ՔԱՍԻՄ ԵՒ ԿՈՄԻՏԱՍ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

Յաճախ ըսած ենք, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն մէջ գրելը պատիւ մըն է գրողի մը համար, որովհետեւ անոր էջերուն մէջ յայտնուած են շատեր՝ որոնք որպէս մեծեր կը յիշուին այսօր պատմութեան եւ գրականութեան մէջ։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն մէջ շատ մը յայտնիներ տեղ գտած են եւ խօսելով անոնց մասին կարելի չէ չյիշել հայ ազգի մեծագոյն պարծանքներէն Կոմիտաս Վարդապետը, որուն ստորագրութիւնը եւս յայտնուած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն:

Սակայն պատմութեան դիմաց արդար ըլլալու համար ըսենք, որ Կոմիտասի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն մէջ յայտնուիլը այնքան ալ դրական պատճառ մը չունէր։ ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի հիմնադիրներէն Միսաք Գօչունեան (որ յայտնի էր «Քասիմ» անունով) Կոմիտասի մասին բացասական կարծիք մը ունէր։ Քասիմ Պոլսոյ գրական շրջանակին մէջ համբաւ ունենալով բնականաբար ըրած քննադատութիւնները տարածուած էր եւ հասած էր մինչեւ Կոմիտաս Վարդապետին: Քասիմի կեցուածքին մասին կարելի է փաստեր գտնել ԺԱՄԱՆԱԿ-է բացի այլ թերթերու մէջ. օրինակ՝ 11 նոյեմբեր 1910 թուականին Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Չէզոք» թերթի 2-րդ էջին մէջ (թիւ 4, Ա. տարի) հետեւեալ տողերը կը կարդանք. «Հակառակ դեռ աւագ շաբթու մէջ չըլլալնուս, Քասիմին բարեպաշտութիւնը բռներ էր նորէն անցած շաբաթ: Խաչի այդ մեծ հաւատացեալը, նոր առաքելութեան մըն էր ելեր, պայքար մը բանալով Կոմիտաս Վարդապետի համերգին դէմ, զայն հռչակելով Հայ Եկեղեցիի ոգիին դէմ սրբապղծում մը»:

Պէտք է նկատի ունենալ, որ Քասիմ ծայրայեղ հաւատացեալ մըն էր. եկեղեցական արարողութիւնները, տօներն ու աւանդութիւնները յատուկ իմաստ ու տեղ ունէին իր կեանքէն ներս. ան նոյնիսկ եկեղեցական տօներու առիթով թերթ չէր հրատարակեր. օրինակի համար «Մանզումէ»ի խմբագիր եղած ժամանակ եկեղեցական տօնի նախօրեակին կը գրէր. «Մանզումէ իբր Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հարազատ զաւակ՝ վաղը չի հրատարակուիր»:

Քասիմի այս ընթացքին մասին կը կարդանք նաեւ հայագէտ Յակոբ Սիրունիի «Կոմիտասին հետ» խորագրեալ ընդարձակ ուսումնասիրութեան մէջ եւս. հայագէտը «Էջմիածին» հանդէսի 1966 թուականի ԻԳ. թիւին մէջ կը գրէ. «Թերթեր ալ կային, որոնք կը շարունակէին համ առնել «շարքի»ներէն ու «մանի»ներէն, եւ առիթ կը փնտռէին Կոմիտասը խծբծելու: Այդ թերթերէն մէկը «Ժամանակ»ն էր, ուր Քասիմ, խմբագրապետը թերթին, տիրացուներու հովանաւոր կը մնար»:

Այս ստեղծուած մթնոլորտին դիմաց Կոմիտաս Վարդապետ 22 սեպտեմբեր 1910 թուականին նամակ-յօդուած մը կը գրէր. այդ գրութիւնը լոյս կը տեսնէ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի 8 հոկտեմբեր 1910 թուականի թիւին մէջ՝ «Երաժշտագէտ Տ. Կոմիտաս Վարդապետի բացատրողականը» խորագրով:

Այս վիճաբանութեանց պատճառը մէկ էր. Կոմիտաս Վարդապետ եկած էր ծաղկեցնելու երաժշտութիւնը. մի քանի առիթներով Կոմիտաս Վարդապետ խօսած էր Պոլսոյ մէջ տեղ գտած երաժշտութեան մասին եւ այդ մէկը սխալ հասկացողութեան մը տեղ տուած էր, տարածելով այն կարծիքը, որ Կոմիտաս «անորակ» կը նկատէ պոլսահայ երաժշտութիւնը: Այդ իսկ պատճառով Կոմիտաս Վարդապետ իր բացատրողականին մէջ պէտք կը զգար ըսելու հետեւեալը. «Ես չեմ ասել «Պոլսահայ երաժիշտները շատ հեռի են արժէքաւոր ըլլալէ». Կոմիտաս Վարդապետ շարունակելով կ՚ըսէ. «Ես չեմ ասել «նոյնիսկ ինքնազարգացման մղումը չունին եւ արդէն մեծ բան մը չեն արժեր, բայց ինքնին շատ յաւակնոտ են իրենց կարողութեան վրայ»:

