ԽՈՉԸՆԴՈՏՆԵՐԸ ՎԵՐՑՆԵԼՈՒ ՈՒԺԸ

Սա մեր ապ­րած կեան­քին մէջ եր­ջան­կու­թեամբ ապ­րե­լու հա­մար ո՜ր­քան ար­գելք­ներ, խո­չըն­դոտ­ներ կը հան­դի­սա­նան, կը ներ­կա­յա­նան մար­դուս առ­ջեւ։ Բայց պէտք չէ վհա­տիլ, յու­սալ­քուիլ, քա­նի որ կեան­քի մէջ միշտ կա՛ն եւ միշտ պի­տի ըլ­լան դժուա­րու­թիւն­ներ, նե­ղու­թիւն­ներ՝ ո­րոնք ար­գելք­ներ են եւ խո­չըն­դոտ­ներ՝ մար­դուս կեան­քէն սպա­սած բա­րիք­նե­րու դէմ, ան­յա­ջո­ղու­թիւն­ներ, ցա­ւեր եւ վիշ­տեր պի­տի պա­տա­հին, քա­նի որ մար­դուս ապ­րած այս աշ­խար­հը եր­բեք վար­դաս­տան մը չէ՛, այդ­պէս բան մըն ալ չէ՛ խոս­տա­ցուած ի­րեն։

Ար­դա­րեւ, մարդ երբ ե­րե­ւա­կա­յու­թիւն­նե­րու մէջ կ՚ապ­րի եւ կը հե­ռա­նայ ի­րա­կան կեան­քէն, միշտ դա­տա­պար­տուած կը մնայ՝ յու­սա­խա­բու­թիւն­նե­րու հետ դի­մա­ւո­րուե­լու, ա­պեր­ջա­նիկ ըլ­լա­լու այս աշ­խար­հի վրայ։

Մինչ­դեռ ի­րա­տես մար­դը կը բա­ւա­կա­նա­նայ ի­րո­ղու­թեան ար­դիւնք­նե­րով, կ՚ըն­դու­նի ա­մէն ե­րե­ւոյթ՝ իր ի­րա­կան վի­ճա­կով։ Ան­շուշտ, որ յոյ­սը մի­ջոց մըն է եր­ջա­նիկ ըլ­լա­լու, բայց երբ ա­մէն ինչ յոյ­սի հո­սան­քին թո­ղուի, ե­րե­ւա­կա­յու­թիւն­նե­րու հրա­պոյ­րէն տա­րուի, մեծ հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ հե­տե­ւան­քը յու­սա­խա­բու­թիւն կ՚ըլ­լայ։ Եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով է, որ յոյ­սին պէտք է միա­նայ՝ սէ­րը եւ հա­ւատ­քը, ո­րոնք կը զօ­րաց­նեն յոյ­սի ազ­դե­ցու­թիւ­նը եւ ար­գելք կը հան­դի­սա­նան հա­ւա­նա­կան յու­սա­խա­բու­թիւն­նե­րու, քա­նի որ սէ­րը եւ հա­ւատ­քը կը զօ­րաց­նեն մար­դուս կամ­քը, կը քա­ջա­լե­րեն եւ յոյ­սին թե­րու­թիւն­նե­րը կը լրաց­նեն։

Ուս­տի, կեան­քի մէջ կա­րե­լի է նշմա­րել ե­րե­ւոյթ­ներ, ո­րոնք կը հաս­տա­տեն դժուա­րու­թիւն­նե­րու, նե­ղու­թիւն­նե­րու՝ բա­րո­յա­կան ար­գելք­նե­րու եւ խո­չըն­դոտ­նե­րու դէմ Բնու­թեան ցոյց տուած վար­մուն­քը՝ որ նման է մարդ­կա­յին վար­մուն­քին, քա­նի որ ի վեր­ջոյ մա՛րդն ալ մաս մըն է Բնու­թեան։ Ու­րեմն, մար­դը բնու­թեան մէկ ման­րա­տիպն է։ Զոր օ­րի­նակ՝ վա­զուն՝ հո­սող ջու­րը, ա­ռուա­կէ մը մին­չեւ հսկայ գե­տը, ի՜նչ ուժ եւ ընդ­դի­մու­թիւն ցոյց կու տայ իր դէմ կանգ­նած ար­գելք­նե­րուն, խո­չըն­դոտ­նե­րուն նկատ­մամբ։

Ար­դա­րեւ, կ՚ար­ժէ պահ մը մտա­ծել, թէ՝ ի՞նչ զօ­րու­թիւն կ՚ո­րո­շէ ջու­րին ըն­թաց­քը։ Հո­սող ջու­րին սա ընդ­դի­մու­թեան ու­ժը տուո­ղը ի՞նչ է, մա­նա­ւանդ այն ար­գելք­նե­րու եւ խո­չըն­դոտ­նե­րու դէմ՝ ո­րոնք վերց­նե­լու բա­ւա­կան ուժ չու­նի ջու­րը ինք­նին։

