ՍՈՒՏԸ Կ՚ԱՊՐԻ ՊԱՀՈՒԸՏԱԾ

«Սուտ»ը՝ որ ճշմար­տու­թեան հա­կադ­րումն է՝ խա­ւա­րի եւ լոյ­սի, չա­րի եւ բա­րիի, վնա­սա­կա­րի եւ օգ­տա­կա­րի, շա­հա­մո­լու­թեան եւ ա­ռա­տա­ձեռ­նու­թեան նման, միշտ կ՚ապ­րի պա­հուը­տա՛ծ, որ­պէս­զի չյայտ­նուի իր իս­կա­կան ե­րե­սը։ Ծա­ծուկ կը շար­ժի, գաղտ­նօ­րէն կը վա­րէ իր կեան­քը, քա­նի որ մի՛շտ վա­խը ու­նի յայտ­նուե­լու։

Սու­տը գի­տէ իր թե­րու­թիւ­նը, ան գի­տա­կից է իր տկա­րու­թեան ճշմար­տու­թեան հան­դէպ։ Այս պատ­ճա­ռով գաղտ­նօ­րէն կը գոր­ծէ եւ խա­ւա­րը կը նա­խընտ­րէ։ Մու­թը եւ թաքս­տոց­նե­րը ա­նոր հա­մար միշտ նա­խընտ­րե­լի վայ­րեր եւ մի­ջա­վայ­րեր են, հոն՝ ա­նոնց մէջ կը շա­րու­նա­կէ իր կեան­քը, քա­նի որ այն­պի­սի տե­ղեր ինք­զինք ա­պա­հով կը զգայ։

Սու­տով, մարդ ինք­զինք ար­դա­րաց­նել կ՚աշ­խա­տի յա­ճախ, մինչ­դեռ ա­ւե­լի՛ շատ կը մխրճուի ա­նի­րա­ւու­թեան մութ աշ­խար­հի ճա­հի­ճին մէջ։

Սու­տի գե­ղե­ցիկ օ­րի­նակ մը կրնայ ըլ­լալ խլուր­դը՝ հո­ղին տակ ապ­րող եւ այն­տեղ անց­քեր բա­ցող ա­նա­սու­նը։ Ան կը սի­րէ դե­գե­րիլ, թա­փա­ռիլ, շրջիլ ստոր­գետ­նի զով ու մութ ան­ցու­ղի­նե­րու մէջ։ Ան իր ան­ցու­ղի­նե­րէն վեր կ՚ել­լէ միայն ու­տե­լիք ճա­րե­լու եւ կեան­քը տե­ւա­կա­նաց­նե­լու հա­մար։ Բայց չի սի­րեր եր­բեք վե­րը մնալ եւ հոն ապ­րիլ։ Ա­նոր նկա­րա­գիրն է ստո­րերկ­րեայ կեան­քը՝ մութ եւ գաղտ­նի՛։

Կը պատ­մուի, թէ խլուր­դը, օր մը ու­սում­նա­սի­րե­լով իր հարս­տու­թիւ­նը եւ կա­լուած­նե­րը՝ ան­ծա­նօթ ճամ­բու մը մէջ փոր­ձեց յա­ռա­ջա­նալ եւ տես­նել, թէ՝ ո՛ւր կը տա­նի այդ ան­ծա­նօթ ճամ­բան զինք։

Երբ քիչ մը յա­ռա­ջա­ցաւ, նա­խազ­գու­շա­կան ձայն մը լսեց, որ կ՚ը­սէր ի­րեն. «Կանգ ա՛ռ, այդ ճամ­բան վտան­գա­ւոր է»։ Բայց ան­դի­մադ­րե­լի հե­տաքրք­րու­թե­նէ մղուած ու դրդուած՝ խլուր­դը վեր, ա­ւե­լի՛ վեր բարձ­րա­ցաւ եւ վեր­ջա­պէս, թա­թե­րով հո­ղը ետ քշե­լով, ան իր առ­ջեւ տե­սաւ բա­ցուող կա­պո՜յ­տը, կա­պոյտ ան­հո՜ւ­նը…։

Բայց այդ կա­պոյտ ան­հու­նը ե­ղաւ ա­նոր տե­սած վեր­ջին բա­նը՝ զոր խեղ­ճը տե­սաւ իր կեան­քին մէջ։ Ա­րե­ւը իր պայ­ծառ ճա­ռա­գայթ­նե­րո­վը հա­րուա­ծեց կի­սա­կոյր խլուր­դին աչ­քե­րը եւ վերջ­նա­կա­նօ­րէն կու­րա­ցուց զայն։ Եւ խլուր­դը բո­լո­րո­վին կոյր դար­ձաւ։