Կոմիտաս Վարդապետի այս խօսքերը ցոյց կու տան, որ անոր խօսքերը շատերու կողմէ աղաւաղուած եւ տարածում գտած էր պոլսահայ շրջանակէն ներս եւ հետեւաբար (ինչպէս նաեւ բնականաբար) անոր դէմ «ատելութիւն» մը տարածուած էր: Սակայն հակառակ այս բոլորին, Կոմիտաս Վարդապետ կը խոստովանի որ կծու խօսքեր ըսած է կարգ մը պոլսահայ երաժիշտներու մասին. ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ գրած իր բացատրողականին մէջ կը գրէ. «այլ ասել եմ «նոյնիսկ ճանաչում եմ պոլսահայ երաժիշտներ, որոնք մի բան չարժեն, բայց եւ թերթերի մէջ քննադատում են եւ յօդուածների տակ «մասնագէտ երաժիշտ» են ստորագրում»:

Կոմիտաս Վարդապետ այդ «մասնագէտ երաժիշտ»ներու շարքին կը դասէ՞ր Քասիմը՝ չենք գիտեր. Կոմիտաս Վարդապետ կը յիշէ, թէ այդ «մասնագէտ երաժիշտ»ներէն մէկուն յօդուածը կարդացած էր «Մանզումէի» մէջ եւ Քասիմ եղած էր խմբագիրը այդ թերթին. խօսքը Քասիմի մասի՞ն էր արդեօք. Կոմիտաս Վարդապետ կը գրէ. «Օրինակն էլ բերել եմ. թէ ինչպէս (կարծեմ Մանզումէի Էֆքեարի մէջ) բազմաձայն երաժշտութեան մասին տարրական հասկացողութիւն չունեցող մէկը, առանց քաշուելու, դատափետում էր Չիլինկիրեանի եռաձայն պատարագը, որ իր բոլոր թերութիւններով, էլի մի բանի նման էր, քան ինքզինքը «մասնագէտ երաժիշտ» հռչակողի սրբագրած եռաձայնը»:

Այս բոլոր սուր ու կծու խօսքերէն ետք Կոմիտաս Վարդապետ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն մէջ կը գրէ. «Ինձ «ՄԻԱԿ ԵՐԱԺՇՏԱԳԷՏ» կամ «ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾ» համարելու եւ հռչակելու ո՛չ յաւակնութիւնն եմ ունեցել եւ ո՛չ էլ երեւակայել: Ընդհակառակը, շատ տեղ քանիցս առիթ եմ ունեցել մեծ բազմութեան առաջ խոստովանելու, որ եթէ բաղդն ինձ չի ժպտար եւ ես Ս. Էջմիածին եւ ապա իմ անգին բարերար Պ. Աղէքսանդր Մանթաշեանի միջոցաւ Գերմանիա չգնայի, կը լինէի իմ հայրենիքում Կուտինայում, շատ շատ մի կօշկակար, որովհետեւ որբիս խնամող Յարութիւն հօրեղբայրս էլ կօշկակար էր եւ ակնյայտ բան է որ ես էլ ամենայն հաւանականութեամբ նրան պիտի աշակերտէի»:

Այստեղ պէտք չէ մեղադրել ո՛չ Կոմիտասը եւ ո՛չ ալ Քասիմը, որովհետեւ ժամանակն ու մտածողութիւնը ամբողջութեամբ տարբեր էին. ակնյայտ է սակայն, որ հասարակութիւնը մտահոգող ամենէն կարեւոր նիւթերը տեղ կը գտնէին մամուլի էջերուն մէջ: Աւելին, գնահատելի՛ եւ նախանձելի է, որ եղած են մարդիկ, որոնք հետաքրքրուած են եկեղեցական երաժշտութեամբ, հայ մշակոյթով եւ կծու խօսքերով հանդերձ փորձած են այսպէս կամ այնպէս տէր դառնալ. մեր նպատակը այստեղ սխալ ու ճիշդ գտնելը չէ. մեր նպատակը ընդգծելն է հետաքրքրութիւնն ու կապուածութիւնը արժէքներու հանդէպ՝ որոնք այսօր լքուած են եւ դատապարտուած կորսուելու:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Քանի հոգի զոհուեցաւ Սպիտակի երկրաշարժին ժամանակ։

Պատասխան. Սպիտակի երկրաշարժը, որ յայտնի է նաեւ որպէս 1988 թուականի երկրաշարժ, տեղի ունեցած է 7 դեկտեմբերին, Հայաստանի մէջ: Երկրաշարժը աւերիչ էր. պաշտօնական տուեալներու համաձայն, երկրաշարժի ընթացքին զոհուած է մօտաւորապէս 25 հազարէն մինչեւ 30 հազար մարդ. անոնց կողքին եղան բազմաթիւ վիրաւորներ եւ բազմահազար ժողովուրդ անօթեւան մնաց: Երկրաշարժի ուժգնութիւնը 6.8 էր. երկրաշարժը պատահեցաւ առաւելաբար Սպիտակի, Լենինականի (այժմ Կիւմրի) եւ Կիրովականի (այժմ Վանաձոր) քաղաքներուն մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 18, 2024