ՉԱՐԻՔԷՆ ԲԱՐԻՔ ՔԱՂԵԼ
Չարիքէն բարիք ստեղծել կարելի՞ է։ Անշո՛ւշտ կարելի է երբ մարդ իմաստութեամբ մօտենայ չարիքին եւ չարին՝ չարիքէն բարիք եւ չարէն կրնայ բարին քաղել։
Զոր օրինակ, մեր օրերուն՝ պսակաւոր ժահրին պատճառած համավարակը կրնայ պատճառ մը, առիթ մը ըլլալ մեր հաւատքը զօրացնելու, ամրապնդելո՛ւ։ Նախ, ան պատճառ կ՚ըլլայ աւելի շատ աղօթելու, աւելի շատ Աստուծոյ մօտենալու, աւելի շատ Աստուծոյ ապաւինելու եւ վստահելու։ Եւ սա անուրանալի իրողութիւն մըն է, թէ մարդիկ իրենց նեղութեան, անձկութեան օրերուն բնական մղումով մը աւելի շատ պահանջքը կը զգան Աստուծոյ ապաւինելու, Անոր մօտենալու, Անոր օգնութիւնը խնդրելու։ Ահաւասիկ, չարիքէն բարիք քաղելու օրինակ մը։
Յետոյ Աստուծոյ գոյութեան ապացոյց մը կրնայ նկատուիլ պսակաժահրը, պսակաւոր ժահրը՝ որ անտեսանելի է, իր տեսանելի գործերով ինքզինք կը յայտնէ մարդոց, եւ ոչ ոք կրնայ ուրանալ անոր գոյութիւնը, քանի որ անոր ազդեցութիւնը կը զգայ իր իսկ վրայ, իր կեանքին վրայ։ Եւ ո՞վ կրնայ մերժել պսակաւոր ժահրին ներկայութիւնը աշխարհի վրայ, քանի որ անոր չարիքներուն կը վկայեն մարդիկ, անոր չարիքներուն ազդեցութեամբ կը վատթարանայ իրենց առողջութիւնը։ Եւ այս բաւարար ապացոյց մը, փաստ մըն է անտեսանելիին գոյութեան…։
Եւ մարդիկ, որոնք իրենց գործած չարիքներով կը հաւատան անտեսանելի պսակաւոր ժահրին գոյութեան, ինչո՞ւ ընդհանրապէս կը դժուարանան հաւատալ անհամար բարիքներ գործող, կեանք տուող եւ կեանքը պահպանող, ամէն օր հոգացող, նախախնամ Աստուծոյ գոյութեան։
Եթէ պսակաւոր ժահրը հիւանդութեան պատճառ կ՚ըլլայ, համավարակով մարդկութիւնը կը տառապեցնէ՝ կը տանջէ, նեղութեան կը մատնէ, հապա առողջութիւն պարգեւող, կեանք տուող, բժշկող, խնամող, ուրախացնող եւ երջանկացնող, ամէն բարիք ստեղծող եւ բաշխող Աստուած աւելի ճշմարիտ, աւելի վստահելի՛ պէտք չէ՞ նկատուի մարդոց կողմէ։
Արդարեւ, Աստուծոյ պարգեւած առողջութիւնը էականն է, իսկ պսակաւոր ժահրին պատճառած համավարակը՝ բացառութիւն, ժամանակաւոր։ Հիւանդութիւնը ի վերջոյ պիտի բժշկուի, բայց Աստուծոյ բարիքները միշտ պիտի մնան՝ մշտնջենաւորապէ՛ս։ Ուրեմն մարդիկ երբ ժամանակաւոր բանի մը կը հաւատան, հապա ինչո՞ւ յաւիտենականին հաւատալու մէջ կը դժուարանան ընդհանրապէս։
Պսակաւոր ժահրը այսօր կայ, վաղը չկա՛յ. բայց Աստուած միշտ կայ եւ պիտի ըլլայ։
Մարդիկ ուրեմն չարիք պատճառող չարին հանդէպ երբ այսքան զգոյշ եւ բծախնդիր են, հապա ինչո՞ւ բարիին նախապատճառը, գերագոյն Բարիին հանդէպ այնքան անտարբեր են։ Հասկնալ կարելի չէ՛։ Եւ քանի որ պսակաւոր ժահրը ժամանակի մը համար մեզի հետ է, ինչո՞ւ մշտնջենաւոր կերպով մեզի հետ եղող Աստուած կ՚անտեսուի, կը մերժուի, կ՚ուրացուի ընդհանրապէս։ Եւ դարձեալ, ժամանակի մը համար ամէն օր կը զգանք պսակաւոր ժահրին ներկայութիւնը դժբախտաբար, ինչո՞ւ բարեբախտութիւնը չենք զգար ամէն օր եւ յաւիտենապէս վայելած ըլլալու Աստուծոյ ներկայութիւնը։
