ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՏՕՆԵՐ ԵՒ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԸ ՅԻՇԵԼ
Բարեպաշտական աւանդութիւն մըն է ծննդեան տարեդարձը տօնել մէկու մը։ Այս աւանդութիւնը արդարեւ առի՛թ մըն է մէկու մը ծնունդով ապրուած ուրախութիւնը կրկին ապրելու եւ նաեւ յիշեցնելու՝ թէ տարիներ կ՚անցնին եւ մարդ հետզհետէ կը փոխուի եւ ուրեմն պէտք է հոգեպէս եւ մտապէս համակերպի այդ բնական ընթացքին, անխուսափելի փոփոխութեան։ Մարդ, երբ կը տօնուի իր ծննդեան տարեդարձը, կը տեսնէ, որ ամէն տարի զինք կը շրջապատեն տարբեր անձեր, տարբեր միջավայրով մը։
Խորհեցէ՛ք անգամ մը, սիրելի՜ներ, տղու մը տօնուած ծննդեան տարեդարձը կը նմանի՞ հասուն տարիքին տօնուած տարեդարձին։ Ամէն ինչ փոխուած է այլեւս, շուրջինները մեծ մասամբ փոխուած, միջավայրը փոխուած, տարեդարձը տօնելու կերպը եւ տեղը փոխուած է, ամէն տարեդարձի, մարդ կարծես կը զգայ իր կեանքի փոփոխութիւնները եւ ըստ այնմ կը շարժի։ Զոր օրինակ՝ ամենէն պարզը, տղու մը ծննդեան տարեդարձին իր քովն են իր ծնողքը, հայրն ու մայրը, աւելի վերջ, նո՛յն տղուն հասուն տարիքին իր քով կը գտնուին թերեւս իր զաւակները եւ հոն այլեւս կը բացակային ծնողները, իսկ աւելի վերջ թերեւս ո՛չ մէկը կը գտնուի իր շուրջը եւ նոյնիսկ մոռցած իսկ կ՚ըլլայ իր ծննդեան օրը, տարեդարձը՝ առանձին կը խորհի, թէ ի՛նչպէս անցած են այդքան տարին…։
Տարեդարձները որքան ուրախութեան, զուարճութեան օրեր կամ առիթներ, նո՛յնքան ալ խորհելու, մտածելու եւ կարգ մը ճշմարտութիւններու անդրադառնալու առիթներ են։ Ուստի մարդ երբեմն խորհելու է. «Ո՞ւր էի, եւ ո՞ւր եմ…»։
Ծննդեան տարեդարձը տօնելու չափ գեղեցիկ սովորութիւն մըն է անուան տօնը յիշել։
Օր մը բարեկամի մը ըսի. «Այսօր քու անունդ է», եւ ի՞նչ պատասխանեց գիտէք. «Ամէն օր իմ անունս է, ամէն օր իմ անունս ի՛մս է»։ Իրաւունք ունէր մեր սիրելի բարեկամը, քանի որ լեզուի վարժութեամբ մեր ըսածը՝ «այսօր անո՛ւնդ է» խօսքը սխալ էր, պէտք էր ըսէի. «Այսօր քու անուան տօնդ է»։
Ահաւասիկ բծախնդրութիւն կը պահանջէ խօսակցութիւնը, եթէ նոյնիսկ ան մտերիմ բարեկամներու մէջ կատարուի եւ մանաւանդ կարեւոր նիւթի մը շուրջ։ Քանի որ անուան տօնը յիշել նոյնքան կարեւոր է եւ բարոյապէս օգտակար, որքան կարեւոր է տօնել ծննդեան տարեդարձը մէկու մը։
Ծննդեան տարեդարձ կամ անուան տօն նշել օգտակարութիւն մըն ալ ունի՝ հեռաւորները կը մօտեցնէ, կը միացնէ, «մոռցուած»ները կը յիշեցնէ՛։
Ահաւասիկ այս պատճառով ծննդեան տարեդարձ եւ անուան տօն նշել ընկերային տեսակէտէ ալ կարեւոր եւ օգտակար սովորութիւններ են։
