ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ ՀԱՄԱՌՕՏՈՒԹԻՒՆԸ
Տէրունական աղօթքը՝ «Հայր մեր»ը ամբողջ Աւետարանին համառօտութիւնն է։ Յիսուս Քրիստոս աղօթքին այս բանաձեւը մեզի կտակելէ, աւանդելէ ետք աւելցուց. «Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի առնէք» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 24)։ Ամէն մարդ կրնայ ըստ իր կարիքներուն դէպի երկինք զանազան աղօթքներ ուղղել, բայց միշտ սկսելով Տիրոջ Աղօթքով, որ կը մնայ հիմնական աղօթքը. (ՏԻՄ. Բ 13)։
Արդարեւ, Սաղմոսները գլխաւոր սնունդն են Քրիստոնեայ աղօթքին եւ ինչպէս կը համալրուին «Հայր մեր»ին խնդրանքներուն հետ. Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚եզրակացնէ. «Աչքէ անցուցէ՛ք Աստուածաշունչին մէջ գտնուող բոլոր աղօթքները եւ ես չեմ կարծեր, թէ դուք հոն գտնէք բան մը որ բովանդակուած չըլլայ Տէրունական աղօթքին մէջ»։ Ամբողջ Աստուածաշունչը՝ Օրէնք, Մարգարէներ եւ Սաղմոսներ, ամբողջութեամբ իր կատարումը կը գտնէ Քրիստոսի մէջ. (ՂՈՒԿ. ԻԴ 44)։ Աւետարանը՝ այս «Բարի Լուր»ը՝ Աւետիսն է։
Աւետարանի առաջին հռչակումը համառօտուած է Մատթէոսի կողմէ Լերան քարոզին մէջ. (ՄԱՏԹ. Ե-Է)։ «Հայր մեր» աղօթքը այս հռչակումին կեդրոնը կը հանդիսանայ։ Այս պարունակին մէջն է, որ կը յստականայ Տիրոջ կողմէ կտակուած, աւանդուած աղօթքին իւրաքանչիւր խնդրանքը։
Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ.
«Տէրունական աղօթքը՝ աղօթքներուն ամենակատարեալն է… Անոր մէջ մենք կը խնդրենք ո՛չ միայն ինչ որ կրնանք ուղիղ ձեւով բաղձալ, այլ բաղձալ ըստ պատշաճ կարգին։ Այնպէս որ այս աղօթքը ո՛չ միայն կը սորվեցնէ մեզի խնդրել, այլ նաեւ կը կազմաւորէ մեր մէջ մեր ամբողջ զգայնութիւնը»։
Լերան քարոզը կեանքի վարդապետութիւն է, իսկ Տէրունական աղօթքն ալ աղօթք է, բայց երկուքին մէջ Տիրոջ Հոգին նոր ձեւաւորում կու տայ մեր բաղձանքներուն, մեր կեանքը ոգեւորող մեր ներքին մղումներուն։ Յիսուս Իր խօսքերով այս «նոր կեանք»ը մեզի կ՚ուսուցանէ եւ զայն «աղօթքով խնդրել» կը սորվեցնէ։
Արդարեւ, մեր աղօթքին ուղիղութենէն կախում պիտի ունենայ մեր կեանքին ուղիղութիւնը Անոր մէջ։
«Տէրունական աղօթք»ը, այսինքն Տիրոջ Աղօթքը կը նշանակէ, թէ «Հայր մեր» աղօթքը մեզի Տէր Յիսուսի կողմէ ուսուցուած, տրուած եւ աւանդուած է։ Մեզի ուղղակի՛ Յիսուսէն եկող այս աղօթքը իսկապէս մէկ հատիկ է. ան «Տիրոջն է»։ Մէկ կողմէն, այս աղօթքին խօսքերով Միածին Որդին Իր Հօրը տուած խօսքերը մեզի կու տայ. (ՅՈՎՀ. ԺԷ 7). Ան մեր աղօթքին վարդապե՛տն է։ Միւս կողմէն, Ան իբր մարմնացեալ-մարդացեալ բան, Իր մարդկային սրտով կը գիտակցի Իր եղբայրներուն եւ քոյրերուն մարդկային կարիքներուն եւ զանոնք մեզի կը յայտնէ. Ան մեր աղօթքին տիպա՛րն է։
