ԻՆՔՆԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ
Մարդ եթէ կ՚ուզէ իր հոգեւոր կեանքը իբրեւ հաւատքի կեանք զօրացնել, շատ կարեւոր է իր անձը փորձել, ինքզինք քննել ատեն ատեն։ Ասոր համար է, որ առաքեալը կը պատուիրէ. «Փորձեցէք ձեր անձերը հաւատի մէ՞ջ էք»։
Այդ հաւատքը, այդ հոգեկան համոզումները կրնան խախտել, կրնան նեղութիւններու, հալածանքներու, սկեպտականութեան հովեր եւ հեղեղներ զարնել այդ «հոգեկան շէնք»ին եւ կրնան անոր հիմնադրութեան իմաստութեան համեմատութիւնով կործանում, աւերում ստանալ։
Բայց ինչո՞ւ թափառիլ տեսական բացատրութիւններու մէջ. մենք բոլորս ալ չունի՞նք միթէ փորձառութիւն այս հարցին մասին։ Միշտ հաւատքի նոյն բարձրութեան վրայ կը կենա՞նք, միշտ հոգեւոր կեանքի նոյն «ծաղկեալ դալար ովասիսներո՞ւն» մէջ կը շրջագայի՞նք, միշտ հոգեկան վեհութեան թեւերո՞վ կը թռչինք. չունի՞նք նաեւ վայրկեաններ, որոնց մէջ յուսահատութեան եւ մինչեւ իսկ յուսալքման ձորերուն մէջ թափառինք, աշխարհասիրութեան անապատներուն, անջրդի տարածութիւններուն, խաւարին մէջ կը մոլորինք եւ կամ ծովերու մէջ կը տատանինք, կը տարուբերինք եւ դէպի անկումի անդունդները կը գահավիժինք եւ կը կորսուինք։
Հետեւաբար մշտարթուն պահապանի մը պէս պէ՛տք է հսկենք մեր հոգեւոր կեանքին՝ մեր հաւատքի կեանքին վրայ, չըլլայ թէ այդ երանութեան Եդեմին մէջ սպրդին կասկածի «սեւ օձեր» եւ խարկանքի, դաւաճանութեան մութ գիշերը իջեցնեն մեր լուսաբաղձ հոգիներուն վրայ։
Ուստի փորձենք մենքզմեզ՝ քննենք մեր անձերը, գիտնալու համար, թէ ունի՞նք հին աւանդական ճշմարիտ հաւատքը, հին եռանդը, հին կարօտները, հին բաղձանքները, հին երանելի՜ հոգեւոր զօրութիւնը։ Փորձենք մեր անձերը՝ անդրադառնանք մեր ներքին աշխարհին, որպէսզի քունի մէջ չգտնուինք Երկնաւոր Փեսային՝ Յիսուս Քրիստոսի գալուստի ատեն. փորձենք, քննենք մեր անձերը, որպէսզի յանկարծակիի կամ, ըսենք. անակնկալի մը առջեւ չգտնուինք Աւետարանի «չար ծառայ»ին պէս։
Ուստի, ճշմարիտ հաւատացեալը՝ հսկող մը, պահապան մը պէտք է ըլլայ իր իսկ հոգիին, իր հաւատքին, հաւատքին աւանդներուն վրայ։ Այո՛, փորձենք մեր անձերը, քանի որ մարդ մեքենայ մը չէ եւ պիտի չըլլայ երբե՛ք. քանի որ ան ունի հոգի մը, միտք մը, ազատ կամք եւ դատողութեան կարողութիւն։
Արդարեւ, մարդ պէտք է յաճախ հոգեւոր հաշուեկշիռ մը կատարէ ինքն իրեն, բաղդատական հաշիւ մը կատարէ իր «ԵՍ»ին հետ։ Եւ ասիկա, ահաւասիկ, կը նշանակէ ինքնաքննութիւն կատարել, փորձել ինքզինք եւ ըստ այնմ հաւատքը զօրացնել՝ թերահաւատութենէ ձերբազատուիլ։ Ուստի, ինչպէս յաճախ կը յիշենք՝ հաւատքը առանց հասկնալու չի հասնիր իր նպատակին, քանի որ մարդ բանաւոր էակ մըն է եւ քննել, քննարկել, որոշել մարդո՛ւն յատուկ հանգամանք մըն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024