ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԻՆ ԱՐԺԱՆԻՔԸ

Հո­գե­ւո­րա­կա­նի ար­ժա­նի­քը յա­ճախ տար­բեր գա­ղա­փար­նե­րու ար­տա­յայ­տու­թեան ա­ռիթ կ՚ըն­ծա­յէ, ա­նո­րո­շու­թեան կը մատ­նէ շա­տե­րը։ Ար­դա­րեւ ո­մանք հո­գե­ւո­րա­կա­նի ար­ժա­նի­քի ստու­գա­նի­շը կը տես­նեն գի­տու­թեան աս­տի­ճա­նին մէջ, ու­րիշ­ներ որ­պէս չա­փա­նիշ կ՚ըն­դու­նին ա­նոր մարդ­կա­յին կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը։ Բայց պէտք է ըն­դու­նիլ, որ հո­գե­ւո­րա­կա­նի ար­ժա­նի­քը՝ իս­կա­կան եւ ո­րո­շիչ ար­ժէ­քը ո՛չ իր գի­տու­թեան, ո՛չ իր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ ո՛չ իսկ մար­դոց կող­մէ ի­րեն տրուած զա­նա­զան հան­գա­մանք­նե­րու՝ դիր­քե­րու, աս­տի­ճան­նե­րու մէջ է, քա­նի որ բո­լոր այդ հան­գա­մանք­նե­րը, ա­նուն­նե­րը, տիտ­ղոս­նե­րը ի վեր­ջոյ մարդ­կա­յին-աշ­խար­հա­յին են եւ ար­տաք­նա­պէս ստա­ցուած ա­ռա­ւե­լու­թիւն­ներ։

Հո­գե­ւո­րա­կա­նի մը իս­կա­կան ար­ժա­նի­քը՝ իր մտա­ծում­նե­րը եւ ապ­րե­լա­կերպն է, որ իւ­րա­յա­տուկ է, ի՜նքն է, եւ ինք իր մտա­ծում­նե­րով, խօս­քով, կե­ցուած­քով եւ մէկ խօս­քով՝ իր կեան­քո՛վ եւ իր կեան­քին մէջ՝ ուր Աս­տուա՛ծ կը յայտ­նուի։ Այն՝ ի՛նչ որ Աս­տուած իր ստեղ­ծած ա­ռա­ջին մար­դուն տուաւ. Իր պատ­կե­րով եւ Իր նմա­նու­թեամբ ստեղ­ծե­լով զայն։

Ու­րեմն հո­գե­ւո­րա­կա­նին ար­ժա­նի­քը՝ իր Աս­տու­ծոյ նմա­նու­թիւ­նը եւ Ա­նոր պատ­կե­րը ներ­կա­յաց­նելն է։

Հո­գե­ւո­րա­կա­նի բնո­րո­շիչ ար­ժա­նի­քը՝ ա­նոր աս­տուա­ծան­մա­նու­թիւնն է։ Այն­պէս, որ ա­նոր մէջ յայտ­նուի եւ տես­նուի Աս­տուած՝ Բա­րին, Ի­մաս­տու­նը, Սէ­րը եւ բո­լոր ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը։ Հո­գե­ւո­րա­կա­նի ճշմա­րիտ ար­ժա­նի­քը՝ մար­դոց կող­մէ, Աս­տու­ծոյ նմա­նու­թեան եւ աս­տուա­ծա­յի­նին յայտ­նու­թեան պատ­ճա­ռով սի­րուիլ, փա­ռա­ւո­րուիլ է։ Մար­դը երբ կը սի­րէ մար­դը, կը փա­ռա­ւո­րէ մար­դը այն պատ­ճա­ռով, որ ան Աս­տու­ծոյ մէկ ար­տա­յայ­տու­թիւնն է, Աս­տու­ծոյ պատ­կե­րը կը ներ­կա­յաց­նէ, ա­հա­ւա­սիկ ա­նի­կա ի­րաւ հո­գե­ւո­րա­կան է եւ ար­ժա­նա­ւո՛ր։

Մարդ մար­դուն մէջ երբ Աս­տուած կը տես­նէ, այդ կը նշա­նա­կէ որ ա­նի­կա հո­գե­ւո­րա­կա­նի ար­ժա­նիք ու­նի։ Երբ մարդ՝ մար­դուն մէջ կ՚ա­ճի հո­գիով, այդ պա­րա­գա­յին ան աս­տուա­ծա­յին ար­ժա­նիք ու­նի եւ ի­րա՛ւ հո­գե­ւո­րա­կան մըն է։ Եւ ո՜ր­քան դժուար է, եւ շատ ան­գամ ան­կա­րե­լի՝ ապ­րիլ աշ­խար­հի վրայ, այ­սինքն իր լայն ի­մաս­տով «աշ­խար­հա­կան» ըլ­լալ եւ հո­գե­ւո­րա­կա­նի ար­ժա­նիք ու­նե­նալ։

