ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ՝ «ԵՍ»ԻՆ
Մարդկային ցեղին յատուկ բանականութիւնը՝ մարդուն իր ազատ կամքովը շարժելու, շարժումները դատելու եւ անոնց մասին որոշումներ առնելու կարողութիւնը կու տայ։ Բայց այս ազատ կամքին, այսինքն ազատօրէն վարուելու առանձնայատկութիւնը իր հետ կը բերէ նաեւ պատասխանատուութեան զգացումը, եւ նոյն բանականութեան շնորհիւ, ան պարզ զգացումէ մը աւելի, գիտակցութեան կը փոխուի։ Ուստի հոս պէտք է մատնանշել «զգացում»ի եւ «գիտակցութեան» տարբերութիւնը, քանի որ «գիտակից զգացում»ը միայն բանականութեան տէր՝ մարդ էակին յատուկ վիճակ մըն է։ Ուստի մարդ կը զգա՛յ եւ նաեւ կը գիտակցի։ Զգացումը՝ պատճառ եւ արդիւնքի յարաբերութեան մէջ «իմա՛ստ» մը կը ստանայ։ Եւ ահաւասիկ, այդ իմաստն է որ կը ստեղծէ պատասխանատուութիւն «զգացում-գիտակցութիւն»ը։
Մարդ՝ իր կեանքի ընթացքին, փորձառութիւններու միջոցով, հետզհետէ ընկերային-համայնական քայլերով, անհատականութենէ կ՚անցնի հասարակութեան-հաւաքականութեան անդամ մը ըլլալու դիրքին։
Եւ անհատը երբ հաւաքականութեան անդամ կը դառնայ, ահաւասիկ այդ պահուն կը սկսի պատասխանատուութեան զգացումով շարժիլ իր պատկանած հաւաքականութեան հանդէպ եւ անշուշտ անոր ամէն մէկ անդամին հանդէպ։ Անհատը՝ որպէս համայնական անձնաւորութիւն, ուրիշ անհատներու հետ կը սկսի պատասխանատուութեան զգացումով վարուիլ։ Եւ այս կէտին՝ պատասխանատուութիւնը կը հակակշռէ անձին ազատ կամքը եւ ընդհանրապէս՝ ազատութիւնը։
Բայց մարդուն առաջնակարգ պատասխանատուութիւնը իր իսկ «Ես»ին հանդէպ պէտք է ըլլայ։ Այլապէս, հաւաքականութեան հանդէպ պատասխանատուութեան զգացումը որեւէ արժէք չի՛ ներկայացներ։ Արդարեւ, մարդկային կեանքի մէջ ամենէն շինարար, ամենէն դրական ուժն է պատասխանատուութեան զգացում-գիտակցութիւնը՝ որ շարժման մէջ կը դնէ միւս բոլոր մարդկային ուժերը՝ ձիրքերը եւ կարողութիւնները։
Մա՛րդ իր ունեցածէն աւելի չի կրնար տալ ուրիշին, եւ ուրեմն, ան եթէ չունի պատասխանատուութեան զգացում, եւ կամ չէ անդրադարձած իր այդ զգացումին, ուրիշներու հանդէպ ալ չի կրնար ունենալ այդ զգացումը։
Պատասխանատուութեան զգացումը կը սկսի մարդուս մէջ, եւ հետզհետէ նախ իր «Ես»ին հանդէպ շարժման անցնելով՝ որպէս գիտակցութիւն կարեւոր ո՛ւժ մը կը դառնայ անհատին համար հաւաքականութեան մէջ։
Ո՜րքան կարեւոր ուժ մըն է պատասխանատուութեան զգացումը՝ միացած գիտակցութեան հետ, որ կը կազմաւորէ ընկերային կեանքը՝ հակակշռելով ամէն տեսակ ազատութիւն, որ արդէն իսկ անսահման չէ։ Ազատութիւնը, ըստ էութեան անսահման չի կրնար ըլլալ, քանի որ ամէն մէկուն ազատ կամքը արդէն սահման մը կը դնէ միւսին ազատ կամքին։ Եւ ահաւասի՛կ, կարեւոր դերը կը սկսի պատասխանատուութեան գիտակցութեան, որ կը ներդաշնակէ «Ես»ին եւ «ուրիշ»ին ազատ կամքը։ «Ուրիշ»ը, արդարեւ, «Ես»ին արտաքին աշխարհի մէջ ցոլացումն է՝ «Ես»ին հայելիի մէջ դիտուած եւ տեսնուած ձեւն է։
Այս իմաստով, սխալած չենք ըլլար եթէ ըսենք՝ թէ ամէն «Ես» «Ուրիշ» մը, եւ ամէն «Ուրիշ» «Ես» մըն է։ Մարդ երբ պատասխանատուութեան զգացում-գիտակցութիւնը ունի իր իսկ «Ես»ին, ապա ուրեմն ունի նաեւ պատասխանատուութեան զգացում-գիտակցութիւն «Ուրիշ»ին հանդէպ։
