ԱՌՈՂՋ ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐ…

«Առողջ գաղափարներ» անուանումը ընդհանուր եւ բաւական լայն առում մըն է՝ ո՞րն է առողջ գաղափարը եւ ո՛րը՝ վատը։ Արդարեւ, յարաբերական է գաղափարի մը առողջ, բնականոն եւ ուղիղ ըլլալու կամ վատ, անկանոն եւ ծուռ հանգամանք ունենալու չափանիշը, կը փոխուի միջավայրի եւ ժամանակաշրջանի համեմատ։

Անշուշտ, թէ անփոփոխ, մշտնջենական՝ էական եւ հիմնական կարգ մը գաղափարներ միշտ կը մնան նոյնը. գաղափարներ՝ որոնք սկզբունքային արժէք ունին եւ հիմնական կանոններ են։ Մանաւանդ բարոյագիտական գաղափարներ շատ մեծ փոփոխութիւններու չեն ենթարկուիր ո՛չ ժամանակի ընթացքին եւ ո՛չ ալ միջավայրի տարբեր տարածքներու մէջ։

Ուղիղ, շիտակ եւ օգտակար գաղափարներու տարածումը միշտ զոհողութեան գինով է կատարուած։

Այս իրողութիւնը, արդարեւ, պատմութեան սորվեցուցած կարեւոր դասերէն մին է։ Ուստի պատմութիւնը կը վկայէ դէպքերու՝ որոնք կը փաստեն այս իրավիճակը։ Եւ մարդիկ նպաստած կ՚ըլլան այն ամէն ողջամտութեան արդիւնք գաղափարներու ծաւալումին, եթէ ի մտի ունենան հանրային օգուտը եւ զոհողութիւնը ընել հրաժարելու իրենց կիրքերը անզուսպ եւ անսահման արտայայտելէ։

Կ՚երեւի, ուրեմն, թէ մարդ պէտք է զոհողութեան զգացումը ունենայ եւ հաւասարակշռէ իր իրաւունքը եւ ազատութիւնը ուրիշներու իրաւունքին եւ ազատութեանը հետ։ Ուրեմն, ասիկա, հակադիր արժէքներու ներդաշնակութեան եւ հաւասարակշռութեան հարց մըն է։

Եւ անոնք որ իբր սկզբունք կ՚ընդունին տարբեր եւ մինչեւ իսկ իրերամերժ գաղափարներու միջեւ հասարակաց կէտ մը գըտ-նելու անհրաժեշտութիւնը՝ հանրային օգտին համար, ապահովաբար համայնքին՝ հասարակութեան ծառայող ամենէն ազնիւ, առաքինի անձերու խումբը կը կազմեն։ Եւ այդ կարգի անձերն են, որ կ՚աշխատին ընկերութեան, հանրութեան ի նպաստ եւ օգտակար ծառայութիւն կը բերեն այդ մասին։

Պէտք է ընդունիլ, թէ իւրաքանչիւր անհատ, որ անդամ է ընկերութեան եւ իր եւ իր նմաններուն մասնակցութեամբ կը կազ-մըւի հասարակութիւնը, ունի իրաւունքներ, զորս ազատութեան սահմաններուն մէջ կը վայելէ, ունի նաեւ պարտաւորութիւններ, որոնց պէտք է հաւատարիմ ըլլայ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ։ Եւ ահաւասիկ, ընկերային-հասարակական կեան-քը երջանիկ ընթացք մը կ՚ըլլայ այն ատեն, երբ իրաւունք եւ պարտաւորութիւն ներդաշնակ կերպով գործադրուին անհատներու կողմէ։

Ուստի, ամէն ողջախոհ անձ գիտէ, թէ այն գաղափարապաշտութիւնը, որ ներհակ է ընկերութեան եւ կը հակադրէ հասարակաց օգտին, հակառա՛կ է եւ վնասակար նաեւ անհատական շահերու, քանի որ ընկերութիւն եւ անհատ՝ փոխադարձ իրաւունքի եւ պարտականութեան կապով մը յօդուած են իրարու։

Անհատին կեանքը՝ ընտանքի կեա՛նքն է. ընտանիքի կեանքն ալ՝ ընկերութեան-հաւաքականութեան կեա՛նքը։ Եթէ անոնցմէ մին վնասուի, միւսներն ալ բաժին կ՚ունենան այդ վնասէն։

Դատողութիւն եւ արժանապատուութիւն ունեցող ամէն անհատ գիտէ ներդաշնակել եւ հաւասարակշռել եւ ըստ այնմ վարուիլ եւ վարել ընկերային-հաւաքական կեանքը։ Եւ դարձեալ, լրջամիտ, արժանապատուութեան տէր, նկարագիր եւ սէր ունեցող ոեւէ անձ գիտէ եւ կը ճանչնայ «ուրիշ»ին իրաւունքը, եւ կը պահանջէ պարտաւորութիւններու կատարումը «ուրիշ»ներէն։ Արդարութեան անշեղ սկզբունքն ալ այս կը պահանջէ, եւ այս կերպով արդարութեան գաղափարը կեանքի կը կոչուի եւ գործի կը վերածուի։

Արդարեւ, «բարոյական» եւ «բանական» էակին՝ մարդուն մէջ երկու ուժ գոյութիւն ունի. ապօրինի փափաքներու ուժը եւ պարտականութեան դրդումին ուժը։ Երկու ուժեր՝ երկու ձայներ կան. հաճոյքին եւ խղճին ձայնը։ Կիրքերը եւ անոնք զսպող բանականութիւնը կ՚որոշեն մարդուն կենցաղավարութիւնը։