Ուս­տի հո­գե­ւո­րա­կա­նը այն է՝ որ աշ­խար­հա­յի­նը, նիւ­թա­կա­նը եւ մարմ­նա­կա­նը չի գե­րա­դա­սեր հո­գիին, հո­գե­կա­նին, ար­ժէք կու տայ հո­գե­ւոր ճշմար­տու­թեան եւ կը նմա­նի իր Ա­րար­չին։

Ար­դա­րեւ հո­գե­ւո­րա­կա­նի ար­ժա­նի­քը կը յայտ­նուի այն ա­տեն, երբ կեն­դա­նի վկա­յու­թեամբ կը դառ­նայ «պատ­կեր Աս­տու­ծոյ», իր աս­տուա­ծա­տիպ բնու­թեան հա­րա­զատ ար­տա­յայ­տու­թեամբ, եւ գործ­նա­կան կեն­սա­ւո­րու­թեամբ, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Գա­րե­գին Ա. Կա­թո­ղի­կոս (1995-1999)։

­Մարդ այս հան­գա­ման­քով՝ երկն­քի ու երկ­րի մի­ջեւ կա­մուրջ մըն է՝ Աս­տու­ծոյ եւ մար­դոց ծա­ռա­յու­թեան նուի­րուած։

Եւ ճշմա­րիտ հո­գե­ւո­րա­կա­նին հա­մար ի՛նքն է, որ կը բա­ցա­կա­յի, ինք՝ որ­պէս միա՛կ ան­հատ անձ­նա­փակ դի­մագ­ծով։ Ուս­տի ի՛նք կայ այն ա­տեն երբ իւ­րա­յա­տուկ կեան­քով մը կը խոր­հի, կը զգայ եւ կը գոր­ծէ թէ՛ Աս­տու­ծոյ, թէ՛ իր նման­նե­րուն՝ մար­դոց հա­մար։ Եւ ե­թէ այդ հան­գա­ման­քը չու­նի, ե­թէ այդ ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը չու­նի, այ­լա­պէս հո­գե­ւո­րա­կան չէ՛։ Եւ իր կո­չու­մին ան­հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը իր մա՛հն է ար­դէն։

Ար­դա­րեւ, «Աս­տու­ծոյ մարդ»ը դէտ մըն է, «ա՛չք» մը վե­րէն կար­գուած՝ ժո­ղո­վուր­դի մը վե՛ր բարձ­րաց­ման հա­մար։ Ու­րիշ խօս­քով՝ հո­գե­ւո­րա­կա­նը վե­րէ՛ն կ՚առ­նէ՝ վե՛ր բարձ­րաց­նե­լու հա­մար մար­դը։ Կ՚առ­նէ ժո­ղո­վուր­դէն, Աս­տու­ծոյ ըն­ծա­յե­լու, ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար։ Պա­տի՛ւ եւ պարտք. տա­լու հա­մար Աս­տու­ծոյ, քա­նի որ պա­տի­ւը պարտ­քէն կ՚առ­նէ իր էու­թիւ­նը։

Ու­րեմն, հո­գե­ւո­րա­կա­նը Աս­տու­ծոյ առ­ջեւ կե­ցած է՝ իբ­րեւ պա­տաս­խա­նա­տու մար­դոց՝ ո­րոնք Աս­տու­ծոյ կող­մէ յանձ­նուած են ի­րեն։

Ուս­տի «հո­գե­ւո­րա­կան ըլ­լալ» իս­կա­կան կո­չո՛ւմ մըն է. ը­սենք՝ ա­ռա­ւե­լու­թիւն մը, յատ­կու­թիւն մը, որ բնա­ծին է, եւ ո՛չ ստա­ցա­կան։ Եւ այս կը նշա­նա­կէ, թէ մարդ հո­գե­ւո­րա­կան կը ծնի, յե­տոյ այդ «հո­գե­ւո­րա­կան»ը կը յայտ­նուի, հետզ­հե­տէ կը զար­գա­նայ։

