ՕՏԱՐԱՄՈԼՈՒԹԵԱՆ ԱԽՏԸ
«ՊԱՆԴԽՏՈՂՆԵՐԻՆ
«Ի՞նչ էք անում, ա՛յ խեղճ հայեր
«Որ երկրումը ցանկալի
«Թողած անուշ օդն ու այեր
«Դիմում էք գիրկն օտարի։
«Օտարն երբէք չի ճանաչում
«Ձեր ցաւին էլ, կոծին էլ,
«Օտար հողի ո՛չ մէկ խորքում
«Հային չը պէտք կեանք սիրել»։
ԳԱՄԱՌ-ՔԱԹԻՊԱ
Օտարամոլութիւնը հասարակաց ախտ մը, հիւանդութիւն մըն է, որ մանաւանդ երիտասարդ եւ մատղաշ միտքերու կ՚ազդէ, եւ պատճառ կ՚ըլլայ, որ անոնք տարուին երազային ու ցնորական դիտաւորութիւններու զգլխիչ եւ հմայիչ հոսանքներէն։ Օտարամոլութիւնը՝ տառացիօրէն կը նշանակէ՝ օտարը իր ազգէն աւելի սիրել, հիացում զգալ օտարի նկատմամբ։
Արդարեւ, այս զգացումը նոր եւ մեր օրերուն պատկանող յոյզ մը, ապրում մը չէ, ամէն շրջանի մէջ գտնուած է նման մտորումներ, մտային թեքերումներ, որ թէեւ քիչեր պատահաբար օգտուած են, բայց ընդհանրապէս կեանքերու փճացման, ընտանեկան աւերումներու, յուսալքութեան եւ յուսաբեկութեան պատճառ հանդիսացած են ընդհանրապէս։ Արդարեւ Աւետարանի մէջ՝ «Անառակ Որդի»ին առակը, որ ծանօթ է շատերուն, ցոյց կու տայ, թէ նոր եւ ժամանակիս յատուկ հարց մը չէ ասիկա։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը, անհատական եւ հաւաքական ապարդիւն մնացած զուր փորձեր, շատերու կեանքին մէջ՝ անցեալին պատահած ապրումներու վկայութիւններ ցոյց կու տան, թէ օտարամոլութիւնը վնասակար զգացում մըն է եղած։ Օտարամոլութիւնը սին, պարապ երազներու ետեւէն երթալ, խարխափիլ կը նշանակէ՝ որուն հետեւանքը անորոշ է եւ անստոյգ։ Ցնորք մը, երազանք մը, յոգնած ուղեղի պատկերացում մը, պատրանք մը միա՛յն։
Վստա՛հ եմ, սիրելի՜ բարեկամներ, շատեր շփոթ ու շուարած պիտի դիմաւորեն մեր այս կարծիքը։
Թերեւս ոմանք, յուսամ քիչեր, պիտի վրդովին եւ ժամանակավրէպ, անպատեհ պիտի նկատեն մեր գաղափարները։ Ոմանք անբոյժ յոռետես մը՝ ամէն բանի գէշ ու վատ կողմը տեսնող մէկը պիտի նկատեն այս տրուպ գրիչը։ Իրաւունք ունին, բայց անոնք ալ պէտք է գիտնան, որ լաւատես ըլլալ երբեք չի փոխեր իրականութիւնը, ճշմարտապէս ապրուած կեանքը։ Այո՛, կրնայ ըլլալ իրենց «երազ»ը իրականացնողներ, յաջողածներ, կրնայ ըլլալ նաեւ, որ անոնց թիւը մեծ ըլլայ, մեր տեսակէտը կը հաստատենք զօրաւոր եւ համոզիչ փաստի մը, պատճառաբանութեան մը (argument) վրայ, թէ՝ որեւէ բոյս երբ իր արմատէն քաղուի, փրցուի եւ տարբեր հողի մէջ տնկուի, ի՞նչ կ՚ըսէք սիրելի՜ներ, այդ տունկը կարելի՞ կ՚ըլլայ իր նախկին հողին մէջ եղածին պէս աճեցնել՝ նոր հողը որքան ալ պարարտ եւ բերրի ալ ըլլայ։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը սիրելի՜ բարեկամներ։ Արդարեւ ամէն բոյս իր հողին մէջ արգաւանդ է եւ բարեբե՛ր։ Հողը որքան ալ պարարտ ըլլայ՝ հունտը, սերմը եւ բոյսը պէտք է յարմարի անոր…։