Պատմական եւ ընկերաբանական վկայութիւններ ցոյց կու տան՝ թէ հին ժամանակներ հայ ժողովուրդի մէջ ծննդեան տարեդարձ տօնելու սովորութիւնը գոյութիւն չունէր։ Այս տարեդարձին փոխարէն հայեր իրենց անուան տօնը կը նշէին։
Հին ժամանակներ, հայեր, ընդհանրապէս Եկեղեցիին շուրջ համախմբուած կեանք մը կ՚ապրէին։ Եկեղեցին օրացոյց եւ տօնացոյց էր իրենց համար։ Եկեղեցիի կեանքը իրենց ապրելակե՜րպն էր։
Եւ դարձեալ ժողովուրդը հանդէսներու ծրագիրներ կը պատրաստէր համաձայն եկեղեցական տօներու՝ քան թէ տարուոյ որեւէ ժամանակին՝ ամիսներու կամ օրերու։
Զոր օրինակ, հունտը կը ցանուէր եկեղեցական այսինչ կամ այնինչ տօնին եւ հունձքը կը քաղուէր դարձեալ որեւէ եկեղեցական տօնին համաձայն։
Եւ ընտանիքի մէջ, որ առտնին եկեղեցի մը համարուած է միշտ հայ ժողովուրդի աւանդութեան մէջ, նորածին զաւակին ծննդեան տարեդարձը ամէն տարի կը նշուէր այն տօնին՝ որուն անունով կոչուած ու մկրտուած է նորածինը։
Հարցը սա է. եթէ նորածինը բոլորովին «օտար» անունով կոչուած է, ապա ի՞նչպէս կարելի պիտի ըլլար անոր ծննդեան տարեդարձը տօնել։
Կարծեմ, ճիշդ այս պատճառով է որ հայ ընտանիքներու մէջ հետզհետէ սովորութիւն եւ աւանդութիւն դարձաւ ծննդեան տարեդարձը տօնել՝ ծննդեան օրուան հանդիպած օրը, փոխանակ անուան տօնին, քանի որ տօնելի անուն մը չունի նորածինը։ Եւ ահաւասիկ հոս կարեւորութիւնը պէտք է շեշտել «անուն»ին, զոր նորածինը զայն պիտի կրէ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Եւ չափազանցած չենք ըլլար ըսելով, թէ՝ անունը, ենթակային ապագան որոշող շատ կարեւոր տարր մըն է եւ «հաւատացող»ներու համար ի՛նչ որ է «ճակատագիր»ը, նո՛յնն է անունը՝ արձանագրուած անձնագիրին մէջ. չէ՞ որ երկուքն ալ վերջապէս «գիր»եր են…։
Ուրեմն անուանակոչումը կարեւոր հարց մըն է՝ որուն յատկապէս պէտք է ուշադրութիւն դարձնեն ծնողներ եւ մանաւանդ կնքահայեր եւ մկրտիչ քահանայ հայրեր…։
Այս իսկ պատճառով, այո՛ տօնենք ծննդեան տարեդարձը, բայց չմոռնանք, չանտեսենք անուան տօնին նշումը, անուան տօնն ալ տօնելը։
Լա՛ւ է տօնել երկուքն ալ, որ գոնէ առիթ կ՚ըլլայ ընտանիքի անդամներուն, միայն մէկ օր ալ ըլլայ, միանալուն։ Եւ եթէ երկուքն ալ տօնուի՝ այդ կ՚ըլլայ երկո՛ւ օր տարուան մը մէջ։
Մեր օրերու անջատուած ընտանիքի զանազան անդամներուն համար, տարուան մէջ գոնէ երկու անգամ միանալն ալ երջանկութիւն մըն է, բոլորովին հեռու ըլլալէ՝ նախընտրելին է։
Եւ քանի որ տօներ տօնելու սովորութիւնը այսպէս նպաստաւոր կողմ մը ունի, ապա ուրեմն այդ առիթները որքան բազմաթիւ ըլլան՝ այնքան օգտակար կ՚ըլլան ընտանիքի միութեան վերհաստատման։ Բայց ընդհանուր տեսարանը այն է, որ մեր օրերուն զանց ընել սկսուած է անուան տօնի տօնախմբութիւնը, եւ պատմութիւնը եւ ներկան շրջած են իրենց դերերը այս մասին։