Եւ այս յայտ­նու­թիւ­նը մարդ­կա­յին յա­րա­տեւ ու անն­կուն ճի­գի մը կը կա­րօ­տի՝ ո­րուն շնոր­հիւ հո­գե­ւո­րա­կա­նի ա­ռա­քե­լու­թեան յա­տուկ պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներն ու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ի­րա­գործ­ման կը կո­չուին։ Սա­կայն կեան­քը այս կո­չու­մին դի­մաց ան­վերջ ու յա­ճախ ան­յաղ­թա­հա­րե­լի խո­չըն­դոտ­ներ, ար­գելք­ներ կը յա­րու­ցա­նէ, կար­ծես հե­ռաց­նել կ՚ու­զէ հո­գե­ւո­րա­կա­նի կո­չու­մէն են­թա­կան։ Աշ­խարհ եւ կեանք միա­բե­րան՝ կ՚ու­զեն հրա­ժա­րե­լու ստի­պել հո­գե­ւո­րա­կա­նի կո­չում ու­նե­ցո­ղը. փոր­ձու­թիւն­ներ ցանց մը կը կազ­մեն նպա­տա­կէն հե­ռաց­նե­լու հա­մար զայն՝ ո­րոնց­մով կրնայ հո­գե­ւո­րա­կա­նը յա­ճախ ան­գի­տակ­ցօ­րէն եւ դիւ­րու­թեամբ շե­ղիլ իր ճամ­բու գի­ծէն անզ­գա­լիօ­րէն։ Կար­ծես մու­թը կը պա­տէ եւ կո­չու­մի լոյ­սը կը կոր­սուի պահ մը. ա­հա­ւա­սիկ, փոր­ձու­թեան յաղ­թու­թեան պա՛հն է այդ, եւ ե­թէ տե­ւա­կա­նա­նայ, խա­ւա­րը կը յաղ­թա­հա­րէ, եւ հո­գե­ւո­րա­կա­նը բո­լո­րո­վին կը շե­ղի իր ճամ­բէն եւ կը կորսնց­նէ իր նպա­տա­կը, հո­գե­ւոր կեան­քի ի­մաս­տը…։

Հո­գե­ւո­րա­կա­նի կո­չու­մը ի՞նչ է, ո՞վ է իս­կա­կան կո­չում ու­նե­ցո­ղը եւ կո­չու­մը զգա­ցո­ղը։

Այս հար­ցում­նե­րուս պա­տաս­խան գտնե­լու հա­մար պէտք է լաւ հասկ­նալ, թէ ի՞նչ է «կո­չում» ը­սուա­ծը։

«Կո­չում»ի ա­մե­նա­գե­ղե­ցիկ բա­ցատ­րու­թիւ­նը կու տայ Ե­րե­միա մար­գա­րէ երբ կ՚ը­սէ.

«Տէ­րո­ջը խօս­քը ին­ծի ե­ղաւ՝ ը­սե­լով.- Քեզ ո­րո­վայ­նի մէջ չստեղ­ծած քեզ գիտ­ցայ, դուն քու մօրդ ար­գան­դէն չե­լած քեզ սրբե­ցի…» (Ե­ՐԵՄ. Ա 4-5)։ Մար­գա­րէա­կան այս խօս­քը, ի­րաւ հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թեան, իս­կա­կան ու ան­կեղծ հո­գե­ւո­րա­կա­նի ա­մե­նա­գե­ղե­ցիկ սահ­մա­նումն է։

Այս կը նշա­նա­կէ, որ ի­րաւ հո­գե­ւո­րա­կա­նը տա­կա­ւին չծնած,  ար­դէն «հո­գե­ւո­րա­կան» է, եւ երբ կը ծնի, լոյս աշ­խարհ կու գայ, ան ար­դէն հո­գե­ւո­րա­կան է, աս­կէ վերջ կը սպա­սուի ա­նոր հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թեան յայտ­նու­թեան, պա­տեհ ժա­մա­նա­կին։ Այս պատ­ճա­ռով է, որ հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը ստա­ցա­կան յատ­կու­թիւն մը չէ՛, այլ՝ բնա­ծին։ Ուս­տի սխալ է ը­սել. «Կո­չում զգա­ցի» եւ կամ «Կո­չում ստա­ցայ», այլ ճիշդ է ը­սել. «Կո­չումս յայտ­նուե­ցա՛ւ» եւ կամ «Կո­չու­միս անդ­րա­դար­ձա՛յ»։ Կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը մե­զի ցոյց կու տայ, թէ այդ «կո­չում»ին սխալ ըմբռ­նու­մը, ի­մաս­տը փո­խե­լով գոր­ծա­ծու­թիւ­նը ի՛նչ վնաս­նե­րու պատ­ճառ է դար­ձած՝ թէ՛ ան­հա­տա­կան կեան­քը, թէ՛ ըն­կե­րա­յի­նը եւ թէ ե­կե­ղե­ցին վնա­սե­լով…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 10, 2016, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Փետրուար 19, 2016