Խոր­հե­ցէ՛ք, սի­րե­լի՜­ներ, ջու­րը եւ ժայ­ռը՝ ար­տա­քին տես­քով, բնու­թեամբ, տկա­րը եւ զօ­րա­ւո­րը, ան­կա­յու­նը եւ հաս­տա­տը։ Բայց այդ ջու­րը, ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին կրնայ փշրել՝ ման­րել ժայ­ռը։

Բայց, սա բա­ցա­յա՛յտ է, որ ժայ­ռը փշրո­ղը ո՛չ թէ ջու­րին քա­նակն է, այլ ա­նոր տե­ւա­կա­նու­թիւ­նը, յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը, անվ­հատ բա­խու­մը ժայ­ռին։ Եւ ջու­րին՝ տկա­րին յաղ­թա­նա­կը ա­հա­ւա­սիկ, երբ ժայ­ռը այ­լեւս չի կրնար դի­մադ­րել եւ ի վեր­ջոյ կը պար­տուի ջու­րէն՝ փշուր փշուր կ՚ըլ­լայ, կը ման­րուի եւ ա­ւա­զի հա­տիկ­նե­րու կը վե­րա­ծուի։

Տկա­րին, զօ­րա­ւո­րը յաղ­թե­լու այս խոր­հուր­դը, գաղտ­նի­քը, ա­հա­ւա­սիկ մար­դուս հա­մար հիա­նա­լի՛ տի­պար մըն է։ Եւ բնու­թիւ­նը կը դաս­տիա­րա­կէ, ուղ­ղու­թիւն կու տայ մար­դուն՝ իր տկա­րու­թիւն­նե­րը, թե­րու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու հա­մար։ Բնու­թիւ­նը քա­ջու­թեան դաս մը կու տայ մար­դուն, կը սոր­վեց­նէ ա­նոր, թէ՝ ինք ինք­նա­բաւ չէ եւ պէտք ու­նի ու­ժե­րու, զինք զօ­րաց­նող ար­տա­քին ար­ժէք­նե­րու։ Եւ այս ի­րո­ղու­թիւ­նը, մարդս կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ «գոր­ծա­կից» մը՝ օգ­նա­կան մը փնտռե­լու, իր­մէ ա­ւե­լի՛ զօ­րա­ւո­րի մը ներ­կա­յու­թիւ­նը ո­րո­նե­լու՝ ա­նով հե­տաքրք­րուե­լու եւ պրպտե­լու։ Այս ո­րո­նու­մը, ա­հա­ւա­սիկ, մարդս կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ «Գե­րա­գայն Ուժ»ի մը, «Գե­րա­գոյն Ար­ժէք»ի մը գո­յու­թեան բնա­կան պա­հանջ­քին։ Եւ մարդ կ՚անդ­րա­դառ­նայ, որ ինք չէ՛ գո­յա­ցած, այլ՝ ստեղ­ծուած, ինք ինք­նա­բաւ չէ՛, այլ պա­հանջ­քը ու­նի միշտ Նա­խախ­նա­մու­թեան մը հո­գա­ծու­թեան։

Այդ անդ­րա­դար­ձու­մը ա­հա­ւա­սիկ «Ճշմար­տու­թեան գի­տակ­ցու­թեան» կը տա­նի մարդ ա­րա­րա­ծը եւ կը հասկ­նայ, թէ՝ ինք «Ա­րա­րիչ» մը եւ «Նա­խախ­նամ» մը ու­նի՝ որ պատ­ճառն է իր էու­թեան եւ ներ­քին ու­ժը՝ պայ­քա­րե­լու կեան­քի զա­նա­զան դժուա­րու­թիւն­նե­րուն դէմ եւ կա­րե­նալ ընդ­դի­մու­թիւն ցոյց տալ խո­չըն­դոտ­նե­րու եւ ար­գելք­նե­րու հան­դէպ եւ յաղ­թա­կա՛ն դուրս գալ կեան­քի պայ­քա­րէն…։

