ԿԵԱՆՔԻ ՆԵՐՔԻՆ ՄՂՈՒՄՆԵՐ

Յաճախ կը յիշենք ճշմարտութիւն մը՝ թէ կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն կը սկսին ընտանիքէն։ Դպրոցը եւ դաստիարակը մեծ մասամբ կը ձեւաւորէ, կը կաղապարէ եւ կը համակարգէ տղուն իր ընտանիքէն ստացած հիմնական կրթութիւնը եւ դաստիարակութիւնը։

Արդարեւ դպրոցը տղուն ամէն շարժումին մէջ պիտի աշխատի մշակել կարողութիւն՝ անկախօրէն կառավարելու իր մէջ յորդող ուժերը։ Բնածին այն բոլոր ուժերը՝ որոնք անհատին կենցաղին եւ վարքին մղիչ զսպանակները կը կազմեն, պիտի չթողունք իրենց կոշտ բնական վիճակին մէջ։ Պիտի ուզենք կոկել զանոնք եւ եղանակաւորել։ Ո՛չ մեր անդրադարձ շարժումները, ո՛չ բնազդները, ոչ ալ իմացականութիւնը մեծ օգուտներ կրնան խոստանալ անհատին, եթէ «ձեւի չբերուին»՝ համաձայն ազգին բա՛րձր դասած եւ ընդունած սկզբունքներուն։

Անդրադարձ շարժումները, բնազդները եւ իմացականութիւնը, բոլորը էական ուժեր են անհատին մէջ, զորս պէտք է պահպանել, եւ սակայն կազմակերպելով, համակարգելով, ձեւաւորելով եւ ուղղութիւն տալով, մշակելով, հետզհետէ զարգացնելով պահպանել…։

Ուստի զօրաւոր նկարագիր ունեցողը այն է, որ կրնայ տիրել իր ներքին ուժերուն, ներքին մղումներո՛ւն։

Կրթութիւն մը որ չի զօրեր մարդկային արարածին տալ ինքզինք ձեւաւորելու, կազմակերպելու, չափաւորելու, իր անհատական ուժերը ներդաշնակելու եւ համակարգելու՝ կարգապահելու, զանոնք ուղի՛ղ մատակարարելու գիտութիւնը, կը վրիպի եւ կը շեղի նպատակէն՝ որուն կոչուած է առաջին օրէն իսկ։ Մենք մանաւանդ այսօր պէտք ունինք իրենց իմացական եւ բարոյական ուժերը, մղումները կազմակերպելով, չափ եւ կշիռի ենթարկելով, զսպելով լաւագոյն արդիւնքներու համար գործածել սորվող, դաստիարակութեան ենթարկուող երիտասարդութեան մը։

Ահաւասիկ, ճիշդ այս կէտին, շատ կարեւոր է եւ անհրաժե՛շտ սորվեցնել բարոյական արժէքները դատել, կշռել եւ մանաւանդ գործնականի վերածել։ Ամէն գնահատանք «բարոյական կշռում»ի մը, արժէքի մը գաղափարին վրայ հիմնուած է։ Չափ եւ կշիռ, արժէքներու շիտակ գնահատման համար անհրաժեշտ են։

Արդարեւ մարդու մը մեծութեան ամենէն ստոյգ չափանիշներէն, անշեղ ստուգանիշներէն է «կարենալ իրերուն եւ իրողութիւններուն՝ դէպքերուն տալ ճի՛շդ իրենց արժէքը եւ ո՛չ աւելին», ինչ որ յաճախ կը պատահի եւ անհամաձայնութիւններու առիթ կը ստեղծէ։

Առաքինութիւն մը, մասնայատկութիւն մըն է անձ մը եւ կամ դէպք մը, երեւոյթ մը շիտակ կարենալ գնահատել, անոր կարենալ տալ ճիշդ այն արժէքը՝ որուն իրապէս արժանի՛ է. եւ ո՛չ աւելին, ո՛չ պակասը։ Իր արժէքը պակաս գնահատուող մէկը կը վշտանայ, իսկ աւելի գնահատուողը կը շփանայ, եւ երկու պարագային ալ վնասուողը հասարակութիւնը կ՚ըլլայ, եթէ հաշուի չառնը-ւի արժէքը պակաս գնահատուողին արժանապատուութեան վիրաւորանքը։ Այս պարագային իր արժէքէն աւելի գնահատուողը միշտ գոհ վիճակի մէջ կը գտնուի, քանի որ ստացած է արժէք մը՝ որուն երբեք արժանի չէ, արժանի ըլլալու ջանք չէ ըրած…։

