ԽԱՒԱՐՄԱՆ ԿԱՄ ԼԱՑԻ ԳԻՇԵՐ
Աւագ շաբթուան ընթացքին՝ Հայ Եկեղեցին «Խաւարման Գիշեր» կամ «Լացի Գիշեր» կը կոչէ Աւագ Հինգշաբթիէն Աւագ Ուրբաթ երկարող գիշերը։
Այս յատուկ «Գիշեր»ը կը կոչուի «Խաւարման» կամ «Լացի Գիշեր», անոր համար, որ այդ օրը մարդկութիւնը, Յուդայի եւ Եբրայեցի կրօնաւորներուն ընդմէջէն, «Խաւարի Իշխան»էն՝ Սատանայէն դրդուած մահուն առաջնորդեց Իր Արարիչը՝ «Աշխարհի Լո՛յս»ը, նախընտրելով ապրիլ խաւարի եւ մեղքի՜ մէջ քան թէ՝ լոյսի ու արդարութեա՛ն։
«Խաւարման» կամ «Լացի Գիշեր» կոչուեցաւ ան, քանի որ ո՛չ միայն Յուդան իր կեղծ ու ատելի համբոյրով մատնեց երկնաւոր յաւիտենական Վարդապետը, այլ հաւատարիմ նկատուող առաքեալներն իսկ որոնք քիչ առաջ Պետրոսի նման կ՚ըսէին. «Նոյնիսկ եթէ մեռնիլ պէտք ըլլայ քեզի համար, քեզ պիտի չուրանամ» (ՄԱՏԹ. ԻԶ 35)։ Այս կերպով, շատ շուտով առանձին պիտի լքէին իրենց Ուսուցիչը եւ մահուան սոսկումէն սարսափած բոլորը պիտի փախչէին՝ իրենց գլուխը ազատելու համար, իսկ Պետրոս Առաքեալ, երեք անգամ պիտի ուրանար Քրիստոսը՝ իր վարդապետը՝ աքաղաղը դեռ չկանչած։
Հայ եկեղեցիներէն ներս այս խորհրդաւոր արարողութիւնը կը սկսի գիշերը եւ կ՚երկարի մինչեւ կէս գիշեր Քրիստոսի խաչելութեան պատկերին դիմաց հաւասար չափերով տասներկու մոմեր կը վառեն, մէկ հատ ալ մեծ մոմ կը դնեն անոնց մէջտեղ, խորհրդանշելով Յիսուսը եւ իր տասներկու առաքեալները։
Մինչ կը կարդացուին եօթը աւետարաններ, որոնք կը բովանդակեն Յիսուսի Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ աղօթքը, Յուդայի զԱյն եւ համբուրելով մատնելը, Յիսուսի ձերբակալութիւնն ու քահանայապետներուն առջեւ տարուիլը, ծեծուիլը, ապտակուիլը, անարգուիլը, Պետրոսի երեք անգամ ուրանալն ու զղջալը։
Ամէն անգամ որ Աւետարաններէն մէկը կարդացուի, վառած տասներկու մոմերէն իւրաքանչիւր կողմէն մէկական մոմ կը մարեն, իսկ «Փա՜ռք ի բարձունս» երգուած ժամանակ՝ եկեղեցւոյ բոլոր լոյսերը կը մարեն, որ կը խորհրդանշէ Առաքեալներուն ձգել ու փախչիլը. իսկ մէջտեղի մեծ մոմը վառած պահելով, կը խորհրդանշէ Քրիստոսը՝ որ առանձին ու անօգնական մնաց…։
Իւրաքանչիւր Աւետարանի ընթերցանութեան ընթացքին սովորութիւն եղած է, որ հաւատացեալներ նախապէս պատրաստուած բարակ պարաններով եօթը հանգոյց (հանգոյց=կծիկ, կնճիռ, սեղմող կապ) ընեն, որպէս նշան Քրիստոսի հետ ամուր աքուցուելուն եւ զԻնք երբեք առանձին չձգելուն։
Քանի որ արժանացանք Աստուծոյ կողմէ ամէն մէկուս պարգեւուած ձրի շնորհքին, փրկութեան ու ազատութեան՝ Քրիստոսի սրբարար մարմինին ու արեան հաղորդութեան միջոցով եւ սիրով լուացուեցաւ մեր հոգիները ամէն տեսակ մեղքերէ եւ չար խորհուրդներէ, եկէ՛ք ուրեմն, զօրեղ հաւատքով, անխախտ հաւատարմութեամբ փարինք Քրիստոսի, խաւարման խորհրդաւոր գիշերին՝ չբաժնուինք Անկէ եւ չհեռանանք Անոր քովէն՝ սեղմ կապերով կապուինք Իրեն։ Նաեւ յանձնառու ըլլանք Քրիստոսի հետ Գողգոթա բարձրանալու, յիշելով՝ որ այդ խաչի ծանրութենէն մաս մըն ալ մեր մեղքին պատճառած ծանրութիւնն է, որ Քրիստոս մեզի համար յանձն առաւ զայն սիրով կրելու՝ մեր մեղքերը քաւելու համար…։
