ՍԻՄԷՈՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՐԵՒԱՆՑԻ
Շամախեցի Յակոբ Կաթողիկոսի (Տ. Յակոբ Ե. Շամախեցի. 1759-1763թթ.) վախճանումէն յետոյ Սուրբ Էջմիածնի միաբանները ժողով գումարեցին կաթողիկոս ընտրելու համար. սակայն չկարողացան մէկը ընտրել, քանի որ առաջարկուողներ շատ կային, միայն հինգերորդ ժողովին ընտրեցին Սիմէոն Երեւանցի Եպիսկոպոսը՝ որ նոր դարձեր էր իր նուիրականութենէն։ Ան իր օծումը ստացաւ 1763-ին՝ ապրիլ 20 եւ իր կաթողիկոս դառնալը պոլսեցիներուն յայտնելով՝ անոնց հաւանութիւնն ալ ստացաւ։
Սիմէոն Կաթողիկոս (Տ. Սիմէոն Ա. Երեւանցի. 1763-1780թթ.) հայ ժողովուրդին՝ մօտէն ծանօթ էր բոլոր պէտքերուն. ան սարկաւագութեան ժամանակէն շրջած էր Հնդկաստան, Պարսկաստան եւ իբրեւ նուիրակ (եկեղեցական պատուիրակ) երկար տարիներ ապրած էր Թուրքիոյ մէջ։ Ըլլալով ուսումնասէր անձ՝ ան իր վարդապետութեան ժամանակ արդէն յօրինած էր իմաստասիրական գործեր (Լուծմունք Պորփիւրի, Արիստոտէլի, Դաւթի, Պրոշկի), երկհատոր քարոզգիրք եւ հայ տոմարի պարզաբանութիւն։ Ահա կեանքի փորձառութեամբ եւ մտաւոր զարգացումով օժտուած այս եկեղեցականը կաթողիկոս դառնալով՝ աշխատեցաւ բարեկարգել եւ ապահովել Հայ Եկեղեցին եւ Մայր Աթոռը լուսաւորութեան կեդրոն դարձնել՝ կապել անոր հետ ամէն տեղ ցրուած հայերը եւ կեդրոնական Հայրապետական իշխանութեան դիրքը եւս բարձրացնել։
Այսպիսի ձգտումով մը Սիմէոն Կաթողիկոսը իր իշխանութեան սկիզբներուն կամեցաւ Պոլիս «Կաթողիկոսական փոխանորդութիւն» հաստատել եւ 1764-ի յուլիսին այս մտքով Պոլիս նամակներ գրեց։
Սակայն Սիմէոնի այս առաջարկութիւնը գժտութիւն ստեղծեց ժողովուրդին մէջ. արեւելքցիներ կաթողիկոսին այս առաջարկութիւնը կը պաշտպանէին, իսկ բնիկներ կը հակառակէին։ Հակառակ էր եւ նորընտիր պատրիարք Գրիգոր Վ. Պասմաճեան (Գրիգոր Գ. Պոլսեցի. 1764-1773թթ.), որ ամիրաներու խորհուրդով Օսմանեան կառավարութեան ձեռքով 1765 սեպտեմբերին Պոլիսէն աքսորեց Աբրահամ Վ. Աստապատցին՝ փոխանորդութեան թեկնածուն։ Այս հակառակութեան եւ թշնամութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկն ալ այն էր, որ թէ՛ Սիմէոն Կաթողիկոսը եւ թէ Աստապատցի Աբրահամ Վարդապետը Սահակ Ահագին կաթողիկոսի գահընկէց ըլլալուն գլխաւոր գործիչներն էին, իսկ Սահակ Ահագինը պոլսեցիներուն ընտրեալն էր։
Թէեւ այս կողմէն Սիմէոն Կաթողիկոսը անյաջողութիւն կրեց, բայց ան յաջողեցաւ Թուրքիոյ մէջ Բուն Տէրունի, այսինքն՝ անմիջապէս կաթողիկոսէն կախում ունեցող վիճակներու թիւը բազմացնել. այսպէս՝ Տէրունի դարձուց Զմիւռնիայի նման՝ Կարինը, Կարսը, Ախալցխան իրենց շրջանակներով։
Սիմէոն Կաթողիկոսը աշխատեցաւ Մայր Աթոռի իրաւասութիւնը եւ թեմերը պահպանել, ինչպէս Սիսի, այսպէս նաեւ Աղթամարի եւ Աղուանից կաթողիկոսներու դէմ։ Սիսի Միքայէլ Կաթողիկոսը (1737-1757թթ.) երկու անգամ Պոլիս գացած էր, Սուրբ Էջմիածնի մի քանի թեմերը գրաւելու համար, բայց հալածուած էր այնտեղէն թագաւորական հրամանով, որ կ՚արտայայտուէր մասնաւոր հրովարտակով։ Նախանձախնդիր Սուրբ Էջմիածնի հայրապետութեան իրաւունքներուն՝ Սիմէոն Կաթողիկոս Ռուսաստանի հայոց գործերը կարգադրելու համար մասնաւոր ժողով մը գումարեց եւ որոշեց պատգամաւոր մը ուղարկել Եկատերինէ կայսրուհիի մօտ, որ արդէն 1763 յունիս 9-ի հրովարտակով այլադաւաններուն կրօնական կատարեալ ազատութիւն տուած էր։ 1766 օգոստոս 1-ին գրուած կոնդակով Սիմէոն Կաթողիկոսը կը խնդրէ, որ հոգեւոր գործերուն մէջ Սուրբ Էջմիածնի իրաւասութեան տակ մնան Լուսաւորչի ուղղափառ դաւանութեան հետեւող ռուսաբնակ հայերը եւ անոնց վրայ կարգուող առաջնորդ եպիսկոպոսը Մայր Աթոռի կողմէ ընտրուի։ Միեւնոյն ժամանակ Սիմէոն Կաթողիկոսը նամակ կը գրէ Աստրախանի Մեֆոտի Եպիսկոպոսին. ինչպէս նաեւ Մոսկուա եւ Փեթերսպուրկ բնակող հայերը՝ որ իր պատգամաւոր Թիֆլիզեցի Դաւիթ Վարդապետի առաքելութեան յաջողութեան նպաստեն։
Սիմէոն Կաթողիկոսը իր կեանքի վերջերը շատ տառապեցաւ քաղաքական շփոթումներէն։ Բազմարդիւն Սիմէոն Կաթողիկոսը վախճանումէն երկու օր առաջ հաղորդուելու փափաք յայտնած էր, որ իրմէ յետոյ կաթողիկոս ընտրուի Կարնեցի Ղուկաս Եպիսկոպոսը (Տ. Ղուկաս Ա. Կարնեցի. 1780-1799թթ.), որպէսզի երկրի քաղաքական ծանր կացութեան ժամանակ Մայր Աթոռը անտէր չմնայ։
Կարնեցին քաղցրաբարոյ, ուղղամիտ, հաստատակամ եւ անփառասէր հոգեւորական մըն էր…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