ԵՐՋԱՆԿԱԲԵՐ Է ՏԱ՛ԼԸ

«Երանելի՜ է մանաւանդ տալը քան առնելը», (ԳՈՐԾՔ. Գ 35)։ Որքան ալ որ մարդ գիտնայ, թէ տալը աւելի երջանկաբեր է եւ երանելի, ան միշտ կը նախընտրէ առնել, տեւական իւրացնել եւ երբեք չկորսնցնել իր ունեցածը։ Երբ մարդ բնական կերպով հետամուտ է շարունակ առնելու, ո՜րքան դժուար է անոր համար տալը, իրմէ տալ ուրիշին, իրեն պատկանածին բաժնեկից ընել. մէկ խօսքով՝ զոհել ուրիշին ի նպաստ։ Արդարեւ զոհողութիւնը ազնիւ, նուիրական արարք մըն է՝ ընտիր եւ առաքինի մարդու վայել գործ մը՝ որ կը նշանակէ իրմէ տալ, իրմէ պակսեցնել ի նպաստ ուրիշին, ուրիշին՝ այսինքն իր նմանի՛ն։ Ասիկա որքան անհատական, նո՛յնքան հաւաքական կեանքի համար՝ ազնուութեան եւ ազնիւ յարաբերութիւններ մշակելու համար կարեւոր հարց մըն է։

Բայց զոհողութիւնը միշտ դժուար, եւ մինչեւ իսկ անկարելի եղած է մարդուն համար։

Արդարեւ, մարդ կրնայ ինքզինք «բարի» կարծել, կրնայ «արդար» կարծել, բայց երբ կարգը կու գայ զոհողութեան, ահաւասիկ այն ատեն մարդ կը հասկնայ, թէ ո՛րքան «բարի» է եւ ո՛րքան «արդար»։

Մարդկային կեանքի մէջ նեղութիւն, տագնապ եւ տառապանք երբեք չեն պակսիր։ Բայց երկու տեսակէտով կարելի է դիտել կացութիւնը։ «Տալ» եւ «առնել», «շահիլ» եւ «կորսնցնել», «իւրացնել» եւ «զոհել», ահաւասի՛կ, մարդուս կեանքը կը տարածուի այս հակադիր առանցքներուն վրայ։ Բայց մարդկային կեանքը լեցուն է ընդհանրապէս այնպիտի պայմաններով, որոնք զրկանքի, կորուստի եւ տառապանքի պատճառ կ՚ըլլան։ Եւ այդ իսկ մարդս կը պարտադրէ միշտ զգոյշ ըլլալու՝ չկորսնցնելու, առնելու եւ իւրացնելու, որպէսզի զրկանքի, կորուստի եւ տառապանքի չմատնուի։ Մարդ իր ունեցածը ընդհանրապէս ուրիշներուն տալ, բաժնել չ՚ուզեր, խորհելով թէ այդ բոլորը զինք պիտի փրկեն տառապանքէ։ Մարդ միշտ վախ մը ունի կորսնցնելու, այդ պատճառով զօրաւոր կերպով կապուած կը մնայ իր ունեցածին, եւ կը նախընտրէ իւրացնել փոխանակ զոհելու։ Բայց ո՞վ ըսաւ, թէ Աստուծմէ եւ մարդոցմէ եւ պայմաններէ միակ նպաստաւորուողները մե՛նք պիտի ըլլանք, ո՞վ ապահովեց որ հանգիստ կեանք մը պիտի ապրինք մենք՝ ներկայիս ապրողները։ Նախնիներ երբ ունեցեր են կորուստներ, նեղութիւններ, տառապանքներ, մենք՝ ներկայիս ապրողներ ի՞նչու չունենանք։ Կեանքի օրէնքն է ասիկա եւ պատուէրը Քրիստոսի, թէ կեանքի մէջ միշտ պիտի ըլլան նեղութիւններ, բայց պէտք է քաջութեամբ դիմադրել անոնց։

Ամէն շրջանի եղած են երկունքի եւ անցման ժամանակաշրջաններ, եւ ամէն շրջան ունի իր երկունքի եւ անցման պահերը, ինչպէս եւ ներկա՛ն։ Հին կարգեր, դրութիւններ, սովորութիւններ «կը մեռնին» եւ նորեր կը ծնին։ Ուստի «անողոք ձեռք» մը կը շարժի ընկերային կեանքին մէջ «ամէն բան նոր» ընելու համար, կը շարժի այդ կամքով եւ ծրագրով։