Քրիստոս, ըստ աստուածային փրկագործութեան ծրագրին՝ թողուց որ Հրեայ եւ Հռոմէացի իշխանաւորներ բռնեն, ձերբակալեն զինք եւ իրեն հետ վարուին որպէս «հասարակ ոճրագործ» մը։ Արդարեւ եթէ ուզէր չէ՞ր կրնար անոնցմէ օձիքը ազատել եւ արգիլել այն բոլոր ահաւոր դէպքերը, որոնք տեղի ունեցան իր կեանքի վերջի քանի մը օրերուն ընթացքին, աչք բանալ-գոցելու չափ արագ յաջորդականութեամբ։
Ուստի շատ նշանակալից խօսք մըն է՝ երբ Քրիստոս կ՚ըսէ. «Իմ ժամանակս լեցուա՛ծ է»։ Այս իմաստալից խօսքով կը յայատնէ ան, թէ ինք կը շարժի «Հօրը կամքով»ը։ Սակայն ի՞նչ էր Հօր կամքը։ Գիտե՛նք. մարդանալ ամբողջութեամբ, կամ, Առաքեալին բացատրութեամբ. «Անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով, մարդոց նման ըլլալով… ինքզինք խոնարհեցուց. մինչեւ իսկ մահուան հնազանդ եղաւ, ու այն ալ խաչին մահուամբ»։ Մարդացաւ Յիսուս, կատարելապէս մա՛րդ եղաւ առանց վերապահութեան, եւ ենթակայ եղաւ այն բոլոր փորձութիւններուն եւ փորձառութիւններուն՝ որոնց կ՚ենթարկուի ոեւէ մարդ, իր ապրած ամբողջ կեանքի ընթացքին։
Կրնայ մարդկային միտքը զբաղեցնել սա հարցումով, թէ՝ ինչո՞ւ խաչուեցաւ Յիսուս։
Նախ, որ ասիկա Աստուծոյ՝ Հօր կա՛մքն էր՝ որ ինք սահմանափակուի մարդկային կեանքի հունին մէջ, եւ անկէ դուրս չելլէ որեւէ տեսակ ստիպողութեան տակ։
Երկրորդ, Յիսուս պէ՛տք էր որ ցուցնէր, թէ Ինք կարող էր ամբողջութեամբ, լման «մարդ» ըլլալով հանդերձ՝ «Աստուծոյ պէս» ապրիլ ու վարուիլ։
Ի՛նք «լոյս» էր եւ խաւարը լոյսը պիտի մերժէր…։
Յիսուս գիտէր, թէ այն բոլոր ճշմարտութիւնները՝ զորս խօսեցաւ, եւ միա՛յն «ճշմարտութի՛ւն»ը, իրաւը յայտնեց, մարդիկ պիտի չընդունէին եւ զԻնք իրենց «թշնամի» պիտի համարէին։
Արդարեւ ճշմարտութեան Առաքեալին վարձատրութիւնը խա՛չ է ընդհանրապէս։ Եւ եթէ Յիսուս կամովին չպարպուէր իր աստուածութենէն, եւ իբրեւ միա՛յն «Աստուած» խօսէր, կրնար խուսափիլ մարդկային պատիժէ, քանի որ ո՞վ կրնար համարձակիլ ձեռք երկարել ու դպցնել «Աստուծոյ»։ Բայց այն ատեն պիտի ըսէին. «Դուն Աստուած ես եւ կրնաս ուզածդ խօսիլ առանց պատիժի, բայց մենք «մարդ» ենք, եւ երբ ճշմարտութիւնը խօսինք՝ կը պատժուինք…»։
Եւ Յիսուս պիտի պատասխանէր առանց առարկելու.- Ես ալ ձեզի նման մարդ եմ եւ ճշմարտութիւնը կը խօսիմ առանց վախնալու եւ ընկրկելու պատիժէն։ Եւ Յիսուս ցոյց տուաւ թէ՝ ճշմարտութիւնը աւելի՛ մեծ արժէք ունի քան կեանքն իսկ, եւ երբ երկուքին միջեւ նախընտրութիւն մը անխուսափելի է՝ այդ նախընտրութիւնը պէ՛տք է որ ըլլայ միշտ ի նպաստ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ։ Յիսուս իր իսկ օրինակով կ՚ըսէ.- Դո՛ւք մեռէք, բայց ճշմարտութիւնը մի՛ մեռցնէք…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 26, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024