Այս կէտը, ընդհանրապէս շատ թերի մնացած է, մինչդեռ էական հարց մը պէտք է նկատուի։ Ուստի պատմական որեւէ դէպք, ընկերային որեւէ պատահար պատրաստ ենք ընդունելու չափազանցեալ արժէքներով, եւ այս պատճառով է որ, զոր օրինակ, պարզ հարց մը կրնայ կարեւոր երկպառակութիւններ, անմիաբանութիւններ եւ անհամաձայնութիւններ ստեղծել եւ վնաս պատճառել հասարակաց բարիքին։

Տղան որ մանուկ հասակին մէջ տակաւին չի գիտեր ոսկիին եւ թիթեղէ խաղալիքին ճիշդ համեմատական արժէքը, դիւրաւ պիտի փոխէ մին միւսին տեղ։ Ան չունի «արժէք»ի գաղափարը։ Երիտասարդ մը որ չէ՛ դաստիարակուած այնպէս, որ կարենայ զանազանել եւ զատորոշել այս դրութեան արժէքը այն միւսէն, շատ բնականօրէն նաեւ պիտի չկարենայ զանազանել եւ տարբերութիւնը հասկնալ իր այս արարքին իմաստը միւսէն։ Արժէքները բաղդատելու համար հմտութիւն եւ փորձառութիւն ունենալու է, ինչ որ ժամանակի կը կարօտի։ Արժէք գնահատել հասունութիւն կը պահանջէ։

Ուստի դպրոցին բարոյական պարտականութիւնն է, իւրաքանչիւր անկիւնադարձին մշակել եւ զարգացնել տղուն մէջ չափի եւ համեմատութեան գաղափարը, կշռելու, արժէքներ բաղդատելու, դատելու եւ գնահատելու կարողութիւնը։ Դպրոցներու մեծ վտա՛նգն է տղաքը «մտաւորական բեռնակիր»ներ դարձնել, երբ կոչուած են «մտքի մշակ»ներ ըլլալու։

Աւելի դիւրին, եւ անմիջական արդիւնքէն դատելով աւելի փայլուն գտնուած է՝ տղոց հաղորդել պատրաստուած պաշար, քան անոր մէջ քաջալերել ինքնատիպ աշխատանքի սէրը, զոր ան ունի բնականէն։ Թող տղուն սորվածը արդիւնքը ըլլայ իր անձնական աշխատութեան։ Ան թող ընէ իր հանապազօրեայ գիւտերը, փոխանակ ընդունելու ուսուցչի ձեռքէն հանապազօրեայ պաշար։ Փոխանակ «պատրաստ գիտելիք»ներու, աշխատանքով, ջանքով ստացուած գիտելիքները եւ տեղեկութիւնները աւելի կը տպաւորեն ենթական եւ կը տեղաւորուին մտքի մէջ։

Այս ուղղութեամբ «անձնական պատասխանատուութեան զգացում»ը ամենէն դըժ-ւար գիծն է՝ որ կարելի ըլլայ մշակել մանաւանդ հաւաքական խումբով ապրող տղոց մէջ։ Տղան մանկութենէ ա՛յնքան շրջապատ-ւած է ուրիշներու հոգածութեամբ, որ ոչ մէկ բանի մէջ կ՚ուզէ անձնական պատասխանատուութիւն զգալ։ Բայց լա՛ւ է իր կեանքին համար, որ ամէն առիթով զինք դնենք քիչ մը աւելի այդ լուծին ներքեւ։ Տանք իրեն փոքր պատասխանատուութիւններ եւ հաստատենք անոր մէջ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն։ Տանք տղուն իր ազատութիւնը եւ որոշ չափով անկախութիւնը՝ որ անձնականութեան կազմաւորման սկիզբն է, եւ պահանջենք անոր հաշիւը։ Անիկա պէտք է ճանչնայ, պէտք է սորվի ճանչնալ իր արարքին պատասխանատուութիւնը։ Խուսափող չըլլա՛յ, տեղ մը մելան թափած է, ապակի մը կոտրած է. պարտականութիւն զգայ՝ մաքրելու, կորուստը դարմանե՛լու…։

- Օգտուեցանք Բիւզանդ Եղիաեանի «Բարոյական դաստիարակութիւն դպրոցին մէջ» ուսումնասիրութենէն, Անթիլիաս, մարտ 18, 1939։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 25, 2019, Իսթանպուլ 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2019