Բնու­թեան մե­զի տուած օ­րի­նա­կով, երբ հո­սող ջու­րին դէմ կ՚ել­լէ լեռ մը, բլուր մը՝ ո­րուն վրայ մաքլ­ցե­լու ան­կա­րող է, կը դառ­նայ ա­նոր շուր­ջո­վը եւ ան­պայ­ման ելք մը կը գտնէ ի­րեն հա­մար։ Չի՛ վհա­տիր, չի՛ յու­սալ­քուիր, չի՛ ցամ­քիր, չի՛ քա­շուիր, չի՛ սպա­ռիր, կեր­պով մը կը շա­րու­նա­կէ իր ճամ­բան՝ յաղ­թա­կա՛ն եւ կը պա­հէ իր կեն­դա­նու­թիւ­նը, կեա՛ն­քը։ Եւ ջու­րը՝ տկար թէեւ, բայց յաղ­թա­կան կը շա­րու­նա­կէ իր ճամ­բուն ըն­թաց­քը։ Ը­սենք որ ջու­րը դի­մա­ւո­րուե­ցաւ այն­պի­սի ար­գելք­նե­րու եւ խո­չըն­դոտ­նե­րու հետ, որ չկա­րո­ղա­ցաւ ո­րե­ւէ կեր­պով շա­րու­նա­կել իր ճամ­բու ըն­թաց­քը, դար­ձեալ չի՛ չոր­նար, չի՛ ցամ­քիր, այլ, ա­կա­մայ կը փո­խէ իր նկա­րա­գի­րը՝ լիճ մը կ՚ըլ­լայ, բայց եր­բեք չի՛ կորսնց­ներ իր «ջուր» էու­թիւ­նը, ան կը մնայ մի՛շտ «ջուր», գետ կամ լիճ, բայց միշտ «ջուր» նկա­րա­գի­րը կը պա­հէ։

Եւ այս բնա­կան ե­րե­ւոյ­թը կա­րե­լի է յար­մարց­նել մարդ­կա­յին-բա­րո­յա­կան կեան­քի եւ օ­րի­նակ առ­նել գե­տին ցոյց տուած հաս­տա­տա­կա­մու­թե­նէն, որ ար­գելք­նե­րու եւ խո­չըն­դոտ­նե­րու առ­ջեւ, որ­քան ալ զօ­րա­ւոր եւ տի­րա­պե­տող ըլ­լան ա­նոնք, չի կորսնց­ներ, չի զի­ջա­նիր, տե­ղի չի տար ա­նոնց հան­դէպ եւ կը պա­հէ իր էու­թիւ­նը, «ջուր» ըլ­լա­լու ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, ե­թէ նոյ­նիսկ փո­խէ իր նկա­րա­գի­րը՝ լիճ ըլ­լայ. երբ նա­խա­պէս գետ մըն էր։ Ջու­րը ու­նի այդ քա­ջու­թիւ­նը, այդ հաս­տա­տա­կա­մու­թիւ­նը, «ջուր» մնա­լու «ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան գի­տակ­ցու­թիւն»ը, կամ «բնազդ»ը։ Կա­րե­լի է են­թադ­րել, որ գե­տէ փո­խուած լի­ճին մէջ «մե­լա­մաղ­ձո­տու­թիւն» մը ըլ­լայ, բայց կա՛յ նաեւ «ջուր» մնա­լու ար­դար հպա­րու­թիւ­նը, որ ինք­նին հպար­տու­թեան պատ­ճառ մըն է, քա­նի որ յաղ­թա­նա՛կ մըն է։ Թէեւ «լիճ» մը, «լճակ» մը՝ լռե­լեան խոս­տո­վա­նու­թիւնն է գե­տին պար­տու­թեան խո­չըն­դոտ­նե­րու առ­ջեւ, բայց կա­րեկ­ցա­բար, ստի­պո­ղա­կան ճար­տար պար­տու­թեան մը գե­տին խոս­տո­վա­նու­թիւ­նը։ Եւ ա­մէն ան­կեղծ խոս­տո­վա­նու­թիւն ինք­նին յաղ­թա­նակ մըն է, ար­դա­րու­թեամբ պսա­կուա՛ծ։

Հա­պա մա՞րդ, ի՛նչ հա­կազ­դե­ցու­թիւն ցոյց կու տայ կեան­քին մէջ պա­տա­հած ձա­խո­ղու­թիւն­նե­րուն, կո­րուստ­նե­րուն, վի­րա­ւո­րանք­նե­րուն հան­դէպ։

Կա՞յ տար­բե­րու­թիւն բնու­թեան ընդ­հա­նուր ե­րե­ւոյթ­նե­րուն եւ մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ, մա­նա­ւանդ դժուա­րու­թիւն­նե­րու, խո­չըն­դոտ­նե­րու նկատ­մամբ։ Մարդն ալ նոյ­նը կ՚ը­նէ գե­տին ը­րա­ծին՝ կը պայ­քա­րի, եւ երբ պար­տուի, եր­բեք չի՛ կորսնց­ներ իր «մարդ» հան­գա­ման­քը, չի՛ կորսնց­ներ եւ չի՛ զի­ջա­նիր իր մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թե­նէն եւ կը մնայ միշտ «մա՛րդ», եւ պէտք է մնայ միշտ «մարդ»։

­Նե­ղու­թիւն­նե­րու դէմ քա՛ջ ըլ­լա­լու կո­չուած է մարդ, քաջ եւ ի վեր­ջոյ յաղ­թա­կա՛ն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 9, 2016, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2016