ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (ԺԳ.)
ՄԱՆՈՒԿՆ ՈՒ ՏԻՊԱՐԸ
Ամէն մարդ իր տարբեր ժամանակաշրջաններուն որպէս օրինակ ու տիպար կ՚ընդունի անհատ մը՝ որուն ազդեցութեան տակ կը փորձէ իր կեանքին ընթացք տալ: Բնականաբար այդ անհատները ժամանակի ընթացքին փոփոխութիւն կը կրեն եւ յաճախ նոյնիսկ ականատես կ՚ըլլանք այն իրականութեան, որ որոշ տարիքի որպէս տիպար ընդունուած անձը, տարբեր տարիքի մը նոյնինքն որպէս տիպար ընդունող անձին կողմէ արժանանայ քննադատութեան եւ դիտողութիւններու: Այդ փոփոխութիւնները կը գտնենք բնական, որովհետեւ ամէն տարիք ունի իրեն յատուկ տրամաբանութիւնն ու մտածելակերպը:
Տիպարի ընտրութիւնը մարդուն մօտ սկիզբ կ՚առնէ մանկութենէն. անոնք սկզբնական շրջանին կրնան որպէս տիպար ընդունիլ ծնողքը, ընտանիքի այլ անդամները, ուսուցիչները, ընկերներն ու հասակակիցները եւ երեւակայածին կերպարները՝ որոնք կրնան կա՛մ մանուկին կողմէ «ստեղծուած» ըլլալ եւ կամ մանկական ժապաւէններու կողմէ անոր մէջ կերպարանաւորուած ըլլայ:
Առաջին հերթին մանուկները որպէս տիպար կ՚ընտրեն իրենց տան անդամներէն մէկը. անոնք կ՚ուզեն ամէն ձեւով նմանիլ անոր. օրինակի համար, կը տեսնենք, թէ որոշ գիտակցութիւն ունենալէ ետք մանուկներ կը կատարեն կամ աւելի ճիշդ կը կապկեն իրենց հօր կամ մօր արարքները՝ ինչ որ զուարճութիւն կը պատճառէ մեզի: Անոնք կը փորձեն մօր պէս ծիծաղիլ, մօր պէս ջղայնանալ, շատ անգամ անոնց պէս քայլել եւ այլն: Ծնողքը որպէս տիպար ընդունելու պատճառը այն է, որ զաւակը կատարեալ վստահութիւն կ՚ունենայ անոնց հանդէպ եւ որպէս «փրկիչ» կը տեսնէ զիրենք եւ հետեւաբար որպէս «կատարեալ» տիպար կեանքի օրինակ կ՚ուզեն վերցնել: Պէտք է նկատի ունենալ, որ սկզբնական շրջանին անոնք ամենէն շատ ընտանիքի անդամներուն հետ ժամանակ կ՚անցընեն, անոնց հետ կ՚ունենան յատուկ կապուածութիւն մը. անոնք ծնողքը որպէս հերոս կը տեսնեն, որովհետեւ ծնողքը իրենց համար կը ներկայանայ խնդիրներ լուծողի դերին մէջ՝ ի դիմաց իրենց բոլոր պէտքերուն:
Որպէս տիպար ընտրելու մէկ այլ ազդակը սկիզբ կ՚առնէ հետաքրքրութենէն. մանուկներ կը սկսին փնտռել անձեր՝ որոնք ունին նոյն հետաքրքրութիւնները. շատ անգամ մանուկին համար հետաքրքրութեան ինչութիւնը եւս այնքան ալ յստակ կրնայ չըլլալ, որովհետեւ այդ մէկը եւս փոփոխական է: Օրինակ՝ մանկական ժապաւէնի մէջ անոնք կը տեսնեն, թէ ինչպէս «Պէթ-Մէն»ը չարերուն դէմ կը կռուի եւ չարերու դէմ կռուիլ ուզելով կեանքի տիպար կ՚ընտրեն այդ հերոսը. այդ է պատճառը, որ մանուկներուն տրուած «ապագային ի՞նչ պիտի դառնաս» պատասխանին յաճախ հերոսներու անուն կը լսենք, որովհետեւ ժամանակ մը ետք անոնք պիտի հասկնան, որ այդ հերոսը իրականութեան մէջ գոյութիւն մը չէ: Ժամանակի ընթացքին ինչքան զարգանայ անոնց հետաքրքրութիւնը, նոյնպէս կը զարգանայ տիպար ընտրելու տարբերակները. օրինակ՝ ոտնագնդակի հանդէպ սէր ունեցող մանուկ մը որպէս տիպար կ՚ընտրէ աշխարհահռչակ մարզիկ մը, իսկ երաժշտութիւն սիրող մը՝ այս կամ այն երաժիշտը:
