ՉԱՓԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՕՐԻՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Կեանքի հաճոյքը վայելել, զուարճանալ բնական վիճակներ են, քանի որ անոնք կեանքին համեմը եւ սնունդը՝ կեանքի դառնութիւններու եւ նեղութիւններու ամոքի՛չն են։
Բայց ամէն վայելք արժէք կը ներկայացնէ որոշ սահմանի մը մէջ. ինչպէս՝ ազատութիւնը եւ ուժը։ Ուստի, ամէն արժէք որպէսզի կարենայ կատարել իրենց դերը, պէտք է պարփակուի սահմանի մէջ։ Այս սահմանը՝ խստադէմ կամ խոժոռաբիբ պահապանի տպաւորութիւնը կը թողու թէեւ շատերու վրայ, բայց անհրաժեշտ է հասարակաց ընկերային խաղաղութեան հաստատման համար։
Այս սահմանը ունի երկու ծիր՝ չափաւորութիւն եւ օրինաւորութիւն։ Արդարեւ, սահմանի այս երկու ծիրը մարդկային զանազան շրջաններու եւ վայրերու մէջ յաճախ վիճելի են եղած եւ պատճառ՝ կռիւներու եւ անվերջ վէճերու։ Այս սահմանը կարծիքներու զանազանութեան մէջ բանավէճեր եւ վիճաբանութիւններ ստեղծած է։ Ուստի, որոշ սահման մը գտնել կարելի չէ եղած այս մասին։ Բայց նուազագոյն հասարակաց գիծ մը եղած է միշտ։ Եթէ ոչ անկարելի, բայց դժուա՛ր է հաճոյքներու չափաւորութեան եւ չափազանցութեան՝ օրինաւորութեան եւ ապօրինութեան միջեւ որոշ, ճիշդ եւ անառարկելի գիծեր քաշել եւ սահման որոշել։
Այս հարցէն մեկնելով՝ մարդուն առաջին փորձութիւնն է՝ մէկ ոստումով ցատկել չափաւորութեան սահմանին վրայէն եւ անոր մէջ մխրճուիլ «անմտած» եւ «անվերապահ»։ Արդարեւ, այս անորոշութիւնը եւ անկայունութիւնը բնական պէտք է նկատել, քանի որ բնութեան մէջ եւ կեանքի մէջ ամէն ինչ փոփոխական է եւ միակ անփոփոխութիւնը՝ անփոփոխութի՛ւնն է։ Ուստի կեանքը տեւապէս բարեփոխութեան կ՚ենթարկուի, եւ ասիկա բնութեան ընթացքն է, անխուսափելի՛։
Վերոյիշեալ «անմտած» եւ «անվերապահ» բառերը պէտք է յատկապէս ընդգծել, քանի որ կարելի է վկայել մարդիկ՝ որոնց կեանքին մէջ «հաճոյք»ը կեանքին կողմնակի մէկ արահետն ըլլալէ աւելի, անոր միակ նպատակակէտը եղած է եւ հանդիսացած «դիցուհի» մը՝ զոր կը շոյեն, կը փայփայեն շարունակ եւ կը պաշտեն բացարձակ ինքնանուիրումով։ Այս մտայնութեան տէր մարդոց համոզումով՝ կեանքին նպատակն է զուարճանալ որքան որ կարելի է, մխրճուիլ անոր մէջ. գինովնալ եւ յափրանալ անով։ Մէկ խօսքով՝ ուտել, խմել եւ միշտ ուրախ ապրիլ…
Եւ ոեւէ ողջամիտ եւ խոհեմ մարդու համար անկարելի է չտեսնել այս մտայնութեան տէր մարդոց «պաշտամունք»ին գործած աւերները անհատական, ընտանեկան եւ ընկերական կեանքին մէջ։ Այս մտայնութեան տէր մարդիկ երբեք չեն կրցած գտնել ճշմարիտ երջանկութիւնը, այլ թշուառութիւն, խեղճութիւն եւ չքաւորութիւն եղած է իրենց բաժինը աշխարհի վրայ։
Արդարեւ, լոկ հաճոյքը կեանքի նպատակ ընող մէկը կ՚անտեսէ, կ՚ուրանայ կեանքին գեղեցիկ ուրիշ մէկ երեսն ալ, որ աշխատանքի եւ պարտականութեան-պատասխանատուութեան գիտակցութեան բովէն անցնելով ցոյց կու տայ կեանքին մեծութիւնը եւ վսեմութիւնը։ Ուստի, կեանքը խորհուրդ մըն է ու մոռնալ եւ անգիտանալ է կեանքին ուրիշ բարձունքները՝ զոր լոկ «Ես»ին վայելքէն վեր՝ ուրիշներու վրայ ալ խորհելու դաստիարակութիւնը մատնանիշ կ՚ընէ, եւ որ իր կարգին ուրիշ վայելք մըն է, աւելի խոր եւ աւելի մաքուր։ «Ես»էն զատ ուրիշներու գոյութիւնն ալ տեսնելու յօժարութիւնը եւ կարողութիւնն է այդ։ Ֆիզիքական կեանքը լոկ աղանդերով չի կրնար սնանիլ եւ զարգանալ։ Արիւնը, ջիղը, ոսկորները, դնդեր աճեցնող եւ զօրացնող ուրիշ հաստատուն սնունդի ալ կը կարօտի, եւ այդ սնունդն ալ իմացական, բարոյական եւ հոգեւոր սնունդն է, քանի որ մարդ միայն «հաց»ով չ՚ապրիր…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 30, 2023, Իսթանպուլ