ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ
Մարդկային հոգեբանութիւնը շատ հետաքրքրական եւ նոյնքան տարօրինակ է։ Իրականին՝ մարդը ինք անհասկնալի է։ Ամէն մարդ յարգ եւ պատիւ կ՚ուզէ վայելել, բայց նկատի չ՚առներ, թէ արժանի՞ է, թէ ո՛չ։ Ամէն մարդ յարգը եւ պատիւը ինքնիրեն յարմար կը տեսնէ։ Մանաւա՛նդ երբ նիւթական որոշ ապահովութեան մը հասած է, մարդ ինքզինք միշտ բարձրացած կը նկատէ, բայց ինքզինք միայն բարձր չի նկատեր, այլ՝ իրմէ զատ բոլորն ալ ցա՛ծ։
Մարդու մը ինքզինք բարձր նկատելը մասամբ կրնայ հասկնալի ըլլալ, բայց ուրիշը ցած տեսնել՝ անընդունելի՛։ Եւ ահաւասիկ, այս է ինքնիրմով հպարտանալը, եւ հպարտութիւնը՝ իր բոլոր ստորաբաժանումներով՝ եկեղեցւոյ եօթը մահացու մեղքերէն մին է ընդունուած։
Հպարտութիւն, իր ամենալայն իմաստով, կը նշանակէ ինքնահաւանութիւն, մեծամտութիւն, սնափառութիւն, գոռոզութիւն, փառասիրութիւն, որոնք կ՚ենթադրեն ի վերջոյ ամբարտաւանութի՛ւն։ Հպարտութեան հակառակ վիճակն է խոնարհութիւնը, համեստութիւնը։
Արդարեւ, Քրիստոսի հետեւելու պայմաններէն մին եւ կարեւորագոյններէն մին է խոնարհութիւնը. (ՄԱՏԹ. ԺԱ 29)։ Արդարեւ, Հայր Աստուած ալ չ՚արհամարհեր խոնարհները. (ՍԱՂՄ. Ծ 19)։
Ինքնիրմով հպարտ մարդը կ՚արհամարհէ իրմէ զատ բոլորը՝ ինքզինք գագաթնակէտի վրայ կը համարէ՝ ուր ո՛չ ոք կրնայ համարձակիր մօտենալ եւ ո՛չ ոք կրնայ հասնիլ։ Ահաւասիկ, ա՛յս է ինքնիրմով հպարտացողներու հոգեվիճակը՝ կատարեալ ինքնախաբէութի՛ւն…
Հպարտ մարդը կ՚արհամարհէ բոլորը, բացի իրմէ։ Ի՜նչ խեղճութիւն, ի՜նչ ինքնախաբէութիւն։ Հպարտը անձնասէր, անձնակեդրոն, եսամոլ մարդն է, որուն համար տիեզերքի առանցքը եւ կեդրոնը իր անձն է։ Հպարտութեան պատճառով մարդը ինկաւ իր բարձրութենէն եւ դրախտի բարձրունքներէն եւ որպէսզի դարձեալ բարձրանայ, պէտք է խոնարհի, համեստ եւ խոնարհ ըլլայ, ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը. (ՅԱԿ. Դ 10), քանի որ «Աստուած հակառակ է ամբարտաւաններու, իսկ խոնարհներուն շնորհ կու տայ». (ԱՌԱԿ. Գ 34)։ Արդարեւ, իմաստուն մարդը միշտ խոնարհ է եւ համեստ, քանի որ ան գիտէ իր չափը եւ կշիռը։
Այս իմաստով, հպարտութիւնը հակառա՛կ է մարդկային բնութեան, քանի որ մարդուն կոչումն է իրերօգնութիւն, կարեկցութիւն՝ հաւասարութեան, եղբայրութեան եւ սիրոյ սկզբունքներով։ Մարդիկ իրենց Արարչին նկատմամբ հաւասար են, անոնց արտաքին անհաւասարութիւնները չի՛ նշանակեր, որ անոնք իրենց խորքին մէջ, ներքնապէս հաւասար չեն։ Ուստի, ստեղծագործման ատեն մարդոց միջեւ խտրութիւն չկա՛յ, քանի որ մարդ Աստուծոյ նմանութեամբ եւ Անոր պատկերով ստեղծուած է։