Թէ ի՞նչ հասկնալ պէտք է «պատասխանատուութեան զգացում-գիտակցութիւն» բառերէն։
Այս բառերով կը հասկցուի այն վիճակը մարդու հոգեկան աշխարհի մէջ՝ ուր մարդը ի՛նք բռնուած է առաքելութեան մը մէջ գիտակցութեամբ, անոր հաւատքով, հաւատարմութեամբ, եւ անոր պահանջած զոհողութեան անսակարկելի տրամադրութեամբ, ինչպէս կ՚ըսէ Գարեգին Ա. Սարգիսեան Կաթողիկոս իր յօդուածներէն մէկուն մէջ։
Ուստի, պատասխանատուութեան զգացումի ե՛ւ գիտակցութեան յատուկ զգայարանքը եւ բանականութիւնը ունեցող մարդը այն էակն է, որ իր անձէն վեր արժէքներու կը հաւատայ, կը զգայ եւ կ՚անդրադառնայ եւ գիտակցութիւնը կ՚ունենայ նուիրական սրբութիւններուն նկատմամբ յարգանք ունի եւ իր անձէն վեր՝ Արարիչին՝ Աստուծոյ, եւ իր պատկանած հաւաքականութեան՝ ժողովուրդին՝ իր ազգին ինքզինք հարկատու կը զգայ։ Եւ այս գիտակցութիւնը ունեցող անձը կ՚անդրադառնայ՝ թէ առանձին չէ այս աշխարհի վրայ եւ թէ երբեք ինքնաբաւ չէ, միշտ պահանջքը եւ կարօտը ունի «Ուրիշ»ին օգնութեան, աջակցութեան, ինչպէս «Ուրիշ»ը՝ իրե՛ն։
Այս ալ կը նշանակէ՝ թէ մարդ նախ եւ առաջ ինք իրեն, այսինքն իր «Ես»ին հանդէպ պատասխանատու պէտք է զգայ։
Իրապէս մեծ մարդիկը՝ մարդկութեան ընդհանուր կեանքին առաջնորդ եւ ուղեցոյց եղած մարդիկ են։ Անոնք չեն՝ որոնք մեծ կարողութիւններով օժտուած են եւ ոչ իսկ անոնք՝ որոնց միտքը անհո՜ւն գիտութեան են տիրացած, այլ անոնք՝ որոնք ի՛նչ որ ալ եղած են եւ ի՛նչ որ ալ ունեցած՝ զայն սպասաւորած են իրենցմէ վեր արժէքի մը համար՝ արժէքի մը բարիքին եւ ճշմարտութեան յայտնութեան համար։ Արդարեւ, մարդու մը պատասխանատուութեան զգացումը՝ կերպով մը յայտնութիւնն է անոր սկզբնական կոչումին՝ իրերօգնութեան, որ Արարիչին կողմէ տրուած է իրեն արարչագործութեան առաջին պահէն իսկ։
Եւ ահաւասիկ, պատասխանատուութեան զգացում-գիտակցութիւն ունեցող մարդը այն է՝ որ անդրադարձած է իր այս սկզբնական կոչումին եւ հաւատարիմ է մնացած անոր։
Այս զգացումով եւ գիտակցութեամբ շարժող մարդիկը՝ իրենց կեանքը վարած են այն զգացումով, որ կարծես իրենցմէ վե՛ր էակ մը, արժէք մը, հաւաքականութիւն մը ունեցած են որպէս «պարտապահանջ»։ Պարտապահանջ մը՝ որուն հանդէպ պատասխանատու է իր բոլոր արարքներուն, կամաւոր վարմունքներուն նկատմամբ։
Մարդկային կեանքը ինքնաբաւ կարծուած մարդոց շնորհիւ չէ՛ որ յառաջդիմած եւ աւելի բարձր դիրքերու է հասած։ Կղցիացած եւ ամլացած մարդը չէ՛ որ օգուտ մը բերած է մարդկութեան, այլ այն՝ որ իր կարողութեան եւ տարողութեան չափով օգնած, տուած է ինչ որ ունեցած է, իրերօգնութեան՝ զոհողութեան, ինքնանուիրութեան ճամբաներն են որ լուսաւորած են մարդկութեան ապագան, մեծ մասամբ երջանկութեան հասցնելով զայն։ Իր երջանկութիւնը ուրիշին երջանկութենէն կախում ունենալու՝ վեհանձն մարդոց մտածումն է, որ պիտի բարձրացնէ մարդկութիւնը։ Այն ինչ որ զոհողութիւն կ՚ենթադրէ։
Արդարեւ, հաւաքականութեան մէջ եթէ մէկ հոգի երջանիկ չէ՝ ո՛չ ոք երջանիկ կը զգայ ինքզինք։ Եւ դարձեալ, ընկերութեան մէջ եթէ մէկ հոգի նոյնիսկ ազատ չէ, հոն՝ այդ ընկերութեան մէջ ո՛չ ոք ազատ է։ Եւ ա՛յս է իր «Ես»ին եւ յետոյ «Ուրիշ»ին պատասխանատու զգալու ազնիւ զգացումը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 25, 2018, Իսթանպուլ