ՀԱՑԻՆ ԲԱԶՄԱՑՄԱՆ ԴԱՍԸ

Բոլորիս ծանօթ է Յիսուսի հացերուն բազմացման հրաշքը. (ՄԱՏԹ. ԺԴ. 13-21, ՄԱՐԿ. Զ 30-44, ՂՈՒԿ. Թ 10-17 եւ ՅՈՎՀ. Զ 1-14), ուր հինգ հացով եւ երկու ձուկով կերակրեց հինգհազարի չափ այր մարդիկ, կիներէն եւ տղաքներէն զատ։

Ինչպէս ամէն խօսքին եւ հրաշքին մէջ կան բազմաթիւ խորհուրդներ եւ դասեր, Յիսուսի այս հացի բազմացման հրաշքին մէջ կան բազմաթիւ խորհուրդներ։

Նախ, Յիսուսի այն խօսքը, թէ՝ «Հարկ չէ որ անոնք երթան, դուք տուէք անոնց որ ուտեն». (ՄԱՏԹ. ԺԴ 16), եւ նաեւ այն, թէ՝ «Երբ դուրս ելաւ, շատ ժողովուրդ տեսնելով խղճաց անոնց վրայ եւ անոնց հիւանդները բժշկեց». (ՄԱՏԹ. ԺԴ 14), ցոյց կու տայ, որ մենք միշտ մեր կարիքներուն, նեղութիւններուն մէջ ունինք ապաւէն մը, վստահելի Անձ մը, հաւատալու արժանի՛ Մէկը՝ որուն կրնանք յանձնուիլ եւ փրկուիլ մեր նեղութիւններէն եւ յուսալ Իրմէ առանց մերժուելու։ Ուստի մենք՝ հաւատացեալներս երբեք մինակ չե՛նք։

Առաքեալները միայն հինգ հաց ունէին եւ երկու ձուկ. «Հոս ուրիշ բան չունինք, բայց միայն հինգ նկանակ եւ երկու ձուկ». (ՄԱՏԹ. ԺԴ 17)։ Արդարեւ հինգ հացը կը համապատասխանէ Յիսուսի անուան հինգ տառերուն. «JESUS»՝ ՅԻՍՈՒՍ, այսինքն՝ Յիսուս Ի՛նքն է երկնային հացը։ Յետոյ հինգ հացը կը խորհրդանշէ իմաստուն հինգ կոյսերը, այսինքն՝ իմաստութի՛ւն է հաւատալ, վստահիլ եւ ապաւինիլ Յիսուսի եւ յանձնուիլ Անոր։ Եւ իմաստութիւն է նաեւ՝ փափաքիլ երկնաւոր «հաց»ին, քան՝ երկրաւորին։

Իսկ երկու ձուկը կը խորհրդանշեն Յիսուսի երկու Բնութեան աստուածային եւ մարդկային բնութեան։ Եւ ձուկերու բազմացումն ալ՝ Յիսուսի երկու Բնութիւններուն համայն մարդկութեան համար տիրապետական ըլլալուն։

Ուստի, Յիսուսի ամբողջ երկրային կեանքը՝ իր խօսքը եւ գործունէութիւնը խորհուրդներ եւ դասեր են մեր բոլորին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յուլիս 2, 2024