին՝ Յու­լիոս Կե­սա­րի օ­րով, երբ ա­նոր կող­մէ գոր­ծա­ծու­թեան մէջ դրուե­ցաւ «նոր տո­մար» մը՝ ո­րը իր ա­նու­նով կո­չուե­ցաւ՝ «Յու­լեան տո­մար»։ Ըստ այս տո­մա­րի՝ տա­րին ու­նէր ո՛չ թէ 365 օր, 5 ժամ, 48 րո­պէ, 46 վայր­կեան, այլ՝ 365 օր, 6 ժամ, այ­սինքն՝ ճշգրիտ հա­շի­ւով ո­րո­շուած տա­րիէն 11 րո­պէ, 14 վայր­կեան եր­կար էր։

Սխալ­մուն­քը շտկե­լու նպա­տա­կով, Հռո­մի 13-րդ Պա­պը՝ Գրի­գոր, Եւ­րո­պա­յի նշա­նա­ւոր տո­մա­րա­գէտ­նե­րը կը հրա­ւի­րէ Հռոմ, որ­պէս­զի նո­րը պատ­րաս­տեն։

Նա­խա­տե­սուած բազ­մա­թիւ ա­ռա­ջարկ եւ նա­խա­գի­ծե­րէն՝ կ՚ըն­դու­նուի ի­տա­լա­ցի բժիշկ եւ աստ­ղա­գէտ Ա­լոիս Լի­լիո­յի նա­խա­գի­ծը, որ կի­րար­կուե­ցաւ 15 Հոկ­տեմ­բեր 1582 թուա­կա­նէն սկսեալ։ Քա­նի որ յու­լեան տո­մա­րի 11 րո­պէ 14 վայր­կեա­նի սխա­լը Ք. Ա. 46 թուա­կա­նէն մին­չեւ 1582 թուա­կան կու­տա­կուե­լով դար­ձեր էր 10 օր, այ­սինքն՝ ժա­մա­նա­կը «10 օր» ետ էր ին­կած, ուս­տի սխա­լը ուղ­ղե­լու կամ շտկե­լու հա­մար ո­րո­շուե­ցաւ 4 Հոկ­տեմ­բեր 1582 թուա­կա­նէն յե­տոյ ո՛չ թէ Հոկ­տեմ­բեր 5-ը ըն­դու­նիլ, այլ՝ Հոկ­տեմ­բեր 15-ը։­

Եւ այս­պէս սկսաւ «նոր տո­մար»ը։

Այս նոր տո­մա­րը Հռո­մի Գրի­գոր Պա­պի ա­նու­նով կո­չուե­ցաւ. «Գրի­գո­րեան տո­մար» ա­նուա­նուե­լով։ Մօ­տա­ւո­րա­պէս 340 տա­րիի ըն­թաց­քին «նոր տո­մար»ը ըն­դու­նե­ցին աշ­խար­հի գրե­թէ բո­լոր քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րը։

Վեր­ջի­նը ըն­դու­նեց Ե­գիպ­տոս՝ 1928 թուա­կա­նին։ Իսկ Ռու­սաս­տան նոր տո­մա­րի ան­ցաւ 1918 թուա­կա­նին՝ Յու­նուար 1-ին։

Քա­նի որ 1582 թուա­կա­նէն մին­չեւ 1918 թուա­կա­նը, այ­սինքն 336 տա­րիի վե­րո­յի­շեալ 11 րո­պէ 14 վայր­կեա­նը կու­տա­կուե­լով դար­ձած էր 3 օր, ուս­տի այդ երկ­րի մէջ նոր տո­մա­րը հի­նէն եր­կար էր ո՛չ թէ 10, այլ 13 օ­րով։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ, այս պատ­ճա­ռով է նոր տո­մա­րի հա­մե­մատ հին տո­մա­րի 13 օ­րուայ տար­բե­րու­թիւ­նը։

Նոր տա­րուայ գա­ղա­փա­րը, հին տո­մար կամ նոր տո­մար, մարդ­կու­թիւ­նը կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ հա­շուե­տուու­թիւն մը կա­տա­րե­լու, ինչ որ ա­ռիթ կու տայ նոր ա­ռա­ջադ­րու­թիւն­նե­րու՝ ո­րոնց­մով կը դի­մա­ւո­րուի մարդ։ Այս ա­ռա­ջադ­րու­թիւ­նը կ՚են­թադ­րէ մա­նա­ւանդ չկրկնել ան­ցեա­լի սխալ­նե­րը կամ թե­րու­թիւն­նե­րը եւ կեր­տել նոր ու գե­ղե­ցիկ ա­պա­գայ մը։