Այս երկու հակադիր ուժերը կը կազմեն անասնական «Ես»ին ձայնը եւ բանական-բարոյական էակին ձայնը։ Եւ այս երկու հակադիր ուժերը, տեւական իրարու դէմ պայքարի մէջ կը գտնուին այն ողջամիտ մարդուն համար՝ որ կը ջանայ ուղիղը, շիտակը, ճշմարիտը ընել եւ ճշմարտութեամբ շարժիլ։

Մարդուն բարձրացումը եւ անկումը կախում ունի այս հակադիր ուժերէն, այս ուժերու մշտնջենաւոր պայքարէն եւ արդիւնքն են մէկուն կամ միւսին յաղթանակէն եւ տիրապետութենէն գոյացած իրավիճակին։ Ո՛չ ոք կրնայ ուրանալ անոնց գոյութիւնը իր ներաշխարհին մէջ եւ ո՛չ ոք կրնայ խուսափիլ անոնցմէ։

Այս ներհակ ուժերուն, այս երկու ձայներուն սանձը եւ կառավարութեան կարողութիւնը մարդուն ձեռքն է, ինչպէս որ երբեմն մարդուն սանձն ալ անոնց ձեռքն է։ Կատարեալ է այն մարդը՝ որ այդ երկու ուժերուն սանձը եւ կառավարութեան կարողութիւնը իր ձեռքը կը բռնէ։ Զօրաւո՛ր է այն՝ որ չի կառավարուիր անոնց կողմէ, այլ ի՛նք կը կառավարէ զանոնք։ Ուստի այս հակադիր ուժերը՝ անասնական «Ես»ին կամ կիրքին ուժը եւ խղճին բանականութեան ուժը կրնան մարդը հրէշ մը կամ հրեշտակ մը դարձնել։

Եւ այս երկու ուժերուն պայքարին հետեւանքով, մարդ կրնայ պատուաւոր, ազնուական, առաքինի, գիտնական եւ մարդասէր ըլլալ, եւ կամ ճիշդ հակառակը՝ անբարոյ, աւազակ կամ ոճրագործ ըլլալ…։

Ասոնց հետեւանքով է, որ մարդ կրնայ մաքրութեան, սրբութեան, ազնուութեան, առաքինութեան եւ բարութեան մէջ բարձրութենէ բարձրութիւն սաւառնիլ, կամ աղտոտութեամբ եւ վատասերումի մէջ անդունդէ՜ անդո՛ւնդ գլորիլ։ Ո՞ր ուժը պիտի տիրապետէ մարդուն վրայ. ահաւասի՛կ, ատոր ընտրութիւնը մարդուն ձե՛ռքն է։

Մարդկային ընկերութեան ոեւէ մէկ անդամը՝ անհատը կրնայ անգթօրէն զրկուած ըլլալ կարգ մը առաւելութիւններէն, բայց կրնա՛յ ապրիլ որպէս ազնուական՝ մաքուր, շիտակ կեանք մը՝ իր ապրուստը պատուաւոր կերպով, ուղիղ ճամբով հոգալու իր աշխատանքին եւ ջանքին մէջ։ Ահա նոյն հաւաքականութեան ուրիշ անդամները. երեւութապէս տէ՛ր ամէն առաւելութիւններու՝ զորս աշխարհ գերազանցօրէն եւ իրաւացի կերպով կը գնահատէ. առողջութիւն, հարստութիւն, գեղեցկութիւն, երիտասարդութիւն՝ բոլորն ալ ժամանակաւոր, բոլորն ալ անկայուն…։

Իրաւունք չունինք անծանօթներուն նկարագրին դէմ աննպաստ դիտողութիւններ ընելու, բայց չենք կրնար զանոնք «ազնուական» համարել, երբ փողոցը կամ որեւէ հանրային վայր գտնուող համեստ եւ պարզ մէկու մը վրայ ծիծաղելու՝ ծաղրելու իրաւունք կու տան իրենք իրենց։ Թերեւս «ինքնակոչ» կամ «կարծեցեալ» ազնուականներ կարելի է անուանել այդպիսի անձերը։ Ուստի, մարդկային տկարութիւններու, թերութիւններու կամ որեւէ թշուառութեան վրայ ծիծաղիլ, ծաղրել, ատելութեամբ մօտենալ եւ նախատել «ախտանիշ» մըն է անտարբերութեան եւ թեթեւամտութեան կամ պարզամտութեան՝ որոնք կարելի չէ տեսնել իրապէս ազնուական հոգիներու մէջ։

Եւ եթէ «ազնուականութեան վկայական» տալ կարելի ըլլար, ապահովաբար այդ վկայականին արժանի պիտի չըլլային երբեք թշուառութիւնը հեգնող, ուրիշները ստորադասող, նախատող ծանծաղամիտ մարդիկ, այլ զայն ստանալու կատարեալ իրաւունք պիտի ունենար այն խե՜ղճ, համեստ, պարզ «ժառանգազուրկ»ը՝ որ «բախտ»ին հարուածները առ ո՛չինչ համարելով՝ աննպաստ պարագաներու դէմ, վատ պայմաներու տակ պայքարե՛լու առաքինութիւնը եւ քաջութիւնը կը ցուցադրէր՝ արդար յաղթանակը խլելու համար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 25, 2018, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Մայիս 2, 2018