Կեանքի տիպար ընտրելու երեւոյթին մէջ մանուկներուն համար կարեւոր է տիպարի բնութագրերը. օրինակ՝ իրենց ընտրած տիպարը պէտք է ըլլայ բարի, խելացի, առաջնորդող, հարուստ եւ կամ քաջ եւ այլն. անոնց համար տիպարը պէտք է որոշ արժէք մը ներկայացնէ՝ զինք ուրիշներէ տարբերող. սակայն պէտք է դարձեալ նկատի ունենալ, որ անոնք տակաւին չունին հասունութիւնը լաւ դատողութիւն մը կատարելու՝ հասկնալու համար իրենց ընտրած տիպարը իրապէս կը բաւարարէ՞ վերոյիշեալները թէ ոչ:
Մանուկի ներաշխարհը կ՚ըլլայ շատ նուրբ. օրինակ՝ եթէ ծնողքը եւ կամ դաստիարակը որպէս ժամանց խօսի պատմական անձի մը իրագործումներուն մասին, այդ մէկը լաւապէս կը տպաւորէ մանուկին միտքը. օրինակ՝ մեզմէ ո՞վ չէ սքանչացած Վարդան Մամիկոնեանի քաջութեան վրայ. մեզմէ ո՞վ չէ սիրած Վարդան Մամիկոնեանը, որ պատերազմեցաւ երեք հարիւր հազարնոց պարսիկ զօրքին դէմ. մենք չտեսանք Վարդան Մամիկոնեանը, սակայն սիրեցինք: Մանուկը ի վիճակի է նոյնիսկ պատմուածներուն մէջէն հերոսներ ստեղծելու եւ զանոնք որպէս տիպար ընդունելու: Այս մասը պէտք է նկատի ունենալ, որովհետեւ ծնողքէն կախեալ է անձ մը սիրցնելը եւ կամ անսիրելի դարձնելը՝ ներառեալ Աստուած՝ որ «քար» չի նետեր մանուկներուն վրայ:
Մանուկը մեծապէս վստահութիւն կ՚ունենայ եւ հաւատք կ՚ընծայէ անոնց ամէն ըսածներուն. եթէ մայրը կամ հայրը անձի մը համար դրական արտայայտութիւն ունենայ, բնականաբար մանուկը այդ անձը դրական ձեւով պիտի ընդունի, իսկ եթէ ծնողքը հակառակը արտայայտուի՝ բնականաբար մանուկը թշնամաբար պիտի մօտենայ այդ անձին: Որոշ անձերու հանդէպ ծնողքին ունեցած հիացմունքը զգալիօրէն կ՚ազդէ մանուկի մը գիտակցութեան եւ շատ անգամ կարծիքներուն հիման վրայ կ՚ընտրէ իր կեանքի տիպարը:
Ծնողքներ պէտք է նկատի ունենան, որ չեն կրնար պարտադրել, որպէսզի զաւակը կեանքի տիպար ընտրէ այս կամ այն անձը. մանուկը մեծապէս տեղ կու տայ իր ծնողքին մտածումներուն, սակայն վերջաւորութեան իր ազատ կամքով կ՚ընտրէ այդ տիպարը: Եթէ ծնողքը երազը ունի, որ մանուկը ապագային երաժիշտ դառնայ, այդ չի նշանակեր, որ միայն երաժիշտներով պիտի լեցնէ անոր կեանքը՝ որպէսզի ան երաժիշտները կեանքի օրինակ վերցնելով երաժիշտ դառնայ: Այդ տիպարները վայրկենական փոփոխութիւն կրնան ապրիլ եւ անհրաժեշտ է այդ մէկը, որովհետեւ իւրաքանչիւր նոր տիպարով նոր բան մը սորվելու ճամբուն մէջ կը գտնենք մեր մանուկները՝ թէ՛ նիւթական եւ թէ բարոյական գետնի վրայ:
Երանի՜ այն ծնողին, որ իրապէս կատարեալ տիպար մը կը դառնայ իր մանուկին՝ ո՛չ թէ խօսքերով, այլ իր գործերով, որովհետեւ ինչպէս յաճախ ըսինք ու պիտի ըսենք, մանուկը հայելին է ընտանիքին:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում.- Քանի՞ սեռ գոյութիւն ունի:
Պատասխան.- Սեռային հասկացողութիւնը բարդ խնդիր է եւ կրնայ տարբերիլ որոշ մշակոյթներու եւ անձերու միջեւ:
Աւանդաբար, շատեր կը ճանչնան երկու սեռ՝ արու եւ էգ, սակայն սեռի վերաբերեալ ժամանակակից ըմբռնումները զարգանալով մարդոց առիթ տրուած է ազատ կամքով դուրս գալ արական եւ իգական սեռէն:
Շատ մը մշակոյթներ այսօր կ՚ընդունին երրորդ սեռի մը գոյութիւնը: Այդ իսկ պատճառով կարելի չէ յստակ պատասխան մը տալ, թէ քանի սեռ գոյութիւն ունի, որովհետեւ այդ մէկը իւրաքանչիւր շրջանի եւ մշակոյթի համար կրնայ տարբեր ըլլալ: Կարեւոր չէ սեռերու թիւը, կարեւորը անձերու ընդունած սեռը յարգելն է:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան