ԵԶՆԻԿ ԿՈՂԲԱՑԻ

Եզնիկի կեանքին մասին ինչ որ գիտենք՝ Կորիւնի եւ Մ. Խորենացիի տուած սակաւ տեղեկութիւններն են միայն։ Ըստ այդ տեղեկութիւններուն՝ Եզնիկ ծնած է Արարատեան գաւառի Կողբ գիւղին մէջ, հաւանաբար Դ. դարուն վերջին տարիներուն, ենթադրելով, որ գրի գիւտի թուականին՝ 413-ին առ առաւելն քսան տարեկան եղած ըլլայ։

Եզնիկ իր ծննդավայրի անունով կոչուած է «Կողբացի»։ Իր նախնական կրթութիւնը ստացած է, անտարակոյս, Սուրբ Լուսաւորչի ձեռքով բացուած եւ Մեծն Ներսէսի օրով բազմապատկուած վարժարաններէն մէկուն մէջ՝ Վաղարշապատ։

Եզնիկ Կողբացի Ե. դարու մեր ամենէն ինքնատիպ եւ ուշագրաւ մատենագիրներէն մէկն է եղած։ Համբաւ ստացած է իր դասական լեզուի կատարելութեամբ, մտաւորական զարգացումով, հեղինակաւոր դիրքով եւ գրական մարզին մէջ իր մշակած ճիւղի ինքնուրոյնութեամբ։ Նաեւ որպէս ճարտար եւ հմուտ թարգմանիչ, տեղեակ ըլլալով մէկէ աւելի լեզուներու. ասորերէնի, յունարէնի եւ պարսկերէնի։ Մաս կազմած է այն մտացի եւ խոստմնալից երիտասարդներու խումբին՝ որ կազմեցին առաջին աշակերտութիւնը Սահակ-Մեսրոպեան դպրոցին։ Արդարեւ, Եզնիկ ամենէն կարկառուն դէմքն է ճանչցուած թարգմանչաց առաջին փաղանգին։ Իր բնատուր՝ ընդոծին տաղանդը փայլած է ո՛չ միայն լեզուագիտութեան, այլ նաեւ մատենագրական բազմակողմանի հմտութեան մէջ։

Ժամանակի գիտական եւ նոյնիսկ բժշկական ծանօթութիւնները եւս տեղ են գտած իր իմացական լայն պաշարներուն մէջ։ Ուստի, անյայտ չեն մնացած իրեն հայ լեզուի հարուստ եւ ճոխ գանձերը՝ զորս գործածած է տիրաբար եւ ճարատապետօրէն։ Այս իսկ պատճառով, իր ոճը ունի տիպար գեղեցկութիւնը գրաբարին՝ որ պէտք է եղած ըլլայ բիւրեղացումը «արարատեան-տարօնեան» մշակուած բարբառին։

Իսկ եթէ կը տեսնուին անհարթութիւններ, խրթնութիւններ եւ աղաւաղումներ, - ատոնք ալ վերագրելի են ընդօրինակողներու անհոգութեան, անտարբերութեան եւ անհմտութեան…

Եզնիկ եղած է մէկը, ե՛ւ կարեւորագոյնը, աստուածաշնչական եւ այլ եկեղեցական մատենագրական աշխատութիւններու մէջ, իր մեծ ուսուցիչներուն սատարողներէն։

Նկատի առնելով իր արտակարգ ուշիմութիւնը, ուսումնատենչ շահագրգռութիւնը եւ թարգմանչական արուեստին մէջ իր ձեռնհասունութիւնը եւ փորձառութիւնը, մշակութային շարժման զոյգ տաղանդաւոր առաջնորդները զինք, Յովսէփ Պաղնացիի հետ, կ՚ուղարկեն Եդեսիա, մէկը՝ ժամանակի ուսումնական վառարաններէն։ Պաշտօն կը յանձնուի անոնց հայերէնի թարգմանել ասորի եկեղեցական հայրերու գործերը։ Կը խոստացուի՝ ապա ուղարկել զիրենք նաեւ Բիւզանդիոն, որ իբրեւ լուսաւորութեան կեդրոն՝ աւելի հրապուրիչ էր քան Եդեսիան…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Շաբաթ, Մարտ 2, 2024