Այս ի­մաս­տով «Նոր Տա­րի»ն նոր յո՛յս մըն է մար­դուս թէ՛ ան­հա­տա­կան եւ թէ՛ հա­ւա­քա­կան կեան­քին նկատ­մամբ։

Մարդ­կու­թիւ­նը այ­սօր կ՚ապ­րի ա­րագ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու, գի­տու­թեան, ա­րա­գըն­թաց կեան­քի՝ հա­մա­կար­գիչ­նե­րու, ար­բա­նեակ­նե­րու, ար­դի-ժա­մա­նա­կա­կից գոր­ծիք­նե­րով տիե­զեր­քի գաղտ­նիք­նե­րը յայտ­նա­բե­րե­լու դար մը։ Սա­կայն, այս ա­րա­գըն­թաց եւ ա­ռա­ջըն­թաց գի­տա­կան կեան­քին հետ միա­սին, կան ան­շուշտ ժխտա­կան ե­րե­ւոյթ­ներ, բա­ցա­սա­կան ի­րո­ղու­թիւն­ներ, զոր օ­րի­նակ՝ բա­րո­յա­կան սայ­թա­քում­ներ, փոր­ձու­թիւն­ներ, հեշ­տա­մոլ, ցան­կա­սէր եւ վա­ւա­շոտ կեն­ցաղ, եւ այլն։ Ե­թէ ան­ցած տա­րուայ ըն­թաց­քին սխալ­ներ է գոր­ծած մարդ, պէտք է փոր­ձէ եւ ա­ւե­լին՝ ջա­նայ չկրկնել զա­նոնք, բայց չկրկնե­լու հա­մար պէտք է նախ անդ­րա­դառ­նայ իր սխալ­նե­րուն եւ ըն­դու­նի իր սխալ­նե­րը, որ­պէս­զի հետզ­հե­տէ ուղ­ղուի եւ սրբագ­րէ իր սխալ­նե­րը։ Այս­պէս մարդ կրնայ ա­պա­հո­վել լաւ կեանք մը, թէ՛ ի­րեն եւ թէ՛ ըն­տա­նի­քին, պատ­կա­նած ըն­կե­րու­թեան հա­մար։ Կեան­քի յա­ջո­ղու­թիւ­նը ա՛յս է ա­հա­ւա­սիկ։

Կեան­քի դժուա­րու­թիւն­նե­րէն յաղ­թա­կան դուրս գա­լու հա­մար, յոյ­սով եւ հա­ւատ­քով լե­ցուե­լու է մարդ, պէտք է սպա­սէ, որ վա­ղուան օ­րը պի­տի բա­ցուի իր առ­ջեւ ա­ւե­լի՛ ա­րե­ւոտ, ա­ւե­լի՛ պայ­ծառ, քա­նի որ յոյ­սը կը լու­սա­ւո­րէ ա­պա­գան եւ եր­բեք պէտք չէ՛ յու­սալ­քուիլ՝ նոյ­նիսկ ա­մե­նա­ծանր վի­ճակ­նե­րու մէջ եւ իր նա­յուած­քը ուղ­ղէ դէ­պի ճշմար­տու­թիւն՝ մա­նա­ւանդ հե­տե­ւի Բեթ­լե­հէ­մի Աստ­ղին։

Նոր տա­րիին երբ կը տօ­նուի նաեւ Սուրբ Ծննդեան յի­շա­տա­կը, հա­մայն մարդ­կու­թիւ­նը թող ա­ռիթ մը նկա­տէ այդ հրա­շա­լի՜ ի­րո­ղու­թիւ­նը։ Մար­դիկ թող սի­րեն զի­րար, յար­գեն փո­խա­դարձ ի­րա­ւունք­նե­րը, գի­տակ­ցին ի­րենց պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րուն եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րուն, ապ­րին խա­ղա­ղու­թեան եւ հա­մե­րաշ­խու­թեան մէջ, այս մտադ­րու­թեամբ շա­րու­նա­կեն ի­րենց կեան­քը՝ միաս­նա­կու­թեան մէջ, ա­ռանց ա­տե­լու­թեան, ա­ռանց թշնա­մու­թեան միշտ սի­րով…։

Նոր տա­րին եւ Սուրբ Ծնուն­դը թող ա­ռիթ մը ըլ­լայ՝ մար­դոց սիր­տե­րը Աս­տու­ծոյ Խո­րա­նին վե­րա­ծե­լու։

Մա­քուր հո­գիով, չա­րէն սրբուած եւ աս­տուա­ծա­յին սի­րով լե­ցուած թող ապ­րին մար­դիկ։ Որ­պէս­զի տա­րի մը եւս ի­րենց կեան­քի ճա­նա­պարհ­նե­րը լու­սա­ւո­րուին։ Թո՛ղ փա­րա­տի մու­թը, ցրուի խա­ւա­րը, հե­ռա­նայ ա­մէն չա­րիք, ա­տե­լու­թիւն, թշնա­մու­թիւն։

