ՔԻՆԱԽՆԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Կը տեսնուի, որ քինախնդիր եւ ոխապահ մարդոց անօրէնութիւնը աւելի ահեղ է եւ իրենց չարութիւնը աւելի ծանրակշիռ, քան բոլոր մեղքերը եւ անօրէնութիւնները, քանի որ բոլոր մեղքերը եւ անօրէնութիւնները երբեմն բուռն կերպով կը բոցավառին եւ երբեմն կա՛նգ կ՚առնեն։
Մարդ ի՞նչ օգուտ կրնայ ունենալ ոխապահութեամբ, եթէ ոչ վնաս ինքն իրեն։
Իսկ քինախնդրութիւնը, որ յառաջ կու գայ ուղղակի չարէն, երբ ընկերոջ բերնէն հակասական կամ հակադրող փոքր խօսք մը լսէ, անօրէն եւ նենգ մտածումներով մի՛շտ կը բորբոքի։ Նախանձի անշէջ բոցը ամէն վայրկեան կը վառի անոնց մտքին մէջ եւ շարունակաբար կը կսկծեցնէ քինախնդիր ոխապահները, անոնց սրտերը եւ անոնք մտովին հալ ու մաշ կ՚ըլլան եւ կը չարչարուին, կը տանջուին. ոմանք իրենց «չար» խորհուրդներուն եւ նենգ սիրտին պատճառաւ, նոյնիսկ արտաքնապէս՝ դէմքով կ՚այլայլին…
Ոխակալ մարդը, խորամանկ «իժ»ի նման մարդոց մէջ կը շրջի, օձի թոյնի նման իր մէջ կրելով նենգութիւնը եւ իր միտքը ամենօրեայ օթեւան եւ բնակարան ընելով Սատանային՝ անոր բոլոր ըսածները կը լսէ եւ անմիջապէս կը հպատակի, կը կատարէ անոր կամքը, արտաքինով «մարդ»ու կը նմանի, իսկ նկարագրով՝ չարաժանի, չար ժանիքներ ունեցող գազանի։
Քինախնդիր եւ ոխապահ մարդը հրապարակներու վրայ որպէս «մարդ» կը նստի, բայց չար դեւին խորամանկութիւնները իր մտածումներուն մէջ են մի՛շտ։ Ան եկեղեցի կը մտնէ «քրիստոնեայ»ի նման, բայց իր աղօթքները Աստուծոյ չի բարձրանար. անոնք աւելի գարշելի եւ զզուելի են, քան պիղծ զոհերը, քանի որ անոր չարութիւնը իր սրտին մէջ է եւ ան տեւաբար անօրէն նենգութիւններու մասին կը խորհի։ Նոյնիսկ եթէ նման մարդ մը ողորմութեան համար մեծ գումարներ ծախսէ, մինչեւ իսկ արթուն մնայ եւ պահեցողութիւն ընէ, այդ բոլորը ոչինչ կ՚արժեն, եթէ երբեք ընկերոջ նկատմամբ ոխ ունի եւ չարը իր սրտին մէջ թաղուած եւ քարացած կը պահէ։ Ան տեւաբար կը նստի եւ նախանձորդի մասին պատահելիք չարաղէտ դէպքերուն եւ փորձութիւններուն մասին կը խորհի. նենգութիւն, խորամանկութիւններ եւ «խաղ»եր կը յերիւրէ, սուտեր կը յարմարցնէ… Ա՜խ, քինախնդրութիւնը, ոխապահութիւնը եւ ընդհանրապէս չարութիւնը որո՞ւ օգուտ մը ունեցած է, բացի հոգեկան եւ մտային նեղութիւններէ՝ որոնք վնաս են պատճառած ենթակային…
Իրապէս, մարդիկ ինչո՞ւ սիրով չեն վարուիր իրարու հետ, եւ եթէ վարուին այդպէս ալ երջանիկ պիտի ըլլան։ Բայց կը նախընտրեն «չար»ը՝ ատելութիւնը եւ նախանձը։ Աւելի երջանիկ չ՚ըլլար մարդ, երբ սիրէ, սիրով վարուի իր նմանին հետ, համակրանք ունենայ, ինքզինք տեսնել փորձէ «ուրիշ»ին մէջ… այդքան դժուա՞ր է ասիկա։
Ներողամտութիւն, հանդուրժողութիւն, երկայնամտութիւն՝ առաքինութիւններ են, որոնք մարդուս «մա՛րդ» ըլլալը կը յիշեցնեն։ Արդարեւ, կ՚ըսուի որ եթէ ցաւ կը զգաս, կը նշանակէ, որ կ՚ապրիս, իսկ եթէ ուրիշին ցաւը կը զգաս եւ կը ցաւակցիս, կը վշտակցիս, կը յիշեցնէ քեզի՝ որ «մա՛րդ» ես։
Որքա՜ն հիանալի է Աստուծոյ ներողամտութիւնը՝ որ նոյն պահուն իսկ կատաղի եւ անօրէն արարքներու համար երկինքէն կայծակներ չ՚արձակեր, որովհետեւ ոխակալը եւ աններողը իր չա՛ր անօրէնութեամբ կը գերազանցէ աւազակները եւ ոճրագործները. անոնք երբեմն կը սպաննեն եւ երբեմն կը դադրին, իսկ քինախնդիր ոխակալը երբեք չի՛ դադրիր սպաննելէ։ Անոր ճամբան մի՛շտ չարագործութեան ուղեւորութիւն մըն է, ան «չարագործ» է ամէն պահ, քանի որ ընկերոջը հանդէպ ո՛խ ունի սրտին մէջ եւ այդ ոխը կը մաշեցնէ իր ամբողջ էութիւնը։
Սիրենք իրար, եւ աղօթենք միշտ իրարու համար…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 27 2023, Իսթանպուլ