Ա­հա­ւա­սիկ, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, նոյնն է պա­րա­գան սու­տին հա­մար. սու­տը կրնայ ապ­րիլ միա՛յն թաքս­տոց­նե­րու մէջ պա­հուը­տե­լով եւ այն ա­տեն որ ան լոյս աշ­խարհ գայ, հոն, ան­մի­ջա­պէս կը մեռ­նի, կ՚ոչն­չա­նայ՝ ճշմար­տու­թեան պայ­ծառ լոյ­սէն կու­րա­նա­լով։

Սու­տը, ինչ­պէս ը­սինք, ճշմար­տու­թիւ­նը մեր­ժել, ճշմա­րի­տը ու­րա­նալ, հա­կադ­րել կը նշա­նա­կէ զայն։

Ճշմար­տու­թիւ­նը մինչ­դեռ մէ՛կ է եւ ա­նայ­լե­լի եւ մշտնջե­նա­ւոր, այն­պէս որ նոյ­նիսկ բազ­մա­թիւ սու­տեր չե՛ն կրնար խա­փա­նել զայն, քա­նի որ ան կը նմա­նի ա­րե­ւի ճա­ռա­գայթ­նե­րուն եւ ի վեր­ջոյ պար­տու­թեան կը մատ­նէ խա­ւա­րը։ Եւ քա­նի որ ո՛չ մէկ խա­ւար բո­լո­րո­վին մութ է եւ ա­նոր մէջ կայ ան­պայ­ման լոյ­սի շող մը, նշոյլ մը, եր­բե­ւի­ցէ կը լու­սա­ւո­րուի, ինչ­պէս սու­տը կը պար­տուի ճշմար­տու­թեան դէմ։ «Ան որ գի­տէ իր խօս­քե­րը կշռել՝ կա­տա­րեալ մարդ է», կ՚ը­սէ Յա­կո­բոս Տեառ­նեղ­բայր իր ընդ­հան­րա­կան նա­մա­կին մէջ. (ՅԱԿ. Գ 2)։ Ու­րեմն հար­ցը լե­զուն կշռե­լու խնդիր մըն է՝ ո՛չ թէ ը­սել այն՝ որ պէտք է ը­սել, այլ եւ մա­նա­ւա՛նդ չը­սել այն՝ ինչ որ վա­նա­սա­կար է եւ ան­պա­տե՛հ։ Եւ ան­շուշտ վնա­սա­կար է եւ ան­պա­տեհ՝ ճշմար­տու­թեան դէմ խօ­սիլ, ճշմար­տու­թիւ­նը փո­խել կամ ծած­կել, այ­սինքն՝ սո՛ւտ խօ­սիլ։

Եւ դար­ձեալ, Յա­կո­բոս Տեառ­նեղ­բայր, կ՚ը­սէ, թէ՝ լե­զուն կրա՛կ է. (ՅԱԿ. Գ 6)։ Ու­րեմն այդ կրա­կը պէտք է գոր­ծա­ծել զգու­շու­թեամբ, ա­ռանց ա­ռիթ տա­լու վի­րա­ւո­րանք­նե­րու, վնաս­նե­րու։

Սու­տը, ար­դա­րեւ, մարդ­կա­յին կեան­քի ա­մե­նէն բա­ցա­սա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րէն մէկն է, մար­դիկ որ­քան որ կը խու­սա­փին ան­կէ, ա՜յն­քան կը քննա­դա­տեն, կ՚ար­հա­մար­հեն, բայց եւ այն­պէս շատ դժուա­րու­թեամբ կ՚ապ­րին ա­ռանց ա­նոր։ Ուս­տի, պէտք է խոս­տո­վա­նիլ, թէ սու­տը ա­մէ­նու­րեք կը տի­րէ մարդ­կա­յին կեան­քին, գրե­թէ մարդ շրջա­պա­տուած է սու­տե­րով, եր­բեմն կը խա­բուի սու­տով, եր­բեմն կը խա­բէ սու­տե­րով եւ ա­մե­նէն ցա­ւա­լին՝ ինք ալ կը հա­ւա­տայ սու­տե­րուն եւ ինք­նա­խա­բէու­թեան մէջ ինք­զինք ճշմար­տու­թեան մարմ­նա­ցում կը կար­ծէ։ Եւ կար­ծեմ ա­մե­նէն վտան­գա­ւորն ալ, մար­դուն ինք իր սու­տին հա­ւա­տալն է, ու­րիշ խօս­քով ինք­նա­խա­բէու­թիւ­նը, քա­նի որ ա­նի­կա սրբագ­րել շատ դժուար է, նոյ­նիսկ ան­կա­րե­լի՛։