Թերեւս պիտի ըսուի, թէ մարդը «բոյս» չէ՛։
Այո՛, միշտ կ՚ըսենք եւ կը կրկնենք, մարդը բանաւոր էակ մըն է եւ կը տարբերի բոլոր միւս ապրող, կենդանի էակներէ։ Ըսելիք չունինք այդ մասին, մենք ալ համամիտ ենք այդպէս խորհողներու հետ։
Բայց մարդն ալ ի վերջոյ «ապրող» էակ մը չէ՞։ Եւ ամէն ապրող, կենդանի էակ հասարակաց, ամէնուն պատկանող, նուազագոյն չափով յատկութիւններ, հանգամանքներ, ձիրքեր չունի՞։ Մարդն ալ ի վերջոյ «արմատ» մը չունի՞, որ է իր ծննդավայրը, իր սնած տեղը, իր ընտանիքին եւ մանաւանդ իր անցեալին գտնուած տեղը, անոր «արմատ»ներուն գտնուած «պարարտ եւ յարմար հող»ը չէ՞, այն հողը՝ որ իր նախնիները հասցուցած է, գոնէ իր ծնողները։ Հապա այս ամէնքը ցնո՞րք են, եւ օտա՜ր երկիրները, օտար հաւաքականութիւնները, օտար եւ անծանօթ «հող»երը՝ անոնք իրականութի՞ւն են, անոնք են, որ հասած բոյսը պիտի աւելի եւս աճեցնեն, զարգացնեն…։
Արդարեւ պանդխտութիւնը օտարութիւն, նժդեհութիւն է, անորոշութիւն եւ իրապէ՛ս երա՜զ։
Այո՛, կ՚ընդունիմ, եթէ երազը լաւ երազ մըն է՝ հաճելի է եւ ախորժելի, բայց ո՛չ ոք, ոչ մէկ խոհեմ եւ զգուշաւոր միտք կը տարուի, կը տպաւորուի երազներու հմայութենէն. գիտէ, որ երազը տարբեր աշխարհ մըն է եւ կեանքը՝ տարբե՛ր։
Երազի մը ետեւէն երթալ՝ հիասթափութիւն, այսինքն ակնկալութեան յաջորդող յուսախաբութիւն կը պատճառէ։ Երազով ապրիլ՝ տարբեր եւ անիրական աշխարհի մը մէջ ապրիլ կը նշանակէ, եւ ո՞վ կրնայ ապահովել, ո՞վ կրնայ հաւաստել, հաստատել, թէ ամէն երազ կ՚իրականանայ…։ Երազը՝ երազ է, իսկ կեանքը՝ իրական, ապրուած, մարդուս ապրելու կոչուած եւ պարտաւորուած աշխարհն է։
Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, Աւետարանի «անառակ որդի»ն թողուց իր հայրենի տունը, հողերը եւ օտարութիւնը, նժդեհութիւնը, անորոշութիւնը՝ պանդխտութիւնը ընտրեց, բայց իր ակնկալածէն շա՜տ աւելի վատ աշխարհ մը գտաւ, դժբախտ եւ թշուառ եղաւ, ձախորդութեան մէջ փճանալու վիճակի մատնուեցաւ եւ պարտաւորուեցաւ, ստիպուեցաւ դառնալ իր հայրենի տունը, հայրենի հողը՝ ուր ծնած, սնած եւ հասած էր։ Թերեւս «պատմութի՜ւն», պիտի ըսեն ոմանք եւ աւելցնեն, թէ ամէն պանդխտութիւն նոյն հետեւանքը չ՚ունենար եւ եզրակացնեն, ինչպէս շատեր կ՚ընեն. «Գէշ օրինակը օրինակ չ՚ըլլար…»։ Վատ օրինակը «օրինակ» կ՚ըլլայ, սիրելի՜ներ, եթէ անկէ օգտուելու, դաս առնելու մտադրութիւնը ունի մէկը։ Հապա անոնք չե՞ն որ յաճախ կ՚ըսեն. «Չկա՛յ չարիք որ չծնի բարիք…»։
Իմ շա՜տ սիրելի բարեկամներ, եկէ՛ք անգամ մը եւս խորհինք «օտարամոլութեան» մասին, թերեւս ձեր մերձաւորներուն ալ պատահի նման «հիւանդութի՛ւն» մը…։
Դեկտեմբեր 7, 2015, Իսթանպուլ