Եթէ չարը իր չարիքով կը յայտնուի, որ տեւական պիտի չըլլայ, բարին իր անհամար բարիքներով կը յայտնուի մեզի մեր կեանքի ամէն օրերուն, տեւական։ Ուերմն երբ իր չարիքներով կը հաւատանք չարին, ապա ուրեմն նոյն պատճառով եւ նոյն տրամաբանութեամբ պէ՛տք է հաւատանք անհո՜ւն բարութիւն պարգեւող Գերագոյն Բարիին՝ Աստուծո՛յ։
Եւ եթէ տրտմութեան, նեղութեան մէջ կը մօտենանք Աստուծոյ, ուրախութեան, երջանկութեան մէջ ալ պէտք է մօտենանք Անոր։
Դարձեալ, եթէ մեզ հիւանդացնող չարին՝ պսակաւոր ժահրին գոյութիւնը կ՚ընդունինք, մեզի առողջութիւն տուող, մեզ միշտ առողջ պահող եւ բժշկող Բարիին՝ Աստուծոյ՝ միակ Ճշմարտութեան աւելի վստահ եւ ամուր կերպով հաւատանք։ Եւ արդէն բանականութիւնն ալ, իմաստութիւնն ալ ա՛յս կը պահանջէ։ Բացասականին, ժխտականին հաւատալ եւ դրականին, ճշմարիտին հաւատալու մէջ թերանալ, վարանիլ կամ տարակուսիլ բանականութեան հակառա՛կ է եւ անհամապատասխան՝ իմաստութեա՛ն։
Եւ երբ պսակաւոր ժահրին պատճառած համավարակով՝ հիւանդութիւններով, նեղութիւններով կը տրտմինք եւ կը հաւատանք, որ այդպիսի ժահր մը գոյութիւն ունի, հապա ինչո՞ւ չեն հաւատար Աստուծոյ եւ Անոր համատարած եւ համասփիւռ բարութիւններուն, առողջութեան, կենդանութեան աղբիւրին, որ մեզի անհո՜ւն ուրախութիւն պէտք է պատճառէ. կը վարանինք, կը տարակուսինք հաւատալու անտեսանելի Աստուծոյ, որ Իր գործերով Ինքզինք կը յայտնէ մեզի։ Իրա՛ւ է որ մարդկային բնութիւնը ատակ է հաւատալու աւելի «տեսնուած»ին եւ «շօշափելի»ին։ Ժահրն ալ անտեսանելի է եւ անշօշափելի, բայց մարդ կը հաւատայ անոր գոյութեան, աւելի ճիշդ է ըսել կը ստիպուի հաւատալ իր գործերուն հետեւանքով։ Աստուած ալ անտեսանելի է եւ անշօշափելի, բայց մարդ, ընդհանրապէս կը թերանայ Անոր հաւատալու մէջ, կը տարակուսի Անոր գոյութեան ճշմարտութեանը մասին եւ ինքզինք պարտաւոր չի զգար հաւատալու, հակառակ որ Ան աւելի շատ Ինքզինք կը յայտնէ իր գործերով ամէն օր, ամէն վայրկեան, քանի որ Ան ամէն ատեն ամէն տեղ ներկա՛յ է։
Մինչդեռ հիւանդութիւնը ժամանակաւոր հետեւանքն է մեղքին։ Մարդուն մէջ կը շարուանակեն մնալ մեղքի կարգ մը աստենական հետեւանքները, ինչպէս՝ տառապանքը, հիւանդութիւնը, մահը կամ կեանքին յարակից եղող մարդկային բեկուն բնութիւնը, ինչպէս նկարագրի տկարութիւնները, եւ այն։ Մարդկային թշուառութիւնը իր բազմազան ձեւերուն տակ բացայայտ նշանն են մարդուն բնածին տկարութեան՝ անոր գործած առաջին մեղքէն ասդին. նշանն է նաեւ փրկութեան մը կարիքին։ Ուստի պէտք է յարատեւ աղօթել առողջութեան համար։ Հիւանդի համար Տիրոջ պէտք է աղօթել՝ որպէսզի ան վերագտնէ իր առողջութիւնը, որ Աստուծոյ մէկ պարգեւն է։ Այս տեւական աղօթքով Տէրը Իր մեծ բարութեամբ կը կազդուրէ հիւանդը Սուրբ Հոգիին շնորհքով եւ այսպէս կը վերականգնէ զայն։
Արդարեւ, կեանքը եւ առողջութիւնը ֆիզիքական թանկագին բարիքներ են՝ մարդուս յանձնուած Աստուծմէ։ Մարդ պարտականութիւնը ունի անոնց խնամք տանելու բանաւոր չափերով, նկատի ունենալով նաեւ ուրիշին կարիքները եւ հասարակաց բարիքը։
Այո՛, սիրելի՜ներ, կարելի է չարէն բարիք քաղել եւ այս իմաստով ներկայ համավարակը առի՛թ մըն է զօրացնե՛լու մեր հաւատքը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 18, 2020, Իսթանպուլ