Ընկերային յառաջդիմութիւնն է ասիկա, որ առանց երկունքի չ՚իրականանար, նեղութիւններ, տագնապներ բնական են այս պատճառով։ Եւ այս տագնապներով լեցուն շրջանին մէջ ունեցողը կը կորսնցնէ, չունեցողը կը բողոքէ։ Ամէն մարդ յորձանուտի մը մէջ բռնուած՝ չի գիտեր, թէ ի՛նչ ուղղութեամբ պիտի քշուի իր կեանքի նաւը եւ ո՛ւր պիտի նետուի վերջապէս։ Եւ այս յորձանքին մէջ ո՞ւր է մարդուս բանականութիւնը, ի՞նչ կրնայ ընել մարդուս կամքը եւ կարողութիւնը…։ Ի վերջոյ մարդ ուզէ չուզէ կը տարուի այդ յորձանքին մէջ եւ եթէ քաջ չէ, զօրաւոր հաւատք չունի, յոյս չունի՝ կը կորսուի՛։

Բայց վաղը լոյս պիտի ծագի, անտարակոյս։

Եւ ինչպէս կ՚ըսէ բանաստեղծը՝ ո՛չ մէկ խաւար կարծուածին չափ մութ չէ, քանի որ անոր մէջ անպայման կայ լոյսի շող մը, նշոյլ մը, որ ի վերջոյ պիտի յայտնուի եւ պիտի ճառագայթէ՛։ Աստուծոյ հոգին «պարապութեան» մէջ ալ է։ Ուստի ինչո՞ւ մարդ չըսէ.- հոգ չէ, թէեւ ես այս խաւարին, այս քաոսին մէջ կը կորսուիմ, բայց յաջորդ սերունդներ պիտի տեսնեն լոյսը եւ պիտի ապրին լոյսին մէջ։ Մարդուս գանգատը իրաւացի է, բայց ամէն սեփականացումի պէս, անձնասիրութեան վրայ է հիմնուած։ Գանգատ պիտի չունենար մարդ, եթէ ի՛նք ըլլար շահողը, ի՛նք ըլլար ունեցողը եւ ապագայ սերունդներ ըլլային կորսնցնողը, չունեցո՛ղը։

Ահաւասիկ այս կէտին կարեւորութիւն կը ստանայ զոհողութեան ազնիւ, մարդավայել զգացումը։

Արդարեւ մարդ թէ՛ ընկերապէս, թէ՛ տնտեսապէս, թէ՛ քաղաքականապէս եւ թէ հոգեպէս միշտ անցման շրջանի մը մէջ կը գտնուի, քանի որ միշտ յառաջդիմութեան մէջ է. տեւապէս կը բարեփոխուի, տեւապէս կը նորոգուի, տեւապէս աւելի լաւին կը ձգտի։ Բնական ընթացք մըն է ասիկա։ Նոր օրէնքներու, նոր սկզբունքներու, նոր գաղափարներու, նոր կաղապարներու փորձեր մարդո՛ւս գլխուն վրայ կ՚ըլլան, սխա՜լներ կը գործուին անխուսափելիօրէն եւ մա՛րդ կ՚ըլլայ տուժողը, բայց ուրիշ ի՞նչ ճար կայ։ Մարդուն վիճակուած է ապրիլ այս պայմաններուն ներքեւ, այլապէս ի՞նչ ճար կայ։

Մարդուն պարտքն է զոհե՛լ։ Մարդ որ միայն շահիլ, միայն ունենալ կ՚ուզէ, դատապարտուած է տուժելու եւ կորսնցնելու, բնութեան օրէ՛նքն է ասիկա, եւ գանգատը երբեք ճար չէ. այս իրողութիւնը չի փոխուիր, բայց գոնէ գանգատին քով կը դնէ մխիթարութիւնը, գոհունակութիւնը։

Ուստի ներկայ մարդկութեան պա՛րտքն է զոհողութիւնը. մարդ պէ՛տք է զոհէ՝ որ ապագայ սերունդները շահին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 17, 2019, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2019