Այս հակառակութենէն խուսափելու համար ալ, մարդ, զղջման աղօթքի մէջ կը սորվի Աստուծոյ առջեւ խոնարհիլ, որպէսզի կարողանայ օգտակար ըլլալ թէ՛ ինքն իրեն եւ թէ մարդկութեան։ Ուստի, խոնարհութիւնը մարդուս կը սորվեցնէ համակրական հասկացողութեամբ շարժիլ եւ այդպէս վարուիլ իր նմաններուն հետ։
Հպարտը կը կարծէ, թէ ինք մի՛շտ ճիշդ է, մի՛շտ իրաւացի, մի՛շտ արդար եւ այդպէս ալ իրեն չի վերագրեր որեւէ սխալ, որեւէ յանցանք եւ մեղք, եւ այս պատճառով ալ որեւէ զղջում չ՚ունենար, մինչդեռ յանցաւորը, մեղաւորը տեսնելով իր յանցանքները եւ մեղքերը, կը մտածէ բժշկուելու մասին, եւ կը դիմէ «բժիշկ»ին։ Այս կը նմանի այն մարդուն, որ կը կարծէ ամէն բան գիտնալ եւ երբեք չի՛ սորվիր, եւ մի՛շտ տգէտ, անուս կը մնայ…
Իմաստութենէ զուրկ մարդը նեղմիտ կ՚ըլլայ, հասկացողութենէ զուրկ նաեւ։
Պօղոս առաքեալ եբրայեցիներու գրած նամակին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Ուրեմն մենք ալ, որ այնքան բազմաթիւ վկաներով շրջապատուած ենք, վանե՛նք ամէն հպարտութիւն եւ մէկ կողմ ձգենք մեղքը…». (ԵԲՐ. ԺԲ 1)։ Այս տողերը մեզի ցոյց կու տայ, թէ հպարտութիւնը իր ամէն արտայայտութիւններով մե՛ղք է։
Հպարտութեան ծանրակշիռ արտայայտութիւններէն մին է անտարբերութիւնը թէ՛ անձերու եւ թէ դէպքերու հանդէպ։ Անտարբերութիւնը՝ որ անփութութիւն, անհոգութիւն կը նշանակէ, ըստ էութեան արհամարհանք, անարգանք եւ վիրաւորա՛նք է։
Երբ «անտարբերութիւն» կ՚ըսենք, կ՚ուզենք անդրադառնալ՝ անպատասխան ձգուած եւ չփոխադարձուած «բարեւ»ներու եւ բարեմաղթանքներու՝ ողջոյններու։
Հիներ, երբ «բարեւ»ով դիմաւորուէին, «Աստուծոյ բարին»ով կը փոխադարձէին՝ կը պատասխանէին։ Այսօր այսպիսի պատասխան մը տուող հազուագիւտ ազնիւ անձնաւորութիւններ դժբախտաբար միայն յարգարժան բացառութիւններ կը կազմեն։ Ուրեմն, «բարեւ»ը, «ողջոյն»ը աստուածային շնորհ մըն է՝ անոնց մէջ կայ Աստուած Ի՛նք։ Եւ ուրեմն, բարեւը, ողջոյնը անպատասխան թողուլ, չփոխադարձել Աստուած ուրանալ, անտեսել կը նշանակէ։
Բարեւի մը, ողջոյնի մը չփոխադարձել՝ արհամարհա՛նք է, անտարբերութի՛ւն է, բարեմաղթանք մը պէ՛տք է փոխադարձել, քանի որ անոր մէջ Ի՛նք Աստուած կայ։ Քաղաքակրթութեան չափանիշներէն մին է՝ պատասխանել, փոխադարձել մարդկային ամէն խօսք, ամէն յայտաբերութիւն։ Մարդուս արժանապատուութիւնը ա՛յս կը պահանջէ, հակառակը խորհիլ կը վիրաւորէ զայն։
Այո՛, բարեւը, ողջոյնը անպատասխան թողուլ հպարտութեան մը արտայայտութի՛ւն է, եւ մե՛ղք է. քրիստոնեան, ան՝ որ ինքզինք «քրիստոնեայ» կ՚անուանէ, չըսելու համար «քրիստոնեայ կը կարծէ», անպատասխան չի՛ թողուր «ողջոյն»ը եւ ամէն բարեմաղթանք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 1, 2023, Իսթանպուլ