ԿԵԱՆՔԻ ԽՈՉԸՆԴՈՏՆԵՐ

«Կեանքը քու ճամբուդ վրայ քարեր պիտի դնէ, դուն մտադրէ այդ քարերէն պատեր կառուցանել եւ կամուրջներ շինել»։ Այսպէս կ՚ըսէ ժողովրդական իմաստութիւնը եւ մարդկային բանականութիւնն ալ կը հաստատէ զայն, քանի որ մարդ պէ՛տք է աշխատի միշտ՝ չարիքը բարիքի, խաւարը լոյսի վերածել։ Մարդ պարտաւոր է միշտ նպաստ քաղել ամէն առիթէ, նոյնիսկ եթէ անոնք ներկայանան որպէս չարիք։ Չէ՞ որ առածը կ՚ըսէ. «Չկա՛յ չարիք որ չծնի բարիք»։

Արդարեւ, բնութեան օրէնքին տրամաբանութիւնը այն է թէ՝ ուր որ բարիք կայ, հո՛ն չարիք ալ պիտի ըլլայ, եւ մարդուն պարտականութիւնն է այդ չարիքը վերածել բարիքի։ Բնութենէն դարձեալ առնենք օրինակը՝ ցորենը՝ ցորեն, բայց յարդ ինչո՞ւ ունի, նաեւ վարդը՝ վարդ, բայց փուշ ինչո՞ւ ունի։ Բայց ա՛յս է օրէնքը՝ ուր որ ցորեն կայ, հոն պիտի ըլլայ նաեւ յարդ եւ ուր որ վարդ կայ, հոն պիտի ըլլայ նաեւ փուշ։ Թերեւս, ցորենը՝ ցորեն ընողը յարդն է, ինչպէս վարդը՝ վարդ ընողն ալ փուշը։ Եթէ չըլլար խաւարը, լոյսին արժէքը պիտի կարենա՞ր հասկնալ մարդ։

Բայց միշտ այս հակադրութիւններով հիւսուած են բնութեան ներդաշնակութիւնները։ Եւ աշխարհ հաստատուած է հակադրութիւններու հրաշալի՜ ներդաշնակութեան վրայ։ Կեանքի զանազան ծանրութիւններուն հաւասարակշռութիւնն է որ կեանքը ապրելու արժանի ընթացք մը կ՚ընէ։

Մարդուն պարտականութիւնը եւ պատասխանատուութիւնն է՝ կեանքի չարիքները եւ բարիքները տեսնել, անոնց միջեւ նախընտրութիւն մը ընել եւ կարելին ընել, որպէսզի չարիքները վերածուին բարիքի։

Վարդը եւ իր փուշը։ Ինչո՞ւ համար վարդը առանց փուշի չէ։ Ասիկա բնութեան անողոք եւ նոյնքան անայլայլելի օրէ՛նքն է։ Եւ սակայն օրէնքին բացատրութիւնը կարեւոր չէ այնքան, այլ՝ բուն իսկ օրէնքի իրականութիւնը՝ անոր անայլայլելի եւ մշտնջենաւոր ըլլալը։ Բնութեան օրէնքը՝ որ կը յայտնուի եւ կը հռչակուի սա՛ է թէ՝ վարդը առանց փուշի չ՚ըլլա՛ր։ Ինչպէս բնութեան մէջ վարդը առանց փուշի չ՚ըլլար, նոյնպէս՝ մարդկային կեանքի մէջ ալ առանց չարիքի բարիք չ՚ըլլար։

Լոյսը ինչո՞ւ կայ։ Լոյսը կա՛յ, որպէսզի խաւարը, մութը փարատէ։

Մարդկային կեանքի մէջ ինչո՞ւ ձախորդութիւններ կան։ Ձախորդութիւններ կան, որպէսզի յաջողութեան յարգը գիտցուի, յաջողութիւնը «արժէք» մը ստանայ. ձախորդութիւններ կան, որպէսզի մարդ դասեր քաղէ եւ յաջողութիւն ձեռք ձգելու համար աշխատի։