Ինչպէս վերը ըսինք, անուան տօն չնշուելու գլխաւոր պատճառներէն մէկը եւ գլխաւորն ալ այն է, որ այլեւս ծնողներ, կնքահայրեր եւ դժբախտաբար մկրտիչ քահանայ հայրեր կը խուսափին եւ չեն միջամտեր, պէտք եղած բծախնդրութիւնը ցոյց չեն տար անուանակոչումի մասին…։
Հինէն ծնողներ իրենց զաւակներուն կու տային հետեւեալ անունները։ Զոր օրինակ, աստուածաշնչական անուններ՝ Սառա, Մարիամ, Սահակ, Իսահակ, Յովհաննէս։ Եկեղեցիի հետ կապուած անուններ՝ Կարապետ, Հեղինէ։ Հայոց աւանդական անուններ՝ Հայկ, Լորի, Արշալոյս, Նշան։ Եկեղեցական տօներուն հետ կապուած անունները կը տօնուէին այն օրը՝ երբ Եկեղեցին կը նշէր յիշեալ անուան տօնը։ Իսկ մնացեալները կը տօնուէին Սրբոց Վարդանանց տօնին հետ։
Այսօր ալ կարելի է նշել եւ տօնել մեր անուան տօնը՝ այնպէս ինչպէս կը տօնուէր նախապէս Հայ ժողովուրդին մէջ։
Օրինակի համար, կիրակիները, որոնք մօտաւոր են այն սուրբերու անուններուն՝ որոնք տրուած է մեզի մեր ծնողներուն կողմէ, պէտք է ջանալ գոնէ այն կիրակիները եկեղեցի երթալ։
Կարելի է, որ թուականները չգիտցուի, այդ պարագային եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւները պատրա՛ստ են տեղեկութիւն տալու, պէտք է հարցնել։ Եւ այդ օրը, գոնէ եկեղեցին մոմ մը վառել, աղօթել, առնուազն յիշել կը նշանակէ այդ անունը տուող ծնողները, կնքահայրը, մկրտիչ քահանայ հայրը՝ որոնք պէտքն ու պահանջքը ունին աղօթքի, մի՛շտ։ Այդ առիթ մըն է յիշելու ծնողները, մերձաւորները եւ անշուշտ Արարի՛չը։
Անուան տօնի տօնակատարութիւնը երբ կատարուի տան մէջ, ընտանիքի անդամներու ու բարեկամներու հետ, այդ բարեպատեհ առիթ կը կ՚ըլլայ թէ՛ յիշելու անցեալը եւ թէ ապրելու ներկան, սիրածներու եւ սիրուածներու հետ միասին, ինչ որ ա՜յնքան պէտք ունի այսօրուան «ընտանիք»ը։
Անուան տօնի տօնակատարութիւնները եւ հաւաքոյթները կը փոխարինեն այսօրուան ծննդեան տարեդարձի տօնակատարութիւններուն։
Հի՜ն օրեր, անցեալի քաղցր յո՜ւշեր։
Անուան տօնի առթիւ ընտանիքներու մէջ մասնաւոր ոգեւորութիւն մը, խանդավառութիւն մը կը ստեղծուէր. յատուկ կերակուրներ, տեսակ տեսակ կարկանդակներ կը պատրաստուէր, ազգականներ ու բարեկամներ կը հրաւիրուէր։
Այսօր հետզհետէ կը նուազի այդ խանդավառութեան զօրութիւնը, կը տկարանայ ընկերային եւ ընտանեկան յարաբերութիւններու ոգեւորութիւնը։
Անունը՝ կրողին ինքնութի՛ւնն է, անունը զայն կրողին «ճակատագի՛ր»ն է, մարդ կ՚ապրի եւ կը նոյնանայ իր անցեալին հետ, իր մերձաւորներուն հետ իր անո՛ւնով եւ դարձեալ մարդ կ՚ապրի ըստ իր անուան նշանակութեան…։
- Մասամբ օգտուեցանք՝ Լուիզ Գալէմքէրեան եւ Պարպրա Յովսէփեանի «Սուրբեր» գիրքէն, Ս. Վարդան Մատենաշարէն, 1983։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 11, 2016, Իսթանպուլ