ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (ԻԷ.)
ԴՊՐՈՑՆ ՈՒ ՄԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ
Որպէս ծնողք անկասկած բոլորս ալ կ՚ուզենք, որ մեր զաւակները դպրոց յաճախելով լաւ կրթութիւն մը ստանան ու հասնին այնտեղ՝ ուր գուցէ մենք չենք կրցած հասնիլ: Մանաւանդ Միջին Արեւելքի պատերազմական վիճակը նկատի ունենալով, շատ անգամ մեր հայրերն ու մայրերը դպրոցն իսկ աւարտելու բախտաւորութիւնը չեն ունեցած:
Ամէն մէկ ծնողքի համար դըպ-րոցը տարբեր հասկացողութիւն մը ունի. ոմանք իրապէս կը գիտակցին դպրոցին կարեւորութեան, իսկ ուրիշներ պարզապէս հասարակութեան հետեւելով կը կատարեն նոյնը՝ այդ մէկը որպէս «պարտադիր օրէնք» ընդունելով: Այնպէս ինչպէս ամէն ծնողք տարբեր ձեւով կ՚ընկալէ դպրոց հասկացողութիւնը, այնպէս ալ ամէն մանուկի համար տարբեր հետաքրքրութիւն կ՚ունենայ դպրոցը եւ զաւակէ զաւակ, մանուկէ մանուկ կը տարբերի: Եւ մեր այսօրուան հիմնական նիւթը այդ տարբերութիւններն են:
Որպէս ծնողք պէտք է հասկնալ, որ իւրաքանչիւր մանուկ-պատանի ունի տարբեր խառնուածք, մտածելակերպ ու մտային կարողութիւններ, որ կրնայ հասակակիցէ մը աւելի լաւ, սակայն ուրիշէ մը աւելի ետ ըլլալ. այստեղ սակայն նրբութիւն մը. մեր զաւակներուն դասը սորվելու եւ ընկալելու կարողութիւնը ինչքան ալ «ի ծնէ» ըլլալ թուի, իրականութեան մէջ դարձեալ դաստիարակութեան հետ կապ ունի:
Մերօրեայ ծնողներուն մեծագոյն հարցերէն մին զաւակին մէջ կրթութեան եւ դասերուն հանդէպ սէր սերմանելն է. յաճախ կրթութեան հանդէպ սէր չունենալը իր խառնուածքին մաս ըլլալ կը կարծենք եւ կը ստեղծենք համոզում մը, որ մեր զաւակը դաս սորվելու «երես» չունի, սակայն իրականութեան մէջ այդ «չուզել»ը կրնայ հիմ-նըւած ըլլալ տարբեր տարբեր հոգեբանական ու մանկավարժական բացթողումներու վրայ եւ որպէս ծնողք պարտաւոր ենք քննել ու վերլուծել այդ խնդիրները:
Ծնողներ, մանաւանդ հասարակութեան եւ անգիր օրէնքներու հետեւող ծնողներ, ընդհանրապէս իրենց զաւակները կը ղրկեն իրենց տան ամենէն մօտիկ դպրոցը, որովհետեւ դպրոց հասկացողութիւնը իրենց համար նոյնն է եւ ամէն դպրոց «նոյն»ն է: «Նոյն» եւ «պարզ» կարծուած դպրոցը, իր ընկերային միջավայրով, իր ուսուցչական կազմով շատ մեծ դեր կ՚ունենայ մեր զաւակներու ապագային վրայ. ուսման հանդէպ իր սէրը մեծապէս պայմանաւորուած է այդ երկուքով. ընկերային ոչ-առողջ մթնոլորտ մը, մանկավարժութենէ մերկ ուսուցիչ մը կրնայ անոնց մէջ փշրել ուսումի փափաքը:
Կը տեսնենք, թէ շատ մը ծնողներ մօտէն չեն հետեւիր իրենց զաւակներու դպրոցական կեանքին եւ տարին մէկ կամ երկու անգամ դպրոց այցելելով իրենց «պարտականութիւն»ը կատարած կը կարծեն: Մեր մանուկներու դպրոցական կեանքը լուրջ հետեւողականութիւն կը պահանջէ եւ այդ մէկը կատարելու լաւագոյն ձեւը, ինչպէս միւս բոլոր երեւոյթներու պարագային, այստեղ եւս առողջ հաղորդակցութիւնն է. պէտք է ստեղծել այնպիսի մթնոլորտ, որպէսզի մանուկ-պատանին զգայ անկաշկանդ այնպէս ինչպէս լաւ ու դրական դէպքերու, նոյնպէս ալ ժխտական երեւոյթներու մասին:
Այսօր շատ մը մանուկ-պատանիներ իրենց ծնողներուն հետ դպրոց երթալ չուզելու պայքարը կը մղեն եւ ոչ գիտակից ծնողներ այդ որոշումին պատճառները ուսումնասիրելու եւ հասկնալու փոխարէն պարտադրանքով, շատ անգամ բարկութեամբ ու ծեծով կը փորձեն փոխել այդ որոշումը: Դպրոց երթալ չուզելը անպայման ծուլութիւն չ՚ենթադրեր:
Որպէս ծնողք մեզի համար առաջնահերթը դասն է, սակայն մանուկ-պատանիին համար առաջնահերթը մթնոլորտն է, ընկերային շրջանակն է: Աշխարհի ամենէն խելացի ու ուշիմ մանուկ-պատանին անգամ կրնայ ոչ փայլուն արդիւնքներ արձանագրել, եթէ ունի խնդիրներ կապուած՝ շրջանակին, ուսուցիչներուն եւ մթնոլորտին:
Մանուկ-պատանիին համար մեծագոյն «ոճիր»ներէն մէկն է հասակակիցներու կողմէ ծաղրանքի ենթարկուիլը (Bullying), ինչ որ կրնայ անոնց մէջ սպաննել դպրոցի հանդէպ սէրը. շատ անգամ ուսուցիչներ եւս կրնան չնկատել պատանիներու մէջ կատարուածը, ա՛յդ է պատճառը, որ կը կարեւորենք երկխօսութիւնը, որովհետեւ նման պարագայ մը յայտնաբերելով կարելի է առաջքը առնել եւ մանուկ-պատանին փրկել դըպ-րոցի հանդէպ իր ունեցած ատելութենէն, որովհետեւ այդ մէկը ոչ միայն իր դպրոցական կեանքին, այլ իր ամբողջ ապագային վրայ ազդեցութիւն կ՚ունենայ:
Եթէ մանուկը դասերուն մէջ լաւ արդիւնքներ չարձանագրէր, պոռալու, ծեծելու եւ կամ բարկանալու փոխարէն ուսումնասիրեցէք դպրոցական մթնոլորտը, քննարկեցէք հարցերը եւ կամ փորձեցէք փոխել դաս սորվելու ձեւն ու մթնոլորտը. ամէն մէկ աշակերտ տարբեր ձեւով կը սորվի իր դասերը եւ դուք որպէս ծնողք պէտք է գտնէք ձեր զաւակին համար յարմարագոյն ձեւը՝ որպէսզի լաւ արդիւնքներ ապահովէ:
Ի՞նչ հասկնալ լաւ արդիւնքներ ըսելով:
Գիտակից ծնողներ իրենց կեդրոնացումը պէտք չէ դնեն նիշերու վրայ. նիշերը պարզապէս թիւեր են. նիշերու վրայ կեդրոնացում դնելով ձեր զաւակները պիտի կարծեն, թէ կարեւորը նիշն է եւ միայն նիշ պիտի հետապնդեն: Պէտք է որպէս ծնողք հասկցնենք մեր զաւակներուն, թէ նիշը ո՛չ մէկ բան կը նշանակէ ձեզի համար. կարեւորը իր սորվիլն ու դաստիարակուիլն է, որովհետեւ կրնան լաւ նիշեր ապահովել, սակայն իրականութեան մէջ բան մը չսորվիլ, որովհետեւ երբ նիշը կարեւոր նկատեն գրաւորէն կամ քննութենէն առաջ կը սորվին եւ օր մը ետք ամէն բան մոռցած կ՚ըլլան:
Փաստուած իրողութիւն է, որ դպրոցէն դուրս գալ կ՚ուզեն եւ կամ ոչ փայլուն արդիւնքներ կ՚ապահովեն այն աշակերտները, որոնց տան մէջ անպակաս է վէճն ու կռիւը։ Դպրոցի մթնոլորտը, ինչպէս նաեւ տան մթնոլորտը միաձուլուած անոր մօտ կը ստեղծեն մթնոլորտ՝ լաւապէս եւ սիրելով սորվելու:
Որպէս ծնողք ձեր զաւակը մի՛ փորձէք համեմատել իր դպրոցական ընկերներէն մէկուն հետ, որովհետեւ իրականութեան մէջ անոնց մօտ գոյութիւն չունի «բարի նախանձ» հասկացողութիւնը. այդ համեմատութիւնը առողջ մրցակցութեան ոգի ստեղծելու փոխարէն ատելութեան ու թշնամութեան կրնայ վերածուիլ եւ խանգարել դպրոցի ընկերային մթնոլորտը: Պէտք է ընդունիլ, որ ամէն զաւակ ունի տարբեր կարողութիւններ ու մտածելակերպի առաւել կամ նուազ չափանիշներ: Սակայն պէտք է ընդունիլ որ չկայ ծոյլ զաւակ, որովհետեւ ծուլութիւնը եւս հիմնուած է տարբեր տարբեր երեւոյթներու եւ խնդիրներու վրայ եւ ծուլութիւնը պարզապէս հետեւանքն է միւսներուն: Այդ իսկ պատճառով պէտք է լաւապէս ուսումնասիրել «միւս»ներուն ինչութիւնը եւ առողջ ծնողական վերաբերմունք ունենալ, որովհետեւ այդ «միւս»ները բացի ծուլութենէն աւելի վատ ու ոչ-առողջ որոշումներու եւ արդիւնքներու կրնան հասցնել մեր զաւակները:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում.- Ինչո՞ւ համար գոյութիւն ունի աղքատութիւն ու հարստութիւն:
Պատասխան.- Հարստութեան եւ աղքատութեան անհաւասարութիւնը բարդ եւ բազմակողմանի երեւոյթ է: Ահաւասիկ մի քանի հիմնական անհաւասարութեան պատճառներ.
Ա.- Պատմական գործօններ.- Պատմական իրադարձութիւններ, ինչպէս օրինակ, գաղութացումը, ստրկութիւնը եւ խտրական քաղաքականութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունեցած են հարստութեան բաշխման վրայ: Այս գործօնները յաճախ անբարենպաստ եղած են որոշ խումբերու եւ անոնց յաջորդող սերունդներու համար:
Բ.- Կրթութեան անհաւասարութիւն.- Որակեալ կրթութեան հասանելիութիւնը վճռորոշ դեր կ՚ունենայ տնտեսական յաջողութեան մէջ: Կրթական անհաւասարութիւնը կրնայ յանգիլ անհաւասար հմտութիւններու եւ աշխատանքի հեռանկարի, ստեղծելով եկամուտներու անհաւասարութիւն:
Գ.- Եկամուտներու անհաւասարութիւն.- Տարբեր մասնագիտութիւններով պայմանաւորուած եկամուտի անհաւասարութիւնը, աշխատավարձերու տարբերութիւնը կը նպաստէ հարստութեան անհաւասարութեան: Անոնք, որոնք բարձր եկամուտներ ունին, կրնան աւելի խնայողութիւն կատարել եւ ներդրումներ ընելով աւելցնել իրենց հարստութիւնը:
Դ.- Տնտեսական քաղաքականութիւն.- Քաղաքականութիւնը, որ հարուստներուն կը նպաստէ, ինչպէս նաեւ չի բաւարարեր անապահով խաւերու կարիքները, կը նպաստէ անհաւասարութեան:
Ե.- Համաշխարհայնացում.- Համաշխարհայնացումը աշխարհի մէջ տնտեսական աճ պատճառած է, սակայն միաժամանակ ստեղծած է եկամուտներու անհաւասարութիւն: Համաշխարհայնացման օգուտները հաւասարապէս բաշխուած չէ, այդ իսկ պատճառով խումբեր կրնան տուժել:
Քաղաքականութեան փոփոխութիւնները, կրթական բարեփոխումներն ու հաւասար հնարաւորութիւններու ստեղծումը կը խթանէ մեղմել հարստութեան անհաւասարութիւնը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024