Բայց Յիսուս մեքենաբար կրկնելիք աղօթքի մը բանաձեւը չի յանձներ մեզի. (ՄԱՏԹ. Զ 7), (Ա ԹԱԳ. ԺԸ 26-29)։ Ինչպէս ամէն ձայնիւ կատարուող աղօթքի պարագային, Սուրբ Հոգին Աստուծոյ զաւակներուն իրենց Հօր աղօթել կը սորվեցնէ։ Յիսուս մեր որդիական աղօթքին ո՛չ միայն խօսքերը կու տայ մեզի, այլ նաեւ կու տայ Հոգին, որուն միջոցով՝ այս խօսքերը մեր մէջ կը դառնան «հոգի եւ կեանք». (ՅՈՎՀ. Զ 63)։ Դեռ աւելի մեր որդիական աղօթքին փաստը եւ կարելիութիւնը այն է, որ Հայրը «առաքեց մեր սրտերուն մէջ Իր Որդիին Հոգին, որ կ՚աղաղակէ. Աբբա՛, Հա՛յր». (ԳԱՂ. Դ 6)։ Քանի որ մեր աղօթքը մեր բաղձանքներուն մեկնաբանն է, դարձեալ «սրտերը քննող» Հայրն է, որ «գիտէ Հոգիին խորհուրդները՝ որ կը բարեխօսէ սուրբերուն համար՝ Աստուծոյ կամքին համաձայն». (ՀՌՈՄ. Ը 27)։
«Հայր մեր» աղօթքը կը կցուի Որդիին եւ Հոգիին խորհրդաւոր առաքելութեան։
Տիրոջ եւ Սուրբ Հոգիին խօսքերուն այս անանջատելի պարգեւը՝ որ զանոնք կենսունակ կը դարձնէ հաւատացեալներուն սրտին մէջ, սկիզբէն իսկ ընդունուեցաւ եւ ապրուեցաւ Եկեղեցիին կողմէ։ Առաջին հասարակութիւնները Տիրոջ Աղօթքը «օրը երեք անգամ» կ՚աղօթեն, փոխարէն «տասնութ օրհնաբանութիւններ»ուն, որոնք կիրարկուած էին հրէական բարեպաշտութեան մէջ։
Ըստ առաքելական Աւանդութեան, Տիրոջ Աղօթքը ըստ էութեան արմատացած է ծիսական աղօթքին մէջ. «Տէրը կը սորվեցնէ մեզի մեր աղօթքները մեր բոլոր եղբայրներուն համար հաւաքաբար կատարել։ Արդարեւ, Ան չ՚ըսեր -Հայր իմ-, որ երկինքն ես, այլ -Հայր մեր- որպէսզի մեր աղօթքը մէկ հոգիով կատարուի Եկեղեցւոյ ամբողջ Մարմինին համար», կ՚ըսէ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան։
Արդարեւ, ծիսական բոլոր աւանդութիւններուն մօտ՝ Տիրոջ Աղօթքը լրացուցիչ մէկ մասն է Ժամասացութեան մեծ ժամերուն։ Բայց մանաւանդ քրիստոնեայ նախապատրաստումի երեք սուրբ խորհուրդներուն մէջէն է, որ անոր եկեղեցային հանգամանքը կը բացայայտուի։
Ս. Պատարագի մէջ Տիրոջ Աղօթքը կը ներկայանայ իբրեւ ամբողջ Եկեղեցւոյ աղօթքը։ Անոր ամբողջական իմաստը եւ արդիւնաւորութիւնը հոն կը պարզուի։ Այս անսասան հաւատքէն կը բխի յոյսը՝ որ կ՚ուռճացնէ «Հայր մեր»ին եօթ խնդրանքներուն իւրաքանչիւրը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 1 2023, Իսթանպուլ