Սու­տը, ստե­լը, սուտ վկա­յու­թիւն տա­լը, ստա­խօ­սե­լը, սուտ եր­դում ը­նե­լը մեծ վնաս կը պատ­ճա­ռեն հո­գիին, կ՚ա­պա­կա­նեն զայն, քա­նի որ ան­կեղ­ծու­թեան, հա­ւա­տար­մու­թեան դէմ գոր­ծուած յան­ցանք մըն է սու­տը իր ընդ­հա­նուր ա­ռու­մով։ Ան­կեղ­ծու­թիւն, հա­ւա­տար­մու­թիւն՝ ա­ռա­քի­նու­թիւն­ներ են, ո­րոնք կ՚ազ­նուաց­նեն հո­գին, կեան­քին ի­մաս­տը կ՚ըն­դար­ձա­կեն, ո­րա­կը կը բա­րձրաց­նեն։ Սու­տը մո­լու­թիւն մը, մո­լո­րու­թիւն մըն է, որ կը ստոր­նաց­նէ մարդ­կա­յին ար­ժա­նի­քը, կը վի­րա­ւո­րէ մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը եւ մարդ կը տու­ժէ իր կեան­քով։

Սու­տը, պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ որ մարդ կորսնց­նէ իր վստա­հու­թիւ­նը ո՛չ միայն ստա­խօ­սին նկատ­մամբ, այլ եւ ամ­բողջ մար­դոց նկատ­մամբ, քա­նի որ կա­մայ-ա­կա­մայ կաս­կա­ծով կը դի­մա­ւո­րէ ա­մէն մօ­տե­ցում, ա­մէն «բա­րե­կա­մա­կան» ար­տա­յայ­տու­թիւն։

Սու­տը թէ՛ ան­հա­տա­կան, թէ՛ հա­ւա­քա­կան ցա­ւա­ռիթ ե­րե­ւոյթ մըն է, մա­նա­ւանդ որ ան պատ­ճառ կը հան­դի­սա­նայ բա­րո­յա­կան փլու­զում­նե­րու։

Ցա­ւա­լի է նաեւ այն, երբ ստա­խօ­սը միշտ ար­դա­րա­ցում մը կը գտնէ իր սու­տին։ Ար­դա­րեւ ստա­խօ­սին հա­մար միշտ ար­դա­րա­ցու­ցիչ պատ­ճառ մը պատ­րա՛ստ է, երբ ինքն ալ կը հա­ւա­տայ իր սու­տին։

Բայց «սուտ»ը չու­նի եր­բեք ո­րե­ւէ ար­դա­րա­ցու­ցիչ պատ­ճառ, քա­նի որ սու­տը այ­լա­սե­րո՛ւմն է ճշմար­տու­թեան։ Եւ մար­դիկ ո՜ր­քան թշուառ վի­ճակ­նե­րու կը մատ­նուին, երբ կը ստեն եւ կամ սու­տե­րով կը շրջա­պա­տուին։ Եւ սու­տե­րուն տի­րա­պե­տած կեան­քը ո՜ր­քան ան­տա­նե­լի կ՚ըլ­լայ, քա­նի որ սու­տը խա­բէա­կան է եւ ան­կա­յուն եւ մա՛րդ չ՚ու­զեր ան­կա­յուն գետ­նի վրայ շա­րու­նա­կել կեան­քը։

Սու­տը երբ կու գայ վստա­հե­լի կար­ծուած մէ­կէ մը շատ ա­ւե­լի մեծ ցաւ ու վիշտ կը պատ­ճա­ռէ, քա­նի որ ան իր հետ կը բե­րէ նաեւ հիաս­թա­փու­թիւն, յու­սալ­քու­թիւն, ո­րոնք եւս կը դժուա­րաց­նեն եւ ան­տա­նե­լի կը դարձ­նեն կեան­քը։

Մարդ երբ սուտ կը խօ­սի, միամ­տօ­րէն կը կար­ծէ որ դի­մա­ցի­նը չի հասկ­նար սուտ, եւ կը կար­ծէ թէ կրնայ խա­բել զայն, բայց սու­տը ի վեր­ջոյ կը յայտ­նուի, ե­թէ ո՛չ այն պա­հուն, ժա­մա­նա­կին եւ ա­մօ­թով կը թո­ղու են­թա­կան։

Ճշմար­տու­թեան վկա­յել մար­դա­վա­յել եւ աս­տուա­ծա­հա­ճոյ ա­ռա­քի­նու­թիւն մըն է, պա­տի­ւը՝ մարդ էա­կին, իսկ սու­տը՝ ցոյց կու տայ ստա­խօ­սին վա­տու­թիւ­նը, չա­րամ­տու­թիւ­նը ե՛ւ անվս­տա­հե­լի անձ մը ըլ­լա­լը…։

- Օգ­տուե­ցանք՝ Վար­դան Ա­ւագ Քա­հա­նայ Մկրտչեա­նի, Ա­դամ Քա­հա­նայ Մա­կա­րեա­նի եւ Սմբատ Սար­կա­ւագ Խա­նուէ­լեա­նի աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­նե­րէն։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 25, 2017, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Մարտ 2, 2017