Ա­պա­գայ սե­րունդ­ներ թո՛ղ հաս­նին այս մա­քուր կեան­քով, սէ­րը թո՛ղ տի­րէ ա­մէ­նու­րեք. չճանչ­նան ո՛չ ա­տե­լու­թիւն, ո՛չ նա­խա­տինք։

Մար­դոց ճա­նա­պար­հը թո՛ղ ըլ­լայ Աս­տու­ծոյ լու­սա­ւոր եւ ճշմա­րիտ ճա­նա­պար­հը՝ օ­րի­նակ ըլ­լանք մեր շուր­ջին­նե­րուն մեր լու­սա­ւոր եւ մա­քուր կեան­քով, մեր իսկ կեան­քով, մեր ապ­րե­լա­կեր­պով՝ մեր օ­րի­նա­կով եւ մեր բա­րի գոր­ծե­րով։ Բա­րին եւ ճշմա­րի­տը թող ու­ղե­ցոյց ըլ­լայ բո­լո­րիս՝ լու­սա­ւոր ա­պա­գա­յի մը հա­մար։

Նոր տա­րին եւ Յի­սուս Քրիս­տո­սի Սուրբ Ծնուն­դը ան­կեղծ զգա­ցում­նե­րով եւ լիա­սիրտ շնոր­հա­ւո­րենք, օրհ­նու­թիւն ակն­կա­լենք եւ օրհ­նու­թիւն ստա­նանք. սրտանց եւ մի՛շտ ա­ղօթ­քով բա­րի կա­մե­նանք ի­րա­րու նկատ­մամբ։ Ա­ղօ­թենք եւ խնդրենք Յի­սուս Մա­նու­կէն, որ մեր քա­ջու­թիւ­նը ա­ւելց­նէ՝ պայ­քա­րե­լու հա­մար կեան­քի զա­նա­զան փոր­ձու­թիւն­նե­րու, նե­ղու­թիւն­նե­րու եւ դժուա­րու­թիւն­նե­րու դէմ, այս տա­րի ա՛լ, քա­նի որ ա­նոնք ան­պա­կաս պի­տի ըլ­լան մեր ա­մէն մէ­կուն կեան­քին մէջ՝ քիչ կամ ա­ւե­լի, բայց ան­պայ­մա՛ն պի­տի ըլ­լան։ Ուս­տի, Ի՛նք՝ Յի­սուս Քրիս­տոս ը­սաւ.

«Աշ­խար­հի վրայ նե­ղու­թիւն պի­տի ու­նե­նաք, բայց քա­ջա­լե­րուե­ցէ՛ք, ո­րով­հե­տեւ ես յեղ­թե­ցի աշ­խար­հին» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

Չ­յու­սալ­քուինք, չվհա­տինք, քա­նի որ նոր տա­րիին ալ բո­լոր նե­ղու­թիւն­նե­րը, դժուա­րու­թիւն­նե­րը, ցա­ւե­րը եւ վիշ­տե­րը պի­տի ըլ­լան, ա­ռանց ա­նոնց աշ­խար­հի վրայ կեանք մը խոր­հիլ, ակն­կա­լել, միամ­տու­թիւն է, քա­նի որ Յի­սուս ինք ը­սաւ թէ ան­պա­կաս պի­տի ըլ­լան այդ բո­լո­րը։

Ու­րեմն քա՛ջ ըլ­լանք, ա­ղօ­թենք եւ խնդրենք, որ Տէր Յի­սուս ա­ւելց­նէ մեր քա­ջու­թիւ­նը, տո­կա­լու եւ հան­դուր­ժե­լու ու­ժը եւ կա­րո­ղու­թիւ­նը։ Եւ մեր ա­ղօթ­քը չըլ­լա՛յ՝ նե­ղու­թիւն­նե­րէ զերծ մնալ, այլ ա­նոնց դէմ պայ­քա­րե­լու քա­ջու­թիւն ու­նե­նալ եւ հետզ­հե­տէ զօ­րա­նալ ըլ­լա՛յ։

Մեր ա­ղօթ­քը թո՛ղ ըլ­լայ՝ ա­ւե­լի եւս ուժ եւ կա­րո­ղու­թիւն եւ ա­ւե­լի՛ քա­ջու­թիւն, տա­նե­լու հա­մար այս աշ­խար­հի ծանր եւ ճնշիչ բե­ռը։

- Մա­սամբ օգ­տուե­ցանք՝ Ա­դամ Քա­հա­նայ Մա­կա­րեա­նի «Քրիս­տո­նէու­թեան իս­կու­թիւ­նը» գոր­ծէն։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նուար 16, 2017, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Յունուար 18, 2017