Հիւանդութիւններ ինչո՞ւ կան։ Հիւանդութիւններ կան, որպէսզի մարդ առողջութեան արժէքը գիտնայ, առողջ ապրելու համար աւելի ջանք թափէ եւ բժշկուելով՝ հիւանդութեան պատճառ եղած սխալները չկրկնէ՝ աւելի ուշադիր եւ աւելի զգոյշ ապրի իր կեանքը։

Ուրեմն, կը տեսնուի, որ մարդ պարտաւոր է իր կեանքի ճամբուն վրայ դրուած «քար»երը՝ արգելք եւ խոչընդոտները յաղթահարելու հաստատակամութիւնը ունենայ, այդ «քար»երէն պատեր հիւսէ, կամուրջներ շինէ՝ վնասակարը օգտակարի վերածէ։ Մարդուն կեանքի նպատակը ա՛յս է…։

Արեւը կը ծագի, բայց միջոց մը վերջ կը կորսուի, դարձեալ մութը կը տիրէ, բայց այդ մութն ալ միջոցի մը համար է, որովհետեւ արեւը դարձեալ պիտի ծագի. անպայմա՛ն, քանի որ ա՛յս է բնութեան անայլելի եւ մշտնջենաւոր օրէնքը։

Բնութեան այս օրէնքը ունի նաեւ իր բարոյական կողմը, քանի որ ամէն օրէնք՝ յետին վերլուծութեամբ՝ Աստուծոյ կամքին մէկ յայտնութիւնն է։

Չէ՞ որ այնքա՜ն արժէքաւոր ոսկին ցեխերու աղտոտութիւններու մէջէն ձեռք կը ձգուի. պէտք է որ ան զտուի, մաքրուի, որպէսզի փայլի եւ արժէք ստանայ։ Հանքէն հանուած ադամանդը չի շողար, չի փայլիր, վերջապէս պարզ քարէ մը որեւէ տարբերութիւն չի ներկայացներ, բայց երբ կտրուի եւ տաշուի, այն ատեն կը շողայ, կը փայփլի, արժէք կը ստանայ։ Արդարեւ, հանքէն հանուած ադամանդին եւ պարզ քարի մը տարբերութիւնը մարդուն անոնց տուած արժէքն է՝ աշխատութեամբ, հոգատարութեամբ։ Եթէ մարդ չաշխատի եւ ադամանդի չվերածէ հանքէն հանուած «քար»ը, այն կը մնայ պարզապէս «քար» մը՝ անարժէք եւ աննշան։ Եւ նոյնն է բոլոր մետաղներուն՝ անոնք ալ հանքին մէջ խառնուած են հողի եւ անպէտ, անօգուտ տարրերու հետ, պէտք է որ անոնք որոշ գործողութիւններու ենթարկուին, մաքրուին եւ գործածելի ըլլան՝ որպէս «մետաղ» որ մարդուն ծառայեն զանազան պարագաներու մէջ։

Մարդուս կեանքն ալ, ան ալ չ՚անցնիր երբեք միօրինակ փորձառութիւններով։ Անշուշտ որ հոն կան եւ պիտի ըլլան ելեւէջներ, չարիքներ եւ բարիքներ. նման՝ վարդին եւ փուշին, ցորենին եւ յարդին, արեւածագին եւ արեւմուտին, լոյսին եւ խաւարին…։

Ուստի, մարդուս կեանքը շղթայ մըն է՝ որուն օղակներէն ոմանք վարդ են, ոմանք փուշ, ոմանք ցորեն, ոմանք յարդ. ոմանք ոսկի են, ուրիշներ արծաթ, բայց մեծ մասամբ ժանգոտած երկաթ…։

Եւ դարձեալ առածը կ՚ըսէ. «Նախընտրելի է մաշիլ, քան՝ ժանգոտիլ»։ Ուրեմն, չժանգոտելու համար պէտք է տեւական, անխոնջ կերպով աշխատիլ, ջանք թափել՝ որպէսզի կեանքի շղթային օղակները չժանգոտին եւ պէտք է մարդ կեանքի ճամբուն վրայ տարածուած քարերը հաւաքէ եւ անոնցմէ շէնքեր, կամուրջներ կառուցանէ, փոխանակ այդ քարերուն պատճառով սայթաքելու…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 15, 2021, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յունուար 18, 2021